Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Նամակաբաշխը երբեմն արտասովոր բարիքներ ալ կը բերէ, օրինակ` գիրքեր. այդպիսի օրեր, ես ալ արտասովոր կերպով բախտաւո՛ր կը զգամ:
Քանի մը շաբաթ առաջ, երբ Պսակաձեւ ժահրը իր թագը դեռ երկրէ երկիր պտտցնելու չէր ելած, ահա այդպէս բախտաբեր օր մը ունեցայ, երբ Պէյրութէն հասած պահարանի մը մէջէն դուրս բերի ո՛չ թէ մէկ, այլ երկո՛ւ գիրք, մակագրուած հեղինակին` Երուանդ Քասունիի կողմէ: Մէկուն խորագիրն է «Մտորումներ Սփիւռքահայ գրական անդաստանին մէջ», երկրորդինը` «Դիմաքանդակներ»: Երկուքն ալ լոյս տեսած են Պէյրութ, 2019-ին:
Երկու գիրք մէկ պահարանի մէջ ստանալս պատճառ չէ, որ անոնց արձագանգեմ մէկ խորագիրի տակ. հետեւաբար, այս սիւնակը կը յատկացնեմ առաջինին` «Մտորումներ…»ուն, հետագային կ՛անդրադառնամ նաեւ երկրորդին: Այսպէս կ՛ընեմ, որովհետեւ բովանդակութիւնները ունին տարբեր բնոյթ: Յաջորդը ըստ ամենայնի դիմաստուերներու շարք մըն է:
Հատորը մաս կը կազմէ հեղինակին վերջին տարիներու ինքնեկ մատենաշարին, որ լոյս կ՛ընծայուի Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու հրատարակչականին կողմէ: Կողքը գարուն բուրող դալար մարգագետինի մը լուսանկարն է, առաջին էջերուն, կայ հեղինակին լուսանկարը, նշում` թէ հատորը ձօնուած է Հայ Դպրութեան անդաստանի գալիք սերմնացաններուն (լռելեայն հաւատք, որ սերմնացանները պիտի չպակսին. հատորը կարդացողը պիտի նկատէ, որ հոն քիչ մը տարբեր մթնոլորտ կայ, առանց բոլորովին հրաժարելու լաւատեսութենէ):
Մէկտեղուած են հեղինակին անցեալ աւելի քան 50 տարիներուն գրած յօդուածներէն ծաւալուն փունջ մը (մեծ մասամբ լոյս տեսած «Ջանասէր»ին մէջ, որուն խմբագիրն է եղած տասնամեակներ շարունակ), տարածուած` 184 էջերու վրայ: Կը բացուի յառաջաբանով մը, որ իրողապէս կարելի է սեպել ընդգրկուած յօդուածներուն մէկ փոքր հայելին, որովհետեւ կը ցոլացնէ մեր լեզուին, մշակոյթին, գիրքին, դպրոցին, մամուլին, ազգային տագնապներուն, մտահոգութեանց եւ այս ծիրին վերաբերող քաղաքականութեան-ռազմավարութեան մասին օրը օրին իր արձագանգումներուն, յաճախ նաեւ հնչեցուցած ահազանգերուն մէկ ամփոփումը: (Կ՛արժէ, որ մեր մամուլը զայն արտատպէ, կամ գոնէ հիմնական հատուածները վերցնէ): Սուր կերպով մատնանշումներ կը կատարէ, ինչպէս` անցեալ տասնամեակներու յօդուածին մէջ, թէ այս հարցերուն լուծման կոչուած այլատեսակ նախաձեռնութիւններ` համագումար, գիտաժողով, որոշ «տարի»ներու հռչակում, հանդիսութիւններ եւ այլն, կը մատնուին կիզիչ արեւու տակ չորացումի մատնուող վտակներու ճակատագիրին: Օգոստոս 2019-ին թուղթին յանձնուած մտածումներն ու ակնարկութիւնները, մղձաւանջայինի մօտեցող տագնապները ցոյց կու տան, որ մեր ազգային կեանքին մէջ տասնամեակներու ընթացքին իր եւ ուրիշներու կողմէ յաճախ հրապարակաւ յիշեցումներ ու ահազանգեր հնչած են, առաջարկներ բերուած` դարմանումի ու բարեշրջում խոստացող լուծումի մասին, եւ սակայն, մասնաւորաբար սփիւռքեան կառքը նախընտրած է խրած մնալ նոյն տիղմին մէջ. եթէ տեղ մը բարեշրջումի նշաններ եւ յոյսեր ծագած են, անոնց դիմաց արձանագրուած են մեծ ու փոքր նահանջներ եւ թերացումներ, որոնք հակակշռած են մանր յառաջխաղացքները, տակաւին, նոր տեղատուութիւններ ալ արձանագրուած են ու կ՛արձանագրուին: Ակնարկը յոռետեսութեամբ չ՛աւարտիր, այլ կոչով մը` թէ պէտք է անսալ Մաշտոցեան աւանդներուն ու որդեգրել ազգային ռազմավարութիւն մը, ամոքելու համար հետեւանքները եւ յառաջանալու դէպի բարելաւում:
Ներքին Բաժանումներ
Յօդուածները չեն ներկայանար ժամանակագրական կարգով, այլ դասաւորուած են, համաձայն արծարծուած նիւթին, մտահոգութեան ու նշմարներուն` վեց գլխաւոր բաժիններու մէջ: Իւրաքանչիւր բաժինին ընդհանուր խորագիրը կը մատնէ, թէ ինչպիսի՛ նիւթեր արծարծուած են այդ գրութեանց մէջ: Արձանագրենք զանոնք, ընթերցողին վստահելով խորքին մասին հետեւութիւններ ընելը. վստահ ենք, որ դժուար պիտի չըլլայ թափանցելը, թէեւ գիրքը վերցնելն ու կարդալը անփոխարինելի «արարողութիւն» է եւ այս տեսակի որեւէ սիւնակ չի կրնար փոխարինել զայն…
Առաջին շարքը ունի «Գրողը եւ գրական մթնոլորտ» ընդհանուր խորագիրը, կը մէկտեղէ 9 գրութիւն: Երկրորդին ընդհանուր խորագիրն է «Մամուլին գրական առաքելութիւնը», 6 յօդուած, յաջորդները` «Հայ գիրքը` ճակատագրով դատապարտուած», 6 յօդուած, «Պիտի յիշենք ե՛ւ մանուկները, ե՛ւ պատանիները», 3 յօդուած, «Արեւմտահայերէնին տիրութիւնն ու պահպանումը», 4 յօդուած, եւ «Գրականութեան ընկերաբարոյական առաքելութիւնը», 8 յօդուած:
Մնացեալ էջերուն մասին խօսելէ առաջ, արձանագրենք, որ յօդուածները ծաւալուն գրութիւններ չեն, այլ հազուադէպօրէն կ՛անցնին 5 էջի սահմանները: Ըսինք արդէն, որ տասնամեակներու վրայ երկարող եւ յաճախ անփոփոխ մնացած մտահոգութեանց, նաեւ անոնց աղբիւներուն «պատմութիւնը» կայ հոն. այս իմաստով ալ, հատորը ունի վաւերագրական արժէք, այն առումով, որ կը վաւերագրէ հայ մտաւորականը` հեղինակն ու նմանները մտահոգող եւ տագնապեցնող հարցերու առկայութիւնը իրերայաջորդ տասնամեակներուն: Բնականաբար կարելէ է հետեւցնել, որ այս շարքը նման հարցեր արծարծող հեղինակին բոլոր գրաւոր արտայայտութեանց մէկտեղումը չէր կրնար ըլլալ, այլ «ճաշակ» մը կը հաղորդէ իր մօտեցումներուն ու մեր ազգային-հասարակական-մշակութային կեանքի ել-եւ-ԷՋ-ներուն մասին (ԷՋ-ը դիտումնաւոր կերպով գլխագրեցինք):
Յիշեալ շարքին կը հետեւին երկու յաւելուած, որոնք կը բխին նոյն աղբիւրէն ու դէպի հաւաքական մտահոգութեանց ծով կը հոսին նոյն ջրանցներէն: Առաջինը` հայրենի բանաստեղծ եւ մտաւորական Համօ Սահեանէն գրութիւն մըն է, վերցուած` «Գրական Թերթ»ի 1969-ի 13-րդ թիւէն. խորագիրն է «Տողը, բառը, տառը»: Ընթերցողը կը նշմարէ, որ այդ օրերուն, հայրենի գրողն ու մտաւորականը ինչպիսի՛ նախանձախնդիր ու մշակոյթին տիրութիւն ընողի մօտեցում ունէր մեր լեզուին ու յարակից հարցերուն (նախանձախնդրութիւն` որ մեծ նահանջ արձանագրած է այսօր, կամ` գոնէ չ՛երեւիր գրական-մշակութային անդաստաններուն մէջ…): Երկրորդ յաւելուածը հարցազրոյց մըն է հայերէն ու գրականութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու հետ, կազմակերպուած` «Համազգային»ին կողմէ, 1968-ի Նոյեմբերին: Զրուցավարն է Վահէ Օշական, իսկ համադրող-արձանագրողը` «Ազդակ»ի օրուան աշխատակիցներէն` Շաքէ Մաւիսաքալեան. զրուցողներն են Վահէ Վահեան, Մուշեղ Իշխան, Վազգէն Այգունի, Երուանդ Քասունի` հեղինակը, եւ Եդուարդ Էլոյեան. մէկ խօսքով, այդ օրերու պէյրութեան երկրորդական վարժարաններու մեծ մասին ուսուցիչները: Եթէ մի՛այն այդ հարցազրոյցը այսօր վերստին լոյս ընծայուի մեր մամուլին մէջ, ընթերցողը պիտի հասկնայ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէինք արձանագրելով, որ հին օրերու մտահոգութիւնները, տագնապներն ու բարելաւման ակնկալութիւնները ըստ ամենայնի մեծ փոփոխութիւններ չեն արձանագրած, ու տակաւին` կարելի է երանութեամբ խօսիլ 50 տարի առաջ արձանագրուած մտահոգութեանց, մտատանջութիւններուն եւ յանձնառութիւն պահանջող տեսակէտներուն մասին: Նոյնքան շահեկան է այն, որ գաղափարական տարբեր միջավայրերէ եկող դաստիարակներ այդ օրերուն ալ ունեցած են իրերանման մտահոգութիւններ, մտավախութիւններ ու հեռանկարներ, ապացուցելով, որ մեր լեզուին, գրականութեան, մշակոյթին ու ազգային նման ժառանգութեանց տիրութեան գիտակցութիւնը պէտք էր, այսօ՛ր ալ պէտք է իբրեւ աւանդ ու ժառանգութիւն` դարձնել նոր սերունդներուն էութեան մասնիկը, հետեւաբար, բարձրագոյն մակարդակներու վրայ անոր ընծայուի առաջնահերթութիւն նա՛եւ գործով…
Աւելորդ պիտի ըլլար նշումներ կատարել հեղինակին լեզուին մասին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք որ ան տասնամեակներ շարունակ եղած է հայերէնի պաշտպան հաւատարմատար եւ դաստիարակ: Այսուամենայնիւ, ան երբեմն կը յարի արեւելահայերէնի որոշ արտայայտչաձեւերու: Հատորը հազիւ նկատելի տուրք մը տուած է հայկական հրատարակչատուները վարակած «ախտին, որ կը կոչուի նախատպագրական թերութիւններ: Այլ «ախտ»ի մը արտայայտութիւնն է (եւ ասոր մէջ հեղինակն ու հրատարակողները յանցանք չունին, այլ ընդհակառակը` գո՛րծնապէս ցոյց կու տան, որ կը մնան անոր դէմ պայքարողներու շարքին) հատորին միայն 200 տպաքանակով լոյս ընծայումը…: Իրազեկ մարդը պիտի անդրադառնայ, որ սա կը նշանակէ թէ ինչպիսի՜ նահանջ կրած է Հայ Գիրքի տարածումը, մանաւանդ երբ հաշուի առնենք, որ այս տպաքանակին մէկ կարեւոր բաժինը տեղ կը հասնի իբրեւ… նուէր: Տարբեր չէ մեր մամուլին վիճակը, իսկ համացանցային տարբերակները չեն կրնար բոլորովին քողարկել տագնապին խորութիւնը:
Հատորի վերջին էջերուն, ընթերցողը պիտի գտնէ հեղինակին բաւական ընդարձակ կենսագրութիւնը, գրաւոր վաստակին ընդհանուր պատկերը, ուր ընդարձակ տեղ ունին պատմական ուսումնասիրութիւնները, եւ շնորհակալութեան խօսք` գիրքի պատրաստութեան ու ձեւաւորման աշխատակիցներուն:
26 Մարտ 2020