ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ներկայ բնորոշումը չենք կատարեր, այսպէս կոչուած, թրքատեաց մոլուցքէ առաջնորդուելով, այլ մեծն Յակոբ Օշականի խորհուրդին հետեւելով` «Թշնամին մարդկայնացնելու, անոր հոգեկան ու մտային ներաշխարհը կարենալ թափանցելու համար…»:
Այո՛, անուրանալի այդ իրականութեան լոյսին տակ, փորձենք, առանց կողմնակալ ոգիի, վերլուծել մտաւորական տաղանդով օժտուած հանրայայտ թուրք բժիշկին ձախաւեր ու հայատեաց արարքը, որ առանց վարանելու, այսպէս կոչուած, ռուսահայ մաֆիայի հետքերով մինչեւ Նորթ Հոլիվուտի հայկական թաղամասերը քննական այցելութեան հասցուցած էր զինք:
– Պրաւօ՛, Օզ ջան, ըսելիք չունինք. այս ի՞նչ ժրաջանութիւն ու քաջութիւն ցուցաբերել է, երբ հարցը քու ատելի հայերը, մաֆիա եղեր են կամ ոչ, պատէ պատ զարնելու ու աշխարհի առջեւ պախարակելու կու գայ… Ու տակաւին, անամօթաբար տեսախցիկին առաջ կանգնած, մատնացոյց կ՛ընես բանէ բամպակէ լուր չունեցող ու արդար քրտինքով ու յոգնաջան աշխատանքով ընտանիքին առօրեայ հացը վաստկող փռապանին խանութը ու կը զրպարտես անոր անձնակազմը:
Սակայն տեղին է հարց տալ, թէ ի՞նչ բանէ թելադրուած Թրամփի նախասիրած թրքածին հերոսը յանձն առաւ այնքան խորը ընկղմիլ ատելավառ իր զգացումներէ բխող հայատեացութեան տիղմին մէջ` իրեն նման յայտնի բժիշկի ու հանրածանօթ մտաւորականի անվայել թեթեւսոլիկութեամբ:
Թուրք մարդու մտայնութեան քիչ թէ շատ ծանօթ անձի ու գրողի մը համար դժուար չէ կռահել այդ մէկը: Ցեղասպանութիւն գործած ժողովուրդի մը ծոցէն ելած ըլլալու բարդոյթը, զոր ամէն գիտակից թրքածին անհատ կը կրէ իր մէջ, յաճախ, կամայ թէ ակամայ, լուռ տառապանքի կը վերածուի անհատի մը ենթագիտակիցին մէջ ու ամէն քայլափոխի կը հալածէ զայն…
Իսկ հաւանական քողարկուած դրդիչ յաջորդ պատճառը ամերիկահայերու կողմէ անոր նախարար նշանակման դէմ ցուցաբերուած ժխտական կեցուածքը կրնայ ըլլալ: Սակայն կարեւորագոյնը մարդուս խառնուածքին հետ կապուած նախադրեալներն են, կը կարծենք: Տոքթ Օզը ինքզինք կուռքի տեղ դրած ըլլալով` կը սպասէ, որ անխտիր, բոլորին պաշտամունքին առարկան դառնայ… Հայը ո՞վ է, որ մեր օրերու սուլթան Մեհմետին առջեւ չխոնարհի…
Միւս կողմէ` արդար է, որ մեր բոլոր ընկրկումներուն ու բացթողումներուն գինը վճարենք ազգովին. ասոր համար յարմար առիթը ստեղծեցին մեր կարգ մը ընչաքաղց հայրենակիցները` օզերուն առիթ տալով, որ ամբողջ ամերիկահայութիւնը նոյն ջուրով լուան: Հայ կոչուելու անարժան այդ պարոնները պէտք է կրեն իրենց արժանի պատիժը ամբողջ համայնքի մը անունը արատաւորելնուն համար…
Ասոր հետ մէկտեղ, թրքածին բժիշկին վերաբերմունքը անարդարանալի է ու դատապարտութեան արժանի: Արդեօք անիկա պահ մը մտքէն անցուցա՞ծ է ու վերյիշա՞ծ է, թէ Ցեղասպանութեան զոհ հայ եւ միւս քրիստոնեայ զոհերուն միլիառներ արժողութեամբ կալուածներն ու ստացուածքները, որո՞նց կողմէ յափշտակուեցան, իսկ իթթիհատական իր նախահայրերը երբ նաւով Պերլին փախուստ կու տային, իրենց հետ տարած միլիառներու արժողութեամբ ոսկեղէնը, որոնցմէ՞ խլած էին: Այդ բոլորին անդրադարձած է Սթենլի Քըր` իր «Մարաշի առիւծները» գիրքին մէջ, որուն մեր կատարած հայերէն թարգմանութիւնը տակաւին հրատարակութեան կը սպասէ…
Տոքթ. Օզին ելոյթէն անմիջապէս յետոյ, Հայ դատի քաջարի ու մշտարթուն ղեկավար Արամ Համբարեան իր յանդուգն պատասխանին մէջ վերյիշեց ու շեշտը դրաւ Մեհմետին ցեղապաշտ էութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացողի անոր կերպարին վրայ` վերյիշելով նաեւ անոր կրկնակի քաղաքացիութիւնը եւ որպէս այդպիսին` պարծանքով թրքական բանակին մէջ անոր ծառայած ըլլալու հանգամանքը, հակառակ Ամերիկայի ծնունդ ըլլալու իրողութեան:
Իր այս նողկալի արարքով տոքթ Օզ կոչուած խորամանկ աղուէսը հայերու դէմ իր լարած թակարդը թաւալգլոր գլտորեցաւ, ամերիկացի յայտնի քաղաքական ղեկավարները իր դէմ հանելով, ինչպէս նաեւ` ամէն խաւի պատկանող հայ քաղաքական ու մտաւորական ընտրանին…
Հայատեաց թուրք բժիշկին ու անոր կնքահօր` Թրամփին, այպանելի կեցուածքին ճշգրիտ պատասխան մը եւ անմոռանալի դաս մը տալու լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլար յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ամերիկահայ քաղաքացիներս, խմբովին ի նպաստ դեմոկրատ թեկնածուներուն քուէարկելը…
Ռիչմընտ, Վըրճինիա
2/4/2026


