Տեառնընդառաջը, որ կը տօնուի Սուրբ Ծնունդէն եւ Աստուածայայտնութենէն քառասուն օր ետք` փետրուար 14-ին, մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման յիշատակութիւնն է:
Յիսուսի ծնողքը` Յովսէփ եւ Մարիամ, իրենց զաւակը տաճար տարին, երբ Ան քառասուն օրուան եղաւ: Տաճարին դուռը մեծ դղրդիւնով բացուեցաւ: Մութ էր եւ Երուսաղէմի բնակիչները ջահերով ու ճրագներով փութացին տաճար` Տիրոջ ընդառաջ:
Տաճարին մէջ Տիրոջ ընդառաջ եկաւ Սիմէոն ծերունին: Ան իր աղօթքներուն մէջ Աստուծմէ խնդրած էր, որ իր աչքերը չփակած տեսնէ Օծեալ Տէրը եւ մարդոց Փրկիչը: Աստուծոյ Սուրբ Հոգին Սիմէոնի խոստացած էր. «Մահ չես տեսներ, մինչեւ տեսնես Օծեալ Տէրը»:
Սիմէոն ծերունին տաճարին մէջ տեսնելով քառասնօրեայ մանուկը, ձեռքերը բարձրացնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իր փափաքը կատարուեցաւ: Ան գիրկը առաւ մանուկ Յիսուսը եւ խնդրեց. «Տէ՛ր, քու խօսքիդ համաձայն հիմա խաղաղութեամբ արձակէ ծառադ, որովհետեւ աչքերս Քու փրկութիւնդ տեսան, զոր պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ` յայտնութեան լոյս ըլլալու համար հեթանոսներուն»:
Տեառնընդառաջի տօնի նախօրեակին` փետրուար 13-ի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուի նախատօնակ: Արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն: Անդաստանին կը յաջորդէ մոմերու օրհնութեան արարողութիւնը: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ կանթեղներէն առնուած կրակով բակը խարոյկ կը վառեն` իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ: Հաւատացեալներ խարոյկին շուրջ կը դառնան եւ վրայէն կը ցատկեն: Եկեղեցիէն վառած մոմերը տուն կը տանին` Քրիստոսի լոյսով լուսաւորելու համար իրենց բնակարանները:
* * *
Բուն Բարեկենդանը Սուրբ Զատիկէն եօթը շաբաթ առաջ սկսող Մեծ Պահքին սկիզբն է: Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն:
Բուն Բարեկենդանին նախորդող շաբաթ երեկոյեան եկեղեցւոյ վարագոյրը կը փակուի:
Բուն Բարեկենդանը Մեծ Պահքի եօթը կիրակիներէն առաջինն է: Անիկա մեզի կը յիշեցնէ մարդկային առաջին երջանկութիւնը, զոր դրախտին մէջ կը վայելէին Ադամն ու Եւան, մինչեւ դրախտէն վտարումը:
Բուն Բարեկենդան կը նշուի ճոխ սեղաններով, բազմազան կերակուրներով, խաղերով, դիմակահանդէսներով, մրցումներով եւ պարերով:
Բուն Բարեկենդանի շարականները կը պատմեն նախածնողներու դրախտային փափուկ կեանքը: Քրիստոս Իր միջոցով մարդկութիւնը արժանի դարձուց դրախտի փափկութեան:
Բուն Բարեկենդանի կիրակի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը սկսի Մեծ Պահքը:
Մեծ Պահքի յաջորդ կիրակիներն են` Արտաքսման, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի եւ Գալստեան, որմէ ետք Ծաղկազարդ է եւ Աւագ շաբաթ:
Պահքի շրջանին կ՛օգտագործուի բացառաբար բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք:Պահքի շնորհիւ հաւատացեալը հոգեկան ու բարոյական ախտերէ, մոլութիւններէ եւ մեղանչական մեղքերէ, խօսքերէ ու գործերէ կը մաքրուի:
Մեծ Պահքի ընթացքին, Սուրբ պատարագին Աւետարանը սեւ քօղով պարուրուած կ՛ըլլայ, չի համբուրուիր եւ Հաւատամքի ու Կեցոյի ժամանակ չի բարձրացուիր, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հաղորդութիւն չի տրուիր եւ մկրտութիւն ու պսակադրութիւն չի կատարուիր:
Մեծ Պահոց ընթացքին, մինչեւ Աւագ շաբաթ, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը եկեղեցիներէն ներս տեղի կ՛ունենան, առաւօտուն` Արեւագալի եւ երեկոյեան` Հսկումի արարողութիւններ:



