ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին հարցազրոյցներ ունեցաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Սաութ Լուպնան» ռատիոկայանին հետ:
Զոյգ հարցազրոյցներուն ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին, անոր դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապին, ինչպէս նաեւ քաղաքական իրադարձութիւններուն:
Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան կարիքը կար, որովհետեւ նախորդ կառավարութիւնը հրաժարեցաւ` ժողովրդային շարժումի ճնշումին տակ:
«Ժողովրդային շարժումը առաջին օրէն իսկ փափաքեցայ կոչել ժողովուրդի ցասում, որ հետեւանք է անոնց մնայուն ցաւին, ապրած վարկաբեկումին եւ պահանջներուն անտեսումին: Մենք այս պահանջները բարձրաձայնած ենք 17 հոկտեմբերէն ալ առաջ: Այս մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն զգուշացուցած էր պետութիւնը` 2 սեպտեմբեր 2019-ին, նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած տնտեսական-ելեւմտական յատուկ երկխօսութեան նիստին ընթացքին: ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն վտանգի փողեր հնչեցուց` հաստատելով, որ անդունդին մէջ կը գտնուինք եւ ոչ անոր սեմին: Պէտք է Լիբանանը փրկելու անմիջական միջոցառումներ որդեգրել, այլապէս ժողովուրդը զայրոյթի մեծ ցոյցերով փողոց պիտի իջնէ, որովհետեւ մենք օրական դրութեամբ կը տեսնենք ժողովուրդին ցաւերն ու տառապանքը, ինչպէս նաեւ պետութեան խոստումներուն հանդէպ անոր անհաւատութիւնը: Այդ նիստին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին ներկայացուցած պահանջներուն մեծ մասը ժողովուրդին պահանջներն էին, որոնց մէջ կային տուրքերու յաւելումի մերժումը, փտածութեան եւ մսխումի դէմ պայքարը, իւրացուած գումարներու վերադարձը, երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն առաջնահերթութիւն տալը, երկրին տնտեսութիւնը արտադրողական տնտեսութեան վերածելը եւ այլն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ոչ մէկ ժամանակ չէ զլացած պատասխանատուութեան ստանձնումին մէջ` աւելցնելով, որ միայն սովորական եւ տնտեսապէս հանգիստ օրերուն չէ, որ պատասխանատուութիւն ստանձնած են, այլ մնայուն կերպով:
«Կառավարութիւն չունենալուն եւ ունենալուն միջեւ եթէ բաղդատութիւն պիտի դնենք, ապա աւելի լաւ է կառավարութիւն ունենալ: Իշխանութեան պարապը տեղ չի հասցներ, փորձած ենք ատիկա եւ խստիւ կը մերժենք: Առողջ դատողութիւն ունեցող եւ երկրին ապագային յանձնառու քաղաքացին պէտք է տագնապի լուծման եւ ներկայ կացութենէն ելքի մը մասին մտածէ: Ամէնէն դիւրին բանը այս օրերուն ընդդիմութեան վերածուիլն ու քննադատելն է, մինչդեռ աւելի կարեւոր է ու յանդուգն այն հանգամանքը, երբ ծանր պայմաններու մէջ պատասխանատուութիւն կը ստանձնես: Հետեւաբար կը ջանանք փրկել պետութեան, տնտեսութեան կամ քաղաքական ղեկավարութիւններուն հանդէպ ժողովուրդին վստահութեան մնացորդացը: Չեմ կարծեր սխալած ենք, եւ պիտի շարունակենք ներքին լիբանանեան մակարդակի վրայ մեր աշխուժ ներդրումը ունենալ այս կացութիւնը շրջանցելու