Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Աշխարհասփիւռ Իւրաքանչիւր Հայ Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակումը Կը Նկատէ Համայն Հայութեան Դէմ Ուղղուած Պատերազմ»

Հոկտեմբեր 10, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր հայ այսօր թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը կը նկատէ համայն հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած պատերազմ», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` արաբական «Ասաս» (ASAS) կայքի հարցումներուն պատասխանելով: Երեսփոխան Բագրատունի զգուշացուց շրջանին մէջ թրքական ազգայնական ծաւալապաշտ ախորժակներու թափանցումէն` Բագրատունի դիտել տալով, որ իր այս մտավախութիւնը կը մեկնի հայ ժողովուրդի ապրած դառն փորձառութենէն` թրքական բռնարարքներուն հետեւանքով:

Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա վարժ է բարեսիրական նպատակներով իր մատուցած ծառայութիւններուն ճամբով յանգելու եւ իրագործելու թրքական ծաւալապաշտ ախորժակներ: Բագրատունի վերահաստատեց շրջանին մէջ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ չարիքի առանցքին առկայութիւնն ու անոր հետեւանքները: Ան դարձեալ յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր հայ կը զգայ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումին վտանգը, եւ առ այդ պատրաստ է մեկնելու եւ կամաւորագրուելու ի նպաստ հայկական բանակին:

Ան հաստատեց, որ բազմաթիւ հայեր մեկնած են Հայաստան, սակայն անոնց մեծ մասը մեկնած էր նախքան բախումներուն բռնկումը եւ ընդհանրապէս տնտեսական պատճառներով կամ հոն գտնուող իրենց ազգականներուն այցելելու նպատակով, «թէեւ այս գծով պաշտօնական որոշում կամ կոչ չկայ սփիւռքի հայկական ղեկավարութեան կողմէ»: Ան աւելցուց, որ ներկայիս Հայաստանին եւ Արցախին ուղղուած օժանդակութիւնը կը դրսեւորուի առաւելաբար քարոզչական եւ դիւանագիտական զօրակցութեամբ:

«Մենք դերակատար ենք, պարտականութիւն ունինք Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս` իբրեւ զօրակցական ճակատ նպաստելու Հայաստանին եւ պաշտպանելու սփիւռքի հայկական գոյութիւնը, սակայն եթէ ոեւէ մէկը կը փափաքի զինուորապէս զօրակցիլ` մենք չենք կրնար արգիլել, իրե՛նք կը վճռեն իրենց ճակատագիրը», ընդգծեց Բագրատունի` նշելով, որ Հայաստան ներկայիս զինուորական զօրակցութեան պէտք չունի:

Երեսփոխան Բագրատունի նաեւ յիշեցուց իսրայէլեան գործօնը, մանաւանդ որ ազրպէյճանական զինամթերքի 70 առ հարիւր համեմատութիւնը իսրայէլէն կու գայ` միաժամանակ նշելով, որ Թուրքիա առաջին պետութիւնն էր, որ 1948-ին ճանչցաւ Իսրայէլի պետութիւնը:

 

Նախորդը

Արամ Սեփեթճեանի Լուսաւոր Յիշատակին

Յաջորդը

Յիշեցնելով, Որ Արցախի Գոյամարտը Օրուան Ծնունդը Չէ. «Անկարելի Է, Որ Ընդունինք Արցախը Իր Նախկին Իրավիճակին Վերադարձնել» Շեշտեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?