ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Միքայէլ Հաճեանը ծանօթ լրագրող-գրող է հայկական եւ միջազգային տեղեկատուութեան բնագաւառին մէջ։ Ան կ՚ապրի Ստեփանակերտ, Արցախ։ Սեպտեմբեր 2019-ին միասին էինք Ստեփանակերտի մէջ, երբ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին ներկայացումը կատարեցինք Արցախի պետական համալսարանին մէջ։ Ունեցանք շատ հաճելի ժամանակ եւ խօսակցութիւն։ Ծանօթացայ նաեւ իր ընտանիքին։ Միքայէլի երէց որդին՝ Նորայրը, նահատակուած է Արցախի 2016-ի քառօրեայ պատերազմին։ Նորայրին նկարը զետեղուած է Միքայէլի տան հիւրասենեակին մէջ։ Նորայրը աշխուժ եւ ուժական տղայ եղած է, իր սրտին մէջ խորունկ կրած է հայրենիքին եւ հողին նկատմամբ սէրն ու նուիրումը, որոնք ալ զայն տարած են մինչեւ նահատակութիւն՝ իր ետին ձգելով իր կողակիցը, զաւակները եւ ծնողքը։
Միքայէլ իր սրտին մէջ սեղմած է Նորայրին ցաւը։ Բայց այդ ցաւին մէջ ակնյայտ էր անոր հպարտութիւնը։ Ցաւը՝ զաւկին մահուան եւ հպարտութիւնը՝ Նորայրի հայրենասիրութեան ու անձնազոհութեան։ «Կտրիճ տղայ էր», ըսաւ Միքայէլ, ցոյց տալով իր զաւկին նկարը։ Միքայէլի աչքերուն մէջ կը տեսնէի կուտակուած եւ նոյնքան զսպուած արցունք։
Միքայէլ կը հաւատայ հայրենի հողին եւ ամուր կառչած է անոր։ Իրեն համար սրբութեան համազօր է։ Իր երկրորդ տղան՝ Երուանդը, որ նոյնպէս կազմած է ընտանիք եւ ունի զաւակ մը, կը գործէ Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ՝ իբրեւ սփիւռքի եւ անոր հետ յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ-պատասխանատու։ Երուանդը հայրենասէր երիտասարդ է եւ ունէր ծրագիրներ։ Կը հաւատայ, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է իր բաժինը բերէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ Երուանդին հետ բաւական խօսեցանք եւ զրուցեցինք։ Մշակեցինք նաեւ ծրագիրներ, թէ ինչպէս կրնանք գործակցիլ՝ յառաջիկային Արցախ-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով։
Բայց երեւի Երուանդին հետ մեր մշակած ծրագիրները պիտի մնային կիսաւարտ։
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 6-ին հասաւ Երուանդին նահատակութեան բօթը՝ Ստեփանակերտէն։ Երուանդ կամաւոր զինուորագրուած է՝ մասնակցելու համար Արցախի բանակին Ազրպէյճանի դէմ պատերազմին։ Երուանդին հայրենասիրութեան տրամադրութիւնները եւ չափանիշերը տեսած էի։ Գիտեմ, թէ ո՛վ էր։ Երուանդն ալ իր համոզումները տարաւ մինչեւ վերջ՝ յար եւ նման եղբօրը՝ Նորայրին… Նահատակութիւն։
Եթէ Երուանդ իր ետին կը ձգէ երիտասարդ կողակիցը եւ փոքր երեխան, բայց կայ նաեւ ծնողքը։ Հայրն ու մայրը, որոնք երկու զաւակ կորսնցուցին իրենց ողջութեան եւ միայն չորս տարիներու ընթացքին։ Մարդկային միտքը եւ հոգին չեն կրնար հանդուրժել այս ցաւը։ Ի՞նչ պիտի գրեմ իմ սիրելի բարեկամիս՝ Միքայէլին, որպէս ցաւակցական գիր։ Դժուար պիտի ըլլայ գտնել բառերը սփոփելու եւ մխիթարելու հայր Միքայէլը իր երկրորդ զաւակին նահատակութեան համար։
Համայն հայութիւնը կը հետեւի արցախեան-ազրպէճանական սահմանագօտիին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի զարգացումներուն եւ լուրերուն։ Երուանդին նման շատ են երիտասարդ հայ տղաքը, որոնք իրենց կեանքերը կը զոհեն հայրենի հողին համար։ Բայց հողէն աւելի՝ հայուն ապրելու հրամայականին համար։
Սուսաննա Մկրտչեանը իմ գործակիցս է, որ կ՚ապրի Երեւան։ Սուսաննան հայրենասէր կին է եւ մայր, որ կը տագնապի հայրենիքի իրավիճակով, բայց մանաւանդ երիտասարդ հայ տղոց մահուամբ։ «Թող զիս բանակ տանին, փոխան մեր երիտասարդ տղոց, որոնք իրենց մատղաշ տարիքին կը մահանան»։ Սուսաննան կու լար հեռաձայնին վրայ հետս խօսած ժամանակ, եւ դուրս կը հանէր իր սրտին ու հոգիին ցաւը։ Ցաւը՝ երիտասարդ կեանքերուն, որոնք մէկը միւսին ետեւէն կ՚երթան յաւիտենականութեան։
Բայց պատերազմը տակաւին կը շարունակուի։ Հայկական բանակին ռազմական նուաճումները եւ սխրագործութիւնները մեծ են։ Կը զարմանաս, բայց նոյնքան կը սքանչանաս։ Արցախ-Հայաստան երեք միլիոն բնակչութիւն՝ ընդդէմ Ազրպէյճան-Թուրքիա իրենց աւելի քան իննսուն միլիոն բնակչութեամբ։ Ու տակաւին չհաշուած զինական-ռազմական կարողականութիւնները։ Այս անհաւասար թիւի եւ ուժի համեմատութիւններով պատերազմը կը շարունակուի։ Կը նայիմ Աստուածաշունչին մէջ Դաւիթի ու Գողիաթի մենամարտին, ինչքան անհաւասար էին ուժերու կարողականութիւնները։ Բայց Դաւիթ մղեց այս անհաւասար կռիւը եւ յաղթեց։ Յաղթեց, որովհետեւ համոզուած էր յոյսին ճշմարտութեան եւ արդարութեան։ Դաւիթ մարտնչեց եւ յաղթեց։
Հայը այսօր նոյն այս մենամարտ-պատերազմին մէջ է։
Հայը մինակը՝ անհաւասար թիւով եւ ուժով։ Ու տակաւին բոլոր աշխարհը կը դիտէ այս անհաւասար պատերազմը։ Հոսկէ-հոնկէ կը հնչեն զինադադարի կոչեր՝ քիչ մը մեղմ ձայնով։ Բայց հայը կը շարունակէ պատերազմը։ Ան կը հաւատայ իր քրիստոնէական ու ազգային ինքնութեան։ Ան կը հաւատայ իր ռազմական ուժին, բայց նաեւ իր երիտասարդ տղոց։ Նորայր, Երուանդ ու շատ-շատե՜ր։ Երիտասարդ տղաք, որոնք իրենց մատղաշ կեանքերը կը դնեն հայուն ապրելու եւ գոյատեւելու հրամայականին։ Լինելն է հայուն միակ ընտրանքը եւ ճանապարհը, որովհետեւ, ինչպէս վարչապետ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք Տէր Զօրի ճամբորդ չենք»։
Եզնիկ արք. Պետրոսեան՝ հեռաձայնային մեր խօսակցութեան ընթացքին հոգեպէս գօտեպնդեց զիս. «Պիտի յաղթե՛նք, Հրա՛յր»։ Անդրանիկ Մարտոյեանը՝ աւետարանչական գրասենեակի տեղեկատուութեան բաժնի պատասխանատուն ըսաւ. «Մեր կորովը բարձր է, Հրա՛յր»։ Մարիանա Աբրէսեանը՝ Հայաստանի մէջ գործակիցներէս, այսպէս արտայայտուեցաւ. «Կը փորձենք հասնիլ Արցախի մեր ժողովուրդի կարիքներուն՝ տարբեր ձեւերով»։ Կորով, տրամադրութիւն եւ պատրաստակամութիւն կու գան աւելնալու հայուն ռազմական կարողականութեան վրայ՝ յաւելեալ հաւատք ներարկելով։ Այս այն հաւատքն է, ուր դուրս կը հանէ յոյսը։ Յոյսը կը բացայայտէ ուժը հայուն, անոր ապրելու կամքին, որպէսզի հայը ապրի եւ վերապրի իր ազգային արժանապատուութեամբ։
Պարտիմ վերադառնալ Ստեփանակերտ եւ իմ բարեկամ Միքայէլին։ Ան Նորայրին նկարին կողքին երեւի այսօր պիտի զետեղէ նաեւ իր երկրորդ զաւակին՝ Երուանդին նկարը։ Ամէն օր Միքայէլ պիտի ապրի իր երկու զաւակներուն յիշատակը։ Իր ցաւը սեղմելով եւ արցունքերը խեղդելով պիտի սգայ իր հերոս որդիներուն կորուստը։ Բայց գիտեմ Միքայէլը։ Ան պիտի չընկրկի։ Գիտեմ իր հաւատքը Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Ան պիտի կառչի, պիտի տքնի եւ պիտի հասնի ու տեսնէ յոյսը։ Յոյսը Արցախին, Հայաստանի եւ հայուն ապրելու տեսլականին։ Այն յոյսը, որուն համար իր զաւակները եւ մեր բոլոր հայ տղաքը իրենց կեանքերը զոհեցին ու տակաւին։
Թող որ այս քանի մը տողերը ըլլան մխիթարական խօսքեր սիրելի Միքայէլին։ Բայց նաեւ Արցախի համայն ժողովուրդին։ Արցախի ցաւը բոլոր հայութեան ցաւն է հաւասարապէս։ Իսկ յոյսը հայուն կեանքը ապրելու գրաւականն է։ Հայուն կեանքը, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար միայն կը տրոփէ։ Կեանք կերտելու եւ ոչ երբեք սպաննելու։
Այս Արցախի ցաւը եւ յոյսն են։ Ցաւը Արցախին, բայց նաեւ համայն հայութեան եւ աշխարհով մէկ։ Իսկ յոյսը նոյնպէս հայունն է։ Այս յոյսը կարելի չէ սակարկութեան դնել։ Ու տակաին ինչ խօսք՝ քաղաքականացնել։ Ան կը մնայ իրական եւ հարազատ։ Հայը այսօր կը պատերազմի իրականացնելու համար իր յոյսը։ Այս ընթացքին ան կը շարունակէ ցաւիլ։
Յարգա՛նք բոլոր մեր քաջ մարտիկներուն, որոնք իրենց կեանքերը տուին ու տակաւին կու տան Արցախի ցաւին եւ յոյսին։
Արցախի ցաւը եւ յոյսը։ Անպայմանօրէն՝ հայուն։ Արցախ, Հայասատան եւ Սփիւռք։
Պիտի յաղթե՛նք։