Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ազգի Մարտական Բազուկին Անփոխարինելի Ժառանգը (Հայոց Բանակի Օր)

Յունուար 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ամէն անգամ որ օրացոյցը կը յուշէ վերոնշեալ թուականը, ներքին խայտանքի, կարօտի եւ հպարտութեան զգացումները կը պատեն մեր յուզաշխարհը:

Այո՛, բուռն խայտանք կ՛ապրինք, որովհետեւ հայոց դարերու երազի իրական արտայայտութիւնն է, որ մեր դիմաց կը պատկերանայ շօշափելիօրէն, իր իսկական կերպարով, տեսքով ու հմայքով:

Աւելի՛ն. իբրեւ սփիւռքահայեր, հայրենիքի ջուրին, օդին ու հողի բուրմունքին առընթեր, մեր ամէնօրեայ կեանքին հետ կ՛ուղեկցի ալեկոծուող կարօտ մը, որ մեր միտքն ու հոգին անընդմէջ կը «մրճահարէ», ի տես հայոց բանակի հրաշափառ տողանցքին, սրբազան լեռ Արարատի ըմբոստ հայեացքին ներքեւ:

Ի՜նչ խօսք մեր ազգային հպարտութեան մասին, որ սնուցիչ տարրն ու ոգին է մեր արժանապատուութեան, ինքնաճանաչողութեան, ազատ ու անկախ ապրելու մեր հաւատամքին:

28 յունուար` հայոց բանակի օր:

Ճիշդ է, որ կարգ մը հայ պատմաբաներ հայոց բանակի ծնունդը կ՛առնչեն դեռ մինչեւ Ն.Ք. 4-րդ հազարամեակ, այդուամենայնիւ, առանց մոռացութեան տալու նման հպարտառիթ հաստատում եւ պատմական իրողութիւն, մեր այսօրուան նշումը, ըստ էութեան, կը վերաբերի նորանկախ Հայաստանի հայոց բանակին, որուն ներշնչման աղբիւրը, եթէ մէկ կողմէ սեփական պատմութիւնն է, ապա միւս կողմէ այն նուիրեալ ազատամարտիկն ու ֆետային է, որ արիաբար նետուեցաւ մարտի դաշտ, կերտեց հայ տղամարդու առանձնայատուկ պատկերը` հերոսական դիպաշարերու ընդմէջէն:

Արդ, հայ ժողովուրդի ճակատագրի առաւել բիւրեղացման, պետականութեան ամրապնդման, հզօրացման, քաղաքական մտքի տեսադաշտի ընդլայնման, ազգային գաղափարախօսութեան պայծառացման յուշարար թուական մըն է հայոց բանակի օրը` այն առումով, որ առանց կայացած, խիզախ ու արհեստավարժ բանակի, ինչպիսի՛ ապագայակերտ հեռանկար, որակական արժէք եւ իմաստ պիտի ունենան ազգեր, ժողովուրդներ, պետական համակարգեր:

Այլ խօսքով, եթէ ազգի մը քաղաքակրթական-մշակութային հազարամեայ ժառանգը ուժեղ յենարաններ են` պահելու եւ լուսաւորելու ազգի մը ինքնուրոյն դիմագիծն ու ստեղծագործ ոգին, այդուհանդերձ, նման արժէքներ պաշտպանելու եւ զանոնք հետագայ սերունդներու սեփականութիւնը դարձնելու միակ ապաւէնը հայրենիքն է` իր ամբողջական ընկալումով եւ տարողութեամբ:

Ու այդ «կտոր» մը հայրենիքը, գէթ մեր պարագային, կը պաշտպանուի առանց դոյզն երկմտանքի եւ աւելորդաբանութեան, հզօր բանակով, որովհետեւ ստոյգ է, չէ՞, որ անհայրենիք կամ պաշտպանական համակարգէ զուրկ ազգեր կը դիմագրաւեն պատմութեան ահաւոր եւ անբարեխիղճ դատաստանի վճիռը, այլապէս ալ անոնք զոհ կը դառնան համայնակուլ արշաւներու թէ կայսերական ախորժակներու:

Պահ մը մենք մեզ զերծ պահելով նորանկախ Հայաստանի քաղաքական թէ տնտեսական, ընկերային թէ ազգային խնդրայարոյց հարցերէ, արդար է գոնէ տարին մէկ անգամ մեր մտածումին առանցքը դարձնել հայոց բանակի իրավիճակը, անոր կատարած սուրբ առաքելութեան ուղղութիւնները, սպառազինումի չափն ու որակը, բարոյահոգեբանական կացութիւնը, արհեստավարժի մակարդակը եւ այլն:

Իրօք, ստոյգ է, անառարկելի ճշմարտութիւն, որ հայոց բանակը տարուէ տարի ինքնակատարելագործման ընթացքին մէջ է, հակառակ մերթ ընդ մերթ մեր ականջին հասնող, այսպէս ըսած, անախորժ, տխուր եւ անըմբռնելի լուրերու, որոնք մեզ շատ անգամ կ՛անհանգստացնեն եւ ընդվզումի առիթներ կը պատճառեն:

Պիտի ըսուի, որ ամենահզօր բանակներու մէջ անգամ կը պատահին այնպիսի երեւոյթներ, որոնք շատ անգամ կ՛ապշեցնեն հասարակութիւնը, որ ամէն քայլափոխի կը հետեւի բանակի ներքին կեանքին ու գործունէութեան:

Ճիշդ է, որ հայոց պարագային բացառութիւն պէտք չէ նկատել պատահածները, այդուամենայնիւ, ներելի չէ, երբե՛ք, հայոց բանակի անդամ իւրաքանչիւր անդամի (հրամանատար, պայմանագրային թէ զօրակոչիկ) գտնուիլ այնպիսի կացութեան մէջ, որուն հետեւանքը անդարմանելի կրնայ ըլլալ, այդ ալ` ազգին հաշուոյն:

Ի դէպ, խոստովանիլ է պէտք, որ վերջին տարիներուն արմատապէս զգալի են բացասական երեւոյթներու եւ պատահարներու նուազումը, ինչ որ կ՛ուրախացնէ մեզ բոլորս եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ թշնամիի(ներու):

Ընդունուած իրողութիւն է, որ ինչպէս պետական համակարգը, նոյնպէս ալ բանակաշինութիւնը անդադար ինքզինք նորոգելու եւ յառաջդիմելու ընդունակ պէտք է ըլլայ, այլապէս կը փտտի ու կը դառնայ թանգարանային իր` պատճառ ըլլալով օտար ուժերու յարձակողապաշտի մոլուցքին ու անոնց տիրակալութեան:

Այլ խօսքով` ինքզինք անդադար կատարելագործելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի նախ հայոց բանակը, ապա` պետական համակարգը:

Բարեբախտաբար, հայոց բանակի պարագային, մենք հպարտութեամբ կրնանք հաստատել, որ սպառազինումի եւ արհեստավարժութեան գործընթացները չեն կասիր երբեւէ, եւ հայ ազգի պաշտպան բանակը արդէն կը գտնուի իր ամենափայլուն կարգավիճակին մէջ, անշուշտ, ակնկալելով, որ ան գերազանցէ ամէն նուաճում եւ հասնի նախանձելի աստիճանի:

Փաստօրէն, տարուան ընթացքին կատարուած զինուժի մատակարարումները, գերարդիական զինամթերքի տիրապետումը, տարբեր երկիրներու հետ քատրային թէ զինավարժական ծրագիրներու գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ` փայլուն վարկանիշի ապահովումը, արդէն բաւարար ապացոյցեր են վերեւի նշուածին:

Աւելի՛ն. պատերազմի մէջ գտնուող ազգի ու պետութեան համար աւելի քան անհրաժեշտ է սնունդի պատշաճ մատակարարումը, գումակային կարելիութեանց եւ արհեստագիտական սարքերու ապահովումը, մարդուժի պատրաստուածութիւնն ու յոռի երեւոյթներէ զերծ` զինուորական կառոյցի շեշտադրումը, պարզապէս աւելի ամրակայելու հայոց բանակի զինուորական ունակութիւնը եւ թշնամի(ներ) հարուածելու անոր անվրէպ կարողութիւնը:

Յայտնապէս, այս առումով, 2016-ի քառօրեայ մարտերը վաւերական ապացոյց հանդիսացան հայրենասիրութեան եւ մարտական ոգիի բացառիկ դրսեւորումներու,  երբ 20-ամեայ նորակոչիկներ թէ յանդուգն հրամանատարներ, նոյն խրամատի թէ դիրքի մէջ, ամբողջ սահմանի երկայնքին ցոյց տուին աներեւակայելի խիզախութիւն եւ զինուորական արհեստավարժութիւն` ծունկի բերելով զազիր թուրքին մասնայատուկ ուժերն անգամ, որոնց թուաքանակը կը բացայայտէր անոնց նպատակին հրէշութիւնը` յարձակիլ, գրաւել Ստեփանակերտը եւ բնաջինջ ընել հայութիւնը:

Անկրկնելի ու սրբազան տղաներու նահատակութեամբ արծուեբոյն Արցախը մնաց անառիկ, իսկ սահմանները` պաշտպանուած, հակառակ դիրքի մը` Դելի դեփէ, ու հողային որոշակի տարածքի մը կորուստին:

Այդուհանդերձ, քառօրեայ մարտերու մեծագոյն յաղթանակը եղաւ հայութեան միասնական ոգիի բոցավառումը եւ ազգային շահերու համազգային ընկալումը:

Ամէնամեայ այս տօնին առիթով ճիշդ է, որ սոսկ յաջողութիւններու եւ ակնկալութիւններու շարադրանքը չէ, որ պէտք է հրամցնենք հայութեան, որքան իրաւ աշխատանքներու ընդգծումը կատարենք, որովհետեւ թուրք-ազերի թշնամին գրեթէ ամէնօրեայ հերթականութեամբ կը պատրաստուի պատերազմի տարբեր ոլորտներու մէջ եւ մակարդակներու վրայ: Ան չէ դադրած որոճալէ` արցախեան խնդրի զէնքի ուժով լուծումը:

Արդարեւ, հայ քաղաքական մտքի ու պետական համակարգի բազմաբնոյթ ներկայացուցչութիւններ, իրենց կարգին, աւելի քան երբեք պարտաւոր են ցոյց տալու հայավայել վարքագիծ եւ պետական այրի հասունութիւն` զերծ մնալով փոխադարձ ցեխարձակումներէ, անհանդուրժողի եւ ատելութիւն սերմանողի վիճակէ եւ շուտափոյթ լծուին հայոց պետական համակարգի վերահայացումի աշխատանքին, առաւել եւս թիկունք կանգնելով հայոց բանակի հզօրացման աշխատանքին:

Փաստօրէն, ռազմաարդիւնաբերութեան զարգացումը, նորարար սարքերու եւ զինատեսակի մշակումը, իր բովանդակ իմաստով հայ ստղեծագործ մտքի ու բազուկի լաւագոյն ապացոյցն է, որ, թէեւ իր ողջունելի մակարդակին մէջ է, այդուամենայնիւ պէտք ունի հայոց պետականութեան անմնացորդ աջակցութեան եւ ներդրումին:

Հայութեան եւ իւրաքանչիւր հայ զինուորին համար ռազմարուեստը կը մնայ այն միակ պատուանդանը, որով պիտի կարենանք ապահովել մեր գոյութիւնը, փրկել մեր տեսակը եւ պայծառ պահել Արարատին հասնելու մեր դարաւոր երազը:

Հայաբոյր եւ ամրապինդ մեր ողջոյններու տարափը անպակաս պէտք է ըլլան հայոց բանակի իւրաքանչիւր անդամի սէգ ճակատին` իբրեւ երախտագիտութիւն եւ հոգիներու ողջագուրում:

Այո՛, դո՛ւն, մեր ցեղին ամենահարազատ դրսեւորումն ես, հայո՛ց բանակ:

 

 

Նախորդը

Ծնունդդ Շնորհաւոր, Հայկակա՛ն Բանակ

Յաջորդը

Ջիւան Աւետիսեանը Ներգրաւուած Է «Berlinale Talents» Ծրագրին Մէջ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?