առումով», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նոր կառավարութեան առիթ չտալու եւ անոր նկատմամբ վստահութիւն չունենալու ժողովուրդին կեցուածքը իրեն համար հասկնալի է` աւելցնելով սակայն, որ այսօր փոփոխութիւն արձանագրուած է, եւ քաղաքական ղեկավարները, որոնք կ՛ընդունին, որ երկիրը կը գտնուի փուլ գալու սեմին, կ՛անդրադառնան, որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց գործունէութիւնը, օգտագործած բառամթերքը, ներքին եւ արտաքին յարաբերութիւնները:
«Կառավարութեան տրուելիք ժողովուրդին վստահութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան խորհրդարանին շնորհելիք վստահութեան քուէն: Այսօր մենք ունինք վարչապետ մը, որ ընդվզում չի պատճառեր: Ճիշդ է, որ ան Հըզպալլայի ու անոր դաշնակից ուժերուն առաջադրանքով է, որ վարչապետ դարձած է, սակայն եթէ պահ մը մօտիկ անցեալին մասին մտածենք, կը տեսնենք, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւս նոյն ձեւով կրնար վարչապետ նշանակուիլ: Բայց եւ այնպէս, պատահեցաւ այն, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր մերժեցին Հարիրիին քուէարկել, ինչ որ զայն մղեց մերժելու վարչապետի պաշտօնը: Մեր պարագային, մենք որոշած էինք ուղղուիլ նախագահական պալատ եւ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին զօրակցիլ Հարիրիի թեկնածութեան, հակառակ անոր որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները որոշած էին Հարիրիի ի նպաստ զօրակցութիւն չյայտնել: Բայց եւ այնպէս, հիմա ունինք նոր կառավարութիւն, որ կազմուած է վարչապետ Հասսան Տիապի ջանքերով եւ աշխատանքներով ու անզիջում կեցուածքներով: Ան մերժեց քաղաքական կառավարութիւն մը կազմել, քաղաքական անձնաւորութիւններէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմել, այլ` կառչած մնաց մասնագէտներու կառավարութեան», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ի վերջոյ կառավարութեան մէջ համայնքներն են, որ պիտի ներկայացուին` նախարարներուն ընդմէջէն: Պատասխանելով այն հարցումին, որ ժողովուրդը կը մերժէ Տիապի կառավարութիւնը, որովհետեւ անոր անդամները նշանակուած են կուսակցութիւններուն կողմէ, Յ. Բագրատունի հարց տուաւ ըսելով. «Լիբանանի հայ համայնքին նախարարը նշանակելու համար վարչապետ Տիապ որո՞ւն հետ պէտք էր խորհրդակցէր: Ի վերջոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութիւն կայ եւ այդպէս է կարգը»:
Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն քանի մը թեկնածուի անուն առաջարկած է, սակայն Տիապ ընտրած է Վարդինէ Օհանեանը, որ «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէնուհին է, օրական դրութեամբ շփում ունի ժողովուրդին հետ եւ քաջատեղեակ է անոր ու երիտասարդութեան պահանջներուն:
«Վարչապետ Տիապի նշանակումէն երեք օր ետք, երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ անոր, եւ խօսեցանք կառավարութեան կազմութեան մասին, վարչապետը յայտնեց, որ կը փափաքի 18 նախարարէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմել: Օրին յայտնեցի անոր, թէ այդ թիւը հարց կրնայ ստեղծել, որովհետեւ, երբ լիբանանահայութիւնը մէկ նախարար ունի` տիւրզի եւ յոյն կաթողիկէ համայնքները պիտի չուզեն մէկ նախարարով ներկայանալ, այլ` նուազագոյնը երկուքական, հետեւաբար առաջարկեցի նախարարներուն թիւը 20-ի վերածել:
Քաղաքական այլ ուժերու հետ բանակցութիւններուն ընթացքին արդէն մեր մտահոգութիւնը յստակ դարձաւ եւ նախարարներուն թիւը բարձրացաւ 20-ի:
Այդ հանդիպումին ընթացքին Տիապ պահանջեց, որ 48 ժամ ետք փոխանցեմ մեր թեկնածուին անունը:
Ըսեմ, որ Կեդրոնական կոմիտէն որոշած էր, որ իր նախարարը պիտի ըլլայ իգական սեռի ներկայացուցիչ` մասնագէտներէ եւ անկուսակցականներէ բաղկացած կառավարութեան պարագային:
Այս շրջագիծին մէջ վարչապետին փոխանցուեցաւ, որ եթէ նոյնիսկ նախորդ կառավարութենէն նախարար մը անփոփոխ պիտի մնայ, ապա երկրորդը պիտի ըլլայ Աւետիս Կիտանեանը: Սակայն այդպէս չեղաւ:
Իսկ նախարարութիւններու ստանձնումին պարագային, հայ նախարարին համար նախատեսուած առաջին նախարարութիւնը կենսոլորտի նախարարութիւնն էր, որ մերժուեցաւ մեր կողմէ: Ապա մեզի յատկացուեցան մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան նախարարութիւնները, աւելի ուշ` զբօսաշրջութեան եւ տեղեկատուութեան նախարարութիւնները, վերջին օրերուն գաղթականներու հարցերու եւ տեղեկատուութեան նախարարութիւնները:
Այս բանակցութիւններուն ընթացքին արդէն իսկ զգալի էր, որ կառավարութեան կազմութեան լուրջ հարց կայ: Այս կացութեան ընթացքին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցայ վարչապետին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանի եւ այլ պատասխանատուներու հետ` անոնց առաջարկելով մեզի յատկացուած նախարարութիւններուն հետ փոխանակում կատարելու կարելիութիւնը` լուծելու համար թնճուկները, որովհետեւ ի վերջոյ համայնքներուն շահերը չեն, որ կը գերադասեն, այլ` կառավարութեան կազմութիւնը, որ երկրին համար ամէնէն կարեւորն էր: Այսպիսով, լուծուեցաւ հարցը, եւ մեզի տրուեցաւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի հարց տուաւ ժողովրդային շարժումին, թէ ինչո՞ւ ոչ մէկ անգամ անոնք անդրադարձած են ուժային նախարարութեան, ոչ ուժային կամ ծառայութեան բնոյթ ունեցող նախարարութեան գոյութեան: «Ինչո՞ւ այս խտրութիւնը` նախարարութիւններու բաժանումին միջեւ: Ինչո՞ւ այն պիտակաւորումը, թէ որոշ նախարարութիւններ վերապահուած են որոշ համայնքներու, ինչպէս պաշտպանութեան նախարարութիւնը` յոյն ուղղափառ համայնքին, ներքին գործոց նախարարութիւնը` սիւննի համայնքին, եւ այլն: Ինչո՞ւ ժողովրդային շարժումը այս իմաստով եւս փոփոխութիւն չ՛ակնկալեր», հարց տուաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ժողովրդային շարժումը 100 օր բոլորած է արդէն, սակայն ոչ մէկ անգամ խօսուած է կրօնական հեղինակութիւններուն մասին` քրիստոնեայ թէ իսլամ: «Ոչ ոք կը խօսի այդ հեղինակութիւններուն ունեցած կալուածներուն մասին: Եթէ մենք կը խօսինք ժողովուրդին ցաւին մասին եւ այդ ցաւը մեղմացնելու կրօնական հեղինակութիւններուն դերակատարութեան մասին, ապա ինչո՞ւ անոնք այդ կալուածները երիտասարդութեան տրամադրութեան տակ չեն զետեղեր, որպէսզի անոնք աշխատանքի եւ բնակութեան ծրագիրներ իրականացնեն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կարելի չէ առանց կառավարութեան մնալ, յատկապէս երբ ժողովուրդը փողոցն է եւ ամէն օր իր արիւնէն կը վճարէ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին գինը: «Գործատէրերն ու ղեկավարները չեն, հարուստ դասակարգը չէ, ո՛չ ալ դրամատուներն են, որոնք կը վճարեն այս տագնապին գինը, այլ` սովորական ժողովուրդը, նոյնիսկ այն երիտասարդները, որոնք մայրաքաղաքը կը քանդեն: Ցաւ ի սիրտ կ՛ըսեմ, աւելի ուշ իրենք է, որ պիտի վճարեն իրենց քանդածը կրկին կառուցելու գումարները», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի մէջ դասակարգերու բախում կայ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կը խօսի այդ մասին: «Տուրքերու անհաւասար բաժանում կայ: Անարդար է, որ սովորական քաղաքացին իր բոլոր հարկերը վճարէ, սակայն մեծ առեւտրականներ եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրեր չեն վճարեր, ընդհակառակն` անոնք ժողովրդային շարժումին առաջին օրերէն իսկ իրենց վաճառատուները փակեցին, հաշիւները դուրս փոխանցեցին եւ հարիւրաւոր պաշտօնեաներ եւ աշխատաւորներ անգործ ձգեցին: Այս իրավիճակին եկան աւելնալու ելեւմտական եւ դրամատնային, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Իսկ ամէնէն կարեւորն ու վտանգաւորը` Լիբանանի արժէքային համակարգը հարուածի կ՛ենթարկուի», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ յեղափոխութիւնը չի յաջողիր, եթէ անիկա արժէքներն ու բարոյականութիւնը չի յարգեր: «Մեր կուսակցութեան անունը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն է: Որեւէ յեղափոխութիւն, որ կը կատարուի յեղափոխականներուն քմահաճոյքով եւ ցանկութեամբ, կամ անոնց միջեւ տարակարծութիւններով եւ սադրիչներով, ապա ան չի յաջողիր, այլ` կը լուծուի: Եթէ կը յիշէք ֆրանսական յեղափոխութիւնը, ապա պէտք է յիշէք, որ անոր յաջորդեցին կախաղանները եւ ապա ժողովրդավարութիւնը: Նոյնն էր պարագան նաեւ համայնավարութեան», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ինք կը հասկնայ երիտասարդներուն ցասումը, որուն պատճառները արդարացի են, սակայն եթէ բոլորս վերածուինք բարկութեան կոյտի մը, ապա կը դառնանք խմբաւորումներ, որոնք չեն մտածեր:
«Իսկ եթէ կը խօսինք խորհրդարանին մէջ ժողովուրդին օրինական ներկայացուցչութեան մասին, ապա կարելի չէ ընտրութիւններուն մասնակցիլ եւ ի նպաստ մէկուն քուէարկելէ ամիսներ ետք ըսել, որ միտքերնիս փոխած ենք, բոլորդ` այսինքն բոլորդ, եւ նոր երեսփոխանական ընտրութիւններ կը պահանջենք: Կարելի չէ այսպէս կառավարել երկիրը: Յեղափոխութիւն փտածութեան դէմ` հաստատ: Յեղափոխութիւն մսխումի, տուրքերու, աղքատութեան, դրամի կէտերուն դէմ` անկասկած: Ժողովրդային շարժումի առաջին օրերէն ցուցարարները խօսեցան վարչակարգը փուլ բերելու մասին: Երբ հարց տուինք, ըսին, թէ կ՛ուզեն իշխանութիւնը տապալել, ապա հարց տուինք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ իշխանութիւնը տապալել, ըսին, որ կառավարութիւնը տապալել: Կառավարութիւնը հրաժարեցաւ: Ապա անոնք պահանջեցին խորհրդարանին եւ հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը: Այս պահանջին օրերուն տակաւին ժողովրդային շարժումը հանդարտ կերպով կը կատարէր իր ցոյցերը` առանց խուլիկանութեան եւ քանդումի արարքներու: Գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ այդ օրերուն կէս գիշերին ես կը շրջէի փողոցներուն մէջ եւ կը տեսնէի, որ քաղաքակիրթ կեցուածքներով անոնք փողոցները կը մաքրեն: Սակայն առաջին այդ փուլէն ետք, ցուցարարները սկսան ճամբաներ փակել եւ բռնարարքներ գործել: Այդ օրը, երբ Նահր Քալպի փապուղիին մէջ պատ հիւսուեցաւ, Ռինկի կամուրջին վրայ եւ Շեւրոլէի մէջ անցարգելներ զետեղուեցան, եւ Այն Ռըմմանէ-Շիյահ շրջաններուն միջեւ բախումներ արձանագրուեցան, ու պատկերասփիւռի կայանները խօսեցան Ասաատ Ասաատ փողոցին եւ պիստակավաճառ «Սաննին»-ի մասին, յիշեցի քաղաքացիական պատերազմի օրերը, եւ առաջին յօդուածս եղաւ` «Զգուշացէ՛ք սադրանքէն»: Յիշեցինք նաեւ, որ յաջորդ օր պիտի հաշտուին, որովհետեւ այդ օրերուն ալ այդպէս էր, շրջանին քահանան եւ շէյխը կու գային իրարու մօտ կ՛ողջագուրուէին` հաշտութեան իբրեւ արտայայտութիւն եւ կը վերադառնային իրենց շրջանները: Այդ քայլէն տասը վայրկեան ետք արձակազէնները դարձեալ կը սկսէին իրենց արարքներուն: Նոյնն է նաեւ այսօր, երիտասարդները զայրացած են եւ ցասկոտ իրենց վիճակին մէջ կ՛ուղղուին մայրաքաղաք ու կը քանդեն զայն: Ես կը հասկնամ անոնց ցաւը, սակայն քանդումը ապարդիւն է, բացի եթէ պիտի շարունակենք յեղափոխութիւնը` քանդելու համար Լիբանանը: Իմ մտահոգութիւնս այն է, որ երբ ուղղուինք քանդելու երկիրը, որ ոչ ոքին շահերուն կը ծառայէ, շատ դժուար է, որ երկիրը վերակառուցուի», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ պէտք չէ ընդհանրացնել եւ բոլոր ցուցարարները նկատել օտար երկիրներու դեսպանատուները ներկայացնող կամ ցոյցի մասնակցելու համար գումարներ ստացող անհատներ: «Իսկական ներկայացուցիչը այդ ցոյցին կը մնայ քաղաքացին, որուն իրաւունքը ոտնահարուած է, այն ընտանիքը, որուն հայրը հիւանդանոցի դրան դիմաց մահացած է: Ընդհանրապէս կը խօսուի քաղաքացիին ցասումին մասին եւ ոչ թէ քաղաքական անձնաւորութեան կամ պատասխանատուին, սակայն անոնք եւս կը բարկանան: Օրինակ` ես կը բարկանամ, երբ տեսնեմ, որ փողոցին մէջ մէկը մուրացկանը կը վարկաբեկէ, կամ այն բժիշկը, որ երբ երաշխաւորէ, թէ իր անունը պատկերասփիւռի կայանէն պիտի հնչէ իբրեւ բարեգործութիւն կատարող եւ ձրիօրէն հիւանդին բուժումը ստանձնելու պատրաստակամ բժիշկ, կը կատարէ այդ մէկը: Մինչդեռ պատկերասփիւռի կայանէն հեռու, բազմիցս մերժած կ՛ըլլայ ընդունիլ հիւանդը: Այս բոլորը զայրոյթ կը պատճառեն: Մենք հանգիստ խղճով կրնանք ըսել, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ետին ո՛չ մէկ դեսպանատուն կայ, կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն եւ ո՛չ ալ իրեն գումարներ տրամադրող պետութիւն, նոյնիսկ Հայաստանի պարագային, որ ինք օժանդակութեան կարիք ունի: Անշուշտ անոնք բարոյական