Յօդուածներ

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. «Մենք Արցախը Վաճառեցինք Կամայ Թէ Ակամայ» (38-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պատառիկ մը մեր առօրեայէն: Բարեկամի մը գործատեղին հաւաքուած քանի մը սրտցաւ հայորդի, գաւաթ մը սուրճի գլուխն անցած, կը զրուցեն հայ կեանքին առնչուող իրադարձութիւններու մասին: Բնականաբար, Արցախը կը գրաւէ առանցքային տեղ, որովհետեւ շատերու կարծիքն է, ըստ ամենայնի, որ հայութեան գլխուն եկած վերջին տարիներու ցաւն ու տառապանքը, անդառնալի կորուստներու պատճառն ու պետական մակարդակի այս կամ այն խաղքութիւնը, հայոց պառակտեալ վիճակը,...

Արցախեան Շարժման 38-Ամեակ.  Արցախի Հայութեան Հայաստանին Վերամիանալու Պատմական Որոշումը

Արցախեան Շարժման 38-Ամեակ. Արցախի Հայութեան Հայաստանին Վերամիանալու Պատմական Որոշումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի հայութիւնը 38 տարի առաջ որոշեց դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն եւ Հայաստանի միանալ: Խորհրդային իշխանութիւններու հռչակած հրապարակայնութեան եւ վերակառուցման քաղաքականութեան ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ 1987-ին  ստորագրահաւաք սկսաւ` պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը վերադարձնել Խորհրդային Հայաստանի: Արցախցի հայերու պատուիրակութիւնը շուրջ 80 հազար ստորագրութիւնները  փոխանցեց Մոսկուա` համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ընդունարան: Զօրի Բալայեանի եւ Իգոր Մուրատեանի աջակցութեամբ,...

Ինքնութեան Եւ Քաղաքակրթութեան Ըմբռնում Եւ Գալիք

Ինքնութեան Եւ Քաղաքակրթութեան Ըմբռնում Եւ Գալիք

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ Տարեդարձներ կու գան ու կ’անցնին, տուրք կու տանք անցելապաշտութեան` վարագուրելու համար ներկայի գորշութիւնը: Առանց փողի եւ թմբուկի, առանց փուչիկներով խաղալու` կը մտածե՞նք գալիքի մասին, որ արդէն մեր նահանջներու ներկան է: Հայ եւ հայութիւն ընդհանրացած ու կրկնուող բնորոշման տակ գտնուող մարդիկ եւ հաւաքականութիւնները ի՞նչ եղած են եւ այսօր հասարակաց ի՞նչ ունին, որպէսզի անոնց հայ ազգի շարունակութիւն ըլլալը երաշխաւորուի, որ`...

Հայաստանի ԱԲ (AI) Հսկայական Նախագիծը Կ՛անցնի Երկրորդ Փուլ. 4 Միլիառ Տոլարի Ներդրում Եւ 50.000 Nvidia GPU-ներ

Հայաստանի ԱԲ (AI) Հսկայական Նախագիծը Կ՛անցնի Երկրորդ Փուլ. 4 Միլիառ Տոլարի Ներդրում Եւ 50.000 Nvidia GPU-ներ

Հայաստանի արհեստական բանականութեան (ԱԲ) գերհամակարգչային հսկայական նախագիծը, որ մշակուած է «Firebird AI»-ի կողմէ,  թեւակոխած է իր երկրորդ փուլը: Ամերիկեան արտածման արտօնագիրներու եւ կանոնակարգային վաւերացումներու ստացումէն ետք, կանաչ լոյս տրուած է Հայաստանին յաւելեալ 41.000 NVIDIA GB300 կրաֆիքական քարտերու (GPU) վաճառքին եւ մատակարարման համար: Այսպիսով, նախագիծը կը վերածուի 4 միլիառ տոլարի ներդրումի մը, որուն նպատակն է մինչեւ 2026 թուական Հայաստանի մէջ հիմնել...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Ինչո՞ւ Փաշինեան Դարձած Է Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Սիրելին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Օրէ օր Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը նեղցնեն օղակը Հայաստանի պարանոցի շուրջ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրհնութեամբ: Անոր ինքնահռչակ «Թրամփի ուղի»-ն (Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման) ասոր լաւագոյն ապացոյցն է: Թրամփը չէ հետաքրքրուած Հայաստանով կամ անոր շահերով: Ան կը մտածէ միայն իր անձնական շահերուն մասին` յուսահատօրէն ձգտելով անարժան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակ: «Թրամփի ուղի»-ն պարզապէս այլ անուն...

