Հարցազրոցը վարեց ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2025-ին կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան արժանացաւ Յունաստանի բարձրագոյն մշակութային մրցանակին` «Եորքոս Ֆուտուլիս» (Yorgos Foudoulis) մետալին: Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ զրոյցը ունեցաւ արուեստագէտին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Գիտենք, որ բազմաթիւ առիթներով արժանացած էք զանազան մրցանակներու: Խնդրեմ` խօսինք վերջին մրցանակին մասին, զոր ստացաք Յունաստանէն, եւ ապա անդրադառնանք այլ մրցանակներու, որոնց արժանացած էք:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ.- Դեկտեմբերին Յունաստանի միջազգային մրցանակաբաշխութեան յանձնաժողովը ինծի շնորհեց «Եորքոս Ֆուտուլիս» բարձրագոյն մշակութային մրցանակը` միջազգային գետնի վրայ մշակութային կարեւոր գործունէութիւն ծաւալելուս համար:
Կիթառի միջազգային կազմակերպութիւնը զիս նշանակած է Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ կիթառի ներկայացուցիչ եւ դեսպան` բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու արժանացած ըլլալուս, հայկական մշակումներ եւ դասական կիթառի հայկական նոր մշակումներ կատարելուս եւ իմ համերգներովս զանոնք տարածելուս, նաեւ մշակութային տարբեր գործունէութիւններ յառաջ տանելուս համար:
2023-ին Յունաստանի Վոլոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Կիթառ Օլիմփիատ» մրցումին արժանացայ ոսկի մետալի:
2024-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս զիս պարգեւատրեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Ասոնց կողքին, բազմաթիւ մրցանակներ շահած եմ զանազան միջազգային մրցոյթներու ընթացքին:
«Ա.».- Խնդրեմ` ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնաք ձեր մշակութային բեղուն գործունէութեան:
Մ.Մ.- 1999-2000 թուականին եղած եմ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի առաջին կիթառի շրջանաւարտը` աւարտելով կիթառի 10-րդ ծրագիրը եւ դասարանը, ապա շարունակած եմ ուսումս յաճախելով Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցը, որ աւարտած եմ պսակաւոր արուեստից վկայականով: Այնուհետեւ շարունակած եմ ուսումս Հայաստանի մէջ` յաճախելով Երեւանի Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոցը, ուրկէ ստացած եմ դասական կիթառի մագիստրոսի վկայական:
Փոքր տարիքէս մասնակցութիւն բերած եմ Լիբանանի հայկական մշակութային ձեռնարկներուն ու համերգներուն, տարածած եմ իմ մշակած հայկական գործերս Լիբանանի եւ միջազգային բեմերու վրայ: 2002-ին Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն լոյս տեսած է հայկական մշակումներուս առաջին գիրքը` «Pieces from the Armenian Lithurgy and Armenian songs» խորագիրով:
Իբրեւ մենակատար` ելոյթներ ունեցած եմ բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Շուէտ, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա (Մոնրէալ, Թորոնթօ, Վանքուվըր, Քեմպրիճ), Լիբանան, Հայաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ֆրանսա, Յունաստան:
Հայաստանի եւ Եւրոպայի մէջ կայացած զանազան մրցոյթներու ընթացքին եղած եմ դատական յանձնախումբի անդամ, նաեւ մասթըր քլասներ վարած եմ Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ:
Հարցազրոյցներ տուած եմ զանազան ամսաթերթերու, ինչպէս` ճափոնական «Gendai Guitar Magazine», որ կիթառի մասնագիտական նշանաւոր ամսաթերթ է, նաեւ իմ հայկական մշակումներս լոյս տեսած են հոն: Կ՛ուզեմ ըսել, որ շատ կարեւոր է վերոնշեալին նման միջազգային ամսաթերթի մէջ իմ մշակումներուս լոյս տեսնելը, որպէսզի անոնք աւելի տարածում ունենան: Հարցազրոյց տուած եմ նաեւ շուէտական «Gitarr och Luta Magazine»-ին:
Վերջին երկու ձայնասկաւառակներս` «Օրօր» եւ «Արարատ», լոյս տեսան` հովանաւորութեամբ ԳՈՀԱՐ-ին:
Վերջերս գործակցեցայ շուէտացի նշանաւոր ժապաւէնի արտադրիչ Փերնիլլա Օսթըրպըրկի հետ, եւ բացառիկ գործ մը լոյս տեսաւ «Armenian Lullaby» խորագիրով, զոր կարելի է լսել Spotify-ի կամ iTunes-ի միջոցով: Այս գործին արձանագրութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին միջազգային օտար երաժիշտներ, եւ իսկապէս երաժշտական գանձ մը լոյս տեսաւ:
«Ա.».- Ձեր կարեւոր աշխատանքներէն է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ կիթառահարներու համոյթի կազմութիւնը, խօսինք այդ մասին:
Մ. Մ.- Ներկայիս նշեալ երաժշտանոցի կիթառի բաժինի վարիչն եմ, նաեւ` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան կիթառի անսամպլ»-ի եւ «Տաւիղ» նուագախումբի հիմնադիրն ու ղեկավարը: Արդէն իսկ փորձերու սկսած ենք եւ կը պատրաստուինք մօտ օրէն ելոյթի:
«Ա.».- Ի՞նչ է կիթառին դերը եւ կարեւորութիւնը քու կեանքիդ մէջ:
Մ. Մ.- Երբ բեմ կը բարձրանամ, առաջին զգացումս եւ մտածումս կ՛ըլլայ, որ հիմա միասնաբար հանդիսատեսներուն հետ պիտի վայելենք կիթառի վրայ իմ մեկնաբանած երաժշտութիւններս: Մեծ ուրախութիւն է ինծի համար իմ հայկական մշակումներս միջազգային բեմերու վրայ նուագելը, իսկ կրկնակի ուրախութիւն է, երբ այդ կտորները կը նուագուին օտար կիթառահարներու կողմէ:
«Ա.».- Կը քաջալերե՞ս նոր սերունդը կիթառ նուագելու:
Մ.Մ.- Այո՛, կը քաջալերեմ եւ համեստօրէն կ՛ըսեմ` շա՛տ աշխատեցէք եւ մի՛ համեմատէք դուք ձեզ ձեր ընկերներուն կամ երաժիշտներու հետ եւ մի՛ բաւարարուիք, այլ նայեցէք գագաթին եւ այդ ձեւով աշխատեցէք յառաջդիմելու համար:
«Ա.».- Խօսինք «Duo Mikayelian» համոյթին մասին:
Մ. Մ.- Duo Mikayelian-ը ես հիմնեցի, որովհետեւ, զգացի, որ Լիբանանի մէջ լրջօրէն կարիքը կայ այս տեսակի դասական մասնագիտական համոյթի: Ես ու կինս` Լիանան, որ բացառիկ սոփրանօ է եւ` օփերայի մեծագոյն մրցանակին արժանացած, երկուքով իւրայատուկ մշակումներ կ՛ընենք ձայնի եւ կիթառի համար. ձայնը օփերա երգեցողութիւն է, իսկ կիթառը դասական ոճ ունի: Մեր համերգային ծրագիրը շատ ընդարձակ է, եւ մենք կը մեկնաբանենք Շուպըրթի, Պախի, Կիւլիանիի, Տէ Ֆելլայի, Կանաչեանի, Կոմիտասի, Լորքայի, Օպրատորզի, Տի Քափուայի, Լարայի, իմ եւ տարբեր երաժիշտներու մշակումներէն: Ինչպէս նշեցի, մենք բաւական աշխուժ ծրագիր ունինք Լիբանանի մէջ, նաեւ մեր մասնակցութիւնը պիտի բերենք Եւրոպայի դասական փառատօներու մէջ:
«Ա.».- Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
Մ. Մ.- Ներկայիս կը պատրաստեմ կիթառ-ջութակ միացեալ համերգ մը` ռուս ջութակահար Ժուլիանա Քիսլիթսենայի հետ: Ասոր կողքին, Duo Mikayelian համոյթով ելոյթներ պիտի ունենանք Լիբանանի եւ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ:



