Վ. Է.
Կիրակի, 26 յունուար 2020-ին Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի ոգեկոչէ Մարաշի աղէտին հարիւրամեակը:
Եկեղեցական սրբազան արարողութիւններէն եւ միութեան տան մէջ կայանալիք հաւաքէն անդին` այս նշումը պիտի վերարծարծէ մարաշցիներուն պատահած քստմնելի դէպքերը անոնց յիշողութեան մէջ եւ զանոնք պիտի մղէ հաստատ մնալու իրենց տոհմային պատկանելիութեան հոլովոյթին:
Արդարեւ, 1920 յունուար 20-ի ցուրտ գիշերը, քանի մը շաբթուան անհաւասար մարտերու աւարտին, պատմական Մարաշի հայ բնակչութեան մնացորդացը ճողոպրեցաւ ջարդարար թուրքին եաթաղանէն` լքելով իր տունն ու տեղը: Բռնեց պարտադիր գաղթի ճամբան: Այս մարաշցիներուն մտքին մէջ կը հնչէին տակաւին հրկիզուող եկեղեցիներուն մէջ նահատակուող ազգակիցներուն գոչիւնները, եւ անոնց աչքերուն կը պարզուէին տուներու սեմին եւ փողոցներու երկայնքին գործուած սպանութիւնները: Այս ջարդարար եղելութիւններէն փրկուողները իրենք եւս պիտի նահատակուէին Կիլիկիան պարպող դաւաճան բանակին տմարդի որոշումին պատճառով: Սակայն անոնց արթնամտութիւնը հանդիսացաւ փրկութեան լաստ մը, եւ անոնք հետեւեցան նահանջող բանակին գիշերուան խաւարին ու ձիւն ու բուքին մէջ: Դժբախտաբար, բնութեան անողոք պայմաններու բերումով, անոնցմէ շատեր եւս մահացան աքսորի ճամբուն վրայ: Իսկ անոնք, որոնք վերապրեցան, կրցան հասնիլ ապահով վայրեր եւ փորձեցին սպիացնել իրենց խոր վէրքերը:
Մարաշի աղէտին հեղինակներն էին նախ թուրքը, ապա` ձմեռը:
Այդ աղէտէն ճողոպրածները տարածուեցան աշխարհի չորս ծագերուն, մանաւանդ` Միջին Արեւելք կոչուած աշխարհատարածքին մէջ, եւ վերապրումի աննկուն կամքով մը յաւերժացուցին իրենց գոյութիւնը` կառչած մնալով իրենց արմատներուն: Անոնք վերածնունդի ծաղիկին նման վերակենդանացան եւ վերապրեցան` հակառակ իրենց կրած անհատնում դժուարութիւններուն: Մանաւանդ Լիբանանի մէջ, յատկապէս` Պուրճ Համուտ աւանի պարագային, անոնք հիմնեցին Նոր Մարաշ թաղամասը, ուր բարձրացուցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ եւ օգտաշատ հաստատութիւններ: Այլեւս գոյութիւն չունին սկզբնական շրջանին հապճեպով կառուցուած թիթեղաւանները, որոնք փոխարինուեցան քարաշէն շէնքերով: Անոնք չմոռցան հինը, բայց ձգտեցան նորին` մեկնելով հինէն: Եթէ անոնց հոգիին խորը վառ էր տակաւին դէպի պատմական օրրան վերադարձին անշէջ ցանկութիւնը, ապա ժամանակի թաւալումը նսեմացուց այդ երազը: Հետեւաբար անոնք առաւել եւս կառչեցան իրենց նոր հայրենիքին, սակայն իրենց էութեան մէջ կենդանի պահեցին իրենց տոհմային եւ ազգային ինքնութիւնը:
Հարիւր տարի առաջ մարաշցիները կորսնցուցին իրենց պատմական օճախը: Սակայն, կորսուած օճախին փոխարէն, անոնք հաստատեցին նոր օճախներ, զորս զարգացուցին տքնաջան աշխատանքով: Ցեղասպան թուրքը ջարդեց մարաշցիները, բայց չյաջողեցաւ զանոնք բնաջնջել: Ուստի, անոնց մնացորդացը փիւնիկի նման վերածնաւ իր մոխիրներէն եւ շարունակեց իր յաղթական գոյերթը:
Լիբանանի մէջ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, որ հիմնուած է 1929-ին, խօսուն օրինակն է այդ վերածնունդին: Իր հայրենակիցներուն եւ ազգակիցներուն մատուցած ծառայութեամբ ան ջահակիրը կը հանդիսանայ լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող բարեսիրական հաստատութիւններուն: Անոր գոյութիւնը ինքնանպատակ չէ, այլ կը միտի ազգօգուտ հիմնարկութիւն մը ըլլալ: Ան կանգուն կը մնայ ինն տասնամեակներէ ի վեր: Այնքան ատեն որ ան իր ծառայութեան նպատակէն չշեղի, պիտի յարատեւէ տասնամեակներ, նոյնիսկ հարիւրամեակներ եւս եւ շառաչուն ապտակ մը պիտի տայ թուրքին երեսին: Այս տեսլականով է, որ պիտի ընթանայ անոր գոյութիւնը:
Բի՛ւր յարգանք Մարաշի աղէտի նահատակներուն եւ բիւր երկարակեցութիւն այդ պատմական օրրանին աշխարհացրիւ մնացորդացին: