Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատը Օզի Հակահայ Յայտարարութեան Նիւթերը Կը Պահանջէ Կառավարութենէն

February 14, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դիմեց Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան սպասարկութիւններու նախարարութեան եւ «Մետիքեր»-ի ու «Մետիքէյտ»-ի սպասարկութիւններու կեդրոններուն (CMS)` պահանջելով CMS-ի վարիչ տոքթ. Մեհմետ Օզի կողմէ յունիս 27-ին եւ 28-ին կատարուած հակահայ յայտարարութիւններուն տեսանիւթերը եւ այն փաստերը, եթէ կան, որոնք հայերը ամբաստանելու հիմք հանդիսացած էին:

Նշենք, որ առանց փաստեր հրապարակելու` Օզ նաեւ հայերու պատկանող ձեռնարկութիւններ ամբաստանած էր մինչեւ 3,5 միլիառ տոլարի զեղծարարութիւններ իրականացնելու յանցանքով:

Հայ դատը օրին դատապարտած էր Օզի հայատեաց յայտարարութիւնները, որոնց մէջ ան առողջապահական սպասարկութիւններու ոլորտի ենթադրեալ զեղծառնութիւնները կապած էր «ռուսահայ հրոսակախումբեր»-ու, ինչպէս նաեւ հայ ինքնութիւնը ներկայացուցած էր իբրեւ յանցագործութեան ցուցանիշ:

Հայ դատը նաեւ քաղաքացիական իրաւանց ոտնակոխումի բողոք ներկայացուց թրքածին պաշտօնատարին դէմ:

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Քեւըն Նիւսըմ եւս քաղաքացիական իրաւանց ոտնակոխումի բողոք ներկայացուց Օզի դէմ, իսկ ծերակուտական Էտըմ Շիֆ հետաքննութիւն պահանջեց այս գծով:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շեշտեց, որ Օզ իր դիրքը անընդունելի կերպով կը շահագործէ ամբողջ համայնքին վարկը ոտնակոխելու համար, եւ ամբաստանութեան ետին գտնուող «փաստեր»-ը անյապաղ հրապարակելու կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն:

Նախորդը

Տոքթ. Օզի Հայատեաց Արարքին Ետին Թաքնուած Միտումը

Յաջորդը

Տեառնընդառաջ Եւ Բուն Բարեկենդան Ու Մեծ Պահք

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.