«Սեւան» Սննդական Ընկերութեան Հիմնադիր Եւ Խորհուրդի Նախագահ Հրաչ Մարութեան Պարգեւատրուեցաւ Շուէտի Թագաւորական Բարձր Շքանշանով

«Սեւան» Սննդական Ընկերութեան Հիմնադիր Եւ Խորհուրդի Նախագահ Հրաչ Մարութեան Պարգեւատրուեցաւ Շուէտի Թագաւորական Բարձր Շքանշանով

Զրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սթոքհոլմի թագաւորական պալատին մէջ 4 փետրուարին տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին Շուէտի թագաւոր Քարլ 16-րդ Կիւսթաւ թագաւորական բարձրագոյն պարգեւ 8-րդ կարգի մետալով` «Սերաֆիմի շքանշանի ժապաւէն»-ով, պարգեւատրեց շուէտահայ անուանի գործարար, «Սեւան» սննդական ընկերութեան հիմնադիր եւ խորհուրդի նախագահ Հրաչ Մարութեանը` որպէս բարձր գնահատանք անոր երկարամեայ նուիրեալ եւ արգասաբեր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` Շուէտի թագաւորութեան տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային կեանքի զարգացման...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Վանսի Այցելութիւնը Հայաստան` Երկիր Դրախտավայր

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վանսի Այցելութիւնը Հայաստան` Երկիր Դրախտավայր

«Այս երկիրը շատ գեղեցիկ է: Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար` ոչ միայն անձամբ զիս, այլ նաեւ` ընտանիքս: Հայաստանը, ի հարկէ, աշխարհի ամենահին քրիստոնէական մշակոյթներէն մէկն է, եւ ես խոր կապ կը զգամ հայ ժողովուրդին հետ», այսպէս համակրական խօսքերով արտայայտուեցաւ Ճէյ. Տի. Վանս, որ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին Հայաստան այցելող փոխնախագահն էր: Այս ընթացքով հաւանաբար իր վերակացուն` նախագահ Թրամփն ալ...

Եթէ Քաղաքացին Կթան Կով Կը Նկատէք…

Եթէ Քաղաքացին Կթան Կով Կը Նկատէք…

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լիբանանի նախարարաց խորհուրդը երկուշաբթի գիշեր տուրքերու յաւելման իր որոշումներով դիմեց պետական մարզի պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձերու յաւելման ամէնէն դիւրին, չմտածուած, հակաարդիւնաւէտ եւ շարունակ կրկնուող հնարքին. անհրաժեշտ գումարներու ապահովման համար դիմեց տուրքերը բարձրացնելու քայլին, որ առ երեւոյթ կը բաւարարէ պետական մարզի պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու արդար պահանջները, սակայն իրականութեան մէջ մէկ ձեռքով տուածը միւս ձեռքով ետ կը խլէ` թերեւս, տուածէն...

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի – Թիւ 439.  «ՀՄԸՄ-ը Կեանքս Է…»

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի – Թիւ 439. «ՀՄԸՄ-ը Կեանքս Է…»

Կեանքը ծնունդէն մինչեւ մահ երկարող ժամանակը չէ միայն: Կեանքը մնայուն կատարելագործում է, պայքար է, մարդոց հետ յարաբերութիւն է եւ` շարունակականութիւն: ՀՄԸՄ-ն ալ կեանք է, որովհետեւ ան կը սկսի մարդու մը փոքր տարիքէն եւ կը շարունակուի մինչեւ վերջալոյս: Մանուկը առաջին անգամ սկաուտական հաւաքավայր կ’ուղղուի եւ կամ մարզադաշտ կ’իջնէ` առանց գիտնալու, որ այդ պահուն ան կեանքի դպրոց մը կը մտնէ: Ժամանակի ընթացքին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պելճիքա Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հանդիսաւոր Ձեռնարկ` Նուիրուած ՀՅԴ-Ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակին 24 յունուարին Պրիւքսէլի «Հայ տուն»-ի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին: Ձեռնարկի հանդիսավար Քարոլ Արիսեան ըսաւ, որ 135-ամեայ, բայց մշտապէս երիտասարդ այս կուսակցութիւնը ամրապինդ հաւատքով կը խտացնէ իր շարքերը երդուեալներու փաղանգով, աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը եղաւ ոչ միայն քաղաքական կուսակցութիւն, այլ` համահայկական շարժում,...

Սթափելու Ժամանակը

«Մահ Կամ Ազատութիւն»

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան յապաղած տօնակատարումներու մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովը կուսակցութեան գործունէութեան մասին արտակարգ գնահատականի ասպարէզ դարձաւ: Ի՞նչ էր պատրուակը: Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի անդամներէն մէկը` Յակոբ Յակոբեան, գրական անունով` Յակոբ Մովսէս, հարցազրոյց մը տուած էր 1in.am կայքին, որուն ընթացքին ի միջի այլոց, խօսած էր նաեւ Դաշնակցութեան մասին: Ըստ Յակոբ Մովսէսին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատասխանատու է... տասը դարերէ...

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը.  Ապստամբութիւն Մը, Որ Հայացուց Հաւաքական Կամքի Բոլոր Արտայայտութիւնները (104-Ամեակ)

Փետրուարեան Ապստամբութիւնը. Ազատութեան, Պետական Արժանապատուութեան Եւ Հոգեւոր Ինքնութեան Համազգային Շարժում

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Փետրուարեան ապստամբութեան 105-ամեակ: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ Փետրուարեան ապստամբութիւնը կը մնայ այն եզակի ձեռքբերումներէն մէկը, երբ ժողովուրդը ամբողջական կամքով եւ վճռակամութեամբ ոտքի կանգնեցաւ իր ազատութեան, արժանապատուութեան եւ պետական ինքնութեան պաշտպանութեան համար: 1921 թուականին պոլշեւիկեան բռնատիրութեան լուծին տակ ճնշուած հայ ժողովուրդը իր պատմական պատասխանատուութեան գիտակցեցաւ եւ աշխարհին առջեւ պարզեց այն հռչակագիրը, որ այս յստակ ու թափանցիկ կոչով յայտարարեց` «Պոլշեւիկեան...

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը.  Փետրուրեան Ապստամբութիւնը Խորհուրդ Է, Դէպքերու Յաջորդականութիւն Ըլլալով Հանդերձ  (105-Ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Փետրուրեան Ապստամբութիւնը Խորհուրդ Է, Դէպքերու Յաջորդականութիւն Ըլլալով Հանդերձ (105-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ներկայ ժամանակներուն բարեբախտութիւն է ըլլալ զաւակը ժողովուրդի մը, որ գիտակից է իր ազգային պատկանելիութեան, ունի ճանաչողութիւն ու յարգանք իր անցեալի պատմութեան եւ կ՛ապրի` հաւաքական յիշողութիւնը սրտին ու մտքին մէջ: Սա չի նշանակեր երբեք, որ ան կռնակ դարձուցած ըլլայ կեանքի յարափոփոխ ու սրընթաց զարգացումին, մօտէն չ՛առնչուի նորովի ըմբռնումներու, տեսակէտերու վերլուծութիւններու եւ քննադատական մօտեցումներու, որոնք ընդհանրապէս մաս կը կազմեն արդի...

Փետրուարեան Ապստամբութիւն

105-Ամեակ Փետրուարեան Ապստամբութեան. Փետրուարեան Հերոսական Ապստամբութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտուած դուրս գալով Թուրքիոյ դէմ պատերազմէն, 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութիւնը յանձնեց պոլշեւիկներուն: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք պոլշեւիկեան յեղկոմը` Սարգիս Կասեանի գլխաւորութեամբ եւ զինուորական գործերու ժողովրդական կոմիսար Աւիս Նուրիջանեանի ու Չեկայի (արտակարգ յանձնաժողով) նախագահ Գէորգ Աթարբէկեանի  ղեկավարութեամբ, ձեռնարկեց բռնութիւններու: Ժողովուրդին թալանը եւ պաշտօնական կողոպուտը կ՛իրականացուէին քաղքենիութիւնը սեփականազրկելու կարգախօսով: Հայկական բանակի սպաները Ռուսիա աքսորուեցան կամ Պաքուի բանտերուն մէջ արգելափակուեցան: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանէն ջնջելու առաջադրանքով յեղկոմը զանգուածային ձերբակալութիւններու ձեռնարկեց: Բանտարկուեցան...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արցախէն Տեղահանուած Մօտաւորապէս 30 Հազար Անձ Ստացած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիութիւն Արցախէն բռնի տեղահանուած մօտաւորապէս 30 հազար անձ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: Այս մասին վերջերս տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան: «20 հազար 769 անձ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: Ասոր կողքին, 9 հազար 715 անչափահաս եւս ձեռք...

Քեսապի Մէջ Ազգային Կազմակերպութիւններու Մուտքն Ու Ծաւալումը

Քեսապի Մէջ Ազգային Կազմակերպութիւններու Մուտքն Ու Ծաւալումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Կիլիկիոյ մէջ յեղափոխական գործունէութիւն ծաւալելու առաջադրանքով հնչակեան գործիչ հաճընցի Աղասի (Կարապետ Թուրսարգիսեան) 1892-ին շրջանին մէջ կազմակերպական աշխատանքներու ձեռնարկեց: Աղասի Մուսա լերան Խտըրպէկ գիւղը իրեն կեդրոն ընտրեց եւ Սուէտիոյ, Անտիոքի ու Ալեքսանտրէթի շրջաններուն մէջ նուիրեալներ հաւաքելով յեղափոխական կազմակերպութեան հիմեր դրաւ: Աղասի միաժամանակ կապեր հաստատեց ալեւիներուն հետ, զանոնք եւս Օսմանեան կայսրութեան դէմ յեղափոխական գործունէութեան մղելու առաջադրանքով: Ալեւիներու շէյխը խոստացաւ տասը...

Մենք Մեր 135 Տարուայ Տէրն Ենք, Դուք Ձեր 8 Տարուայ Համար Պատասխան Տուէք

Մենք Մեր 135 Տարուայ Տէրն Ենք, Դուք Ձեր 8 Տարուայ Համար Պատասխան Տուէք

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի ելոյթը Հայաստանի Ազգային ժողովին` Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւններու դադարեցման մասին «Հայաստան» խմբակցութեան հեղինակած ԱԺ որոշման նախագծի քննարկման ընթացքին: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի ելոյթը ԱԺ-ում` Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւնների դադարեցման մասին «Հայաստան» խմբակցութեան հեղինակած ԱԺ որոշման նախագծի քննարկման ժամանակ: Նախ ուրախ...

Յիշողութիւնը Ջնջելու Դիւանագիտութիւնը-  Ծիծեռնակաբերդէն  Պաքու` Յիշողութեան  Վաճառքը

«Արցախը Եղե՛ր Է, Արցախը Կա՛յ Եւ Արցախը Պիտի Մնա՛յ»

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Այս բառերը չհնչեցին Երեւանի հրապարակին վրայ: Չհնչեցին Լոս Անճելըսի բազմամարդ սրահներուն մէջ, ո՛չ ալ Փարիզի կամ Մոսկուայի քաղաքական ատեաններուն մէջ: Անոնք հնչեցին Պաքուի դատարանին մէջ:  Այն վայրին մէջ, ուր մեղադրեալի աթոռին նստած էր ոչ միայն մարդ մը, այլ` գաղափար մը, յիշողութիւն մը, ազգային արժանապատուութիւն մը: Երբ շատեր լռեցին, ան խօսեցաւ: Երբ շատեր խուսափեցան «Արցախ» բառէն, ան բարձրաձայնեց: Երբ...

«Մէկ Ընտանիքի Պէս Ենք Ապրում Այստեղ» Ասում Է Լիբանանում Մուսալեռցիների Հանգրուան Դարձած Այնճարի Քաղաքապետը

«Մէկ Ընտանիքի Պէս Ենք Ապրում Այստեղ» Ասում Է Լիբանանում Մուսալեռցիների Հանգրուան Դարձած Այնճարի Քաղաքապետը

ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՎԱՀԷ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ Այնճարը` Զբօսաշրջութեան Հասցէ Այնճարն այցելութեան արժանի վայր է թէ՛ էքոթուրիզմի, թէ՛ պատմամշակութային զբօսաշրջութեան սիրահարների համար: Ինչպէս գրել ենք նախորդ յօդուածում, Այնճարի աղբիւրի (ակի) շրջակայքում ձեւաւորել է հարուստ բուսական ու կենդանական աշխարհ: Այստեղից սկիզբ է առնում Ղզայել (Ghzayel) գետը, որը Պեքայի դաշտում միանում է Լիբանանի գլխաւոր գետին` Լիթանիին (Litani): Ղզայելի աւազանը կենսամիջավայր է այնպիսի կենդանատեսակների համար, ինչպիսիք...

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Վահագն Խաչատուրեանի Այցելութիւնը Աթէնք Եւ Պետական Պարտաւորութիւնը Արցախի Հիմնահարցով

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Վահագն Խաչատուրեանի Այցելութիւնը Աթէնք Եւ Պետական Պարտաւորութիւնը Արցախի Հիմնահարցով

Ե­րեք­շաբ­թի, 17 ­Փետ­րո­ւա­րին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Վա­հագն ­Խա­չա­տու­րեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի գտնո­ւի ­Յու­նաս­տան՝ հան­դի­պում­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար երկ­րի նա­խա­գա­հին եւ պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ ­Ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ա­ռու­մով, այ­ցե­լու­թիւ­նը կը հա­մընկ­նի տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին լուրջ վե­րա­փո­խում­նե­րու, ու­ժա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու վե­րա­ձե­ւա­ւոր­ման եւ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու սրաց­ման փու­լին, ինչ որ ա­նոր կը հա­ղոր­դէ քա­ղա­քա­կան ի­մաստ, բայց նա­՛եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն։ ­Հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ար­մա­տա­ւո­րո­ւած են պատ­մու­թեան խոր­քե­րուն մէջ։ Եր­կու...

Page 50 of 1110 1 … 49 50 51 … 1,110

Արխիւներ