Յօդուածներ

«Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը  Այս Պահուս Անիրատեսական Է. Պրիւքսելի Համար  Ազրպէյճանի Նշանակութիւնը Աճած Է»  Կ՛ըսէ Այլընտրանք Գերմանիոյ Համար  Խմբակցութեան Անդամը

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Բ. Մաս)

ԳԷՈՐԳ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Քաղաքական գիտութիւնների թեկնածու, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերի պատասխանատու Նախորդ յօդուածում վերլուծելով Եւրոպական Միութեան տարածաշրջանային քաղաքականութեան հիմնական ուղենիշները`  եզրակացրեցինք, որ մեր տարածաշրջանում Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան աշխուժացման պայմաններում Հայաստանը մի երկիր է, որ հանդէս է գալիս որպէս տարածաշրջանում Եւրոպական միութեան կարեւոր գործընկեր, ում հետ յարաբերութիւններն առաջանցիկ զարգացում են ապրում: Հայաստանը նաեւ մի երկիր է, որտեղ,...

Դպրեվանքեան Ոգին.  Ինքնութեան Գիտակցութենէ` Կոչում

Դպրեվանքեան Ոգին. Ինքնութեան Գիտակցութենէ` Կոչում

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Տեսուչ դպրեվանուց Դպրեվանք դիմող աշակերտներէն մեծ թիւ մը անպայմանօրէն եկեղեցական կոչումով չէ, որ կը բախէ անոր դռները: Ոմանք կու գան իրենց ուսումը դպրեվանքի մէջ շարունակելու. այս մէկը կրնայ զարմանալի թուիլ շատերու համար, որովհետեւ դպրեվանքը ի մասնաւորի կեդրոնացած է եկեղեցական պատրաստելու նպատակին վրայ, թէեւ աւարտողը առիթը  ունի նաեւ իբրեւ աշխարհական իր ապագան կերտելու: Ուրեմն, ինչպէ՞ս դպրեվանքի մէջ...

Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Բաժակ Մը Ջուրի Մէջ Փոթորի՞կ

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Հայ մարդու համար, ըլլայ ան հայաստանահայ, արցախահայ կամ սփիւռքահայ, անցնող եօթը տարիները հանդիսացան լուրջ վերիվայրումներով լեցուն, խիստ մտահոգիչ, շատ յաճախ չարչրկող, երբեմն` նոյնիսկ մտալլկող, որովհետեւ մենք, բոլորիս կամքէն անկախ, ազգովին գտնուեցանք աներեւակայելի եւ անտանելի կացութիւններու առջեւ: 2018 թուականին, երբ Հայաստան աշխարհէն ներս տեղի ունեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն», ըլլանք համակիր կամ ոչ, պահ մը ուրախացանք բոլորս, հաւատացինք իրապէս յեղափոխութեան բերելիք...

Հին Տարուան Գոյժը, Նորին Ուժը

Նկար Առանց Ն-ի

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Պէյրութ Հիմա յեղակարծ` աչքերուս առջեւ փրփրող գետակ ես դարձդարձող ջաղացք կուժի մէջ պարող կաթիլ մը ճառագայթ Յուշերու թափ-թաց ցօղերու վրայ գիշերաբոյր դող ցերեկուան կորուսեալ վարդերէ արարեալ բուրումի զեղում. Ամառ արեգակը կը թափահարէր լուսամուտներէ ուր ո՛չ ապակի եւ ո՛չ ալ փեղկ կար: Հրճուակութքի քաղա՛ք էր այդ, որ իմս էր, որ քուկդ էր Լուսամատոյց էր ու դաւադիր, բայց չէր մոռցուեր:...

«Մէկ Ընտանիքի Պէս Ենք Ապրում Այստեղ» Ասում Է Լիբանանում Մուսալեռցիների Հանգրուան Դարձած Այնճարի Քաղաքապետը

«Մէկ Ընտանիքի Պէս Ենք Ապրում Այստեղ» Ասում Է Լիբանանում Մուսալեռցիների Հանգրուան Դարձած Այնճարի Քաղաքապետը

ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՎԱՀԷ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ Լիբանանի Այնճար հայաբնակ աւանն այսօր շուրջ 3000 բնակիչ ունի: Չհաշուած փոքրամասնութիւն կազմող արաբներին` Այնճարի հայութիւնը ներկայացնում է 3 համայնք` առաքելական, կաթողիկէ ու աւետարանական: Այնճարցիները մուսալեռցիներ են, որոնք այստեղ վերաբնակեցուել են 1939-ի սեպտեմբերին ֆրանսական իշխանութիւնների աջակցութեամբ: Ի սկզբանէ հայերի թիւը 5125 էր (1205 ընտանիք): Քանի դեռ Այնճարում տներ չէին կառուցուել, մի քանի ամիս մարդիկ ապրում էին վրանների...

