Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապ Օսմանեան Սահմանադրութեան Հռչակման Օրերուն Եւ 1909-ի Աղէտը

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները

February 25, 2026
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1908 յուլիսին երիտասարդ թուրքերու` իթթիհատականներու կազմակերպած զինուած ապստամբութեան պայմաններուն տակ սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. սահմանադրութիւն հռչակեց:

Երիտասարդ թուրքերը հրապարակ իջան կայսրութեան բաղկացուցիչ բոլոր ժողովուրդներուն համար ազատութեան, հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ արդարութեան կարգախօսով:

Օսմանեան կայսրութեան բոլոր ժողովուրդները ցնծութեամբ ընդունեցին երիտասարդ թուրքերու յեղափոխութիւնը: Պատմութեան մէջ նոր դարաշրջան մը կը բացուէր: Հայեր եւ թուրքեր կը գիրկախառնուէին փողոցներու մէջ եւ զիրար կը շնորհաւորէին: Ընդհանուր ներում շնորհուած եւ բանտերու դուռերը բացուած էին: Ամէն կողմ հանդիսութիւններ, հաւաքներ կը կազմակերպուէին:

Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը ցնծութեամբ դիմաւորուեցաւ նաեւ Քեսապի մէջ:

Թուրք երեւելիներ եւ կառավարական դէմքեր Քեսապ գալով ազատութեան լուրը աւետեցին: Անոնք ըսին, որ այլեւս խտրութիւն չկայ հայու եւ թուրքի միջեւ: Բոլորը ազատ եւ հաւասար են: Մարդիկ այսուհետեւ խաղաղ, համերաշխ եւ ապահով պիտի ապրին:

Քեսապ աւանի հրապարակը` Խոդը մեծաշուք հանդիսութիւն կազմակերպուեցաւ եւ ճառեր խօսուեցան: Ուրախ էին բոլորը:

Եսայի աղա Մանճիկեան այդ օր զգաստութեան կոչ ուղղեց եւ թելադրեց խոհեմ ըլլալ եւ չհաւատալ ու չվստահիլ թուրքին:

Մեր մեծերը լսած էին, որ հայրենիքի տէր ու պաշտպան քաջ Անդրանիկն ալ, որ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութենէն ետք երկրէն հեռացած էր եւ Պուլկարիա կը մնար, չէր հաւատացած օսմանեան սահմանադրութեան, չէր ուզած Թուրքիա վերադառնալ եւ չէր շլացած իրեն խոստացուած բարձր պաշտօնով, դրամով եւ Տարօնէն երեսփոխան ընտրուելու առաջարկով, եւ նախընտրած էր իր պատուով ու ճակտի քրտինքով համեստ օրապահիկ մը վաստկիլ:

Մեր մեծերը կ՛ըսէին (իրենց բառերով), որ ամբողջ հայութիւնը, մեծ մարդիկ, գրակարդաց մարդիկ, հանգամանք ունեցող անձնաւորութիւններ, ժողովուրդի առաջ կեցող դէմքեր, բոլորը հաւատացին թուրքին: Միայն երկու հոգի, երկու գիւղացի մարդիկ, Անդրանիկը եւ Եսայի պապուկը, որոնք այբը բենը հազիւ գիտէին զանազանել,  աւելի իմաստուն գտնուեցան եւ չհաւատացին թուրքին:

* * *

Ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն եւ արդարութիւն խաբուսիկ կարգախօս էր: Թուրքին խոստումը շան հաջոց էր:

Սուլթան Ապտիւլ Համիտ կը մնար գահին վրայ, մութին մէջ կը գործէր եւ յարմար առիթի կը սպասէր իթթիհատականները չէզոքացնելու եւ բացարձակ միապետութիւնը վերահաստատելու համար:

Սուլթան Համիտի հաւատարիմ զօրքերը 1909 մարտ 31-ին (նոր տոմարով` ապրիլ 13-ին) իթթիհատականներուն դէմ հակահարուած կատարելով Պոլիսը իրենց հակակշիռին տակ առին:

Նոյն օրը Ատանայի տեղական իշխանութիւնները հայերը ոչնչացնելու որոշում առին: Իշխանութիւնները մեծաքանակ զէնք եւ զինամթերք բաժնեցին թուրք բնակչութեան եւ մեծաթիւ ոճրագործներ բանտերէն արձակեցին:

Ջարդերը սկսան ապրիլ 1/14-ին, Ատանա քաղաքէն եւ տարածուեցան դէպի Տարսոն, Միսիս, Մերսին, Օսմանիէ, Պահչէ, Լափաճ, Իսլահիէ, Հասանպէյլի, Այաս եւ այլ շրջաններ: Տէօրթ Եոլի, Շէյխ Մուրատի, Սիսի, Հաճընի եւ Ֆնտըճագի հայերը դիմադրութիւն ցոյց տուին: Զէյթունէն զգուշանալով, թուրքեր չհամարձակեցան Մարաշի մէջ ջարդ կազմակերպել:

