ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ դպրեվանուց
Դպրեվանք դիմող աշակերտներէն մեծ թիւ մը անպայմանօրէն եկեղեցական կոչումով չէ, որ կը բախէ անոր դռները: Ոմանք կու գան իրենց ուսումը դպրեվանքի մէջ շարունակելու. այս մէկը կրնայ զարմանալի թուիլ շատերու համար, որովհետեւ դպրեվանքը ի մասնաւորի կեդրոնացած է եկեղեցական պատրաստելու նպատակին վրայ, թէեւ աւարտողը առիթը ունի նաեւ իբրեւ աշխարհական իր ապագան կերտելու: Ուրեմն, ինչպէ՞ս դպրեվանքի մէջ եկեղեցական կոչում կը յայտնաբերուի, եւ մեծ թիւով աշակերտներ հոգեւորական կը դառնան:
Դպրեվանքի առաջնահերթ նպատակն ու կրթական ծրագիրը կը միտին պատրաստել այնպիսի անհատներ, որոնց մէջ եկեղեցական եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը կ՛արթննայ: Այս մէկը միայն անձին ու եսին ուղղուած շահախնդիր գիտակցութիւն չէ. անիկա ամրապնդուած է Եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան ու նուիրումի սիւներուն վրայ: Երբ դպրեվանքը յաջողի այս գիտակցութիւնը արթնցնել աշակերտին մէջ, մանաւանդ` ծառայութեան հանդէպ սէր ու իմաստաւորուած նպատակ կազմաւորելով, աշակերտը կը փորձէ փնտռել ու իւրացնել իր յայտնաբերած կոչումը:
Ընդհանրապէս եւ այս օրերուն առաւել եւս, ցաւ ի սիրտ, կոչումը չէ, որ երիտասարդին քայլերը կ՛առաջնորդէ դէպի ապագայ: Առաջնորդող իրականութիւնը տնտեսական է իր բնոյթով ու կը միտի ապահովել ապրելու լաւ պայմաններ: Ամէն մարդ կը մտածէ ունենալ ասպարէզ մը, որ պիտի բարելաւէ իր տնտեսական վիճակը եւ իր անհատական կեանքի հաճոյքները գոհացնէ: Այս ուղղութիւնը ընդհանրապէս երիտասարդը կը հեռացնէ իր ունեցած կոչումէն, որուն այլապէս սիրով պիտի նուիրուէր: Այս ծիրին մէջ հաւանական է, որ տուեալ երիտասարդը իր ազգին եւ Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան հասկացողութենէն պարպուի, ինչ որ բնականաբար ծառայութիւնը կը դարձնէ երկրորդական:
Ահաւասիկ, նման երեւոյթներով եւ հոսանքներով լեցուն աշխարհի մը մէջ որքա՜ն դժուար է երիտասարդին սրտին մէջ Եկեղեցւոյ նուիրումն ու ազգային գիտակցութիւնը արթնցնել եւ զայն վառ պահել: Սակայն միայն այս գիտակցութիւնն է, որ կրնայ երիտասարդին խղճի դուռը յաճախ թակել, որպէսզի եթէ ան նոյնիսկ իր ասպարէզն ու ապրուստի աղբիւրը գտած է, մտածէ նաեւ ազգին եւ Եկեղեցւոյ կեանքին իր նպաստը բերել` իր ժամանակն ու կարողութիւնները նուիրելով անոնց բարգաւաճումին: Այս առումով, դպրեվանքեան ոգին է, որ ազգին ու Եկեղեցւոյ գիտակցութիւնը վառ պահելու մթնոլորտը կը ստեղծէ աշակերտներու մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, ոչ միայն այն յոյսով, որ անոնք նուիրուին Եկեղեցւոյ եւ ազգին, այլ որպէսզի անոնք յաջողին նոյն մթնոլորտը ստեղծել իրենց շուրջ, երբ ծառայութեան լծուին: Նիւթապաշտութեան արագահոս տարածումին դիմաց, դպրեվանքեան ոգին թոյլ չի տար, որ յուսահատեցնող երեւոյթները տեղ գտնեն դպրեվանեցիներուն կեանքին մէջ, այլ կը մղէ, որ անոնք կեդրոնանան մեր հաւաքական կեանքի մարտահրաւէրներուն վրայ եւ ըստ այնմ գործի լծուին, գիտակցաբար եւ նուիրումով:


