ՅՈՎԱՆՆԷՍ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
Այս օրերու աշխարհը կ՛ապրի վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին իր ունեցած ամենամութ ժամանակաշրջաններէն մին: Ըստ միջազգային կազմակերպու-թեանց, այս տագնապը ամենածանրն է Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր եւ մարդկութիւնը գիտէ թէ այդ պատերազմը որքան աւերիչ եղած է ամէն տեսակէտով:
Մինչ մենք ականատես կ՛ըլլանք թէ աշխարհի հսկաները որքան կը տառապին, մենք ինքնաբերաբար կը մտածենք թէ ինչ աստիճանի դժուար է տնտեսականօրէն տագնա-պող փոքր երկիրներու համար դիմակալել այսպիսի ահազանգային իրավիճակ մը:
Իմ խորհրդածութիւններովս եւ աղօթքներովս բոլոր ազգերուն եւ համայն մարդկային ցեղին, կ՛ուզեմ ուշադրութիւնս կեդրոնացնել Լիբանանի հայ գաղութին վրայ: Գաղութ մը որ կը համարուէր եւ տակաւին այսօր ալ կը նկատուի սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտը: գաղութ մը որ միշտ ալ եղած է առաջնային գծի վրայ ի պաշտպանութիւն ըլլայ Հայաստանի կամ՝ Արցախի եւ կամ ըլլայ՝ աշխարհատարած սփիւռքահայութեան: Այլեւ գաղութ մը՝ որ տուած է արժանաւոր անձինք որոնք ամէնուրէք հիմնած են ակումբներ եւ կառուցած են դպրոցներ
Ըլլալով մէկ մասնիկը այս գաղութին, կը հաստատեմ թէ զուգադիպութիւն չէ որ մենք ունինք այսպիսի ազգօգուտ յանձնառութիւն, նուիրում եւ սէր մեր ինքնութեան նկատմամբ: Արդարեւ՝ Մենք ապրած ենք քաղաքներու ամէն մէկ յաջորդ թաղին մէջ կը գտնես եկեղեցի մը, ակումբ մը եւ կամ վարժարան մը որոնց կողքին կայ փոքրիկ խաղավայր մը որ այդքան մօտիկ է մեր տուներուն: Այս եկեղեցիները, ակումբներն ու դպրոցները սորվեցուցին նոյն հիմնական սկզբունքները որոնք էին մեծնալ իբրեւ քրիստոնեայ հայ որ փարած կը մնայ իր ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան որեւէ երկինքի տակ որ ալ առաջնորդէ զինք սփիւռքահայու ճակատագիրը:
Դժբախտաբար, զանազան պատճառներու բերումով, որոնց կարգին անցնող 30 տարիներուն Լիբանանի մէջ իրագործուող նիւթական ապօրինի մեքենայութիւնները, հսկայական գումարներու հասնող իւրացումներն ու քանդող կաշառակերու-թիւնը, երկիրը հասցուցին այնտեղ ուր այլոց շարքին վտանգի մէջ է Լիբանանի հայկական գաղութը, որովհետեւ հսկայական ցնցումի ենթարկուած են վերոնշեալ ազգային կառոյցները ըլլան անոնք եկեղեցական թէ կրթական եւ կամ՝ մշակութային, թէ ընկերային ու քաղաքական. եւ այս կառոյցներէն ոչ մէկը կրնայ փոխարինել միւսը այլ անոնք միասնաբար հիմնական դեր ունին հայ հոգին ու սիրտը սնուցանող ու հայու մարմինն ու միտքը զօրացնող իրենց առաքեութեան մէջ:
Մինչ մենք կ՛աշխատինք մարդկային կարիքներու ճակատին վրայ, օգտակար հանդիսանալով կարիքաւոր ընտանիքներուն անդին կան հայորդիներ որոնք վարգոյր-ներու ետին կ՛աշխատին հայ վարժարանը փրկելու համար փակուելու ստոյգ վտանգէն Ազգանուէր եւ յոյժ կարեւոր գործ մը արդարեւ, որովհետեւ հակառակ այն բազմապիսի դժուարութիւններուն զորս կը դիմակալենք, մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք մեր դպրոցները որոնք մեր գործնական նեցուկին պէտքը ունին այսօր որեւէ ատենէ աւելի: Չբաղդատենք մեր դպրոցները կրթական այն հաստատութիւններուն հետ որոնք կը ֆինանսաւորուին միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ եւ կամ ունին եկամուտի այլ աղբիւրներ: Մեր վարժարանները ընդհանրապէս ունին ինքնաֆինան-սաւորի իրավիճակ առաւել անոնց դռները միշտ ալ բաց եղած են այն հայորդիներուն դիմաց որոնք ի վիճակի չեն եղած վճարելու իրենց կրթաթոշակը անոնց ապահովելով անհրաժեշտ կրթական նպաստը:
Արդ, ի սէր ձեր զաւակներուն, ի խնդիր անոնց ապագային ինչպէս նաեւ ի խնդիր հայ համայնքի գոյատեւման եւ հայ ընտանիքի պահպանման՝ ձեր կարելին ըրէք նեցուկ կանգնելու հայ դպրոցին: Ես ծնած ու հասակ առած եմ լիբանանեան պատերազմի տագնապի շրջանին երբ կացութիւնը աւելի վատթար էր քան այսօրուան մեր դիմակալած վիճակը. Կը յիշեմ թէ ինչպէս հայրս մեզի սորվեցուց թէ ուսումը այնքան կարեւոր է որքան հացը եւ թէ ինչպէս ան բացատրեց մեզի որ դպրոցը որքան հիմնական է անձի մը համար որքան անոր տունը, այս բոլորէն հետեւցնելով թէ մեր կարելի պէտք է ընենք կրճատելու մեր առօրեայ ծախսերը որպէս զի կարենանք վճարել մեր նիւթական պարտաւորութիւնները ի խնդիր մեր զաւակներուն զարգացման: Եւ ահաւասիկ այսօր, մենք կը քաղենք մեր ծնողներուն այսօրինակ մօտեցումը հայ դպրոցին երբ անոնք դժուարին օրերուն կրցան զոհել իրենց նախասիրութիւնները պայծառ ապագայ մը ապահովելու համար իրենց զաւակներուն:
Այսօր հայ դպրոցի զանգերը ձեզ կը հրաւիրեն նոր սերունդ ծնողներ, գիտակից բարերարներ եւ ազգանուէր հայորդիներ: Ատենն է ընդառաջելու այդ ազգային ու մարդկային կոչին եւ ձեր լուման բերելու մեր դպրոցներու գոյատեւումը ապահովելու առաքելութեան:
Պէյրութ՝ 17 Ապրիլ, 2020