ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Գեղեցկութիւնները քանդող աշխարհ մըն է այս, ուր կ՚ապրինք, որ իր թաւալքին մէջ կը տրորէ նոյնիսկ սէրը, իրականը, գլխատառը. ան, որ կ՚իմաստաւորէ հոգեկան արժէքները, որպէսզի կեանքը չըլլայ սոսկ « Ճամբորդութիւն՝ առանց հասցէի»։
Ճիշտ այս խորհրդական վերադիրը կը կրէ արդէն Շահանդուխտի հեղինակած երկը, որ վէպի մը հանգոյն կը պատկերագրէ պատմութիւնը երկու հակադիր տիպարներու եւ նոյնքան ալ՝ ներհակընդդէմ կեանքի ըմբռնումներու (Շահանդուխտ, Ճամբորդութիւն՝ առանց հասցէի, Համազգայինի « Վահէ Սեթեան» Հրատարակչատուն, Պէյրութ 2015)։
Պէյրութի «Միտք» գրախանութը թատերավայրն է պատահական հանդիպումի մը, ընդմէջ երկու դերակատարներու. գրախանութի պաշտօնեան՝ Սոնա, եւ ուսանող երիտասարդ մը՝ Սուրէն անուն։
Փափկավարական առաջին քայլերուն կը յաջորդէ համակրանքը երկուքին միջեւ, որ հետզհետէ կը դառնայ աւելի շօշափելի՝ կրկին տեսնուելու խնդրանքներով, Սուրէնի կողմէ յատկապէս։
Շուտով, սակայն, կ՚աղօտին չքնաղ շողերը սկզբնական հրապոյրին։
Հետագայի հանդիպումներն ու խօսակցութիւնները պիտի ուրուագծեն Սուրէնի « ինքնագոհ ու ինքնահաւան» ( Անդ, էջ 22) նկարագիրը. իգական սեռին հանդէպ ունեցած չափազանց հետաքրքրութիւնը, այսինքն՝ « իգամոլ երիտասարդը» ( Անդ, էջ 21), որ միայն կը փնտռէ « գեղեցիկը, բարեձեւը, խելացին, զարգացածը… ցանկայարոյց տուեալներով օժտուածը» ( Անդ, էջ 43)։
Եւրոպական մտայնութեամբ մեծցած երիտասարդ մըն էր Սուրէն, որ հազիւ քսաներեք տարեկան, ցոյց կու տար արդէն « կեցուածք մը ինքնավստահութեան… մարդիկը վերէն դիտելու շեշտուած տրամադրութիւն մը ( Անդ, էջ 10)։ Իսկ աղջիկներուն նկատմամբ՝ հպարտօրէն կը հանդիսադրէր իր տեսակէտը, թէ « Մինչեւ որ « լաւ»-ին հասնինք պէտք է փորձեր կատարենք, փորձառութիւն ձեռք ձգենք… Երկու սեռերու յարաբերութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած իրաւունք է » ( Անդ, էջ 24 )։
Սուրէնի « բացմիտք»( Անդ, էջ 12) սկզբունքները անյարիր էին Սոնայի մտածումներուն, դաստիարակութեան ու քրիստոնէական համոզումներուն հետ. « Բայց սահմանները կան յարաբերութեան։ Սանձարձակ յարաբերութիւնը հայկական աւանդութեան մէջ արգիլուած է, անբարոյութիւն։ Ես դէմ եմ անբարոյութեան։ Սահմանէն դուրս ելլելը մեղք է եւ մեծ յանցանք» ( Անդ, էջ 24- 25 )։
Այսպէս կը խորհէր Սոնա, գիտակցելով հանդերձ, թէ « Արեւելքը իգական սեռին այնքան ազատութիւն չէր արտօներ, մանաւանդ շապիկ փոխելու պէս սիրական փոխելու» ( Անդ, էջ 37)։
Նման համայնապատկերի մը մէջ կարելի չէ « Սէր» փորփրել, որ հազիւ ընձիւղած՝ ո՛չ միայն կը մնայ անաւարտ, այլեւ՝ կը դառնայ անիրականալի ու անկարելի ձեռնարկ, համազօր՝ հոգեկան տառապանքի։
Այս հոգետանջ իրավիճակն է, որ պիտի ապրի Սոնա ու տարուբերի « առանց ուրիշ սէր մը փնտռելու… ( Անդ, էջ 37). որովհետեւ, « Իր սիրտին նստած տղան Սուրէնն էր յաւիտենական ներկայութեամբ» ( Անդ, էջ 37 ).
Բայց…
Տարիները պիտի անցնին ու հեռանան հովին պէս, նման շարժանկարի համանուն՝ « Հովին պէս անցաւ» ժապաւէնին, որ « Պէյրութ մայրաքաղաքի այդ օրերուն հռչակ շահած սինէ Քափիթոլ»( Անդ, էջ 15)
սրահին մէջ, Սուրէն եւ Սոնա դիտած էին միասին
Եւ այժմ, ամէն ինչ հովի նման է դարձած, աւա՜ղ, Սոնայի համար։
Իսկ, իր յարատեւ մեկնումներով ու բացակայութիւններով՝ մինչեւ հինգ տարի, անբացատրելի լռութիւններով ու վերադառնալու անվերջ խոստումներով, առանց անտեսելու՝ « Շատ կը ձանձրանամ»–ները, « Եթէ մօրս պէս աղջիկ մը գտնեմ՝ կ՚ամուսնանամ» յայտարարութիւնները ( Անդ, էջ 39-40), Սուրէն պիտի մնայ այդպէս՝ ինչպէս խլեակ մը « Կեանքի ծովուն մէջ խեղդուած» ( Անդ, էջ 57)։
Անհամբոյր եւ դառն իրականութիւն…
« Սոնա քսան տարեկան չէր այլեւս » ( Անդ, էջ 38), սակայն,« զարգացած եւ սիրուն երիտասարդուհի… կրնար տակաւին ուշադրութիւնը գրաւել ոեւէ երիտասարդի » ( Անդ, էջ 66)։
Սոնայի համար, ո՛չ միայն « Իմաստութեան կառչելու ժամն է » ( Անդ, էջ 105), այլեւ՝ ինքնաքննութեան ու հարցականներու. «Ինչո՞ւ սիրել այս արարածը, որ միայն ինքն իր մասին կը մտածէ։ Կ՚ուզէ, որ մարդիկ սիրեն զինք ու ինք ոչինչով փոխանակէ անոնց սէրը կամ գոնէ՝ յարգանքը» ( Անդ, էջ 49)։
Ինչո՞ւ սիրել…
Նման հարցադրում երբեք չէր կատարած Սոնա՝ շլացած Սուրէնի հրապոյրէն. բայց այժմ պարտասած կը թուի։
Ինչո՞ւ սիրել « անյայտ հասցէով այս մարդը» ( Անդ, էջ 103), որ հետամուտ է լոկ « փառք փնտռելու, հռչակ որսալու» ( Անդ, էջ 105)։
Ի վերջոյ, ինչո՞ւ տակաւին « յուսալ ու սպասել անոր վերադարձին» ( Անդ, էջ 51)։
Իրապաշտ է ու դառնակսկիծ պատասխանը Սոնայի, որ « ստիպուեցաւ իր մտքէն ջնջել գոյութիւնը Սուրէնին» ( Անդ, էջ 50)։
Պատահական հանդիպումէ մը ծնունդ առած սիրոյ պատմութիւնն է, որ կը շարահիւսէ Շահանդուխտ՝ պարզելով ու վերլուծելով արու եւ էգի մերօրեայ հոգեբանութիւններուն ամբողջ ներաշխարհը իր ծալքերով ու խորհուրդներով։
Սէ՞ր, թէ գորով, միայն։
Սուրէ՞ն, թէ Սոնա… հոգեյոյզ ամբոխումներու եւ հարցականներու ստայօդ հանգոյցներ, մինչեւ այն օրը, երբ Սուրէն պիտի մեկնի՝ « առանց ետեւ նայելու» ( Անդ, էջ 30), « առանց հասցէ մը կամ հեռաձայնի թիւ մը իսկ ձգելու» ( Անդ, էջ 99)։ Անկասկած, « Ինք եւս չէր գիտեր գացած վայրին հասցէն, որ ըսէր» ( Անդ, էջ 100)։
Յաւիտենական « գնա-եկուր» ( Անդ, էջ 20) մը. անվերջ սպասում, որ պիտի հիւծի տարիներու տարածութեան մէջ, թողլով Սոնային «մինակութեան սարսուռը»( Անդ, էջ 30), եւ « խաբուած ըլլալու զգացումը » ( Անդ, էջ 27)։ Գնա-եկուր մը անիմաստ, որ կորսնցնել պիտի տայ իր կեանքի գեղեցկագոյն ու « խանդավառ տարիները» ( Անդ, էջ 67), ու զերդ յիշատակ՝ « շիթ» մը Յարութ Փամպուքճեանի երգերէն.
