Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ Եկեղեցիներու միութեան շաբաթը, որ կ՛երկարի 18-25 յունուարի միջեւ:
22 յունուարին, Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչի գրասենեակին կազմակերպութեամբ, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի աշակերտները ծանօթացան հայ եկեղեցւոյ երեք յարանուանութիւններու ամփոփ պատմութեան եւ եկեղեցիներու միութեան գաղափարին:
Հաւաքին խօսք առին Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան եւ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Հաւաքը վարեց Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:
Տէրունական աղօթքէն եւ Մեսրոպեանի կրօնի ուսուցչուհի Սալբի Քէշիշեանի բացման խօսքէն ետք, հայ հոգեւորականները աշակերտներուն բացատրեցին, որ եկեղեցին մէկ է` տարբեր յարանուանութիւններով հանդերձ: Շեշտուեցաւ այն միտքը, որ եկեղեցւոյ մէջ էականը հաւատքն է, սէրը, աղօթքը, Աստուածաշունչը եւ ծառայութիւնը, որմով բոլոր քրիստոնեաները կը միանան: Անոնք դիտել տուին, որ դաւանաբանական տարբերութիւնները բնաւ չեն կրնար հաւատացեալները տարանջատել իրարմէ, քանի որ բոլորին Հայրը նոյնն է, եւ Անոր կ՛ուղղուին բոլորին աղօթքները, խնդրանքներն ու փառաբանութիւնը: Ապա Մեսրոպեանի աշակերտներ կարդացին հայ դպրոցին, քահանաներուն եւ եկեղեցիներուն համար գրութիւններ:
Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան եւ հաւաքին մասնակից կողմերուն` մաղթելով, որ Մեսրոպեանի աշակերտները միշտ ապրին ու մտածեն միութեան ոգիով:
Հաւաքը փակուեցաւ եկեղեցիներու միութեան համար կատարուած բարեմաղթական աղօթքով:



