Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքերու Հետ. «Դիմաքանդակներ» (Հեղինակ` Երուանդ Քասունի, Պէյրութ, 2019)

Մայիս 1, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նախապէս արձանգրած էինք, որ ծանօթ դաստիարակ, հրապարակագիր, պատմագէտ ու մտաւորական Երուանդ Քասունի մօտիկ անցեալին` 2019-ի վերջերուն, լոյս ընծայած է երկու նոր հատոր. առաջինին` «Մտորումներ սփիւռքահայ գրականութեան անդաստանին մէջ»ին հակիրճ կերպով արձագանգեցինք արդէն, այսօր պիտի աշխատինք լուսարձակի տակ բերել երկրորդը, որ կը կրէ «Դիմաքանդակներ» խորագիրը, նմանապէս լոյս ընծայուած Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան հովանաւորութեամբ:

200 էջի վրայ տարածուող եւ միայն 250 տպաքանակով լոյս տեսած հատորը ըստ ամենայնի հրապարակագրական յուշագրութիւն է: Մեծ մասամբ` երկու-երեք էջ բռնող յօդուածներ, որոնք տասնամեակներու ընթացքին լոյս տեսած են «Ջանասէր»ին մէջ (բացի մէկ քանիէն, որոնք յայտնապէս անտիպ են, թէեւ գրուած` տարիներ առաջ): Նման աշխատանք, այսինքն` մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններ մէկ կողքի տակ համախմբելով, հեղինակը կ՛իրականացնէ երկու առաքելութիւն. նախ` պարբերականներու մէջ բանտարկուած մնալու եւ մոռացութեան վտանգէն կը փրկէ իր միտքի արքասիքները, ապա նաեւ ինքնաբերաբար կը ներկայացնէ համայնապատկեր մը` որոշ նիւթով թուղթին յանձնած իր գրաւոր արտայայտութիւններէն:

Կողքը կը զարդարէ գեղանկարիչ Արամ Իսաբէգեանի «Ժամացոյց Իգդիրից» գործը, որ  խորագիրին համահունչ` ըստ բաւականին կը բացայայտէ նիւթը. էջերուն` կը տողանցեն հայ գիրի, միտքի, մամուլի եւ դաստիարակութեան մարզերուն մէջ երախտաւորներ, կենսագրական նուազագոյն ծանօթութիւններով, սակայն անոնց արժէքն ու վաստակը վեր առնող նշումներով, դատումներով, գնահատականներով: Այդ երախտաւորները միայն հեղինակին ժամանակակից ու ծանօթ դէմքեր չեն, այլ կարկինը բաւական լայն բացուած է: Իւրաքանչիւր ներկայացուող դէմքի լուսանկարը կ՛ընկերանայ գրութեան, կան նաեւ այլ պատկերներ ու գծանկարներ:

Հատորը կը բացուի Մինաս Աւետիսեանի կողմէ պատրաստուած` հեղինակին մէջ գեղանկարով: «Փոխան ներածականի» խորագրեալ յառաջաբանին մէջ, Ե. Քասունի կը բացատրէ այս հատորին ծննդոցին մղիչ պատճառները, նշելով, որ մարդս իր կեանքի ճանապարհին վրայ տարիներ ետք ակնարկ մը կը նետէ, կը չափէ կտրած հանգրուանները, կը դիտէ այդ ճամբաներէն տողանցած մարդիկը. այդ հանգրուանները կերտուած են հալէպեան, պէյրութեան եւ հայաստանեան փուլերով, կը սկսին մանկութեան տարիներէն, կը տարածուին դէպի երիտասարդութիւն, ապա կը յառաջանան մինչեւ հասունութիւն: Բնականաբար իր ապրած ժամանակաշրջաններուն «տարեգրութեան» հետեւելով, լուսարձակի տակ կը բերէ ուսուցիչներ, մտաւորականներ, 60-ականներու զարթօնքի տարիները եւ այլն:

Նիւթերը դասաւորուած են ենթախորագիրներու տակ: Առաջին շարքը ունի ընդհանուր խորագիր մը` «Երկնային պարգեւներով պայծառացած»: Հոն տեղ գտած են Մխիթար Աբբահայրէն ու Խրիմեան Հայրիկէն մինչեւ Գարեգին Ա. Յովսէփեան ու Վազգէն Ա. կաթողիկոսներ, հայագէտ Հ. Յովհաննէս Մսըրլեան, Վեր. Մ. Շնորհօքեան եւ իր մտերիմներէն` վեր. Պարգեւ Աբարդեան: Բաժինը այրագբի ու երախտիքի արտայայտութիւն մըն է այս դէմքերուն:

Երկրորդ բաժինը ունի «Արարատի շուքին տակ» ընդհանուր խորագիրը: Հոն կը տողանցեն Ա. Իսահակեան, Վ. Թոթովենց, Ե. Չարենց, Ա. Բակունց, Մ. Արմէն, Հ. Սահեան, Յ. Շիրազ, Ս. Խանզատեան, Ս. Կապուտիկեան, Ռ. Արամեան, Ս. Ալաջաջեան, Լ. Հախվեխրդեան, Բ. Ուլուբաբեան, Զ. Բալայեան, Մինաս, Վ. Պետրոսեան եւ Հ. Մաթեւոսեան: Առաջին ակնարկով, ընթերցողը կ՛անդադառնայ, որ հոն կայ մեծ բացակայ մը, սակայն յետոյ իրազեկ կ՛ըլլայ, թէ Սեւակը չէր կրնար վրիպած ըլլալ այս հոյլէն, որովհետեւ հատորի վերջին էջերուն, լայն բաժին մը տրամադրուած է «Եղիցի Լոյս»ի հեղինակին: Այս դէմքերը կը ներկայանան դիմաստուերային արժեւորումով, եւ ինչպէս միւս բաժինները` կ՛արդարացնեն հատորին «Դիմաքանդակներ» անուանումը:

Յաջորդ բաժինը կը համախմբէ գիրի ու զէնքի դրօշակիներ եւ ունի «Գոյապայքարի եւ պահանջատիրական մարտիկներ» ընդհանուր խորագիրը: Ընդգրկուած են աւելի քան 20 դէմքեր, ինչպէս` Զօրավար Անդրանիկ, Ե. Օտեան, Ա. Չօպանեան, Համաստեղ, Ռ. Ճէպէճեան, Ս. Սիմոնեան, Ժ. Ս. Յակոբեան, Ա. Տօնապետեան, Ա. Տէր Խաչատուրեան, Լ. Վարդան, Շ. Ազնաւուր եւ Հրանդ Տինք:

Յաջորդ 15 էջերուն մէջ տեղ տրուած են հեղինակին նուէր տրուած եւ հեղինակներւն մակագրութիւնը կրող էջերու լուսնկարներուն, մէկտեղուած` «Գիրն ու գիրքը մնայ յիշատակ» ընդհանուր խորագիրին տակ: Մակագրողներու շարքին են Վազգէն Ա. Կաթողիկոս, Ս. Կապուտիկեան, Հ. Սահեան եւ բազմաթիւ այլ հեղինակներ:

«Յուշերու ճամբով» խորագրեալ բաժինը յուշագրութիւն մըն է, ուր կը պատմուին պատմական դէպքեր. 1963-ին, երբ հեղինակը ուսանող էր Հայաստանի մէջ, Խորէն Ա. Կաթողիկոսէն խորհրդապահական առաքելութեան մը կը կոչուի եւ Վազգէն Ա.ի մօտ բանագնաց կ՛ըլլայ` երկու կաթողիկոսներուն միջեւ Երուսաղէմի պատմական հանդիպումի պատրաստութեան օրերուն: Այս էջերը ունին վաւերագրական արժէք, թէեւ հեղինակը կը խոստովանի, որ կը մնան «չհրապարակուելիք տեղեկութիւններ»:

Վերջին բաժինը, ինչպէս նշեցինք արդէն, կը պատմէ Պարոյր Սեւակի հետ հեղիանկին հանդիպումներէն դրուագներ:

Բովանդակութիւը կ՛ամբողջանայ հեղինակին հակիրճ կենսագրութեամբ եւ գրաւոր վաստակին ընդհանուր պատկերով, ընդամէնը 6 էջ…:

Հատորը ընթերցողին կ՛ընծայէ հաճելի ընթերցում. ան կը զգայ, թէ գրողը դաստիարակ է, խորապէս գիտակից է մեր ազգային արժէքներուն մաս կազմող դէմքերուն աւանդին ու զանոնք կը բաժնեկցի իրեն հետ, կը թողու անմոռանալի տպաւորութիւններ, որոցմէ մաս մը կը բխին անձնական փորձառութենէ:

Վերը, հպանցիկ ակնարկութիւն մը ըրինք անհաճոյ իրականութկեան մը. հատորը լոյս տեսած է միայն 250 տպաքանակով: Սա անգամ մը եւս մտածել կու տայ, թէ գիրք կոչուած արժէքը ինչպիսի՛ նահանջի մատնուած է մեր հանրութեան կողմէ, վիճակ` որ կը կարօտի հիմնական յեղաշրջումի ու ընթերցանութիւն կոչուած «կենսանիւթ»ին մեր կեանքին մէջ վերականգնումին: Այս ու գիրք լոյս ընծայող հեղինակները գործնապէս կը մնան այս պահանջը ահազանգող յառաջամարտիկներ, եւ անոնց հնչեցուցած զանգերը պէտք չէ մնան փակ ականջներու դիմաց:

Մարտ 2020

Նախորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. «Մտորումներ Սփիւռքահայ Գրական Անդաստանին Մէջ» Հեղինակ` Երուանդ Քասունի, Պէյրութ, 2019

Յաջորդը

Ընկերվար Ժողովրդավարութեան Ճգնաժամի Մասին (Մայիսի 1-ի Առիթով)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?