Յօդուածներ

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Արցախեան Պատերազմի Գլխաւոր Դերակատարներու Վերլուծում

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Այս վերլուծումը գրելու պահուն՝ 5 Հոկտեմբեր 2020ին, պատերազմը, մէկ կողմէ՝ Հայաստանի ու Արցախի, միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ ծայրայեղ իսլամ վարձկաններու միջեւ, կը շարունակուի զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու անթիւ կորուստներով եւ քաղաքներու ու գիւղերու լայնածաւալ աւերածութիւններով: Այս շաբաթ պիտի վերլուծեմ գլխաւոր դերակատարներէն իւրաքանչիւրին դերը՝ մերօրեայ պատերազմին մէջ: Ատրպէյճան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, չկամենալով ընդունիլ...

Յիշեցնելով, Որ Արցախի Գոյամարտը Օրուան Ծնունդը Չէ.  «Անկարելի Է, Որ Ընդունինք Արցախը Իր Նախկին Իրավիճակին Վերադարձնել»  Շեշտեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Յիշեցնելով, Որ Արցախի Գոյամարտը Օրուան Ծնունդը Չէ. «Անկարելի Է, Որ Ընդունինք Արցախը Իր Նախկին Իրավիճակին Վերադարձնել» Շեշտեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Արցախի մէջ տեղի ունեցող գոյամարտը կրօնական բնոյթ չունի, եւ ան, որ զայն կը նկատէ քրիստոնեայ-իսլամ հակամարտութիւն` կը սխալի եւ այդպիսով կը զօրակցի Էրտողանի համաթուրանական ծրագիրի մղումներուն» յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Լիբանանեան «Էն.Պի.Էն» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի զգուշացուց, որ Արցախի կորուստը, Աստուած մի արասցէ, կրնայ ազդել ու վնասել համայն հայ ժողովուրդին`...

Խորհրդարանի Օրէնսդրական  Լիագումար Նիստ.   Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի  Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան  Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

Բագրատունի. «Աշխարհասփիւռ Իւրաքանչիւր Հայ Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակումը Կը Նկատէ Համայն Հայութեան Դէմ Ուղղուած Պատերազմ»

«Աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր հայ այսօր թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը կը նկատէ համայն հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած պատերազմ», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` արաբական «Ասաս» (ASAS) կայքի հարցումներուն պատասխանելով: Երեսփոխան Բագրատունի զգուշացուց շրջանին մէջ թրքական ազգայնական ծաւալապաշտ ախորժակներու թափանցումէն` Բագրատունի դիտել տալով, որ իր այս մտավախութիւնը կը մեկնի հայ ժողովուրդի ապրած դառն փորձառութենէն` թրքական բռնարարքներուն հետեւանքով: Ան յիշեցուց, որ...

Արամ Սեփեթճեանի Լուսաւոր Յիշատակին

Արամ Սեփեթճեանի Լուսաւոր Յիշատակին

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Հեռաձայնը գուժեց Պէյրութից Սփիւռքի աւագագոյն արձակագիր, հրապարակախօս, քննադատ, խմբագիր Արամ Սեփեթճեանի մահը։ Կեանքից հեռացաւ Վահէ-Վահեանի սերնդի ու գրական զարմի վերջին մոհիկան գրագէտներից մէկը՝ իր հետ տանելով պատմութիւն, յիշողութիւն, ազգային ճանաչողութեան ու ըմբռնումի աւանդական եւ ոչ աւանդական սերմերը։ Իր գրական առաջին յայտը արձակում խոստումնալից էր եւ գրական մայրուղի մտնելու բարձր յաւակնութիւն. նախ, 1951-ի Յունուարին Բոստոնի «Պայքար» օրաթերթի 5-րդ, 6-րդ,...

Նշմար. Նորագոյն Ահազանգը՝ Շուշիէն…

Նշմար. Նորագոյն Ահազանգը՝ Շուշիէն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Արցախի վրայ 27 Սեպտեմբերի առաւօտուն սկիզբ առած լայնածիր յարձակումը ամէն օր աշխարհին նոր ահազանգ մը կու տայ, թէ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐԻ եւ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ինչպիսի բազմաբղէտ կիրարկում տեղի կ'ունենայ: Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբերի ամէնէն աղաղակող – բայց ո՛չ միակ – ահազանգն էր Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանճեցոց) եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը: Այս եկեղեցին Շուշիի աչքառու խորհրդանիշներէն մէկն է: Առաջին անգամը չէ, որ անիկա նման...

Մահազդ

Ընկեր Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին

ՀՐԱՅՐ ՏԷՐ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Սիրելի՛ Հրայր, այս բառերով մենք իրար կը դիմաւորէինք` ողջագուրուելով անարատ, ջերմ զգացումներով, յիշեցնելով հայաշէնցիներու յատուկ փոխադարձ վերաբերմունքը իրարու նկատմամբ: Սիրելի՛ Հրայր, կեանքդ սկսաւ քեսապցի աւետարանական հայ բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ, ուր ստացար քու առաջին կրօնական եւ ազգային իրաւ դաստիարակութիւնդ: Ապա Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ ուռճացուցիր զանոնք եւ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին ապրեցար անոնցմով եւ ապրեցուցիր այդ արժէքները: Սիրելի՛...

Արցախի Ցաւը եւ Յոյսը

Արցախի Ցաւը եւ Յոյսը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Միքայէլ Հաճեանը ծանօթ լրագրող-գրող է հայկական եւ միջազգային տեղեկատուութեան բնագաւառին մէջ։ Ան կ՚ապրի Ստեփանակերտ, Արցախ։ Սեպտեմբեր 2019-ին միասին էինք Ստեփանակերտի մէջ, երբ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին ներկայացումը կատարեցինք Արցախի պետական համալսարանին մէջ։ Ունեցանք շատ հաճելի ժամանակ եւ խօսակցութիւն։ Ծանօթացայ նաեւ իր ընտանիքին։ Միքայէլի երէց որդին՝ Նորայրը, նահատակուած է Արցախի 2016-ի քառօրեայ պատերազմին։ Նորայրին նկարը զետեղուած...

Նշելով, Որ Վարձկաններու Մասնակցութիւնը Հարցը Կը Վերածէ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմի.   Բագրատունի. «Եթէ Ուրանամ Ինքնութիւնս Ու Արմատներս` Օր Մըն Ալ Կրնամ Ուրանալ Լիբանանեան Պատկանելիութիւնս»

Նշելով, Որ Վարձկաններու Մասնակցութիւնը Հարցը Կը Վերածէ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմի. Բագրատունի. «Եթէ Ուրանամ Ինքնութիւնս Ու Արմատներս` Օր Մըն Ալ Կրնամ Ուրանալ Լիբանանեան Պատկանելիութիւնս»

«Այս պատերազմը թիրախ ունի աշխարհասփիւռ  համայն հայութիւնը` Հայաստանի, Լիբանանի, մինչեւ իսկ Հարաւային Ամերիկայի մէջ», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` «Հուրրա» արբանեակային պատկերասփիւռի  կայանի հարցումներուն պատասխանելով: «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ վարձկաններու մասնակցութիւնը Արցախի գոյամարտին, այս պատերազմը երկու պետութեանց միջեւ բախումներէ կը վերածէ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի: Ան դիտել տուաւ, թէ Արցախի պատերազմին զինուորագրուելու կոչ...

Նշմար. Ցաւ, Պարտամուրհակ, Յաղթանակ Եւ… «Սպիտակ Բիծ»

Նշմար. Ցաւ, Պարտամուրհակ, Յաղթանակ Եւ… «Սպիտակ Բիծ»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քիչ առաջ, Հայաստանի պատկերասփիւռէն հետեւեցայ պաշտօնական բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանի եւ պաշտօնական այլ աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութիւններուն: Կասկած չունիմ, որ նոյնը ըրին ու կ'ընեն բազմահազար, միլիոնաւոր հայեր: Ամփոփուեցան պատերազմի 11-րդ օրուան՝ 7 Հոկտեմբերի իրադարձութիւնները: Ստեփանակերտը, Շուշին եւ այլ քաղաքային վայրեր կրկին ու կրկին ռմբակոծուած են՝ պետական ահաբեկչութեան իրենց վաստակը ժամ առ ժամ հարստացնող Ազրպէյճանի ու անոր օգնական Թուրքիոյ զինուժին կողմէ:...

Ակնարկ.  Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

Ակնարկ. Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնները` հակամարտութեան կարգաւորումը Մոսկուա-Անգարա համատեղ դերակատարութեամբ պայմանաւորելու, անպայման պիտի արձագանգուէր Ազրպէյճանի կողմէ: Եւ այսպէս. Ալիեւը պարզ դարձուց, որ բանակցութիւններուն դերակատար պէտք է դառնայ Թուրքիան: Յայտարարութիւնը ընդհանուրէն դէպի մասնակի առաջադրանքի բանաձեւում է: Խօսելով յաւերժական խաղաղութեան տեսութեան մասին` Ալիեւը շեշտած է, որ արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը պէտք է ամրապնդուի աշխարհի յառաջատար երկիրներու երաշխիքներով, ընդ որում,...

Ամէն Գնով Կազմել Կառավարութիւնը.  Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Ժողովուրդի Եւ Անոր Դատին Պաշտպանութեան Համար Համատարած Զօրաշարժի Մթնոլորտ Կը Տիրէ» «Ալ Արապի Ալ Ժատիտ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Բագրատունի

«Հայեր կը նկատեն, որ նոր ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուին, ինչ որ զիրենք մղեց կամաւորագրուելու հայոց բանակին` պաշտպանելու համար մայր հայրենիքը», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` դիտել տալով, որ անոնց այս որոշումը զգացականէն անդին` ամբողջական գիտակցութեամբ տրուած է, քանզի ժողովուրդի եւ անոր դատին պաշտպանութեան համար համատարած զօրաշարժի մթնոլորտ կը տիրէ: Լոնտոն հրատարակուող «Ալ արապի ալ ժատիտ» («Նոր Արաբը»)...

Անպարտ Է Հայ Ոգին, Յաւերժ Են Հայաստանն Ու Արցախը

Անպարտ Է Հայ Ոգին, Յաւերժ Են Հայաստանն Ու Արցախը

ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Սիրելի՛ հայրենակիցներ, տարբեր պետութիւններում ապրող թանկագի՛ն քոյրեր եւ եղբայրներ, վտանգուած է հող հայրենին, օրեր շարունակ վասն հայրենեաց կենաց-մահու պայքար են մղում հայ զինուորներն ու սպաները, իրենց հուժկու եւ դիպուկ հարուածներով կանխում են թշնամու առաջխաղացումը` դրսեւորելով հերոսութեան  եւ անձնազոհութեան հոգեցունց օրինակներ: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը,  մէկ բռունցք դարձած, զինուորագրուել է Հայոց բանակին, Արցախի պաշտպանութեան սուրբ գործին եւ աշխարհից պահանջում է միջամտել...

Շեշտելով, Որ Հայեր Արցախի Մէջ Մահու Եւ Կենաց Գոյութենական Կռիւ Կը Մղեն.  Բագրատունի. «Թուրքիա Կը Փորձէ Վերակենդանացնել Փանթուրանականութեան Երազը»

Շեշտելով, Որ Հայեր Արցախի Մէջ Մահու Եւ Կենաց Գոյութենական Կռիւ Կը Մղեն. Բագրատունի. «Թուրքիա Կը Փորձէ Վերակենդանացնել Փանթուրանականութեան Երազը»

«Թուրքիա կ՛ուզէ ամբողջացնել հայոց դէմ այն ցեղասպանութիւնը, որ գործադրած էր  Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ այդպիսով իրականացնել փանթուրանականութեան երազը»,  յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, լիբանանեան պատկերասփիւռի «Օ.Թի.Վի.» կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան յայտնեց, որ Արցախի պատերազմը օրուան ծնունդը չէ, ու ան որ կը փորձէ կրօնական կամ դաւանական պատերազմի ակնարկել`...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Արցախէն Մինչեւ Միջազգային Հորիզոն. Թուրքիոյ Պարտադրելի Նոր Սեւր Մը Բարիք Պիտի Բերէ Աշխարհին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ահաւասիկ աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր, Ազրպէյճան ամենայն բրտութեամբ կը շարունակէ Արցախի վրայ իր ծաւալուն յարձակողումները: Թուրքիա վարագոյրը վար առած է եւ բացայայտ կերպով եւ յոխորտանքով կը յայտարարէ, թէ իր զինուժով ու քարոզչական կարողութիւններով կը կանգնի Ազրպէյճանի կողքին: Քանի մը առիթներով յարձակումները ընդգրկեցին նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ ու ներքին շրջանները: Փաստերու շարանը երկար է: Աւելի՛ն: Թուրք-ազերիական յարձակողականը ռազմադաշտ...

Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առիթով.  Իւրայատուկ Ու Անկրկնելի Վահան Յովհաննիսեան

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Նոր Պատերազմ, Հին Դասեր

Ա. ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ Սեպտեմբերի 27-ին Ազրպէյճանը հերթական պատերազմը սանձազերծեց: Երբ դեռ թարմ են տաւուշեան դասերը, հարց է ծագում, թէ ինչու Ազրպէյճանը նախաձեռնեց նոր արկածախնդրութիւն: Միւս կողմից` ազրպէյճանական իշխանութիւնների` վերջին շաբաթների ագրեսիւ հռետորաբանութիւնը, ռազմական միջոցների եւ վարձկան ծայրահեղականների ակտիւ ներմուծումը երկիր իրական էին դարձնում հնարաւոր պատերազմի հնարաւորութիւնը: Բացի այդ` թշնամի երկրի ղեկավարի համար միեւնոյն է, թէ ինչպէս կը գնահատեն «դրսում»` նկատի ունենալով...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Արի Արցախի Մարտը Մեծ…

