«Արցախի մէջ տեղի ունեցող գոյամարտը կրօնական բնոյթ չունի, եւ ան, որ զայն կը նկատէ քրիստոնեայ-իսլամ հակամարտութիւն` կը սխալի եւ այդպիսով կը զօրակցի Էրտողանի համաթուրանական ծրագիրի մղումներուն» յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Լիբանանեան «Էն.Պի.Էն» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի զգուշացուց, որ Արցախի կորուստը, Աստուած մի արասցէ, կրնայ ազդել ու վնասել համայն հայ ժողովուրդին` ասիկա նմանցնելով 1453-ին Մոհամետ Բ. սուլթանին կողմէ Կ. Պոլսոյ գրաւումին: «Հայ ժողովուրդը այսօր գոյութենական կռիւ կը մղէ Արցախի սահմանագիծին, եւ ասիկա մեր վերջին գոյամարտն է, զոր կը մղենք, որովհետեւ այն, ինչ որ կը պատահի հոն` Էրտողանի մեծ հայրերու սկսած ցեղասպանութեան ամբողջացումն է, որուն միջոցով անոնք կը փորձէին վերացնել Հայաստանը իբրեւ խոչընդոտ` թրքախօս ժողովուրդներու միացման համաթուրանական ծրագիրի իրագործման», ընդգծեց Բագրատունին` նշելով, որ հայ նորահաս սերունդները իբրեւ ցեղասպանութեան սերունդի ժառանգորդներ կը մերժեն տասը տարին անգամ մը պատերազմ մղել ու դարձեալ ցեղասպանութեան ենթարկուիլ:
«Պատերազմ սկսիլը եւ անոր մէջ խորանալը դիւրին է, սակայն անկէ դուրս գալը դժուար է, յատկապէս` երբ նկատի ունենանք, որ անիկա կը մղուի թրքական հրահրումով ու ամէն ձեւի զօրակցութեամբ», եւ իսրայէլեան զինուորական բացայայտ օժանդակութեամբ», աւելցուց Բագրատունի` նշելով, որ ազրպէյճանական զինական սարքերուն 70 առ հարիւրը իսրայէլեան արտադրութիւն է, եւ թէ Իսրայէլի հետ Ազրպէյճանի զինամթերքի առեւտուրը կը հաշուէ հինգ միլիառ տոլար, այս մասին վկայակոչելով վերջերս պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին իսրայէլացի զինուորականի մը խոստովանութիւնները, ուր ան կը հաստատէր իսրայէլացի զինուորական փորձագէտներու ներկայութիւնը Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հակահայ գործողութիւններուն մէջ:
«Այս գոյամարտը օրուան ծնունդը չէ, անիկա կանխամտածուած է Թուրքիոյ կողմէ», շեշտեց Բագրատունի` նշելով, որ ամիս մը առաջ Նախիջեւանի մէջ Թուրքիա-Ազրպէյճան միացեալ ռազմափորձերէն ետք, թրքական զինամթերքը մնաց Ազրպէյճանի մէջ: Ան յիշեցուց, թէ ինչպէ՛ս 1990-ական թուականներուն Թուրքիոյ նախկին վարչապետներ Թանսու Չիլեր եւ Թուրկութ Էօզալ կը յայտարարէին, թէ Հալէպը եւ Մուսուլը թրքական հողեր են, իսկ մէկ շաբաթ առաջ Էրտողան յայտարարեց, թէ Երուսաղէմն ալ թրքական հող է: «Քաղաքակրթական երեք կարեւոր արաբական կեդրոններու մասին կը խօսինք, մինչ տակաւին Էրտողանին ծափողներ կան» ըսաւ Բագրատունի` յիշեցնելով, որ «Մաւի Մարմարա» նաւուն միջադէպին ընթացքին թրքական դրօշներ ծածանեցան արաբական շատ մը շրջաններու մէջ, եւ հարց տուաւ, թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին օտարին, արտաքին կողմերուն կառչելու այս զիջումները:
Այս առիթով երեսփոխան Բագրատունի կոչ ուղղեց արաբական այն պետութիւններուն, որոնք նոր սթափեցան շրջանին մէջ թրքական վտանգին առկայութեան` օգնելու եւ զօրակցելու հայութեան, որովհետեւ «այլապէս բոլորս պիտի կորսնցնենք»: Երեսփոխան Բագրատունի այս առիթով ողջունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի կեցուածքը` զայն «խիզախ» որակելով:
Մեծ պետութիւններու կեցուածքին գծով հարցումի մը պատասխանելով` Բագրատունի դիտել տուաւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին սպասողական վիճակի մէջ է եւ կ՛ուզէ վստահ ըլլալ, թէ հայերը որքանո՛վ պիտի կարենան տոկալ ու պահպանել իրենց հողերը, յատկապէս որ դրացի Վրաստան փակած է իր սահմանները, եւ Հայաստանի միակ ելքը մնացած է Իրանը»: Բագրատունի հաւանական նկատեց Ռուսիոյ միջամտութեամբ գերիներու եւ դիակներու փոխանակման գծով մօտալուտ զինադադարի հաստատումը:
Իրանի գծով Ալի Աքպար Վիլայեթիի յայտարարութեան անդրադառնալով, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ իրանցի ղեկավարը կ՛արտայայտուի հողային ամբողջականութեան մասին, «իսկ մենք կը խօսինք ինքնորոշման իրաւունքի մասին»: «Այսուհանդերձ մենք կ՛ըմբռնենք Իրանի կեցուածքը», աւելցուց Բագրատունի:
Բագրատունի նաեւ ակնարկեց Ազրպէյճանի մէջ տիրող փտածութեան երեւոյթին նշելով, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւ լուրջ հարցեր ունի ընդդիմութեան հետ եւ անոր վարքագիծը կը յիշեցնէ իր հօր` Հայտար Ալիեւի իշխանութեան բռնապետական մթնոլորտը:
«Մենք` իբրեւ ՀՅԴ-ի կառոյց, Հայաստանի մէջ խոր տարակարծութիւններ ունինք տիրող իշխանութեան հետ, բայց ներկայիս այդ բոլորը մէկ կողմ ձգած ենք, որովհետեւ հողի կորուստէն ետք, ալ ի՞նչ բանի մասին վիճինք:
«Անկարելի է վերադառնալ Արցախի նախկին կարգավիճակին, որովհետեւ այսօր սերունդ մը հասակ առած է Արցախի ազատ ու անկախ մթնոլորտին մէջ, եւ կացութեան վերադարձը իր նախկին կարգավիճակին պիտի նշանակէ հայոց կորուստը, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Նախիջեւանի պարագային, երբ Ազրպէյճան ժողովրդագրական փոփոխութիւններ կատարեց եւ վտարեց հայերը հոնկէ ու թուրք-ազրպէյճանցիներ բնակեցուց հոն», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
«Էն.Պի.Էն» կայանի հաղորդավար Սաուսան Սաֆա Տարուիշի վարած «Իննսուն վայրկեան» խորագրեալ նշեալ յայտագիրին մաս կազմեց նաեւ թրքագէտ, պատմաբան դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին, որ պատմական ակնարկով հիմնաւորեալ փաստարկներ ներկայացուց Արցախի հայկական պատկանելիութեան վերաբերեալ:
1813-ի Գիւլիստանի դաշնագիրէն մինչեւ Անդրկովկասեան Սէյմը եւ ապա օգոստոս 1919-ի խաղաղութեան վեհաժողովը, 1923-ին խորհրդային նախկին ղեկավար Ժոզեֆ Ստալինի պատմական սխալը եւ աւելի ուշ 1930-ին կատարուած փոփոխութիւնները նշելով դոկտ. Նուրէտտին մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդի, յատկապէս` արցախահայութեան իր հողին կառչելու վճռակամութիւնը` ընդգծելով, որ Արցախ հաստատապէս հայկական հող է: Ան իր կարծիքը հիմնաւորեց վկայակոչելով դարեր առաջ նոյնինքն օսմանեան քարտէսներու վրայ Արցախի հայաբնակ ըլլալու նշումները:
TOTAL WAKE UP of ARMENIAN NATION outside ARMENIA is REQUIRED .. OTTOMAN-AZERBAIJAN-JIHADIST plus ACCESSORIES will NEVER STOP to REACH THEIR PAN TOURAN OBJECTIVE, NEVER ACCEPT TRUCE as they PROVED 100’s YEARS HISTORY. ALL MIDDLE EAST WEALTHY COUNTRIES IN DANGER ;;ARMENIA NEEDS AT LEAST 10-15 BILLION DOLLARS to RESIST this PROXY WAR for their OWN SAKE:: HELP TO FIGHT for YOUR PROTECTION in ADVANCE, hesitation COULD BE FATAL, BE WARNED…!!