« Տարիները անցան, մեր սէրն ու արցունքները յուշ դարձան,
երազներս յանգան մայրամուտի վերջին շողերուն նման» ( Անդ, էջ 39)։
Եւ այնուհետեւ, Սոնա « Չկրցաւ սիրել ոչ մէկ այր. չհաւատաց անոնց անկեղծութեան, ձեւացնող գուրգուրանքին… անոնց սիրոյ ապրումներուն… սէր բառին» ( Անդ, էջ 38) ։ Անտարակոյս, « Իրաւունք ունէր այն փիլիսոփան, որ ըսած էր. « Ամուսնութիւնը սիրոյ գերեզմանն է» ( Անդ, էջ 65)։
« Ճամբորդութիւն՝ առանց հասցէի» կանացի զգացականութեան ու քնքշութեան այդ հորիզոնն է, որ կեանքի համակ պրիսմակը կը պատկերէ։
Իսկական գլուխ-գործոց մը՝ բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով, ուր Շահանդուխտի հոգին կը հպի աննման բարձունքներու։
Իր ֆիզիքական հմայքին առընթեր, սուրբ մըն է կինը, որովհետեւ իր կնոջական առաքինութիւններով գիտէ դիմագրաւել առօրէական դժուարութիւններն ու սէրը հոգեղինացնել ։
Վէպի ոլորտէն անդին՝ կայ Շահանդուխտի գրիչը, որ կ՚անդրանցնի կեանքի քերականութիւնը. վէպ, որ զգայուն, հիւթեղ եւ գողտր երանգներով կը պատկերագրէ ցաւոտ սիրոյ մը պատմութիւնը անաւարտ։
Ու տակաւին ինչե՜ր կը գրէ Շահանդուխտ.
« Կինը, աստուածային ստեղծագործութեան այս գլուխ գործոցը, որ պաշտամունքի առարկան դարձած է այր մարդուն, որ չի կրնար իր գոյութիւնը իմաստաւորել առանց անոր».
« Այր մարդուն լրացուցիչն է կինը, առանց կնոջ կեանքը պիտի դառնար անորոշութիւն».
« Եթէ այրը զօրաւոր սեռ կը նկատուի, ապա ինչո՞ւ կը տկարանայ կամ կը գայթակղի կնոջական հոլանի ուսերէն, յանդուգն բացուածք ունեցող լանջքի մը կաթնաթոյր տեսքէն».
« Ադամ ինչո՞ւ տարուեցաւ Եւայի գեղէն ու տկարացաւ՝ իր արարքին մեղքը ձգելով օձին։ Դրախտահամ խնձորն է կինը, համեղ ու բիւրեղ» ( Անդ, էջ 62, 63, 64)։
Դժուար է գտնել մեր ժամանակակից գրականութեան մէջ հեղինակ մը, որ այսքա՜ն գեղեցկութիւն շռայլած ըլլայ իգական սեռին։
Կնոջական զգայնութեան դիցուհին է Շահանդուխտ, որու համար՝ առանց իրական սիրոյ, կեանքը աներկբայրօրէն կը դառնայ
« Ճամբորդութիւն՝ առանց հասցէի»։