Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոյն Անպէտքներն Էք …

October 5, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱԼ ՂԱՐԻՊԵԱՆ

27 սեպտեմբերի նախօրեակին՝ հաւանաբար երկու օր առաջ, բջիջային լրատուութեան միջոցով դիմացս ելաւ նկարը խումբ մը վարձկաններու, որոնք Սուրիայէն Ազրպէյճան կը փոխադրուին, անշուշտ՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ։

Նկարը անցաւ շատ արագ, չկրցայ նոյն վայրկեանին զայն պահել բջիջայինիս մէջ։ Անհանգիստ էի, զգացումներս կ՛ըսէին, թէ սխալ բան մը կայ, կը զգուշացնէին, կը մտածէի՝ արդեօք ե՞րբ, ի՞նչ պիտի պատահի։

Եւ պատահեցաւ։

Թշնամին, խախտելով զինադադարի ամէն համաձայնութիւն եւ «Քորոնա»-ի պայմաններուն մէջ զինեալ գործողութեան չդիմելու միջազգային բոլոր կոչերը, դարձեալ հարուածեց՝ այս անգամ թիրախ դարձնելով նաեւ խաղաղ քաղաքացիները։

Զարմանալի՞ է՝ անկասկած ո՛չ։

Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ՞։ Այո՛, անկասկած։

Ժամանակին օսմանցի թուրքերը ենիջերիներ կը պատրաստէին՝ զանոնք իրենց քաղաքական նպատակներուն ծառայեցնելու համար։ Ենիջերիները մեծամասնութեամբ ծնողական գուրգուրանքէ զուրկ որբեր էին, որոնք կը պահուէին յատուկ հսկողութեան տակ՝ դաստիարակուելով վայրենի ու վայրագ ըլլալու «մշակոյթ»-ով։ Պատերազմի ընթացքին անոնք կ՛օգտագործուէին օսմանցի թուրքերուն կողմէ՝ թշնամին վատագոյն ձեւերով վնասելու եւ սպաննելու համար։

Պատմութիւնը անկասկած ինքզինք կը կրկնէ, սիրելինե՛ր։ Սուրիոյ տարածքին այսօրուան վարձկանները կրկնապատկերն են անցեալի ենիջերիներուն, որոնք վերջին տասը տարիներու պատերազմին իբրեւ հետեւանք դարձած են վայրագ արարածներ՝ նման օսմանցի վարձկաններուն։
Իսկ Էրտողան, առանց տատամսելու, զանոնք կը փոխադրէ Ազրպէյճան՝ ամէնէն անգութ եւ ստորին միջոցներով սպաննելու խաղաղ հայ բնակիչները։

Նոյնն են, նոյնն ալ կը մնան, պի՛տի մնան։

Սակայն, մենք ալ նո՛յնն ժողովուրդն ենք, որ գիտէ ծառանալ թշնամիին դէմ, գիտէ բռունցք դառնալ եւ դիմադրել ուժգին։ Յաղթանակը մե՛րը պիտի ըլլայ։

Այսպէս եղած է միշտ, պատմութիւնը վկայ, որ տոկացած ենք դարեր եւ հասած մեր օրերու «անկախ» Հայաստանին։ Վարդանանցի եւ Վահանեանցի անհամեմատ ուժերու ճակատամարտերուն պէս ա՛յս ալ մեր յաղթանակը պիտի ըլլայ։

Փա՛ռք եւ պատիւ մեր հերոս բանակին։

28 սեպտեմբեր 2020

 

Նախորդը

Պատերազմ

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արի Արցախի Մարտը Մեծ…

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր.  Զ. Երկու Ապրիլ 24
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Զ. Երկու Ապրիլ 24

October 6, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Սփիւռք. Քննարկումէն Եւ Ախտաճանաչումէն` Դէպի Նոր Մեկնարկ

October 6, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Վերամո՛ւտ` Լաւատեսական Եւ Հարցադրական Եզրերով

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.