զօրակցութիւն կը յայտնեն, եւ ժողովուրդը միասնականութեամբ իրարու կ՛օգնէ: Կ՛օժանդակենք հայուն եւ ոչ հայուն: Ես իբրեւ երեսփոխան ժողովուրդին նման եմ եւ անոր նման դրամատունէն գումարներ ստանալու դժուարութիւն ունիմ, որովհետեւ տագնապը համատարած է», շեշտեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ դատական իշխանութիւնները պատասխանատուութեան կանչեն անոնց, որոնք իրենց հսկայական գումարները օտար երկիրներ փոխանցած են: «Թող ո՛չ մէկ պատճառաբանութիւն տան մեզի, այլ` զբաղին զանոնք հետապնդելով: Ժողովուրդէն կը խնդրեմ նորակազմ կառավարութեան որոշ առիթ մը տալ, երեք կամ չորս ամսուան առիթ մը, որպէսզի անոնք կարենան աշխատիլ: Եւրոպական երկիրներուն կեցուածքը, որ Լիբանանին օժանդակելու նախապայմանը կը նկատէ բարեկարգումներու գործադրութիւնը, դրական է: Իսկ ամերիկացիներուն պարագային, անոնց հիմնական նպատակը Հըզպալլան թիրախ դարձնել է: Ես կ՛ուզեմ հետեւեալ հարցը տալ. Հըզպալլայի կամ Դիմադրութեան ներկայութիւն ըլլալը կ՛արգիլէ՞ր փտածութեան դէմ պայքարը, կ՛արգիլէ՞ր ելեկտրականութիւն արտադրելու աշխատանքը, կ՛արգիլէ՞ր դրամատուներուն կողմէ տոկոսներուն փոփոխութեան ենթարկումը, կ՛արգիլէ՞ր, որ հարկահաւաքը չկատարուի: Իբրեւ ժողովուրդ պէտք է գիտնանք, որ եթէ նպատակը միայն Հըզպալլան հարուածել է, ապա Հըզպալլան լիբանանեան միջավայրի բաղադրիչներէն է եւ ոչ թէ անկէ անկախ գոյացութիւն մը: Հետեւաբար իբրեւ լիբանանցի քաղաքացի` յանձնառու պէտք է ըլլալ ներքին լիբանանեան միասնականութեան եւ անդրադառնալ, որ Հըզպալլայի զէնքը ոչ մէկ ձեւով փտածութիւն կը քաջալերէ, ընդհակառակն` Հըզպալլայի համար Դիմադրութեան համազօր է նաեւ փտածութեան դէմ պայքարը: Պէտք չէ այլոց օրակարգերուն ծուղակը իյնալ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Տագնապին մէջ թրքական գաղտնի սպասարկութեան հաւանական դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երբ ժողովրդային շարժումին մաս կազմող կարգ մը երիտասարդներ իրենց գլխուն թրքական ֆէսեր դրած եւ իրենց ձեռքին սուլթան Ապտիւլ Համիտի եւ Էրտողանի որմազդները բռնած կը նկարուին, ի՞նչ պէտք է մտածէ մէկը: «Եթէ մէկը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի լուսանկարը բռնած նկարուի, ի՞նչ կը մտածէք անոր մասին: Լուսանկարի հաւաքածո՞յ ունի, արխի՞ւ ունի», հարց տուաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ ինք չի խօսիր Աքքարի մէջ կարգ մը գիւղաքաղաքներու մասին, որոնց բնակիչները թրքական ծագումով լիբանանցիներ են, սակայն նկատի ունի թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ալ դերակատարութիւն ունէր:
«Թրքական պետութիւնը բարեսիրական նպատակներով չէ, որ հիւանդանոց կառուցած է, կրթական նպատակներով չէ, որ դպրոց կառուցած է եւ դպրոցներուն օժանդակած: Պէտք չէ մոռնալ, որ ՏԱՀԵՇ-ին բնօրրանը ո՞ւր էր, ո՞ւր էին, ո՞ւր հասան: ՏԱՀԵՇ-ը Դամասկոսի միջազգային օդակայանէն կամ Լաթաքիոյ նաւահանգիստէն չէ, որ Սուրիա հասաւ, այլ` Թուրքիոյ սահմանէն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ արաբական ու թրքական խալիֆայութիւններուն եւ անոնց միջեւ տարակարծութիւններուն` հաստատելով, որ նոր օսմանեան երազը կարելի չեղաւ իրականացնել Ցեղասպանութեամբ եւ սովով, այսօր սակայն անոնք առիթ կը տեսնեն արաբական աշխարհին տիրապետել եւ հասնիլ մինչեւ Ափրիկէ: Թուրքիա նաեւ ամերիկացիներուն դաշնակիցն է, իսկ մենք` իբրեւ արաբականութեան ջատագովներ եւ Դիմադրութեան զօրակիցներ, որ կը պայքարինք ժողովուրդներուն վրայ պարտադրուող արտաքին ճնշումներուն եւ հալածանքներուն դէմ, կը նախընտրենք այս շրջանին մէջ ըլլալ` օսմանեան մտքին դէմ: Մենք մեր պատմութեան ընդմէջէն գիտենք եւ կը տեսնենք, որ ի՛նչ պատահած է եւ ի՛նչ կը պատահի Սուրիոյ, Ծոցի երկիրներուն եւ Իրաքի մէջ: Թուրքիան ի՞նչ գործ ունի Լիպիոյ մէջ: Օր մը արաբները պիտի հասկնան, որ իրենց շահերը չեն ենթադրեր Թուրքիոյ հետ գործակցիլ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Երկրին տնտեսական տագնապին լուծման մէջ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումին առումով ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կեցուածքին մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն եկամտաբեր տնտեսական համակարգը չի քաջալերեր, այլ` արտադրողական տնտեսական համակարգը: «Այդ պատճառով ալ մենք կը պահանջենք զօրակցիլ երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերուն, քաջալերել այդ մարզերը եւ կարելի եղածին չափ նուազեցնել ներածումը», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Լիբանանի արտադրած գետնախնձորն ու խնձորը պիտի չսպառին, եւ անոր փոխարէն այլ երկիրներէ խնձոր եւ գետնախնձոր պիտի ներածէ պետութիւնը: Ինչո՞ւ լիբանանցին պիտի չքաջալերէ ներքին զբօսաշրջութիւնը: «Անցեալ տարի մէկ միլիոն լիբանանցի զբօսաշրջիկ այցելած է Թուրքիա: Հաւանաբար այս լիբանանցիներուն մէջ կայ թիւ մը, որ Պաալպեքը չէ տեսած, Նաքուրա եւ Արզ ալ չէ գացած: Անոնք կ՛երթան ամէն ի՛նչ գնելու Թուրքիայէն, եւ Լիբանան սահմանները բացած է, ազատութիւն տուած է եւ ազատ տնտեսութիւն յայտարարած: Ամէն ի՛նչ դուրսէն ներածելու քաղաքականութիւնը քանդած է երկիրը: Ինչո՞ւ Լիբանան պիտի չարտադրէ: Հիմնական հարցը այն է, որ լիբանանցին պէտք է պատրաստակամ ըլլայ հաւատալու, որ Լիբանանը արտադրող երկիր է», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ տնտեսական տագնապին լուծման մէկ այլ քայլը պիտի ըլլայ նաեւ այն, որ քանի մը փտած բանտարկուի` դատական իշխանութիւններուն վճիռով: «Պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել երկիրը թալանողներուն կողմէ իւրացուած գումարները վերադարձնելու երկիր», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի` աւելցնելով, որ այս քայլը եւս կ՛օգնէ, որ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատուի:
Ապահովական առումով ստեղծուած մտավախութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ պետութեան հեղինակութիւնը հարուած ստանայ` հանրապետութեան նախագահութիւնը, խորհրդարանն ու կառավարութիւնը թիրախ դարձնելով, ապա պետութեան հեղինակութեան մնացորդացը կարելի է փրկել ապահովութեան ուժերուն ընդմէջէն, ուրեմն անկարելի է ընդունիլ, որ ցուցարարները ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ բռնարարքներ գործադրեն:
«Կարելի չէ զինուորը քարկոծել, ճամբու ազդալոյսը պոկել եւ երկաթէ այդ սիւնը ապահովութեան ուժերուն վրայ շպրտել: Կարելի չէ տեսնել, որ ցուցարարները վաճառատուները կը քանդեն` պարզապէս որովհետեւ ան որոշ վաճառանիշ մը կը կրէ: Անձամբ կը մերժեմ պետութեան հեղինակութիւնը հարուածել, կը մերժեմ արգելք հանդիսանալ երեսփոխանին, որպէսզի ան խորհրդարան չհասնի: Ապահովութեան ուժերը պէտք է ճամբայ ապահովեն երեսփոխանին, որպէսզի ան հասնի խորհրդարան եւ վաւերացնէ տնտեսական բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ վաւերացնէ այնպիսի օրէնքներ, որոնք պիտի նպաստեն փտածութեան դէմ պայքարին», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ երբ պետական եւ սեփական կառոյցները կը քանդուին, եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ յարձակում կը գործուի` հակազդեցութիւն կ՛արձանագրուի:
«Ապահովութեան ուժերը պէտք է յարգեն ցուցարարները եւ փոխադարձաբար: Ինծի համար ողջունելի էր այն երիտասարդներուն բողոքը, որ կատարուեցաւ խաղաղութեամբ, վրաններուն տակ գիշերելով, առանց խուլիկանութեան կամ վարկաբեկումի հնչեցնել շարունակելով իրենց պահանջները: Անոնք ժողովուրդին կամ քաղաքական անձնաւորութիւններուն արժանապատուութիւնները չվարկաբեկեցին:
Քաղաքական անձնաւորութիւններուն արժանապատուութիւնը ժողովուրդին արժանապատուութենէն աւելի սուղ չէ, իսկ ո՛վ որ հակառակը կ՛ըսէ, զայն չեմ յարգեր: Մեր ձեռքերը մեր սրտերուն կը փափաքինք յաջողցնել շարժումը, ինթիֆատան, յեղափոխութիւնը, զայրոյթը, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք բոլորին այս կառավարութեան երեքէն չորս ամսուան ժամանակ տալու` ի մտի ունենալով, որ կարելի չէ կոճակի մը հարուածով ամէն բան իրագործել: Կայ պատմութիւն, անցեալ, համայնքային դրութիւն, որ արմատացած է, կայ մտայնութիւն, շահագործում, քաղաքական եւ կուսակցական շահեր, որոնցմէ այսօր, այս վայրկեանին կարելի չէ դուրս գալ, սակայն աւելի ուշ` այո», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց ժողովուրդին իրաւունքները` աշխատավարձի յաւելում թէ այլ, շնորհումը` հեռու մնալով յետաձգելու քաղաքականութենէն եւ կուտակումներէն: «Ինծի համար խոր ցաւ է, որ ուսուցիչը, զինուորը եւ պաշտօնեան իր իրաւունքը չստանայ: Ի վերջոյ կարելի չէ խնդրել այն զինուորէն, որ չի կրնար իր ընտանիքին ապրուստը ապահովել, որ իր արիւնը թափէ` երկրին ապահովութեան համար», ընդգծեց ան:
Երեսփոխան Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ նոր կառավարութեան մէջ երիտասարդութեան եւ իգական սեռին դերակատարութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ եւ պիտի նպաստէ կառավարութեան աշխատանքին:
«Պէտք է ամէն առումով օգտուիլ ժողովրդային պոռթկումէն եւ ամէն ջանք ի գործ դնել ազգային միաձուլման մէջ լիբանանցի երիտասարդութեան դերակատարութիւնը հզօրացնելու», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: