ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Ազգովին կը գտնուինք մեր գիտակցական կեանքի ամէնէն խոր եւ ահաւորագոյն ցնցումին դէմ յանդիման:
Անցնող հինգ տարիներուն հայութեան ներաշխարհը խանգարուած ու խռոված է, բոլորիս հոգիները վիրաւոր են, սրտերը` արիւնոտ:
Այսօր ո՛չ թէ արտաքին թշնամիին, այլ մեր իսկ հայրենի իշխանութեան կողմէ գործադրուած հալածանքներուն դիմաց ցնցուած ենք ազգովին:
Այսօր մեր աչքերուն առջեւ Հայաստանի բանտերը կը լեցուին բարձրաստիճան հոգեւորականներով, վարդապետներով, քահանաներով եւ ազգային գիտակից քաղաքացիներով, որոնք «յանցագործ» կը կոչուին, որովհետեւ չեն լռեր, ծունկի չեն գար, չեն վաճառեր իրենց եսն ու արժանապատուութիւնը, խիղճն ու հաւատքը:
Երեւանի եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած հայ քաղաքական բանտարկեալները մեր դարու խարանն են եղած: Ներկայով, սակայն, անոնք կենդանի վկաներն են Ալիեւի բռնատիրութեան ու մեր իշխանութեան այն ողբերգական իրողութեան, թէ ճշմարիտն ու ճշմարտութիւնը այսօր կը պատժուին, իսկ անտարբերութիւնը կը հռչակուի «խոհեմութիւն», իսկ «խաղաղութիւնը»` աթոռի երաշխիք:
Հայրենիքի խելացնոր նոր օրերու երկունքի այս փուլին պէտք է գործենք միասնակամ եւ հաւատքով, որ հայու ծոցէն ծնունդ առած հայրենասիրութեան ու մարդասիրութեան ճաճանչը ընդգրկէ մարդկային անարդարութեան բոլոր որջերը` Հայաստանէն մինչեւ հայաթափուած Արցախ, Լիբանանէն ու Սուրիայէն մինչեւ Պաղեստին ու Ուքրանիա, եւ ամէն տեղ, ուր խաւարը կը տիրէ: Թող մեր իշխանաւորներն ու ժողովուրդը սթափին իրենց հարբած վիճակէն, զգաստանան եւ ուղղորդուին դէպի ճշմարիտ ակունքներ` ըմպելու համար մեր հերոսածին նախնիներու արեւաշող լոյսն ու ջերմութիւնը:
Խստօրէն կը դատապարտենք Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց հայրապետին դէմ գործադրուած երկրի իշխանաւորներու ճնշումները եւ անոր ազատ տեղաշարժը կաշկանդելու փորձերը` Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալին կողմէ:
Շատ գրեցինք ու կը գրենք ցայսօր: Բայց ի՞նչ կ՛ընենք մենք` աշխարհի տարածքին սփռուած միլիոնաւոր հայերս:
Պէտք է լռե՞նք:
Պէտք է համակերպի՞նք:
Թէ՞ սպասենք, որ մեր սրբութիւններն ու ինքնութիւնը մէկիկ-մէկիկ խոնարհին, անէանան ու մոխրանան:
Այսօր այլեւս լռելը յանցանք է:
Անտարբերութիւնը` դաւաճանութիւն:
Վարանիլն ու լռելը ինքնասպանութիւն` ազգային արժէքներու խորը իմաստով:
Ութ խրոխտ ազգասէր, հայրենանուէր հայորդիներ, հայրենիքէն հեռու ծնած, բայց հայրենիքը եւ քրիստոնէական հաւատքը իրենց հոգիներուն մէջ կերտած, իրենց վճռական ձայնը բարձրացուցին մեր հայրենի իշխանաւորներուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի քաղաքակիրթ կոչուած ազգերուն դէմ:
Անոնք դարձան պողպատեայ վահան մեր Եկեղեցւոյ, մեր սրբութիւններուն եւ մեր ինքնութեան համար:
Կը հաւատամ, որ այսօր անոնք մինակ չեն:
Մինակ պիտի մնան այն պարագային, եթէ ազգովին չկանգնինք անոնց կողքին` արդարութեան կողքին:
Պատմութիւնը վկայ` մենք ազգ ենք, յաղթանակած ու գոյատեւած ենք, որովհետեւ եղած էինք միասնական:
Աւարայր, Մուսա Լեռ, Շապին Գարահիսար, Սարդարապատ… այս անունները պարզ պատմութիւն չեն, այլ` կենդանի պատգամ: Միասնութեան մէջ է փրկութիւնը:
Այո՛, անգամ մը եւս պիտի կրկնեմ Չարենցի զնգուն խօսքերը.
«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Այսօր եւս ճակատամարտ է:
Ո՛չ զէնքով, այլ` հաւատքի հոգիով:
Ո՛չ սահմանին վրայ, այլ` մեր խղճին մէջ:
Ժամանակն է մէկ բռունցք դառնալու:
Ժամանակն է վերադառնալու մեր արմատներուն:
Ժամանակն է պաշտպանելու մեր Եկեղեցին, մեր հայրենիքը եւ մեր ազգի հոգեւոր միջնաբերդը` լուսաւորչակերտ Սուրբ Էջմիածինը` անսասան պահելով Ամենայն Հայոց հայրապետն ու հոգեւորականաց դասը:
Թող գալիք մեր սերունդները չըսեն, թէ մենք լռեցինք, երբ պէտք էր գոչել:
Թող չըսեն, թէ մենք վարանեցանք, երբ պէտք էր ոտքի կանգնիլ ու բռունցք բարձրացնել:
Այսօր մեր խօսքը զէնք է:
Մեր միասնութիւնը` վահան:
Մեր հաւատքը` յաղթանակ:
Զգաստանա՛նք:
Միասնանա՛նք:
Եւ ապրեցնենք մեր ազգը:


