ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ
Պօղոս-Սնապեանի տուն թանգարանի վարիչ
Պատուարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,
Շարունակաբար չորս բաժիններով վերջերս «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսաւ Այնճարի մասին պատկերազարդ յօդուածաշարք մը` «Մէկ ընտանիքի պէս ապրում ենք այստեղ» խորագիրով, որ բաւական յստակ պատկեր մը կու տայ գիւղին ներկայ դրութեան մասին` ներկայացնելով հանդերձ անոր պատմական անցեալն ու անցած դժուարին ուղին: Յօդուածին համահեղինակներն են հայրենի «Հետք» թերթի աշխատակիցներ` Վահէ Սարուխանեանն ու Մարինէ Մարտիրոսեանը: Չենք գիտեր, թէ անոնք Այնճար ժամանելո՞վ է, որ հարցազրոյցներ վարած են քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանի եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ, թէ՞ առցանց կատարած են իրենց պրպտումները, սակայն այս պարագան այդքան ալ կարեւոր չէ` ներկայի արհեստագիտութեան ընձեռած դիւրութիւնները նկատի ունենալով:
Պէտք է անմիջապէս ընդգծել, որ Այնճարի մասին դոյզն իսկ գաղափար չունեցողն անգամ կրնայ բաւական լայն ծանօթութիւններ եւ տեղեկութիւններ ամբարել գիւղին մասին, ինչ որ դրական եւ ողջունելի իրողութիւն է:
Զարմանալին այն է սակայն, որ Մուսա Լեռ-Այնճարի մասին խօսելով` կարելի չէ չյիշել մուսալեռցի-այնճարցի երեւելի դէմքեր, ինչպիսիք են` վաղամեռիկ բանաստեղծ Եդուարդ Պոյաճեան, ազգային գործիչ Սարգիս Զէյթլեան եւ գրաքննադատ, արձակագիր Պօղոս Սնապեան: Շատեր պիտի առարկեն` ըսելով, որ շարքը շատ երկար է, կարելի չէ բոլորը թուել, սակայն Այնճարի մասին խօսիլ եւ չյիշատակել գէթ ա՛յս անունները, խոցելի եւ պակասաւոր կը դարձնէ այս յօդուածաշարքը: Առաւել եւս վերջին` «Ազդակ» օրաթերթի երեքշաբթի, 17 փետրուար 2026-ի «Շարունակութիւն թիւ 4»-ին մէջ անդրադարձ կատարուած է Այնճարի մէջ գործող երկու թանգարաններու` «Ազգագրական թանգարան Մուսա Լեռ-Այնճարի» եւ քանդակագործ Վարուժան Մարտիրեանի տուն-թանգարանին եւ զանց առնուած է Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի յիշատակութիւնը: Յիշեցնենք, որ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած էր 2015 թուականին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հովանաւորութեամբ, աննախընթաց երեւոյթ ըլլալով` առաջինն է իր տեսակին մէջ ո՛չ միայն Այնճարի եւ Լիբանանի, այլ նաեւ` ամբողջ սփիւռքի տարածքին:
Ուստի մեր փափաքն է, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնն ու պատասխանատուները Այնճարի մասին վաւերագրական յօդուած կամ ժապաւէն պատրաստողներուն, Այնճար այցելողներուն կամ ընդհանրապէս Այնճարով հետաքրքրուողներուն ուշադրութեան յանձնեն Պօղոս-Սնապեանի տուն թանգարանը, որովհետեւ անիկա անառարկելիօրէն դարձած է Այնճարի այցետոմսերէն մէկը:
Բարի՛ երթ Այնճարին եւ Այնճարը կանգուն պահողներուն:
Յարգանքով`
ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ
Պօղոս-Սնապեանի տուն թանգարանի վարիչ
Պէյրութ, 18 փետրուար 2026