Անտիոքի մէջ հայերու ջարդը տեղի ունեցաւ ապրիլ 6/19-ին, ղեկավարութեամբ քաղաքի երեւելիներէն Ռիֆաթ աղայի, որ պետական երեսփոխան եւ իթթիհատական էր: Մէկ օրուան մէջ քաղաքի հայութեան մեծ մասը սուրի քաշուեցաւ եւ անոնցմէ ոմանց դիակները օրերով ծփացին Որոնդէս գետին վրայ: Միայն մէկ թուրք ընտանիք չմասնակցեցաւ ջարդին եւ իր ջրաղացին մէջ քանի մը տասնեակ հայեր պատստպարեց:

Անտիոքէն թուրքեր շարժեցան դէպի Մուսա Լեռ, բայց դիմադրութեան հանդիպելով ետ քաշուեցան:

* * *

Քեսապէն քանի մը ջորեպաններ ճամբայ ելած էին դէպի Անտիոք, ուրկէ անոնք իրենց ուղեւորութիւնը պիտի շարունակէին դէպի հեռաւոր քաղաքներ: Հազիւ քիչ մը հեռացած, դիմացէն, Անտիոքի կողմերէն փախչող քեսապցի քանի մը երիտասարդներու հանդիպեցան: Երիտասարդները ջորեպաններուն ըսին որ թուրքեր ամէն տեղ հայերը կը ջարդեն, ի սէր Աստուծոյ, մի՛ շարունակէք ձեր ճամբան, ետ դարձէք:

Ջարդերու մասին աւելի յստակ եւ սրտաճմլիկ լուրեր սկսան հասնիլ Քեսապ: Անտիոքի, Մերսինի եւ Այասի մէջ աշխատող քեսապցի քանի մը երիտասարդներու սպանութեան լուրերը հասած էին արդէն, իսկ քանի մը հոգիէն ալ լուր չկար:

Օրտուէն եւ շրջակայ վայրերէ Քեսապ հասնող ջորեպանները ըսին, որ հազարաւոր պաշիպոզուքներ հաւաքուած են Օրտու եւ կը խօսուի Քեսապի վրայ յարձակումի մասին:

Քեսապի հոգեւոր պետերը, գիւղերու ներկայացուցիչները եւ ժողովուրդի բանիմաց ու ազդեցիկ նկատուող անձեր հաւաքուեցան եւ խորհրդակցեցան ինքնապաշտպանութեան դիմելու հնարաւորութեան մասին:

Ժամանակ շահելու համար որոշուեցաւ կառավարութեան դիմել եւ ապահովութեան երաշխիքներ խնդրել:

Կառավարութեան ներկայացուցիչները վստահեցուցին, որ եթէ քեսապցիք հանդարտ մնան, Քեսապի վրայ յարձակում պիտի չըլլայ:

Կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն արդէն շատ բան չէր սպասուեր: Կարեւոր էր միայն ժամանակ շահիլ եւ ինքնապաշտպանութեան պատրաստուիլ:

Ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման համար զինուորական մարմինը գործի լծուեցաւ: Զէնքերը կարգի դրուեցան եւ դիրքեր ճշդուեցան:

Ինքնապաշտպանութեան մասնակիցներուն մէջէն վերջին վերապրողներէն էր Թոռուն պապուկ (հօրս հօրեղբայրը), որ ականատեսի վկայութիւններ աւանդած էր:

* * *

Ուրբաթ, 10/23 ապրիլ 1909-ի առաւօտ կանուխ Օրտուի եւ շրջակայքին մէջ կեդրոնացած հազարաւոր զինուած պաշիպոզուքները դէպի արեւմուտք շարժելով քանի մը ուղղութիւններով յարձակման անցան Քեսապի ուղղութեամբ:

Բարձունքներէն, դիրքերու վրայ հսկող տղաք նկատեցին որ խուժանը արագօրէն յառաջանալով կը մօտենայ Քեսապի:

Խուժանին ձախ թեւը շարժեցաւ դէպի Տիւզաղաճ: Տիւզաղաճցիք փախուստի դիմեցին դէպի Էքիզօլուք:

Խուժանին աջ թեւը շարժեցաւ դէպի Էսկիւրան եւ Սեւ Աղբիւր: Էսկիւրանցիք յաջողեցան խոյս տալ եւ Քեսապ հասան: Սեւ Աղբիւրի ժողովուրդին մէկ մասը յաջողեցաւ փախչիլ դէպի Քեսապ, իսկ մնացեալները, գլխաւորաբար` տարեցներ, իրենց տուներուն մէջ սուրի քաշուեցան:

Խուժանը գրաւուած գիւղերը սկսաւ թալանել եւ հրդեհել:

Պաշիպոզուքները առանց դիմադրութեան հանդիպելու հասան Քեսապ. անոնց միացան օսմանեան կանոնաւոր բանակի զինուորներ: Զինեալները արեւելքէն եւ հարաւէն շղթայի մէջ առին աւանը: Սկսաւ սաստիկ հրացանաձգութիւնը: Գնդակները կարկուտի նման կը տեղային տուներուն վրայ:

Զինեալները ահագին գոռում-գոչումով գրոհի անցան: Հայ տղաքը անհաւասար մարտի բռնուեցան:

Զինուորական մարմինը գիտէր որ ուժերը անհաւասար են եւ ինքնապաշտպանութեան հնարաւորութիւնները` սահմանափակ: Պիտի դիմադրէին որքան որ կրնային, մինչեւ որ ժողովուրդը անհրաժեշտ իրեր եւ ուտեստեղէն առնելով փախուստի դիմէր եւ ապահով վայրերու մէջ թաքնուէր:

Քանի մը ժամուան կռիւներէ ետք թուրքեր արեւելեան կողմէն ճեղքեցին հայոց պաշտպանական դիրքերը եւ մտան աւանին ծայրամասերը գտնուող տուները ու հրդեհեցին զանոնք:

Ժողովուրդը սկսած էր փախուստ տալ: Շատեր դէպի արեւմուտք, Գալատուրան կը խուժէին, ոմանք ալ աւանին բարձունքները կ՛ուղղուէին եւ քարայրներու մէջ կը թաքնուէին:

Հայ կռուող տղոց զինամթերքը սպառելու վրայ էր: Կարգ մը դիրքերու վրայ դիմադրութիւնը կը շարունակուէր: Թուրքեր քայլ առ քայլ կը յառաջանային: Ութ ժամուան դիմադրութենէ ետք հրացանաձգութիւնները դադրեցան: Կռուող տղաքը քաշուեցան դէպի Գալատուրան:

* * *

Քեսապ մտնելով, թուրքեր մէկ մէկ սկսան թալանել ու հրդեհել տուները: Եկեղեցիները, դպրոցները եւ ամբողջ շուկան հրկիզուեցան:

Թուրքեր տուն առ տուն, նկուղ առ նկուղ, քար առ քար, թուփ առ թուփ կը խուզարկէին եւ իրենց ձեռք անցուցած հայը սուրի կը քաշէին կամ կրակներու մէջ կը նետէին:

Եղիսաբէթ մայրիկ Գէյփըթեան-Ղազարեան (մօրս հօրեղբօր կինը) կը պատմէր, որ ինք ծնած է 1909 ապրիլ 9-ին: Նոր ծննդաբերած մայրը չէ կրցած փախուստ տալ: Թուրքեր վրայ հասած են եւ ձեռք բարձրացուցած որ սպաննեն, բայց զինեալներուն մեծաւորը վրայ հասնելով թոյլ չէ տուած` ըսելով. «Աստուծոյ դէմ է նոր ծննդաբերած մօր ու նորածինին վրայ ձեռք բարձրացնել. թող երթան ապրին»:

* * *

Մինչ Քեսապի վրայ յարձակումը կը սկսէր, տիւզաղաճցիք, որոնք առաջին փախուստի դիմողները եղած էին, անտառային արահետներէն յառաջանալով կէսօրուան դէմ հասան Էքիզօլուք եւ էքիզօլուքցիներուն տուները ապաստանեցան:

Նոյն ժամանակ Չինարճըգի, Չագալճըգի եւ Քէօրքիւնայի բնակիչները, անհրաժեշտ իրեր, ուտեստեղէն եւ անասուններ իրենց հետ առնելով եւ մաս մը ապրանքներ ալ թաքցնելով, ուղղուեցան Էքիզօլուք:

Հրացանաձգութեան ձայները հետզհետէ կը մօտենային, հրդեհները կը տարածուէին եւ մուխն ու ծուխը բռնած էին ամբողջ երկնակամարը:

Թուրքեր մտան Չինարճըգ, Չագալճըգ եւ Քէօրքիւնա եւ սկսան թալանել ու հրդեհել տուները: Փախստականներէն ոմանք հասած էին Էքիզօլուք, ոմանք ալ արտերէն ու անտառներէն կը յառաջանային: Թուրքեր վրայ հասնելով, ով որ բռնեցին սուրի քաշեցին: Թուրքին ձեռքը չիյնալու եւ իր պատիւը չարատաւորելու համար աղջիկ մը ինքզինք ձորը նետելով անձնասպան եղաւ:

Թուրքեր մօտեցան Էքիզօլուքի: Էքիզօլուքցիք եւ իրենց մօտ հասած փախստականները բռնեցին դէպի Պաղճաղազ ճանապարհը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Քեսապի Մէջ Ազգային Կազմակերպութիւններու Մուտքն Ու Ծաւալումը
Պատմական

Քեսապի Մէջ Ազգային Կազմակերպութիւններու Մուտքն Ու Ծաւալումը

February 18, 2026
Քեսապի Հոգեւոր Կեանքը Եւ Յարանուանութիւններ Ու Դպրոցներ
Պատմական

Քեսապի Հոգեւոր Կեանքը Եւ Յարանուանութիւններ Ու Դպրոցներ

February 11, 2026
Քեսապ Եգիպտական Գրաւման Եւ Յաջորդող Խառնակ Ժամանակաշրջանին
Պատմական

Քեսապ Եգիպտական Գրաւման Եւ Յաջորդող Խառնակ Ժամանակաշրջանին

February 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.