Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. «Արմենոֆոպիա» Մոլուցքը

Յունուար 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կեղծ խօսքերը ոչ միայն չարիք են, այլեւ հոգին կը վարակեն չարիքով»

ՊՂԱՏՈՆ

Քաղաքակիրթ աշխարհը, սկսեալ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարող ոչ կառավարական հիմնարկներէն, մինչեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հովանիին տակ գտնուող ենթայանձնախումբերը տեղեակ չեն, թէ որքա՛ն մտահոգիչ է Ազրպէյճանի մէջ եւ առհասարակ ազրպէյճանցիի մօտ գոյութիւն ունեցող հակահայ ատելութիւնն ու մոլուցքը:

Զարմանալիօրէն Ազրպէյճանն է, որ իր գանձարկղը լայն բանալով` գործի լծած է քարոզչական մեքենան, շարունակ աղաւաղելով եւ խեղաթիւրելով լուրեր, միշտ ու միշտ նախայարձակը նկատելով Հայաստանը, յանցաւորն ալ` հայորդին:

Պարզ ու մեկին ահազանգային է կացութիւնը այն պատճառով, որ դպրոցներու փոքր տարիքէն պատանի-պարմանուհիներ ատելութեամբ կը լեցուին հայութեան եւ Հայաստանին դէմ: Այս հայատեացութեան ախտը համաճարակի բնոյթ ստացած է եւ կրնայ ահաւոր կացութիւններու դուռ բանալ: Քանի մը ամիս առաջ ոտնագնդակի մրցումի մը հետեւելու համար զբօսաշրջիկներ ոստիկաններու կողմէ նոյնիսկ հրմշտկուած էին Պաքուի մէջ` հայ մարզիկի մը անունը կրող շապիկը կրած ըլլալնուն պատճառով:

Դեռ աւելի՛ն. երիտասարդներ ձերբակալուած եւ ոստիկանատուն ուղղուած էին հարցաքննուելու համար, թէ ինչո՞ւ հայերէն կամ հայ երգիչի մը հնչած երաժշտութիւնը կ՛ըմբոշխնեն: Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ զարմանալի պիտի չըլլար տեղեկանալը, թէ տասնեակ մը օրեր առաջ Գերմանիոյ մէջ ազերի թենորը պիտի մերժէր բեմ բարձրանալ հայուհի սոփրանոյին հետ: Արտերկրի մէջ ելոյթ, եւրոպացի յօրինողներու գործեր… եւ հոն ալ հայատեացութեան դրօշը պարզուած էր:

Այս է պատկերը Պաքուի հայութեան վերջին ջարդին երեսնամեակի օրերուն, որուն զոհ գացին հարիւրաւոր հայորդիներ: «Վերջին» բառը կը մատնէ կրկնութիւն կամ դժբախտաբար կրկնութիւններ: Արդարեւ, 1905-ին եւ 1918-ին ալ նմանօրինակ վայրագութիւններ կատարուած էին քաղաքի մը մէջ, ուր հայութիւնը նոյնքան ներկայութիւն եւ վաստակ ունէր, որքան` Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ: Թէ՛ առեւտուրի եւ թէ՛ քարիւղի արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս հայորդիներ առաջնահերթ դեր ունէին:

Այո՛, այսպէս յոռետեսութիւն կը սփռէ հորերու քաղաքի իրավիճակը: Մեծաւ մասամբ, այլ տեսակի ջարդ մը, թէեւ անուղղակի, սակայն` նոյնքան մտահոգիչ եւ սահմռկեցուցիչ, որքան դարաշրջանի մը վրայ երկարող, շրջանէն ներս կատարուած ջարդերը, կամ դեռ աւելի՛ն, հարաւ ուղղուելով` Նախիջեւանի մէջ տարիներ առաջ կատարուած պատմական արժէք վայելող խաչքարերու անխնայ սրբապղծումը, քանդումն ու ոչնչացումը:

Աննահանջ կերպով եւ առանց յապաղումի, ժամանակն է թակելու արդարութեան եւ իրականութեան դռները: Ողջ աշխարհը պէտք է, որ լաւապէս տեղեկանայ, թէ «Արմենոֆոպիա»-ն ո՛ւր հասած է Ազրպէյճանի դպրոցներէն ներս տրուած կրթութենէն, մինչեւ մասնագիտացած հիմնարկներ:

Նախորդը

Ջիւան Աւետիսեանը Ներգրաւուած Է «Berlinale Talents» Ծրագրին Մէջ

Յաջորդը

Հարցազրոյց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի Հետ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?