Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամն Է Սթափելու Եւ Հայկականով Ապրելու

Հոկտեմբեր 5, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱԿ ՍԱՂՊԱԶԱՐԵԱՆ

27 սեպտեմբեր 2020…

Կը կանչէ հողը, կը կանչէ հողը պայքարի: Արդէն հնչեց շեփորը պատերազմի: Իւրաքանչիւր հայ, համաձայն իր կոչումին, անցաւ իրեն վստահուած աշխատանքին՝ հայ զինուորը լծուեցաւ սահմանի պաշտպանութեան, հայ մամիկն ու պապիկը իրենց աղօթքներով ու «Յաղթելու ե՛նք» կոչով գրկեցին իրենց որդիները եւ զանոնք ճանապարհեցին պայքարի դաշտ, կամաւորներու շարան մը, ներկայանալով ճշդուած կեդրոններ, պատրաստակամութիւնը յայտնեց ստանձնելու որեւէ աշխատանք, իսկ միւս կողմէ, անշուշտ, քննադատողն ալ զբաղեցաւ իր քննադատութեամբ:

Աւելի քան երբեք յստակ եւ վճռական էր Արցախի պետութեան որոշումը՝ «Մենք զինադադար պիտի չխնդրենք, մենք զինադադար պիտի պարտադրենք»: Հայաստանի մէջ եւս զօրաշարժ է, Երեւանի փողոցները կ՛եռան կամաւորներով, իւրաքանչիւրը պատրաստ է կեանքի գնով պաշտպանել հայրենի հողը, տէր կանգնին հայութեան իրաւունքներուն։ Սփիւռք մէջ ապրող հայութիւնն ալ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս տարբեր միջոցներով եւ ձեւերով նեցուկ կանգնած է թէ՛ Հայաստան աշխարհին, եւ թէ Արցախին:

Այս անգամ պատկերը քիչ մը տարբեր է Լիբանանի պարագային, ուր ապրող հայութիւնը արդէն իսկ երկար ատենէ ի վեր կը դիմագրաւէ տագնապալի օրեր, ինչ որ կրնայ իր որոշ ազդեցութիւնը ունենալ կազմակերպուող նախաձեռնութիւններուն վրայ, բայց եւ այնպէս, ինչպէս միշտ, սփիւռքահայութեան սիրտը հանդիսացող այս գաղութը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ այս անգամ եւս Արցախին եւ արցախցիին կողքին է, թէկուզ հիմնականօրէն բարոյական եւ հոգեկան աջակցութեամբ ու նեցուկով: Լիբանանահայը մնայուն ներկայութիւն է ընկերային ցանցերու վրայ, իրականութիւնը տարածելու եւ խեղաթիւրումները ուղղելու առաքելութեան լծուած է, հանրային կարծիքը տեղեակ կը պահէ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին՝ արշաւներու ձեռնարկելով այդ հարթակներուն վրայ։

Արցախեան-ատրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ տեղի ունեցող այս յարձակումներուն ընթացքին յատկանշական եւ չափազանց ուշագրաւ էր նաեւ այն, որ, Հայաստանի եւ Արցախի իշխանաւորներուն ալ հաստատումով, Թուրքիան ուղղակի եւ անուղղակի մասնակից է յարձակումներուն, պատերազմ հրահրող է։ Այս անգամ շատ աւելի աչքառու ու բացայայտ է անոր նկրտումներն ու ժխտական դերակատարութիւնը, որուն մասին կը խօսին նաեւ օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Ինծի համար չափազանց հետաքրքրական է այն, որ Արցախին կողքին ըլլալու եւ ընկերային ցանցերուն վրայ նկարներ տեղադրելէն անդին ի՞նչ է զգացումը այն «հայուն», որ ամառները սրտի ամենայն հանգստութեամբ եւ գոհունակութեամբ Թուրքիա գացած է զբօսաշրջութեան եւ Մամարիսն ու Պոլիսը վայելած։ Թող նմանները լաւապէս գիտնան, որ իրենց ծախսած ոչ արժանավայել դրամով է, որ այսօր հայ երիտասարդ զինուորին արիւնը կը հոսի։ Մեղքը ձեր վիզին…

Արդեօք ի՞նչ է զգացումը այն «հայ» վաճառականին, որ ձգելով այլ արտադրութիւններ, կը վաճառէ թրքականը՝ միշտ ալ հեգնանքով մօտենալով իր այդ քայլը քննադատող խօսքերուն։ Այդ վաճառականները, որոնք ամէն սկզբունք ոտնակոխած են քանի մը ոսկի շահելու համար, թող լաւապէս գիտնան, որ իրենց  ծախած իւրաքանչիւր ոսկիին իբրեւ հետեւանք այսօր քանի՛ քանի՜ հայ մայրեր ու հայրեր արցունքոտ աչքերով հողին կը յանձնեն իրենց հերոս զաւակները։ Մեղքը ձեր վիզին…

Իսկ ի՞նչ է զգացումը այն «հայուն», որ գիտակցաբար կը գնէ թրքականը, կը քաջալերէ այդ արտադրութիւնները՝ սատար կանգնելով թշնամիին տնտեսութեան, իր իսկ լումայով օժանդակելով մեր փառապանծ եւ հզօր տղոց սպանութեան։ Մեղքը ձեր վիզին…

ԱՅՈ՛, ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՉԽՆԴՐԵՆՔ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ ԱՅՍ ԵՐԵՒՈՅԹԸ, ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՊԱՐՏԱԴՐԵՆՔ ԱՆՈՐ ԴԱՉՐԵՑՈՒՄԸ։ Թէկուզ ուշ, բայց լաւ է ուշ, քան երբեք: Միայն համացանցի ճամբով նկարներ զետեղելով չէ, որ զօրակցութիւն կը յայտնենք հայ զինուորին, այլ պատերազմէն անդին չքաջալերելով  թրքականը, մերժելով թրքական ամէն երեւոյթ։ Այդպիսով է, որ տարուան 365 օրերուն կը զօրակցինք թէ՛ Արցախին, թէ՛ Հայաստանին եւ թէ հայութեան, նաեւ հանգստացուցած կ՛ըլլանք մեր հայու, իսկական հայու խիղճը, որ, վերոյիշեալ անձերու պարագային, զանոնք տիւ ու գիշեր անհանգիստ պէտք է ընէ…

Պէտք է ըլլալ գիտակից եւ զգուշ, որպէսզի անընդունելի եւ յանցաւոր ընթացքը չշարունակուի, որպէսզի երբ պատերազմական այս կացութիւնը աւարտի, նմաններ չվերադառնան իրենց «սովորութեան»՝ թրքականը ընդունելու եւ քաջալերելու։

Ժամն է սթափելու, ժամն է հայութեամբ տրոփող սիրտով եւ խիղճով ապրելու։

 

 

Նախորդը

Թիֆլիս Կը Հերքէ Վրաստանի Տարածքով Ազրպէյճան Սպառազինութիւն Տեղափոխելու Մասին Լուրը

Յաջորդը

Պատերազմ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?