Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատաւորի Օր. Բանուորին Հացը Քրտինքով Շաղուած Է

Մայիս 1, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Աշխատաւորի օրը Լիբանանի մէջ երբեք ցնծութեան օր չէ եղած:

Երկրին մէջ տասնամեակներէ ի վեր արմատացած վայրագ դրամատիրական դրութիւնն ու  դրամատէր դասակարգի շահագործող անձերն ու վատ մտայնութիւնը երբեք ալ հանգիստ չեն տուած Լիբանանի աշխատաւորական, բանուորական եւ գիւղացիական դասակարգերուն:

Նոյնիսկ պաշտօնէութեան մակարդակին, ներառեալ ուսուցչական ասպարէզի սպասարկուները չեն խնայուած մարդ անհատը ստրկացնող, ազատ կամքը նիւթական ճնշումի ենթարկող, ինքնութիւնը ոտնակոխ ընող դրամի  կէտերու  անյագ շահատակութենէն եւ դրամագլուխի կուտակումէն:

Հարուած ստացած են երկրի ճարտարարուեստն ու երկրագործութիւնը պետութեան ազատ  դրամատիրութեան եւ օտարամուտ  ապրանքատեսակը բաց սահմաններու քաղաքականութեան կիրարկման հետեւանքով: Այս երկու ոլորտները անտարակոյս կը կազմեն ժողովուրդի մեծամասնութիւնը հանդիսացող  բանուորութիւնն ու գիւղացիութիւնը:

Իսկ այսօր` 1 մայիս 2020, նոյն այդ աշխատաւորութիւնը նոյնիսկ ի վիճակի չէ համալիբանանեան մակարդակով ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ տօնախմբութիւն կամ թէկուզ ցոյցեր կազմակերպել:

Եթէ երբեք 17 հոկտեմբեր 2019-ին, ծայր առած ժողովրդային պոռթկումը եւ անոր հետեւող տնտեսական եւ ելեւմտական- դրամատնային մարզերու աւելի մարդակեդրոն եւ արտադրողական աշխարհահայեացքի կիրարկման պահանջատիրութիւնը որոշ յոյսեր կրնային ներշնչել, սակայն երկրի համայնքային բաժանումը, իշխող դրամատիրական սակաւապետութեան ծանր թաթը, փտածութիւնը, շրջանային պայմաններն ու վերջապէս «Քորոնա» ժահրի ստեղծած նոր տագնապը դժբախտաբար չկրցան հասցնել շարժումը իր սկզբնական, ընկերային արդար կարգեր հաստատելու մակարդակին:

Գահավէժ ընթացքի շարունակումով, երկիրը արդէն մտած է իր պատմութեան մէջ աննախադէպ ընթացակարգի մը մէջ, ուր բառացի կերպով դանակը հասած  է ոսկորին, իսկ քաղաքացին` անօթութեան:

Ու կան տակաւին մարդիկ, որոնք դիակներու վրայ պար բռնած, հացի փոխարէն կարկանդակ ուտելու սին երազներ կը շարունակեն սնուցանել:

Աշխատաւորը, բանուորը, գիւղացին, գործազուրկը, պաշտօնեան թէ ուսանողը, այլ խօսքով` քաղաքացիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, որ ոչինչ ունի կորսնցնելիք այլեւս, արդէն փողոցն է կամ դարձեալ պիտի իջնէ, ի գին ամէն բանի, ապահովելու իր եւ իր ընտանիքին հանապազօրեայ հացը:

Ու մեր ժողովուրդն հեռու չէ այս տագնապէն, այլ վաղուց արդէն լուռ ու անշշուկ, իր արժանապատուութիւնը բարձր պահած, ծայրայեղ ինքնազսպութեամբ, անձայն օժանդակութիւններու ճամբով շարունակեց իր առօրեան:

Յուսահատ ժողովուրդը, բանուորն ու պաշտօնեան, գիւղացին եւ ուսանողը, արդար քրտինքով իր առօրեան վաստկող քաղաքացին կրնայ խելագարիլ:

Ու երբ ամբոխի վերածուի քաղաքացիներու հոծ բազմութիւնը, այդ պարագային այդ ամբոխները կը դառնան խելագարուած:

Եւ ճիշդ հոս կը կայանայ քաղաքացիական պատասխանատուութեան եւ խելագարուած ամբոխի տարբերութիւնը:

Քանդե՞լ, թէ՞ շարունակել պայքարիլ:

Մենք կը հաւատանք յարատեւ պայքարին:

Քանդումը մերը չէ:

Պահանջներու արդարացիութիւնը արդար եւ ընդունելի չի դարձներ աւերն ու քանդումը:

Կարելի չէ արիւն խառնել այսօր արդար հացի պահանջին:

Բանուորին հացը քրտինքով շաղուած է:

Մշակն ու րենջպէրը, բանուորն ու ուսանողը, պաշտօնեան եւ աշակերտը այսօր մայիս 1-ին իրենց արդար քրտինքով պահպանելու հրաւիրուած են եւ ոչ թէ դրամատէր սակաւապետ իշխանաւորներուն ջաղացքին ջուր թափելու:

 

 

 

Նախորդը

Ընկերվար Ժողովրդավարութեան Ճգնաժամի Մասին (Մայիսի 1-ի Առիթով)

Յաջորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը «Օղակ» Գործողութեան 29-րդ Տարելիցին Առիթով Յայտարարութիւն Հրապարակեց

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?