134 երկրէ 3400 դիմորդներու ընտրութեան որպէս արդիւնք` Ջիւան Աւետիսեանը ներգրաւուած է Պերլինի միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցած շարժապատկեր արտադրողներու համար կարեւորագոյն հարթակի` «Berlinale Talents»-ի 2020-ի ծրագիրին (փետրուար 22-27) իր նոր` «Վերածնուածը» ժապաւէնի նախագիծով, որուն արտադրութիւնը ծրագրուած է 2021-ի գարնան:
Ընտրող յանձնաժողովը նշած է. «Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր յաւակնոտ մօտեցումը` շարժապատկերի արտադրութեան ու ձեր ներկայացուցած պատմութիւններուն»: