Արցախը Միայն Խօսքով Չի Պահուիր

ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ
Արցախը իմ սրտիս մէջ ունի շատ խոր ու յատուկ տեղ: Անիկա պարզ հողամաս չէ ինծի համար, այլ իմ արմատներուս եւ ինքնութեանս մէկ մասն է: Արցախը մեր պատմութիւնն է, մեր եկեղեցիները, մեր լեռները, մեր նախնիները եւ յիշատակը: Ամէն անգամ, երբ Արցախը կը յիշեմ, սիրտս կը լեցուի հպարտութեամբ, բայց միւենոյն ատեն` մեծ ցաւով:
Վերջին տարիներուն շատ դժուար օրեր ապրեցաւ Արցախը` նկատի առնելով, որ ղեկավարութիւնը` ներառեալ Նիկոլը, անտեսեց հայու կամքը եւ յանձնեց Արցախը, եւ այդ արարքը հայ ժողովուրդին մեծ վիշտ պատճառեց: Բայց կը կարծեմ, թէ միայն բարկանալ կամ տխրիլը բաւարար չէ: Ես չեմ ուզեր միայն ըսել` «Կը սիրեմ Արցախը» եւ խօսքս հոն վերջացնել:
Սէրը պէտք է գործով ըլլայ, ոչ միայն բառերով:
Մենք պէտք չէ մոռնանք Արցախը, պէտք չէ լռենք ու հրաժարինք անկէ ու պատմութենէն: Պէտք է շարունակենք խօսիլ, պահանջել արդարութիւն ու իրաւունք եւ յիշեցնել աշխարհին, որ Արցախը հայկական է: Որպէս հայ, ես երբեք չեմ հեռացներ Արցախը իմ սրտէս: Անիկա պիտի մնայ իմ հոգւոյս մէջ, այսօր, վաղը եւ միշտ:
ՆՈՒՇԻԿ ԷԼԷՅՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ՊՄ
Արդարութեան
Պահանջէն Ծնած Պայքարը

ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Արցախեան ազատագրական պայքարը միայն ռազմական դիմակայութիւն մը չէր, ան ժողովուրդի մը գոյութեան, արժանապատուութեան եւ ինքնութեան պայքարն էր: Արցախի հայութիւնը պայքարեցաւ ոչ միայն իր հողին համար, այլ նաեւ` իր լեզուին, մշակոյթին, հաւատքին եւ պատմական յիշողութեան պահպանման համար: Այդ պայքարը ծնած էր արդարութեան պահանջէն եւ ազատ ապրելու կամքէն:
Արցախի ժողովուրդը ստիպուած եղաւ դիմելու ազատագրական պայքարի, երբ իր իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը վտանգուած էին: Այդ պայքարը միայն զէնքի ուժով չէր սահմանափակուած, ան արտայայտուեցաւ նաեւ միասնութեամբ, տոկունութեամբ եւ իր արմատներուն կառչած մնալով: Երբ մարդիկ իրարու կը վստահին եւ կը կանգնին կողք-կողքի, անոնք կրնան դիմանալ բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց, նոյնիսկ երբ պայմանները իրենց դէմ են:
Արցախեան պայքարը նաեւ խոր սիրոյ արտայայտութիւն մըն էր, սէր` դէպի հայրենիք, լեռներ, եկեղեցիներ եւ նախնիներու հողը: Շատեր զոհուեցան, որպէսզի ապագայ սերունդները կարենան ապրիլ ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ: Այդ պատճառով ազատութիւնը միայն նուէր մը չէ, այլ` սրբազան պատասխանատուութիւն մը, որ մենք կը կրենք անոնց յիշատակի հանդէպ:
Աւելի լայն իմաստով, Արցախի պայքարը կը խորհրդանշէ մարդու ներքին ազատութեան ձգտումը` չվախնալ պաշտպանելու իր ճշմարտութիւնը եւ չկորսնցնել սեփական պատկանելիութիւնը, նոյնիսկ` ամենածանր պայմաններուն մէջ: Ան կը յիշեցնէ մեզի, որ ազատութիւնը կը սկսի սրտէն, բայց կը դառնայ ուժ, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը միասին կը կանգնի:
Վերջապէս, արցախեան ազատագրական պայքարը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ժողովուրդ մը, որ կը պահէ իր յիշողութիւնը, մշակոյթը եւ արժէքները, երբեք իրողապէս չի կորսուիր, նոյնիսկ երբ պատմութիւնը դաժան փորձութիւններու առջեւ կը դնէ զինք:
ԳԱԼԻՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ
Արժանապատիւ
Ինքնութեամբ Ապրելու Համար…

ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՏ
Արցախը մեր կեանքին մէջ ունի խորքային եւ էական դեր, որովհետեւ ան միայն աշխարհագրական տարածք չէ, այլ մեր ազգային յիշողութեան, ինքնութեան եւ պատմական գիտակցութեան անբաժան մասն է: Արցախը դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի գոյամարտի, մշակութային շարունակականութեան եւ հոգեւոր տոկունութեան խորհրդանիշ: Ան կը մարմնաւորէ` մեր անցեալը, մեր պայքարը եւ մեր արժէքային համակարգը:
Արցախը մեզի կը սորվեցնէ պատասխանատուութիւն` մեր պատմութեան եւ մեր ապագային հանդէպ: Ան կը ձեւաւորէ հայրենասիրական գիտակցութիւն, կը զօրացնէ համախմբուածութեան զգացումը եւ կը յուշէ, որ ինքնութիւնը պահպանելը պահանջ կը դնէ զոհողութեան եւ նուիրումի: Մեր կեանքին մէջ Արցախը ներկայ է ո՛չ միայն յիշողութեամբ, այլ նաեւ բարոյական պարտաւորութեամբ` չմոռնալու, չհրաժարելու եւ արժեւորելու մեր արմատները:
Արցախը, ի վերջոյ, մեզի համար հողի սահմաններէն անդին` յաւելեալ նշանակութիւն ունի. ան գաղափար է, հաւատք եւ շարունակական պայքար` մեր լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային գոյութիւնը պահպանելու համար, որպէսզի յառաջիկայ սերունդները ապրին գիտակից եւ արժանապատիւ ինքնութեամբ:
ՌԻԹԱ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ
Վարդանանց Խորհուրդը
Հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը պահող տօներէն մէկն է Վարդանանցը, որուն շնորհիւ մենք պահեցինք կրօնական այն դաստիարակութիւնը` երդուելով սուրբ Աւետարանին ու սուրբ խաչին: Խիզախ ու յանդուգն սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանով իր քաջերուն հետ պայքարեցաւ` նուիրաբերելով իր կեանքը ազգին ու հայրենիքին:
Վարդանանց յաղթանակը սովորական յաղթանակ մը չեղաւ մեր պատմութեան մէջ, այլ` անմար կրակ մը, որ մնաց մեր յիշողութեան մէջ, եւ ամէն տարի զայն յիշատակելով` սրբազան պայքարի ուխտ մը կը դառնայ ձուլումի ու համաշխարհայնացման հոսանքներուն դէմ, որոնք օրէ օր կը ծաւալին: Աւելի՛ն. Վարդանի աննկուն կամքէն օրինակ առնելով, մեր ժողովուրդը գօտեպնդուելով` պէտք է սթափի եւ պաշտպանէ իր կրօնը, լեզուն, մշակոյթը եւ արժէքները, որպէսզի համայն աշխարհին ցոյց տանք, որ` «Մենք կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»…
ՎԱՆԱՅ ՏԷՏՈՒՇԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ
Վարդանանցը Ներկայ Է