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արի Արցախի Մարտը Մեծ…

Արդեօք Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը լսա՞ծ է Սարդարապատի ճակատամարտին նուիրուած՝ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնը: Երբ չի մնում ելք ու ճար, Խենթերն են գտնում հնար… Հաւանաբար ժամանակն է, որ ուշի ուշով կարդայ, իսկ եթէ ատիկա դժուար է, ունկնդրէ երգի վերածուած բանաստեղծութիւնը. ռազմաշունչ երաժշտութեան հեղինակն է Էտկար Յովհաննիսեան: Այդ ընելով՝ մօտէն եւ հարազատօրէն պիտի ճանչնայ հայորդին, անոր անպարտելի կամքը: Հաւանաբար Պ. Սեւակ պիտի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոյն Անպէտքներն Էք …

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոյն Անպէտքներն Էք …

ՄԱՐԱԼ ՂԱՐԻՊԵԱՆ 27 սեպտեմբերի նախօրեակին՝ հաւանաբար երկու օր առաջ, բջիջային լրատուութեան միջոցով դիմացս ելաւ նկարը խումբ մը վարձկաններու, որոնք Սուրիայէն Ազրպէյճան կը փոխադրուին, անշուշտ՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ։ Նկարը անցաւ շատ արագ, չկրցայ նոյն վայրկեանին զայն պահել բջիջայինիս մէջ։ Անհանգիստ էի, զգացումներս կ՛ըսէին, թէ սխալ բան մը կայ, կը զգուշացնէին, կը մտածէի՝ արդեօք ե՞րբ, ի՞նչ պիտի պատահի։ Եւ պատահեցաւ։ Թշնամին,...

Հարցազրոյց` «Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանին Հետ

Պատերազմ

  ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Գռեհկութիւնը հասած է հո՛ն, ուր զէնքը կը գործածուի մեծ մայր եւ թոռնիկ սպաննելու համար։ Լկտիութիւնը հասած է հո՛ն, ուր զէնքը կ՚օգտագործուի խաղաղ բնակիչներու տուները քանդելու եւ զանոնք անշնչացնելու համար։ Ստորնութիւնն ու ցածոգիութիւնը դարձած են մշակոյթ, իսկ ոճրագործութիւնը՝ կենցաղ։ Եթէ ոչ խաւարին, ցայգալոյսին։ Միշտ նախայարձակ, միշտ խուժան։ Յղիներու փորերը պատռող, մանուկներ ու կիներ բռնաբարող, հայրեր ու մայրեր գլխատող,...

Ժամն Է Սթափելու Եւ Հայկականով Ապրելու

Ժամն Է Սթափելու Եւ Հայկականով Ապրելու

ՍԵՒԱԿ ՍԱՂՊԱԶԱՐԵԱՆ 27 սեպտեմբեր 2020… Կը կանչէ հողը, կը կանչէ հողը պայքարի: Արդէն հնչեց շեփորը պատերազմի: Իւրաքանչիւր հայ, համաձայն իր կոչումին, անցաւ իրեն վստահուած աշխատանքին՝ հայ զինուորը լծուեցաւ սահմանի պաշտպանութեան, հայ մամիկն ու պապիկը իրենց աղօթքներով ու «Յաղթելու ե՛նք» կոչով գրկեցին իրենց որդիները եւ զանոնք ճանապարհեցին պայքարի դաշտ, կամաւորներու շարան մը, ներկայանալով ճշդուած կեդրոններ, պատրաստակամութիւնը յայտնեց ստանձնելու որեւէ աշխատանք, իսկ...

Յակոբ Բագրատունի. «Այսօր Հայ Ժողովուրդը Արցախի  Սահմանին Կը Պայքարի Թուրքիոյ Կողմէ Հովանաւորուող  Միջազգային Ահաբեկչութեան Դէմ»

Յակոբ Բագրատունի. «Այսօր Հայ Ժողովուրդը Արցախի Սահմանին Կը Պայքարի Թուրքիոյ Կողմէ Հովանաւորուող Միջազգային Ահաբեկչութեան Դէմ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի պահուն անդրադարձաւ Արցախի վերանորոգ գոյամարտի ծալքերուն, Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ ընդհանուր իրավիճակին: Նախ եւ առաջ, երեսփոխան Բագրատունի դրուատիքով նշեց, որ նշեալ կայանի տնօրէնութիւնը ի՛նք նախաձեռնած է լրագրող առաքել Արցախ` մօտէն հետեւելու եւ աշխարհին հաղորդելու տիրող իրավիճակին մասին: Ան ողջունեց «Էլ. Պի. Սի.»-ի...

Page 478 of 1112 1 … 477 478 479 … 1,112

Արխիւներ