ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Պէյրութ
Հիմա յեղակարծ` աչքերուս առջեւ
փրփրող գետակ ես
դարձդարձող ջաղացք
կուժի մէջ պարող կաթիլ մը ճառագայթ
Յուշերու թափ-թաց ցօղերու վրայ գիշերաբոյր դող
ցերեկուան կորուսեալ վարդերէ արարեալ բուրումի զեղում.
Ամառ արեգակը
կը թափահարէր լուսամուտներէ
ուր ո՛չ ապակի եւ ո՛չ ալ փեղկ կար:
Հրճուակութքի քաղա՛ք էր այդ, որ իմս էր, որ քուկդ էր
Լուսամատոյց էր ու դաւադիր, բայց չէր մոռցուեր:
Իսկ այս պահուս` բուք ու քամի, խուժած մրրիկ
չորս կողմը` խուլ փոթորիկ,
Կամաց-կամաց պատկերը կը վերածուի վանդակի
– այս տարիքիդ գիտես այլեւս թէ ճշգրիտ բառ չկայ.
Յուշաթրթի՛ռ վանդակի
Չկասող ու չմարմրող
ցաւ կը բերէ
դաւ կը լարէ
լքուած ջութակը կ՛արտասուէ
չի՜ փրկուիր բաբախումը կարօտի.
Ո՞ւր պահեմ ես այս վանդակը
ետ պատկերի չվերածուած
Ո՜ւր զետեղեմ, որ զետեղեմ. խօսք մը ըսէ՛ այլեւս:


