ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Երբ 1992-ին օրուան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեան անարդարօրէն եւ վատաբար Հայաստանէն վտարուեցաւ Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ, իր հրապարակային առաջին ելոյթին ընթացքին Դաշնակցութեան ղեկավարը, հակառակ ամէն ինչի, յայտարարեց, որ կուսակցութիւնը իր ձեռքը երկարած կը պահէ հայրենի իշխանութիւններուն եւ պատրաստ կը մնայ համագործակցութեան:
Եթէ կասեաններէն յետոյ հայրենի իրականութեան մէջ ամենահակադաշնակցական քաղաքական անձնաւորութեան հանդէպ Դաշնակցութիւնը ամուր մնաց համագործակցութեան սկզբունքին վրայ` համոզուած հայոց անկախ պետականութեան կենսական կարեւորութեան ազգի գոյատեւման եւ պատմական յառաջընթացին համար, այդ սկզբունքը հաստատ կը մնայ այսօր եւս:
Հակառակ որ տէրպետրոսեանական մնացուկները թաւշեայ յեղափոխութեան ընդմէջէն առիթ տեսան ռեւանշիզմի եւ հակադաշնակցական մոլուցքի վերահրահրման,
Հակառակ որ իմքայլական կառավարութիւնը, վարչապետ Փաշինեան անձնապէս, անհրաժեշտ զսպումի չհրաւիրեց այդ մնացորդացը եւ անհրաժեշտ վճռակամութեամբ հրապարակ չելան սաստելու համար հակադաշնակցական թափթփուքներու հրապարակային յարձակումները, կամ նոյն պատրաստակամութիւնը ցոյց չտուին ընկերային ցանցերով, խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ, կարգի հրաւիրելու համար հակադաշնակցական մոլուցքի փորձութիւնը, որուն կը մատնուին Ազգային ժողովի անդամ ընտրուած իմքայլական պատգամազուրկ դատարկապորտները, կառավարութեան օրկանական մտաւորականները թէ իշխանութեանց ամէն ըրածը լորձնաշուրթ գովաբանելու առաքելութիւնը կամաւոր կերպով վերցուցած անհատները,
Հակառակ որ վարչապետին ամենամօտիկ գործակիցները չեն վարանիր կրկին ու կրկին օրակարգի բերելու օրհներգի փոփոխութեան նման գրգռութիւններ,
Հակառակ կրթութեան նախարարին անպատասխանատու «ներսի-դուրսի Դաշնակցութիւն» անհեթեթ յետին մտածումներ մատնող արտայայտութեան,
Հետեւելով ընկեր Մարուխեանի օրինակին` պիտի ողջունել վարչապետին երկխօսութեան հրաւէրը:
Բա՛յց,
Երբ Դաշնակցութեան կ’ուղղուի երկխօսութեան հրաւէրը, այն կ’ուղղուի կուսակցութեան մը, որուն գաղափարախօսական կեդրոնացման եւ ծրագրային դրոյթներու ամբողջին մասին ոչ ոք կասկածելու իրաւունք ունի: Թէկուզեւ «բազմաշերտ» ըլլայ Դաշնակցութիւնը վարչապետին համոզումով, այդ մէկը պիտի հասկնալ կուսակցութենէն ներս կարծիքներու եւ տեսակէտներու բազմազանութեան առկայութեան` դրական իմաստով: Թէ այդ կարծիքները ինչպէ՛ս կ’արտայայտուին հրապարակային կերպով եւ ի՛նչ գնահատանքի կ’արժանանան, այդ արդէն իւրաքանչիւր դաշնակցականի անհատական պատասխանատուութիւնն է: Այնպէս, ինչպէս անհատական պատասխանատուութիւն է թոյլ չտալ, որ իր տեսակէտները շահագործուին հակադաշնակցական պայքարի հետամուտ մարդոց թէ ուժերու կողմէ:
Այսի՛նքն,
Թէ հայրենիքի մէջ Դաշնակցութիւնը այսօր արտախորհրդարանական ուժ է, այդ մէկը երբեք առիթ պէտք չէ ըլլայ կուսակցութեան ազդեցութեան թերագնահատումին: Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ընտրական հոլովոյթին մէջ արձանագրուած ձախողութիւններուն գնահատականն ու հետագայ ընելիքները ներկուսակցական բանավէճի խնդիր են: Վարչապետը լաւ պիտի իմանայ, որ Դաշնակցութեան ազգային դերակատարութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը կ’արժեւորուի համահայկական իրականութեան մէջ, ուր, իր հետեւումն Դաշնակցութեան հայակեդրոնութեան, սփիւռքն ու հայրենիքը զիրար կ’ամբողջացնեն: Թէկուզեւ իւրաքանչիւրը անխուսափելիօրէն ունենայ իրեն յատուկ օրակարգ:
Հետեւաբար,
Երբ Դաշնակցութեան հետ երկխօսութեան տրամադրութիւն կայ, այն պիտի առնէ կուսակցութիւնը որպէս մէկ եւ անբաժան ամբողջութիւն, որպէս համահայկական զօրաշարժի յառաջացման ատակ քաղաքական ուժ:
Եւ խօսելով սփիւռքի մասին, վարչապետն ու իր սփիւռքի հարցերով յանձնակատարը պիտի գիտակցին որ Լիբանանէն մինչեւ Ֆրանսա, Քեպեքէն Քալիֆորնիա եւ Արժանթին, Դաշնակցութիւնը նախանձախնդիր է համայնքային միասնականութեան, համագործակցութեան եւ ներկայացուցչութեան հարթակներ ստեղծելու: Սփիւռքի նախարարութեան կազմալուծման սխալ քայլէն ետք սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու քաղաքականութիւնը բանաձեւել անհատներու դերակատարութեամբ եւ անտեսել համայնքային կազմակերպական յառաջընթացը` առաւել պիտի տկարացնէ սփիւռք-հայրենիք համարկումը ամէն մակարդակներու վրայ:
Եթէ Դաշնակցութեան հետ երկխօսութեան այս տրամադրուածութիւնը գործնականանայ, Դաշնակցութիւնը պարտի վարչապետին յիշեցնել, որ սփիւռքը պիտի հասկնայ կազմակերպուած համայնքներու եւ համայնքային հաստատութիւններու համագործակցութեան ընդունման և քաջալերման ընդմէջէն, եւ ոչ թէ` անհատներու դերակատարութեան առանձնաշնորհումով:
26-01-2020