Տեառնընդառաջ Եւ Բուն Բարեկենդան Ու Մեծ Պահք

Տեառնընդառաջ Եւ Բուն Բարեկենդան Ու Մեծ Պահք

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Տեառնընդառաջը, որ կը տօնուի Սուրբ Ծնունդէն եւ Աստուածայայտնութենէն քառասուն օր ետք` փետրուար 14-ին,  մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման յիշատակութիւնն է: Յիսուսի ծնողքը` Յովսէփ եւ Մարիամ, իրենց զաւակը տաճար տարին, երբ Ան քառասուն օրուան եղաւ: Տաճարին դուռը մեծ դղրդիւնով բացուեցաւ: Մութ էր եւ  Երուսաղէմի բնակիչները  ջահերով ու ճրագներով փութացին տաճար` Տիրոջ ընդառաջ: Տաճարին մէջ Տիրոջ ընդառաջ եկաւ Սիմէոն ծերունին: Ան ...

Հայ Դատը Օզի Հակահայ Յայտարարութեան Նիւթերը Կը Պահանջէ Կառավարութենէն

Հայ Դատը Օզի Հակահայ Յայտարարութեան Նիւթերը Կը Պահանջէ Կառավարութենէն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դիմեց Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան սպասարկութիւններու նախարարութեան եւ «Մետիքեր»-ի ու «Մետիքէյտ»-ի սպասարկութիւններու կեդրոններուն (CMS)` պահանջելով CMS-ի վարիչ տոքթ. Մեհմետ Օզի կողմէ յունիս 27-ին եւ 28-ին կատարուած հակահայ յայտարարութիւններուն տեսանիւթերը եւ այն փաստերը, եթէ կան, որոնք հայերը ամբաստանելու հիմք հանդիսացած էին: Նշենք, որ առանց փաստեր հրապարակելու` Օզ նաեւ հայերու պատկանող ձեռնարկութիւններ ամբաստանած էր մինչեւ 3,5 միլիառ տոլարի...

Տոքթ. Օզի Հայատեաց Արարքին Ետին Թաքնուած Միտումը

Տոքթ. Օզի Հայատեաց Արարքին Ետին Թաքնուած Միտումը

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ Ներկայ բնորոշումը չենք կատարեր, այսպէս կոչուած, թրքատեաց մոլուցքէ առաջնորդուելով, այլ մեծն Յակոբ Օշականի խորհուրդին հետեւելով` «Թշնամին մարդկայնացնելու, անոր հոգեկան ու մտային ներաշխարհը կարենալ թափանցելու համար...»: Այո՛, անուրանալի այդ իրականութեան լոյսին տակ, փորձենք, առանց կողմնակալ ոգիի, վերլուծել մտաւորական տաղանդով օժտուած հանրայայտ թուրք բժիշկին ձախաւեր ու հայատեաց արարքը, որ առանց վարանելու, այսպէս կոչուած, ռուսահայ մաֆիայի հետքերով մինչեւ Նորթ Հոլիվուտի հայկական...

Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան Նոր Մրցանակի Կը Տիրանայ

Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան Նոր Մրցանակի Կը Տիրանայ

Հարցազրոցը վարեց ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Դեկտեմբեր 2025-ին կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան արժանացաւ Յունաստանի բարձրագոյն մշակութային մրցանակին` «Եորքոս Ֆուտուլիս» (Yorgos Foudoulis) մետալին: Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ զրոյցը ունեցաւ արուեստագէտին հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Գիտենք, որ բազմաթիւ առիթներով արժանացած էք զանազան մրցանակներու:  Խնդրեմ` խօսինք վերջին մրցանակին մասին, զոր ստացաք Յունաստանէն, եւ ապա անդրադառնանք այլ մրցանակներու, որոնց արժանացած էք: ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ.- Դեկտեմբերին Յունաստանի միջազգային մրցանակաբաշխութեան յանձնաժողովը ինծի...

Նուիրեալ Ու Հաւատարիմ ԼՕԽ-ական Լոռի Կէօքճեանի Յիշատակին

Նուիրեալ Ու Հաւատարիմ ԼՕԽ-ական Լոռի Կէօքճեանի Յիշատակին

Խոր վիշտով,  բայց նաեւ խոր յարգանքով վերջին հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելի ու յարգարժան ընկերուհիին` Լոռի Կէօքճեանին, որ իր վաստակաշատ կեանքով անջնջելի հետք ձգեց իր ընտանիքին եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին մէջ: Ծնած էր 6 մարտ 1969-ին, հայկական Քեսապի Չաքալճոխ գիւղին մէջ, այն հայրենի հողին վրայ, ուր հայ ընտանիքը,  հաւատքը եւ ազգային արժէքները սրբութեամբ պահուած են սերունդէ սերունդ: Իր կեանքի ընթացքին...

Սարգիս Մահսէրէճեանին Նուիրուած «Ազդակ»-ի Յաւելուած

Սարգիս Մահսէրէճեանին Նուիրուած «Ազդակ»-ի Յաւելուած

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը նպատակայարմար նկատեց թերթի նախկին խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանին նուիրել «Ազդակ»-ի յաւելուած մը։ Յաւելուածը պիտի ներառնէ մամլոյ վաստակաւոր գործիչին մասին յուշագրական նիւթեր եւ անոր աւանդը արժեւորող գրութիւններ։ Այս նոթով խմբագրութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք մամլոյ անդաստանին մէջ եւ յատկապէս «Ազդակ»-ի յարկին տակ գործակցած են Սարգիս Մահսէրէճանին հետ, իրենց գրութիւնները ուղարկելու «Ազդակ»  մինչեւ փետրուարի վերջ։ Գրութիւնները ուղարկել՝ [email protected] ելեկտրոնային հասցէին։...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

Հրակ Պագարեան Կը Նուիրաբերէ Ուսանողական Կրթաթոշակի Ծրագիրին

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Հրակ Պագարեան առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ըրած է Հիմնարկութեան կրթաթոշակի ծրագիրին։ Կիւլպէնկեան կրթաթոշակ ստացողները յաճախ կը դառնան առաջնորդներ եւ մասնագէտներ իրենց համապատասխան բնագաւառներուն մէջ։ Ուրախ ենք որ պարոն Պագարեան որոշած է նպաստել Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին համալսարանական կրթաթոշակներու ծրագիրին՝ ուրիշ փայլուն ուսանողներու օգնելու համար։ Երեք տարիներու (2011-2013) ընթացքին Հրակ կրթանպաստ ստացած էր՝...

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը.  Ընդունի՞լ, Թէ՞ Մերժել Վարդան Մամիկոնեանի Պատգամը (Աւարայր, 1575-Ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ընդունի՞լ, Թէ՞ Մերժել Վարդան Մամիկոնեանի Պատգամը (Աւարայր, 1575-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Այս կռիւը (Վարդանանց) զէնքի զօրութեան կռիւ չէ, այլ` գաղափարի»: ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԱՐ Հայազգի աշխարհահռչակ քանդակագործ Այս օրերուն ինքզինք պարտադրող հարցադրում մըն է վերեւի խորագիրը, այն առումով, որ ժամանակի, գիտութեան, ընկալումներու թէ ըմբռնումներու արագասոյր փոփոխութեան ու զարգացման առընթեր, ցաւ ի սիրտ, մարդկային միտքն ու հոգին է, որ, իր կարգին, ենթակայ կը դառնայ ահաւոր ու վախազդու ազդեցութիւններու, որոնք ոչ միայն կը...

Կտակ

Կտակ

ՄԵԾ ՊԱՊՈՒԿ ՎԱՐԴԳԷՍ ԱԲԷԼԵԱՆ Սիրելի թոռներուս եւ ծոռներուս, ինչպէս նաեւ` իրենց տարիքի բոլոր հայ մանուկներուն: Սիրելի՛ հարազատներ, հայրենակիցներ եւ հայ ժողովուրդի զաւակներ, ի՛նչ համայնքի կամ կուսակցութեան ալ պատկանիք, լսեցէ՛ք ըսելիքս ու յիշեցէ՛ք: Երբ մանուկ էի, առաջին տարին, որ զիս Քեսապի Քորկիւնա գիւղի դպրոցը դրին, մանկապարտէզի Ա. դասարանին մէջ առաջին արտասանութիւնը, որ սորվեցանք, հետեւեալն էր. մեր բռունցքները ամուր սեղմած, դէպի երկինք...

Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից

Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Աւարայրի դաշտին վրայ` Տղմուտ գետի ափին, հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան համար մղուած Վարդանանց պատերազմը պարսկական անհաւասար ուժին դէմ` սպարապետ Քաջ Վարդան Մամիկոնեանի, Յովսէփ Հողոցմեցի կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ, հայ ազգի ինքնութեան խորհրդանիշն է: Հայ եկեղեցին մեր ազգային ինքնութեան միջնաբերդն է, սերտօրէն միահիւսուած է հայ կեանքին հետ եւ միշտ ալ կապուած եղած է հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին: Հաւատք...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւնը 31 յունուարին Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կազմակերպութեան 135-ամեակի տօնակատարութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարինա Ասատուրեան, որ ըսաւ, թէ 135-ամեայ կազմակերպութիւնը պայքարի եւ նուիրումի ուղիով կերտուած կամքի ու հայրենիքի վերակերտման մարմնացումն է, նկատել տալով, որ ժողովուրդի ծառայութեան առաքելութիւնը կը շարունակուի տարաբնոյթ պայմաններու...

Յիշողութիւնը Ջնջելու Դիւանագիտութիւնը-  Ծիծեռնակաբերդէն  Պաքու` Յիշողութեան  Վաճառքը

Յիշողութիւնը Ջնջելու Դիւանագիտութիւնը- Ծիծեռնակաբերդէն Պաքու` Յիշողութեան Վաճառքը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենսի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւնը, այս մասին անոր  կատարած  գրառումին քանի մը ժամ ետք ջնջուիլը պարզ դիւանագիտական սայթաքում մը չէր: Անիկա քաղաքական «ժեստ» էր` կանխամտածուած, չափուած եւ վերանայուած այլ մայրաքաղաքներու կամքին համեմատ: Սկզբնապէս` «Ցեղասպանութեան նահատակներուն» յիշատակին գրառում, ապա քանի մը ժամ ետք` բառերու մաքրագործում, «Genocide» բառին անհետացում եւ անոր փոխարէն` անորոշ ձեւակերպում մը` «Շատ սարսափելի...

Սթափելու Ժամանակը

Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ե՞րբ Հայ եկեղեցին 451 թուականին Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափերուն տեղի ունեցած պատերազմի 1036 զոհերը նահատակներ նկատած է եւ անոնց համար եկեղեցական տօն սահմանած: Իսկ ե՞րբ այդ տօնին տրուած է ազգային ազատագրական պայքարի բնոյթ եւ ազգային տօն սահմանուած: Հայաստանի թագաւորութիւնը խափանուած էր 428 թուականին, եւ երկիրը կը կառավարուէր մարզպանի մը միջոցով: Հայ նախարարները կրցած էին պահպանել իրենց...

Բաց Նամակ`  Պարոն Վարչապետին

Բաց Նամակ` Պարոն Վարչապետին

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ «Եկեղեցին ճիշդ չի գործում, ի՞նչ է կատարւում Եւրոպայում...»: «Այսօր եկեղեցականը Աստծու չի հաւատում, ժողովուրդն ի՞նչ անի»: «Ես իրաւունք չունեմ, պիղծ եմ, բայց աւելի լաւ կաթողիկոս կը լինեմ»: «Եկեղեցին վախենում է պետական այրերից, չի օգնում, վախեցնելով են կառավարում»: «Եկեղեցին պիզնեսի կեդրոն է դարձել»: «Եկեղեցականը ամենամեծ թալանչին է»: «Եկեղեցին չի ոգեւորում»: «Եկեղեցին խեղճացնում է ժողովրդին, այդ պատճառով աղանդաւորները գետին են...

Հայազգի Մեծ Բարերար, Հոգեւորական-Քաղաքական Գործիչ Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի Վախճանման 65-Ամեակ

Հայազգի Մեծ Բարերար, Հոգեւորական-Քաղաքական Գործիչ Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի Վախճանման 65-Ամեակ

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Նուիրումի եւ զոհողութեան ասպետ: Այսպէս կարելի է բնութագրել  Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ իր նշանակալի դրոշմը ձգած հայազգի մեծ  բարերար, հոգեւորական-քաղաքական գործիչ, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան Պօղոս ծ.վրդ.Արիսը: Ան ծնած է 25 յունուար 1889-ին, Հալէպ եւ վախճանած է 24 յունուար 1961-ին, Պէյրութ: Պէյրութի մէջ թաղման կարգը կատարելէ ետք համալիբանանեան մեծաշուք թափօրով դագաղը դէպի Զմմառ ուղղուելով` միաբաններու դամբարանին մէջ...

Page 51 of 1110 1 … 50 51 52 … 1,110

Արխիւներ