Վարդանանց ճակատամարտը մեր պատմութեան այն դէպքերէն մէկն է, որ միայն անցեալին չի պատկանիր, այլ մինչեւ այսօր կ՛ապրի մեր հոգիին մէջ: Աւարայրի դաշտին վրայ մղուած այդ պայքարը սոսկ զինուորական բախում մը չէր, այլ` հաւատքի, ինքնութեան եւ արժանապատուութեան համար կատարուած գիտակցուած ընտրութիւն մը: Հայ ժողովուրդը դէմ առ դէմ կանգնած էր ճակատագրական հարցի մը` հրաժարի՞լ սեփական հաւատքէն ու էութենէն, թէ՞ մնալ հաւատարիմ` նոյնիսկ կեանքի գնով:
Վարդան Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ հայերը քաջ գիտակցեցան, թէ կրնան պարտուիլ սուրով, բայց երբեք` հոգիով: Այդ համոզումն էր, որ զանոնք անսասան պահեց: Անոնց զոհաբերութիւնը դարձաւ պատգամ, իսկ նահատակութիւնը` ապագային ուղղուած լուռ խոստում մը: Վարդանանց օրինակը մեզի սորվեցուց, որ կան արժէքներ, որոնք վեր են ժամանակաւոր խաղաղութենէն եւ արտաքին յաղթանակներէն:
Վարդանանց ճակատամարտին ազդեցութիւնը մինչեւ այսօր կ՛արտացոլայ մեր կեանքին մէջ: Ան մեզի տուաւ դիմադրելու կամք, հաւատքին ու ազգային դիմագիծին հաւատարիմ մնալու ուժ: Այս դէպքը դարձաւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող յիշեցում մը, որ հայ ըլլալը միայն անուն չէ, այլ պատասխանատուութիւն` պահպանելու այն, ինչ որ մեզի փոխանցուած է զոհողութեամբ:
Վարդանանց ճակատամարտը մեզի համար պարտութիւն չէ, այլ` հոգեւոր յաղթանակ մը: Ան կը շարունակէ ապրիլ մեր պատմութեան մէջ ո՛չ որպէս անցեալ, այլ` որպէս մշտական ներկայութիւն, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ ո՛վ ենք եւ ինչի՛ համար կրնանք կանգնիլ մինչեւ վերջ:
ԱՆՆԱ ՄԱՐԻԱ ՂԱԶԱՐ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ
Հաւատքի Յաղթանակը
Վարդանանց տօնը կը յիշեցնէ մեզի հայ ժողովուրդին մեծ պայքարը իր հաւատքին եւ ինքնութեան համար: Պարսից արքան ուզեց, որ հայերը հրաժարին իրենց քրիստոնէական հաւատքէն, բայց հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ եւ մերժեց այդ պահանջը:
Վարդան Մամիկոնեան` քաջ ու նուիրուած սպարապետը, առաջնորդեց հայ զինուորները Աւարայրի ճակատամարտին մէջ: Թէեւ հայերը չյաղթեցին զէնքով, բայց անոնք յաղթեցին հաւատքով:
Վարդանանց ճակատամարտը մեզի կը սորվեցնէ քաջ ըլլալ, հաւատք ունենալ եւ պաշտպանել մեր արժէքները:
ԱՄԱՆՏԱ ՔԱՍՏԻՔԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
451-էն Մինչեւ Այսօր Նոյն Հայն Է
Ամէն տարի մենք կը յիշենք Վարդան Մամիկոնեանը եւ անոր հերոս ռազմիկները: 451 թուականին, այսինքն` 1575 տարի առաջ, Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ պատմական ճակատամարտ մը: Անոնք կռուեցան մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու համար: Թէեւ գիտէին, որ պիտի պարտուին, բայց լաւ գիտէին, որ եթէ չկռուէին, կը կորսնցնէին ամէն ինչ: Ուստի ընտրեցին մարտնչիլը:
Թէեւ պատերազմի դաշտին վրայ պարտուեցան, բայց հոգեպէս յաղթեցին: Պարսիկները չկրցան ստիպել հայերուն հրաժարիլ իրենց հաւատքէն: Այսպիսով, ֆիզիքական պարտութիւն մը դարձաւ իսկական յաղթանակ:
Այսօր, երբ կը նայինք Արցախի պատմութեան, կը տեսնենք նոյն ոգին: Արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ երիտասարդներ, որոնք կրնային ապահով ապրիլ սփիւռքին մէջ, գացին պաշտպանելու մեր հայրենիքը: Անոնք Վարդանանց ժառանգորդներն են:
Մենք պէտք է հասկնանք, որ պայքարը չէ վերջացած: Մեր պարտականութիւնն է` սորվիլ, ուժեղ դառնալ եւ շարունակել այս պայքարը: Վարդանանց ճակատամարտէն մինչեւ Արցախղ նոյն ոգին է, որ կ՛ապրի մեր մէջ, եւ ինչպէս անոնք կռուեցան ու պաշտպանեցին, մենք ալ պիտի կռուինք ու պաշտպանենք:
Հայ ժողովրդի պատմութիւնը յաղթանակներու պատմութիւն է, նոյնիսկ` ամենադառն պարտութիւններէն ետք…
ԱԼԵՔՍ ՉԵՐՔԵԶԵԱՆ
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» ՊՄ
Ազատ Ու Անկախ Արցախ
Երբ կը մտածեմ Արցախի մասին, սիրտս կը ցաւի, բայց միաժամանակ հպարտութիւն մը կը զգամ: Մեր ժողովուրդը երբեք չկորսնցուց յոյսը: Տասնամեակներ շարունակ Արցախի հայութիւնը պայքարեցաւ ազատութեան համար, իր հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքին համար:
1988-ին, երբ Արցախի հայութիւնը սկսաւ բարձրաձայնել իր իրաւունքներուն մասին, ամբողջ աշխարհի հայերը զգացին, որ պարտաւորութիւն մը ունին: Հազարաւոր կամաւորներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն միացան պաշտպանական ուժերուն: Լիբանանահայ երիտասարդներ գացին կռուելու: Մեր համայնքը դրամ հաւաքեց ու աղօթեց: Անոնք գիտէին, որ կը պաշտպանէին ոչ միայն հող մը, այլ` մեր ինքնութիւնը, մեր լեզուն ու մեր ապագան:
Պայքարը դժուար էր: 1992-ին ազատագրուեցաւ Շուշին, Արցախին սիրտը: 1994-ին ստորագրուեցաւ զինադադարի համաձայնութիւնը: Այդ տարիներուն հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ զոհուեցան: Արցախը դարձաւ հայ ժողովուրդի դիմադրութեան եւ ազատութեան խորհրդանշան:
Թէեւ շատեր մեզմէ երբեք չեն այցելած Արցախ, բայց մեր զգացումը խորունկ է: Այսօր թէեւ իրավիճակը դժուար է, Արցախի կորուստը մեծ է, բայց Արցախը միշտ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ: Այդ հերոսներուն զոհողութիւնը մեզի սորվեցուց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ:
Մենք` նոր սերունդը, կը խոստանանք կատարել մեր պարտականութիւնը` պայքարիլ Արցախին եւ մեր բոլոր բռնագրաւուած հայրենի հողերուն ազատագրութեան համար: Եւ եթէ մենք չյաջողինք կատարել այս պարտականութիւնը, պիտի փոխանցենք մեր զաւակներուն` պահանջելով, որ իրենց զաւակներուն եւս փոխանցեն, մինչեւ վերջնական յաղթանակը:
ԿԱՐԷՆ ԱՐԵՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» ՊՄ
Արցախ` Մեր Ցաւն Ու Մեր Ուժը
Արցախը միայն քարտէսի վրայ գտնուող տարածք չէ: Արցախը մեր սրտին մէկ մասն է: Անիկա մեր պատմութիւնն է, մեր եկեղեցիները, մեր լեռները եւ մեր մեծերուն յիշատակներն է: Երբ կ՛ըսենք «Արցախ», մենք միայն տեղ մը չենք յիշեր, հողաշերտ մը չէ, երկիր մը չէ, այլ մեր ինքնութիւնն է:
Բազմաթիւ հայեր ցաւ կը զգան, երբ կը լսեն Արցախի անունը: Մենք կը յիշենք` գիւղերը, դպրոցները, զինուորները եւ ընտանիքները, որոնք ստիպուած եղան իրենց տուներէն հեռանալ: Դիւրին չէ հայրենիք մը կորսնցնելը, բայց որքան ալ հեռու ենք Արցախէն, պիտի շարունակենք ապրիլ Արցախով եւ մեր սրտերուն մէջ պահել մեր գրաւուած հայրենիքը:
Մենք` նոր սերունդը, եւ ի մասնաւորի` դաշնակցական պատանիները, պէտք է պահենք մեր մշակոյթը: Խօսինք հայերէն, սորվինք մեր պատմութիւնը, երգենք մեր երգերը եւ նոր սերունդին սորվեցնենք Արցախի մասին: Եթէ մոռնանք անցեալը, այն ատեն իսկապէս կը կորսնցնենք ամէն ինչ: Բայց եթէ յիշենք, ան միշտ պիտի ապրի:
Մենք պէտք է դառնանք ուժեղ` մեր ուսումով, աշխատասիրութեամբ եւ յարգանքով: Զօրաւոր ժողովուրդը կը կառուցուի զօրաւոր անհատներով: Ամէն մէկս պատասխանատուութիւն ունինք:
Արցախը միայն անցեալ չէ, այլ մեր ցաւն ու ուժն է, մե՛նք ենք: Այնքան ատեն որ դեռ կը յիշենք եւ կը սիրենք, Արցախը միշտ պիտի ապրի մեր մէջ, որպէսզի վաղը, երբ պատեհ առիթը գայ, վերստի՛ն ազատագրենք:
ԳԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ
Աւարայրէն Արցախ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կան պայքարներ, որոնք կը դառնան յաւերժական օրինակներ եւ ազգային գիտակցութեան հիմքեր: Այդպիսի կարեւոր իրադարձութիւններէն է Վարդանանց ճակատամարտը, որ տեղի ունեցաւ 451 թուականին Աւարայրի դաշտին մէջ: Հայերը, գլխաւորութեամբ Վարդան Մամիկոնեանի, կը պայքարէին Սասանեան Պարսկաստանի դէմ` պաշտպանելու իրենց քրիստոնէական հաւատքը եւ ազգային դիմագիծը:
Թէեւ ճակատամարտին մէջ հայերը իրողապէս յաղթանակ չտարին, սակայն անոնց զոհողութիւնն ու հաստատամտութիւնը բարոյական յաղթանակ բերին եւ նպաստեցին հայոց կրօնական ազատութեան եւ պահպանման:
Դարեր անց հայ ժողովուրդը կրկին կանգնեցաւ գոյապայքարի առջեւ` Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներուն: Հայերը կը պայքարէին իրենց ինքնորոշման իրաւունքին, անվտանգութեան եւ հայրենի հողի պաշտպանութեան համար: Ինչպէս Վարդանանց ժամանակ, նոյնպէս ալ արցախեան պատերազմին հայ ժողովուրդը միաւորուեցաւ` պաշտպանելու իր արժանապատուութիւնն ու ապագան:
Այս երկու պայքարներուն միջեւ յստակ է գաղափարական կապը: Երկու պարագաներուն ալ հայ ժողովուրդը ստիպուած էր դիմակայելու թիւով եւ ուժով աւելի մեծ թշնամիի: Երկու պայքարներն ալ մղուեցան ո՛չ միայն տարածքի, այլեւ ինքնութեան, հաւատքի եւ ազատ ապրելու իրաւունքին համար:
Այսպիսով, Վարդանանց ճակատամարտը եւ արցախեան պատերազմը նոյն ազգային ոգիի տարբեր դրսեւորումներն են: Անոնք մեզի կը սորվեցնեն, որ նոյնիսկ ամենածանր փորձութիւններուն պահուն պէտք է պահպանել հաւատքը, միասնութիւնը եւ պայքարելու կամքը:
ՑՈԼԵՐ ՄԱՅԻՍԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ
Պարտաւոր Ենք Արցախով Ապրիլ
Արցախեան ազատագրական պայքարը հայ ժողովուրդին պատմութեան ամենակարեւոր էջերէն մէկն է: Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, Արցախը կը մնայ մեր հայրենիքը: Այսօր ֆիզիքապէս մերը չէ, մեզի հետ չէ, բայց մենք կը յիշենք, պէտք է յիշենք:
Արցախը ա՛յն վայրն է, որ հերոսներու արեամբ ազատագրուած էր, ուր պատմութիւն ու անցեալ կայ, ուր ներկան անորոշ է, բայց ապագան մերն է:
Արցախեան ազատագրական պայքարէն մինչեւ 44-օրեայ պատերազմ` հազարաւոր նահատակներով հայրենիքի գաղափարը ապրած է: Դժբախտաբար այսօր կորսնցուցած ենք, բայց մենք Արցախէն չենք հրաժարած:
Մենք` իբրեւ դաշնակցական պատանիներ, պարտաւոր ենք եւ պատրաստ ենք պատմութիւնը լաւ ճանչնալու, պատմութիւնը սորվելու եւ միշտ Արցախին համար պայքարելու:
Մեր նահատակները իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի Արցախը պաշտպանեն: Այս նուիրումը մեծագոյն սիրոյ արտայայտութիւնն է հայրենիքին նկատմամբ, եւ մենք պարտաւոր ենք այդ շունչը պահել, Արցախով ապրիլ եւ Արցախը ազատ տեսնելու կամքը չկորսնցնել:
ԱՐԱԶ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ
Մեր Ինքնութեան Մէկ Բաժինը
Նկատուող Արցախը
Այո՛, Արցախը մեր ինքնութեան մէկ բաժինն է, հարուստ ժառանգութեամբ, իբրեւ մտային, հոգեւոր դաստիարակութեան արծուաբոյն դրախտ` կանաչապատ տարածքով, պատմական յուշարձաններով ու մշակութային արժէքներով:
Արցախը պատմութեան մէջ կռուախնձոր եղած է թշնամիին կողմէ, սակայն շնորհիւ իր քաջարի զինուորներուն ու կամաւորական գունդերուն` կրցած է վերանուաճել ինքզինք, միշտ պայքարած է իր հողին ու ազատութեան համար:
Կորսնցուցինք Արցախը իբրեւ տարածք, սակայն վստահ ենք, որ պիտի գայ ժամանակը, եւ մենք պիտի վերատիրանա՛նք մեր հողերուն:
Մեր անբաժան մասնիկն է Արցախը…
ԱՐԱԶ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ
Հայրենիքն Ու Հաւատքը
Բարձր Արժէքներ Են
Քաջ Վարդան Մամիկոնեանը հայ ժողովրդի պատմութեան ամենափառաւոր ու հերոսական դէմքերէն մէկն է: Ան 5-րդ դարուն ապրած զօրավար էր, որ իր կեանքը նուիրեց հայրենիքին եւ քրիստոնեական հաւատքին պաշտպանութեան:
Վարդան Մամիկոնեանը հռչակաւոր էր ոչ միայն իր քաջութեամբ, այլեւ` իր անսահման հայրենասիրութեամբ եւ ազգին հաւատարմութեամբ:
451 թուականին, երբ պարսիկները կը փորձէին ստիպել հայերուն հրաժարիլ քրիստոնէութենէն, Վարդան Մամիկոնեանը կանգնեցաւ ժողովրդէն առաջ եւ առաջնորդեց զայն դէպի Աւարայրի ճակատամարտ:
Վարդան Մամիկոնեանը զոհուեցաւ կռուի դաշտին մէջ, սակայն անոր անունը մնաց անմահ: Ան դարձաւ ազատութեան, հաւատքի եւ ինքնազոհաբերութեան խորհրդանիշ հայ ժողովուրդին համար:
Մինչեւ այսօր քաջն Վարդանի օրինակը մեզի կը յիշեցնէ, որ հայրենիքն ու հաւատքը բարձր արժէքներ են, որոնց համար կ՛արժէ պայքարիլ:
ԱՐՏԱԿ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ


