Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արի Արցախի Մարտը Մեծ…

Հոկտեմբեր 5, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդեօք Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը լսա՞ծ է Սարդարապատի ճակատամարտին նուիրուած՝ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնը:

Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար…

Հաւանաբար ժամանակն է, որ ուշի ուշով կարդայ, իսկ եթէ ատիկա դժուար է, ունկնդրէ երգի վերածուած բանաստեղծութիւնը. ռազմաշունչ երաժշտութեան հեղինակն է Էտկար Յովհաննիսեան: Այդ ընելով՝ մօտէն եւ հարազատօրէն պիտի ճանչնայ հայորդին, անոր անպարտելի կամքը:
Հաւանաբար Պ. Սեւակ պիտի չառարկէր, եթէ այս օրերուն քանի մը բառի փոփոխութեամբ ներկայացուի այդ կարճ բանաստեղծութիւնը՝ իր աթոռին յամառօրէն կառչած Ալիեւի:
Առաջին փոփոխելի բառը, պարոն Ալիեւ, «Սարդարապատ»-ի փոխարէն «Արցախ»-ն է:
Այո՛: Հաւանաբար քաջատեղեակ չէք հայոց պատմութեան, կամ ալ միշտ նախընտրած էք անգիտանալ պատմական իրականութիւնները: Թուրքիա կոչուած ձեր ուսուցիչը այդպէ՛ս սորվեցուցած է, չէ՞…

…Այսպէս ծագեց, արեգակեց
Արի Արցախի մարտը մեծ:

Պարզ է, թէ ձեր հայրն ալ չէ կրցած լաւ դաստիարակել ձեզ, սորվեցնել՝ թէ արեւմուտքի ձեր դրացի-թշնամին, թէեւ չունի բնական հարստութիւններ՝ ձկնկիթ կամ սեւ ու սպիտակ ոսկի, սակայն պատմութիւն եւ մշակոյթ կերտած երկիր է:
Գիր, գրականութիւն, սրբազան կառոյցներ՝ սկսելով մշակոյթի եւ ուժի բերդաքաղաք Շուշիէն ու անոր Սուրբ Ամենափրկիչ-Ղազանչեցոց եկեղեցիէն, ուրկէ

Զանգեր, ղօղանջէ՛ք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար մարտին…

Ազրպէյճան հաւանաբար երկար ու ի զուր պիտի սպասէ, որ Հայաստան տնտեսապէս շնչահեղձ ըլլայ՝ երազելով, որ իր արդիական սպառազինումով զինուորական պարտութեան մատնէ զայն: Ալիեւ մինչեւ իսկ կրնայ մտածել, թէ Հայաստանէն ու Արցախէն արտագաղթի հոսքն ալ պիտի զօրանայ, մինչդեռ եղածը ներգաղթ է, այդ ալ՝ թմբուկով եւ զուռնայով ներգաղթ, դէպի Արցախ:
Եւ դեռ Գանձասարի վանքէն եւ Դադիվանքէն պիտի արձագանգեն՝

...Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէ՛ք
Հզօր Արցախից:

Դեռ քանի մը օր առաջ, ՄԱԿ-ի հարթակէն՝ առցանց զեկոյցի մը պահուն, Իլհամ Ալիեւ շարունակ կը կրկնէր, թէ Հայաստան կը նկատուի աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներէն: Ան աշխարհին եւ յատկապէս Մինսքի խումբին կը մերժէր իր պատրաստակամութիւնը` Արցախի հարցը բանակցութեամբ կարգաւորելու: Չէր գիտեր, որ հայը իր հոգիին մէջ կը կրէ երգին կամքը՝

Աւարայրից ջանք առանք,
Այստեղ մի պահ կանգ առանք…

Սպառազինուած՝ գերարդիական զէնքերով եւ, աւելի՛ն, վայելելով իր «մեծ եղբօր»՝ Թուրքիոյ օժանդակութիւնը, Ազրպէյճան 27 սեպտեմբերէն ի վեր անդադար յարձակումներ կը գործէ, բրտօրէն ու յամառօրէն յայտարարելով, որ պատրաստ չէ «իր հողային ամբողջականութիւնը զիջելու» հայկական կողմին: Ան իր… չսորված դասին ճամբով կը փորձէ աշխարհն ալ համոզել, թէ Արցախը իր երկրին կը պատկանի, բռնատէր Սթալինի կամայականութիւնը հոն դեր չունի: Մինչդեռ հայը կը շարունակէ՝

…Որ շունչ առած, շունչներս տանք
Արի Արցախի պատին տակ:

Պատահածը սովորական ընդհարում չէ, հրացանաձգութիւն կամ պարբերական ռմբակոծում չէ, այլ ԼԱՅՆ ՃԱԿԱՏՈՎ ՊԱՏԵՐԱԶՄ:
Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կը յարձակին, գործի լծած են նաեւ «կրօնամոլ» վարձկաններ: Արցախն ու արցախցին՝ Տատիկին ու Պապիկին ժառանգորդները կը դիմադրեն, արիաբար, կատաղիօրէն, յամառօրէն եւ ամենայն պաղարիւնութեամբ: Ու աւարտին, եւ մի՛շտ՝

Բայց մենք չընկանք,
Մենք միշտ կանք,
Մենք չհանգանք, դեռ կը գանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոյն Անպէտքներն Էք …

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Նոր Պատերազմ, Հին Դասեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?