Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դար Մը Պայքարի Ժառանգութիւն, Դար Մը Ազատագրութեան Դրօշակիր` ՀՅԴ-ն Արցախի Ազատագրութեան Առաջնագիծին Վրայ

Արցախեան Շարժման 38-Ամեակ

February 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ

1988-էն մինչեւ 1994 երկարող ժամանակահատուածը հայ ժողովուրդին համար եղաւ ճակատագրական եւ անկիւնադարձային փուլ` պատմական արդարութեան պահանջով եւ ազգային զարթօնքով: 11 փետրուար 1988-ին Ստեփանակերտի մէջ ծայր կու տան ժողովրդային ցոյցեր` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Խորհրդային Հայաստանի միացնելու պահանջով: Յաջորդող օրերուն պահանջատիրական երթը կը ծաւալի Արցախէն Հայաստան, տեղի կ՛ունենան` բազմահազարներու մասնակցութեամբ ժողովրդական ցոյցեր, դասադուլներ, գործադուլներ եւ հանրահաւաքներ:

20 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդը կ՛որոշէ անջատուիլ Ազրպէյճանէն եւ վերամիանալ Հայաստանին` Խ. Միութեան սահմանադրութեան ազգերու ինքնորոշման վերաբերող յօդուածին տրամադրութիւններուն համաձայն: Այս պահանջը ո՛չ պատահական էր, ո՛չ ալ նոր մտածում մը. Արցախը դարեր շարունակ եղած է հայկական, ան հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային ինքնութեան անքակտելի մասն է: Սակայն խորհրդային վարչակարգի տարիներուն` 5 յուլիս 1921-ին, Արցախը քաղաքական որոշումով Խորհրդային Միութեան կողմէ կը միացուի Ազրպէյճանի կազմին, որուն պատճառով հետագայ տասնամեակներուն տեղի կ՛ունենան ազգային ճնշումներ, հողային բռնագրաւումներ, ջարդեր ու կոտորածներ, որոնց պատճառով ալ հայ ազգի ու արցախահայութեան իրաւունքները շարունակաբար կ՛ոտնակոխուին:

1988 թուականի արցախահայութեան խաղաղ եւ օրինական պահանջին ի պատասխան` Ազրպէյճան Սումկայիթի եւ այլ ազերիական հողատարածքներու վրայ կը կազմակերպէ հայութեան դէմ վայրագութիւններ, ջարդեր եւ բռնատիրութիւններ: Միաժամանակ Արցախի տարածքին բնակող ազերի բնակչութեան շրջանակներու մէջ տեղի կ՛ունենան բախումներ եւ ընդհարումներ` արցախահայութեան հետ:

Այս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ արցախահայութիւնը վերջնականապէս կը գիտակցի, որ իր պայքարը լոկ քաղաքական պահանջ չէ, այլ կենսական հրամայական` պաշտպանելու Արցախի ու արցախահայութեան գոյութիւնը:

Ահաւասիկ այսպէ՛ս ծնունդ առած էր Արցախի պահանջատիրութեան համազգային շարժումը`  օրինական եւ անժխտելի պահանջով վերամիացումը Հայաստանին: Աւելի՛ն. սկսած էր Արցախի գոյապայքարը` հայրենի հողի անձնուրաց ինքնապաշտպանութիւնը, ազգային ինքնութեան անխախտ պահպանումը եւ ազատագրուած Արցախի լուսաւոր ապագան կերտելու վճռական ու աննահանջ երթը:

Համազգային այս պայքարէն անշուշտ անմասն չէր կրնար մնալ ազգային ազատագրութեան գաղափարէն ծնած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին կուտակած էր պայքարի, կազմակերպուած դիմադրութեան եւ ազգային ինքնապաշտպանութեան հարուստ փորձառութիւն:

Իր գաղափարական ժառանգութեամբ եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած կազմակերպական մշակոյթով ՀՅԴ-ն այդ պայքարը ընկալեց որպէս ազգային ազատագրական պայքարի բնական եւ պատմական շարունակութիւն` արցախեան շարժումը նկատելով իբրեւ Հայ դատի համընդհանուր պայքարի անբաժանելի բաղադրիչը: Սակայն պատմական պայմաններու բերումով  ՀՅԴ-ն վերջին 70 տարիներուն իր գործունէութիւնը հիմնականին մէջ սահմանափակած էր սփիւռքի շրջանակներուն մէջ, եւ ժամանակը հասած էր վերադառնալու եւ գործելու հայրենիքի` Հայաստանի մէջ:

Ահա թէ ինչո՛ւ օգոստոս 1988-ի գումարուած ՀՅ Դաշնակցութեան 24-րդ Ընդհանուր ժողովը կը վճռէ վերադառնալ «Դէպի Երկիր»: Ժողովը նախատեսած էր քննել կարելիութիւնները եւ գործնական քայլերու իրականացումը` ըլլան պայմաններու յարմարութեան եւ հանգրուանային, մինչեւ հայրենի կառոյցներու ստեղծումն ու ամրապնդումը: Ընդհանուր ժողովը իր յայտարարութեան մէջ կը բաւարարուի սփիւռքեան մակարդակով իր զօրակցութիւնը յայտնելով հայրենիքին` «ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՒ ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՒ ՄԷԿ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ» կարգախօսով, իսկ ազգային-քաղաքական գետնի վրայ զօրավիգ կը կանգնի Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանի վերամիացման: ՀՅԴ-ն վերահաստատելով իր պարտաւորութիւնները հայրենի ժողովուրդին նկատմամբ` կը յայտարարէ. «Լրիւ զօրավիգ հանդիսանալ անոր տրամադրութիւններուն եւ ձգտումներուն, անոր ազգային ազատութիւններուն, ընկերային ու քաղաքական պահանջներուն»:

Սկզբնական շրջանին արցախեան պայքարին մէջ ՀՅԴ-ի մասնակցութիւնը հիմնականին մէջ կը սահմանափակուի սփիւռքի մէջ իրականացուող գործնական եւ քարոզչական աշխատանքներով: ՀՅԴ-ն զօրաշարժի կ՛ենթարկէ հայ գաղութները` Արցախի պահանջատիրութեան շուրջ հայանպաստ մթնոլորտ ձեւաւորելու եւ միջազգային ուշադրութիւնը գրաւելու հրամայականով:

Միաժամանակ ՀՅԴ-ն իր ամբողջ ներուժը «Դէպի Երկիր» ուղղելով` զօրաշարժի կ՛ենթարկէ իր շարքերը:  Այդ փուլին «Երկիր»-ը նախ եւ առաջ Արցախն էր: Ուստի յաջորդող տարիներուն Դաշնակցութիւնը ձեռնամուխ եղաւ Արցախի մէջ իր կազմակերպական կառոյցներու հիմնադրութեան, ձեւաւորման եւ ամրապնդման գործին` սկիզբ առնելով Ստեփանակերտէն, ապա` տարածուելով Հադրութ, Մարտակերտ, Մարտունի եւ վերջապէս` Շահումեան:

Յուլիս 1989-ին ՀՅԴ Բիւրոն կը հրապարակէ յայտարարութիւն` «ՄԻԵՒՆՈՅՆ ՃԱԿԱՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻԼ` ՅԱՆՈՒՆ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ» խորագիրով: Յայտարարութիւնը, արդէն իր առաջին տողով` «Հնչած է ժամը արցախեան շարժումի հասունացման», ցոյց կու տայ, թէ Դաշնակցութիւնը կանգնած էր իր պատմական պարտքի գիտակցութեամբ` պատրաստ ստանձնելու ազգային պատասխանատուութիւնը: Շարժման հասունացումը ան կը տեսնէր երկու ուղիով` ստեղծել համահայկական պայքարի միացեալ ճակատ եւ ապաւինիլ սեփական ուժին: Աւելի՛ն. երբ կը շեշտէր` «Համազգային միութեան այդ կամքին նուիրագործումը մենք կը սպասենք բոլոր այն խմբաւորումներէն, որոնք այսօր լծուած են հայրենի հայութեան ժողովրդային շարժումը միակամ ճակատով կազմակերպելու ճիգին», ՀՅԴ-ն ոչ միայն համախմբման կոչ կ՛ողղէր, այլ նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր ղեկավարելու այդ գործը եւ անուղղակիօրէն կը հաստատէր, որ ինք Արցա՛խ է:

8 օգոստոս 1990-ին ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը բացայայտէ հայրենիքի մէջ իր կազմակերպական ներկայութիւնը` յայտնելով հայ ժողովուրդին, որ շուտով պիտի հաստատէ Հայաստանի իր կեդրոնական գրասենեակը, պաշտօնաթերթը եւ մամլոյ-տեղեկատուական կեդրոնը: Աւելի՛ն. Հայաստանի առաջին անկախութեան դրօշակիրը անգամ մը եւս գիտակցաբար կը վերահաստատէ իր պատմական կոչումը` ազատ եւ անկախ Հայաստանի կերտումը, եւ իր ամբողջ ուժն ու կարողականութիւնը կը դնէ հայ ժողովուրդի ազգային ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հայրենիքի քաղաքական, տնտեսական, հասարակական, արհեստագիտական ու մշակութային հզօրացման:

1989 թուականէն սկսեալ Դաշնակցութեան գործիչները Արցախի մէջ կը սկսին նախաձեռնել եւ կազմակերպուած կերպով հիմը դնել Արցախի ինքնապաշտպանութեան կառոյցի մը ստեղծման: Գործունէութիւնը, բնականաբար, կը տարուէր խիստ գաղտնապահութեամբ` պայմանաւորուած ժամանակաշրջանի ներքին թէ արտաքին քաղաքական եւ անկայուն կացութեամբ:

Արցախի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան աշխատանքները հիմնաւորուած էին ոչ միայն գաղափարական ու կազմակերպական աշխատանքներուն վրայ, այլ նաեւ` զէնքի հայթայթման ու փոխադրութեան: Ահա թէ ինչո՛ւ 1997-ին Արցախի նախագահ Արկադի Ղուկասեան կը յայտարարէր. «ՀՅԴ-ն Արցախ եկած առաջին կուսակցութիւնն է: Մենք զէնքի պէտք ունէինք, անոնք մեզի զէնք բերին»:

Մինչեւ 1992-ի Բերձորի ազատագրումը, Հայաստանի Հանրապետութեան կապը Արցախի հետ կը մնար օդային` ուղղաթիռներու ճամբով: Հայաստանի մէջ, օդակայան հասնելէ առաջ զէնքով բռնուելու պարագային, կամաւորներն իսկ կը ձերբակալուէին, հետեւաբար Արցախ մեկնումը պէտք էր ըլլար կազմակերպուած, գաղտնի եւ զգուշաւոր կերպով: Օդակայանին մէջ ստեղծուած էր ներքին դրութիւն մը, ըստ որուն, հնարաւոր էր զէնքով մեկնիլ Արցախ, սակայն անհնար էր զէնքով վերադառնալը Հայաստան: Ահա այս պայմաններուն մէջ էր, որ Դաշնակցութիւնը կարողացաւ իր պատմական փորձառութիւնը ի սպաս դնել եւ կազմակերպել զէնքի փոխադրութիւնը: Սկզբնական շրջանին զէնքերը կը հասնէին Շահումեան, ուրկէ ձիերով Մռաւ լերան ճամբով կը փոխադրուէին դէպի Գետաշէն, Մարտունի եւ Արցախի մնացեալ շրջանները:

Ահաւասիկ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ջանքերով եւ միջոցներով Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ կը կազմաւորուէին ինքնապաշտպանական  ջոկատներ: Անոնց զինումը կը կատարուէր յստակ պայմաններով. զէնք կը ստանային եւ կը սպառազինուէին միայն այն կամաւորները, որոնք կը մասնակցէին Դաշնակցութեան գործիչներու կազմակերպած նախապատրաստական մարզումներուն եւ քննութիւնները յաջողութեամբ ու պատրաստակամութեամբ կ՛աւարտէին:

Զինուորական գիտելիքներուն առընթեր, դաշնակցական գործիչները  առաջնահերթ կը նկատէին գաղափարական դաստիարակութիւնը: Այս աշխատանքը կը կատարէին թէ՛ դաշնակցական մարզիչները, թէ՛ դաշնակցական ուսուցիչներ, որոնք գործուղուած էին Արցախ: Անոնք կը ձգտէին, որ կամաւորները ո՛չ միայն ըլլան մարտունակ եւ կարգապահ, այլ նաեւ ըլլան ազգային գիտակցութեամբ զինուած հայեր` հայրենի հողին ու ժողովուրդին հանդէպ անսասան հաւատքով եւ անսակարկ նուիրումով: Անոնք կը դաստիարակուէին գիտակցելու, որ իրենց մղած պայքարը սովորական կռիւ մը չէ, այլ հայութեան գոյութեան եւ արժանապատուութեան սրբազան գոյապայքար մըն է, որուն մէջ հայրենիքը, անկախութիւնը, հողն ու երկիրը սոսկ բառեր չեն, այլ` ազգային արժէքներ, որոնց պաշտպանութիւնը սրբազան պարտականութիւն է, իսկ անոնց համար նահատակուիլը` անմահութեան ուղի:

Արցախեան գոյապայքարի ժամանակ սփիւռքը դարձաւ կենսական ուժ: Այս գործին մէջ ՀՅԴ-ն ունեցաւ առանձնայատուկ դեր, որովհետեւ իր ունեցած կազմակերպական լայն ցանցը զայն վերածեց անփոխարինելի յենարանի: Դաշնակցութեան կառոյցները, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները, բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւնները ամբողջ ուժով ներգրաւուեցան Արցախի աջակցութեան աշխատանքներու մէջ: Կազմակերպուեցան դրամահաւաքներ, իրականացուեցան օգնութեան ծրագիրներ, եւ ուղարկուեցան դեղորայք ու անհրաժեշտ իրեր:

Արցախի ապագան ռազմաճակատի վրայ որոշելէ անկախ` քաղաքական եւ դիւանագիտական դաշտը նոյնքան կարեւոր էր: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները տարբեր երկիրներու մէջ կը զբաղէին քարոզչական եւ մամուլի հետ աշխատանքներով, քաղաքական հանդիպումներով, որոնց ճամբով կը բարձրաձայնէին Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, կը հակազդէին ազերիական ապատեղեկատուութեան եւ այս աշխատանքով կը փորձէին Արցախի շուրջ ստեղծել միջազգային հայանպաստ կարծիք մը:

Արցախի ազատագրական պայքարի ամէնէն կենսական բաղադրիչը կամաւորական շարժումն էր, որովհետեւ Արցախի թէ Հայաստանի մէջ չկային պետական բանակ եւ պետական կառոյցներ: Ուստի, տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ, զինուորական փորձառութիւն ունեցող կամ չունեցող նուիրեալներ` երիտասարդները, տարեցները, ուսանողները, գիւղացիները, կը մեկնին ռազմաճակատ` յանուն արցախեան գոյապայքարին, յանուն պատմական արդարութեան վերականգնումին, ուր դար մը առաջ ձեւաւորուած ազատագրական գաղափարի ոգին ու մտածողութիւնը նոր դարաշրջանի մէջ կրկին անգամ գտաւ իր արտայայտութիւնը:

ՀՅԴ-ի շարքերը  անմասն չէին կրնար մնալ այս կամաւորական շարժումէն: Դաշնակցութեան մէջ ազգային պայքարի գաղափարը միշտ եղած էր պարտաւորութիւն, ոչ թէ լոկ կարգախօս մը: Այդ պատճառով ՀՅԴ-ի բազմաթիւ անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերին թէ՛ ռազմաճակատի վրայ կռուելով, թէ՛ ինքնապաշտպանական աշխատանքներով, թէ՛ զինուորներու ընտանիքներու հոգատարութեամբ: Այո՛, արցախեան շարժումը ամբողջ ժողովուրդինն էր, սակայն Արցախի մէջ ՀՅԴ-ի կարգապահութիւնն ու կազմակերպուած գործունէութիւնը զայն վերածեց ազդեցիկ եւ դերակատար ուժի, որուն ներկայութիւնը առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունէր արցախահայութեան համար, յատկապէս` 1989-1991 թուականներուն, երբ շարժումն ու ինքնապաշտպանութիւնը հիմնականին մէջ ժողովրդական բնոյթ ունէին, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին կը գտնուէին խորհրդային համակարգի ճնշումին տակ եւ ի վիճակի չէին ուղղակիօրէն ներգրաւուելու Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ:

1 մայիս 1991-ին ՀՅԴ Բիւրոն եւ ՀՅԴ Հայաստանի Կեդրոնական կոմիտէն կը յայտարարեն, որ կուսակցութիւնը իր  կազմակերպական բոլոր կարելիութիւնները կը դնէ Հայաստանի նախարարներու խորհուրդին տրամադրութեան տակ` Արցախի ու մանաւանդ Գետաշէն-Շահումեանի հայութեան պաշտպանութիւնը պետականօրէն ապահովելու պահանջով:

Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս արցախեան շարժման տարիներուն շարունակուեցաւ հակադաշնակցական պայքարը: 2 սեպտեմբեր 1990-ին, երբ շուրջ 40 անդամներէ բաղկացած դաշնակցական ջոկատ մը մեկնեցաւ դէպի Շահումեան, Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահը պահանջեց անոնց վերադարձը, սակայն Դաշնակցութիւնը մերժեց այդ պահանջը, որովհետեւ Շահումեանի եւ ընդհանրապէս Արցախի պաշտպանութիւնը ազգային առաջնահերթութիւն էր, եւ այդպիսի ճգնաժամային պահուն անոնց նահանջը կը վտանգէր հայ բնակչութիւնը եւ կը թուլացնէր ինքնապաշտպանական աշխատանքները: Աւելի ուշ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանը, որ ընտրուած էր 8 յունուար 1992-ին, երբ մեկնեցաւ Հայաստան, օրուան իշխանութիւնները մերժեցին համագործակցիլ անոր հետ, առանց երկմտանքի, որ այդ կեցուածքը կրնար վնասել Արցախի գոյութիւնը… Այդ մերժումը քաղաքական էր, որովհետեւ Արթուր Մկրտչեան դաշնակցական էր, որ 14 ապրիլ 1992-ին կը սպաննուի անորոշ պայմաններու մէջ: ԼՂՀ ԳԽ-ի երկրորդ ընտրութիւններու ընթացքին Դաշնակցութեան թեկնածուն էր Շահումեանի ընդհանուր հրամանատար Շահէն Մեղրեանը: Ընտրութիւններու նախօրեակին Շահէնը արդէն իսկ ընդունուած եւ ճանչցուած ազգային գործիչ մըն էր ամբողջ Արցախի մէջ եւ ապահոված էր անհրաժեշտ ձայներն ու աջակցութիւնը ընտրուելու ԳԽ-ի նախագահ: Քուէարկութիւնը տեղի կ՛ունենայ տարբեր փուլերով, Մեղրեանը կը ստանայ ձայներու պարզ մեծամասնութիւնը, սակայն չ՛ապահովեր անհրաժեշտ քուէները` վերջնականապէս ընտրուելու ԳԽ-ի նախագահ:

Մայիս 1992-ին` Շուշիի ազատագրութենէն ետք, սկսած էին նախապատրաստական աշխատանքները ազատագրելու Գետաշէնն ու Մարտունաշէնը: Սակայն 13 յունիս 1992-ին խորհրդային բանակն ու ազերիական զօրքը մեծաքանակ ուժերով կը յարձակին Շահումեանի ամբողջ տարածքին վրայ: Մեղրեան կը դիմէ Հայաստանի իշխանութիւններուն` անոնց յայտնելով Շահումեանի ծանր վիճակին ու սպառնացող գոյութենական վտանգին մասին: Ի պատասխան` անոնք կը խոստանան, որ մինչեւ առաւօտ անպայման պիտի հասնին Շահումեանի պաշտպանութեան: Սակայն խոստացուած օգնութիւնը չի հասնիր, այդ պատճառով ալ Շահումեանի պաշտպանական ուժերը կը շարունակեն դիմադրել մինչեւ տեղական բնակչութեան ապահով նահանջը, ապա իրենք եւս ստիպուած կը նահանջեն, որովհետեւ թշնամի ուժերը կը գերազանցէին Շահումեանի ինքնապաշտպանական ջոկատները: Նահանջի ժամանակ, երբ Շահումեանի մարտիկները կը հասնին Հաթերք, անոնք զարմանալիօրէն զինաթափ կ՛ըլլան ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան որոշումով: Շահումեանի անկումէն ետք Ազգային ժողովին մէջ կը կազմուի յանձնաժողով մը` քննելու Շահումեանի անկման պատճառները: Սակայն քննարկումներու առաջին իսկ պահերէն Շահէն Մեղրեանին կը հարցնեն, եթէ ան դաշնակցակա՞ն է, թէ՞ ոչ: Այս հարցումը ինքնին բաւարար արտայայտիչ է, որ Շահումեանի անկումը քաղաքական որոշում էր, եւ Շահումեանի անկումէն անմիջապէս ետք, տարբեր շրջանակներու մէջ սկսաւ տարածուիլ այն կեղծ թեզը, թէ Շահէնը, այլ խօսքով` Դաշնակցութիւնը, յանձնած է Շահումեանը: Ահա թէ ինչպէ՛ս հայրենի հողին կորուստը կը դառնայ գործիք հակադաշնակցական պայքարի ձեռքին` ծառայելով քաղաքական նպատակներու, որոնք կ՛աղաւաղեն պատմական ճշմարտութիւնը եւ կը փորձեն շեղել ուշադրութիւնը իրական պատասխանատուներէն:

Արցախի ազատագրութեան ատեն դաշնակցական ջոկատներն ու կամաւորները իրենց դիւցազնական եւ հերոսական դրոշմը ձգեցին տարբեր շրջաններու ինքնապաշտպանական ու ազատագրական մարտերուն մէջ: Անոնք ճանչցան ո՛չ դադարը, ո՛չ նահանջը, ո՛չ իսկ մահուան երկիւղը. ամէն գնով եւ մինչեւ վերջին շունչը պայքարեցան` պաշտպանելու եւ ազատագրելու արցախեան սուրբ հողը: Անոնք դարձան ամէնէն մարտունակ եւ ամէնէն պահանջուած ուժերէն` ուշադրութիւն գրաւելով իրենց խիստ կազմակերպուածութեամբ, երկաթեայ կարգապահութեամբ եւ անձնազոհողութեամբ: Անոնց հրամանատարներն ու մարտիկները վերածուեցան առասպելներու: Հայդուկային ոգին վերակենդանացաւ նոր դարաշրջանին, ինչպէս` Շահումեանի «Եղնիկներ» հայդուկային ջոկատը, որ բռնագրաւուած Շահումեանի տարածքներուն մէջ կատարեց համարձակ փարթիզանական գործողութիւններ:

Այսպիսով, 1988-1994 թուականներու Արցախի ազատագրական շարժումը դարձաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան փառաւոր ժամանակաշրջանը, երբ հայութեան աննկուն կամքը վերածուեցաւ կազմակերպուած պայքարի, եւ հայրենի հողը պաշտպանուեցաւ ոչ թէ զիջումներով, այլ` պայքարի սրբազան երդումով:

Եւ վերջապէս, Արցախը ազատագրեցին այն տեսակի հայորդիները, որոնք ընտրած էին  «Մահ կամ ազատութիւն» ճանապարհը: Ահա այսպիսիներուն կարգին են` հողի կորուստը չճանչցող Կարօտ Մկրտչեանը, մահուան աչքերուն նայող Թաթուլ Կրպէյեանը, հայրենիքի պաշտպանութիւնը «հանգիստ» պաշտօնէն վեր դասող Վարդան Բախշեանը, հայրենի հողին պարտական Արթուր Մկրտչեանը, ամէն գործ ընող Մերուժան Մոսիեանը, «Դէպի Երկիր»-ի գաղափարապաշտ Մհեր Ջուլհաճեանը,  Արարատն ու միացեալ Հայաստանը կարօտով տենչացող Վիգէն Զաքարեանը, հայրենիքի բերը իր ուսերուն վրայ զգացող Աշոտ Ղուլեանը, հայրենիքի անունով սխրանքներ գործող Վարդան Ստեփանեանը, հայդուկային ոգին վերակենդանացնող Շահէն Մեղրեանը եւ պայքարի մէջ մահուան ուղին գիտակցաբար ընտրող Պետրոս Ղեւոնդեանը:

Ահա այս տեսակի գաղափարապէս ամուր, ազգային գիտակցութեամբ զինուած, դաշնակցական այսպիսի կերտուածքն էր, որ կ՛արտացոլացնէր «Մահ կամ ազատութիւն» տեսակը: Ա՛յն տեսակը, որ կերտեց Հայաստանի Առաջին անկախութիւնը եւ նոյն աննկուն կամքով կերտեց Արցախի ազատագրութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Քամպոտիոյ Ծիծաղելի Դատարանը

Յաջորդը

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռազմիկ Յովհաննիսեան` Յաղթական

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.