Խոր վիշտով, բայց նաեւ խոր յարգանքով վերջին հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելի ու յարգարժան ընկերուհիին` Լոռի Կէօքճեանին, որ իր վաստակաշատ կեանքով անջնջելի հետք ձգեց իր ընտանիքին եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին մէջ:
Ծնած էր 6 մարտ 1969-ին, հայկական Քեսապի Չաքալճոխ գիւղին մէջ, այն հայրենի հողին վրայ, ուր հայ ընտանիքը, հաւատքը եւ ազգային արժէքները սրբութեամբ պահուած են սերունդէ սերունդ: Իր կեանքի ընթացքին միշտ անոր ընկերակցեցան այդ արժէքները ` համեստութիւն , աշխատասիրութիւն ու ծառայութեան ոգի: 1991 թուականին ամուսնանալէ ետք Այնճարի զաւակ Վարդան Կէօքճեանին հետ, հաստատուեցաւ Այնճար, որ դարձաւ իր երկրորդ տունը եւ իր նուիրումի լայն դաշտը:
1995-ին Լոռի Կէօքճեան մուտք գործեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղ եւ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին հաստատեց իր ներկայութիւնը` իբրեւ գործօն անդամ, վստահելի եւ նուիրեալ ԼՕԽ-ական: Տարիներ շարունակ ծառայեց ԼՕԽ-ի տարբեր բնագաւառներուն մէջ, եղաւ մասնաճիւղի վարչական եւ վարչութեան հաշուապահ, գործեց դարմանատան եւ ընկերային յանձնախումբերուն մէջ, իսկ 2015-ին կեդրոնի շինարարական յանձնախումբին մէջ իր գործօն մասնակցութիւնն ու ներդրումը դարձան մնայուն վկայութիւն` իր կազմակերպչական կարողութիւններուն եւ անձուրաց աշխատանքին:
Ան երկար տարիներ եղաւ նաեւ ԼՕխ-ի Շրջանային վարչութեան հաշուեքննիչ յանձնախումբի անդամ` իր պարտականութիւնները կատարելով խղճմտանքով, ճշգրտութեամբ եւ բարձր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ: Իր ստանձնած իւրաքանչիւր գործ կատարեց ոչ թէ պարտադրանքով, այլ` սիրով, հաւատքով ու այն խոր համոզումով, որ ծառայութիւնը առաքելութիւն է եւ վայել է միայն առաքինի մարդոց:
Բայց այս բոլոր արժանիքներուն կողքին, Լոռի Կէօքճեան տիպար ու կոկիկ տանտիկին էր եւ նուիրեալ մայր` իր երկու զաւակներուն ` Ալինին եւ Արտակին: Իր ընտանիքը եղաւ իր կեանքի ամուր սիւնը , իսկ վերջին տարին ան մեծ երջանկութիւն ապրեցաւ ` տեսնելով ու գրկելով իր զոյգ թոռները, որոնք այսօր մէկ տարեկան են արդէն: Այդ ուրախութիւնը լոյս եղաւ իր կեանքի վերջին շրջանին:
Ինը երկար տարիներ ան դիմագրաւեց անողոք հիւանդութիւնը` աննկուն կամքով, խոր հաւատքով եւ մնայուն լաւատեսութեամբ: Իր պայքարը եղաւ լուռ, բայց` հերոսական: Ան երբեք չբողոքեց, չտկարացաւ, այլ մնաց օրինակելի` ուժեղ ոգիով ու խաղաղ հոգիով, վստահ ըլլալով Աստուծոյ կամքին:
Բոլորս կը յիշենք, որ ճիշդ քառասուն օրեր առաջ` 21 նոյեմբեր 2025-ին , վարչութեան կազմակերպած Տոհմիկ երեկոյին ան ներկայ էր, թէկուզ ֆիզիքապէս քայքայուած, բայց ներքնապէս` նոյն հզօր կամքով:
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անդամներուն անունով մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք` անոր ընտանիքին, ամուսնոյն, զաւակներուն, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սիրեցին ու գնահատեցին զինք: Միաժամանակ կը խոնարհինք իր լուսաւոր լիշատակին առջեւ` իբրեւ երախտագիտութիւն իր նուիրեալ ծառայութեան եւ վաստակաշատ կեանքին համար:
Թող իր ապրած կեանքը, իր նուիրումը եւ իր անսասան հաւատքը մնան մեզի համար մնայուն օրինակ ու ներշնչում:
Թող Ամենակալ Տէր Աստուած ընդունի իր արդար հոգին, եւ թող իր յիշատակը օրհնեալ ու յաւերժ մնայ անմոռանալի:
Խունկ ու մոմ` իր յիշատակին:
ԼՕԽ-ի «ԱՂԹԱՄԱՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
* Դամբանական` արտասանուած Լոռի Կէօքճեանի յուղարկաւորութեան` 2 Յունուար 2026-ին:


