Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Նիւ Սաութ Ուէյլզի Էքիւմէնիք Խորհուրդը(ՆՍՈԷՔ) Կը Ճանչնայ Հայոց, Ասորիներու եւ Յոյներու Ցեղասպանութիւնները

April 29, 2020
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 Ապրիլ 2020ի կէսօրէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ ամեակի նախօրէին, ՆՍՈԷՔը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց, Ասորիներու եւ Յոյներու Ցեղասպանութիւնները իր եռամսեայ հերթական ժողովին ընթացքին:

Ժողովին հրաւիրուած էին մասնակցելու Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արք Նաճարեան, Ասորիներու Աւստրալիոյ եւ Լիբանանի Առաջնորդ Մար Միլիս Արք. Զայա եւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ Առաջնորդ Մաքարիոս Արքեպիսկոպոս, որ ներկայացուած էր Էմիլիանոս Եպիսկոպոսին կողմէ:

Առցանց գումարուող ժողովին առաջին կէս ժամը յատկացուեցաւ յատուկ հոգեւոր արարողութեան մը, որուն ընթացքին ՆՍՈԷՔի նախագահ Դոկտ Րէյ Քահանայ Ուիլիըմսըն կատարեց բացման խօսքը եւ Տէրունական աղօթքով բաց յայտարարեց այս պատմական հաւաքը:

Երեք եկեղեցապետերուն եւ Շնուտա Քահանայի աղօթքներէն եւ Աւետարանի ընթերցումներէն ետք Դոկտ Րէյ Ուիլիըմսըն կարդաց Ցեղասպանութեանց Ճանաչման Բանաձեւը որ նախօրօք գումարուած ժողովի մը ընթացքին միաձայնութեամբ ընդունուած էր ՆՍՈԷՔի կողմէ: Րէյ Ուիլիըմսըն եւ ՆՍՈԷՔի Ընդհանուր Քարտուղար Շնուտա Մանսուր Քահանան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Ցեղասպանութեանց ճանաչման Բանաձեւին ի նպաստ:

Հաւաքը աւարտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Հայկազուն Արք.ի, Մար Միլիս Զայա Արք.ի եւ Էմիլիանոս Եպիսկոպոսին շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքերով: Եկեղեցապետերը կարեւորութեամբ անդրադարձան այն իրողութեան, որ ՆՍՈԷՔի անդամները ոչ միայն դատապարտեցին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ մարդկութեան դէմ իրագործած ոճրային անարդարութիւնը այլ նաեւ անոնք զօրաւիգ կանգնեցան իրենց Հայ, Ասորի եւ Յոյն Քրիստոնեայ եղբայրներուն կողքին հասկացողութիւն ցուցաբերելով անոնց կրած ցաւին ու տառապանքին:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

23 Ապրիլ 2020 Սիտնի

Նախորդը

Թրամփ Քաջութիւն Չունի Զայն «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Կոչելու

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (29 Ապրիլ 2020)

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.