Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Պատերազմի Գլխաւոր Դերակատարներու Վերլուծում

Հոկտեմբեր 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Այս վերլուծումը գրելու պահուն՝ 5 Հոկտեմբեր 2020ին, պատերազմը, մէկ կողմէ՝ Հայաստանի ու Արցախի, միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ ծայրայեղ իսլամ վարձկաններու միջեւ, կը շարունակուի զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու անթիւ կորուստներով եւ քաղաքներու ու գիւղերու լայնածաւալ աւերածութիւններով: Այս շաբաթ պիտի վերլուծեմ գլխաւոր դերակատարներէն իւրաքանչիւրին դերը՝ մերօրեայ պատերազմին մէջ:

Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, չկամենալով ընդունիլ Արցախի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ հետեւելով հակամարտութիւնը ռազմական ճամբով լուծելու իր բազմաթիւ սպառնալիքներուն՝ 27 Սեպտեմբեր 2020ին լայնածաւալ յարձակումի սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: Պատերազմէն առաջ, Ատրպէյճան արդէն իսկ ապահոված էր աջակցութիւնը Թուրքիոյ զինուած ուժերուն եւ Սուրիայէն մեծ թիւով ահաբեկիչներուն, որոնք կը վարձատրուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ:

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները անտեսեցին հրադադարի հաստատման ուղղուած բոլոր կոչերը, անոնց շարքին՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համատեղ յայտարարութիւնը: Ալիեւ յայտարարեց, որ հրադադար եւ բանակցութիւններ պիտի չիրականանան, այնքան ատեն որ հայկական ուժերը չեն լքած Արցախը: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ոչ միայն կ՛ուզեն գրաւել Արցախը, այլեւ՝ հայերուն նկատմամբ իրագործել երկրորդ ցեղասպանութիւն մը: Ասիկա սպառնալիք է հայ ժողովուրդի գոյութեան: Ասիկա պատերազմ է ամբողջ աշխարհի տասը միլիոն հայերուն դէմ: Բարեբախտաբար, հայերը հասկցած են իրենց գոյութեան սպառնացող լուրջ վտանգը եւ իրենց ուժերը համատեղելու անհրաժեշտութիւնը՝ թշնամին ետ մղելու համար: Թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը ձախողելէ ետք, Հայաստան պէտք է մերժէ բանակցութիւններու բոլոր առաջարկները եւ պաշտպանէ Արցախի հողը, որ ազատագրուած է մեր քաջ երիտասարդներուն արիւնով: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա յարձակած են ոչ միայն հայկական ռազմական թիրախներու, այլեւ մեծ քաղաքներու եւ գիւղերու խաղաղ բնակչութեան վրայ: Ասիկա ռազմական յանցագործութիւն է, որուն համար Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն Մարդկային Իրաւանց եւրոպական դատարանին եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին առջեւ:

Նաեւ, Հայաստան պէտք է բողոք ներկայացնէ ՄԱԿին, քանի որ Ատրպէյճան նախապէս ստորագրած է ՄԱԿի՝ «Վարձկաններու հաւաքագրման, օգտագործման, ֆինանսաւորման եւ պատրաստման դէմ միջազգային համաձայնագիր»ը: Սոյն համաձայնագիրը պատիժ կը նախատեսէ «համապատասխան պատժամիջոցներով՝ հաշուի առնելով այդ յանցագործութիւններուն ծանր բնոյթը»:

Թուրքիա

Թուրքիա պէտք չէ որեւէ դերակատարութիւն ունենայ արցախեան հակամարտութեան մէջ: Էրտողան անընդհատ կը խօսի մէկ ազգ, երկու պետութեան մասին՝ յղում կատարելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ: Այս պարագային, ապա ինչո՞ւ չ՛ընդունիր նոյն գաղափարը Հայաստանի եւ Արցախի համար: Թուրքիա իրաւունք չունի խօսելու Արցախի կարգավիճակին մասին, քանի որ ի՛նք եւս գրաւած է Հիւսիսային Կիպրոսը, 1974ին:

Երկար ժամանակէ ի վեր Թուրքիա կը զինէ եւ կը պատրաստէ ահաբեկիչներ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ, իսկ այժմ՝ Ատրպէյճանի մէջ: Միջազգային հանրութիւնը նոյնքա՛ն մեղաւոր է, որքան Թուրքիա՝ ահաբեկչական գործունէութեանց համար անոր դէմ պատժամիջոցներ չկիրարկելու գծով: Էրտողան հաւատացած է, որ ինք կրնայ մարսել այդ սպանութիւնները, եւ ոչ մէկ երկիր ձայն պիտի հանէ: Ժամանա՛կն է փակելու Էրտողանի բերանը եւ սանձելու անոր ծաւալապաշտական նկրտումները:

Բացի ֆիզիքական պատերազմէն, կայ նաեւ քարոզչական եւ կեղծիքներու պատերազմը, զոր կը վարեն Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան: Ինչպէս միշտ, Թուրքիա կը ստէ ամէնէն ակնյայտ փաստերուն մասին: Եթէ անիկա կրնայ ժխտել 1.5 միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը, ապա կրնայ նաեւ ժխտել, թէ Ատրպէյճանի մէջ ունի ռազմական ուժեր ու խորհրդականներ, որոնք կը պայքարին Հայաստանի ու Արցախի դէմ: Թուրքիա կը հերքէ նաեւ, թէ ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչներ հաւաքագրած է Արցախի մէջ կռուելու համար:

Ահաբեկիչ Վարձկաններ

Հիւսիսային Սուրիայէն հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր, ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչներ հաւաքագրուած են Թուրքիոյ կողմէ, մեկնելու Ատրպէյճան՝ Հայաստանի ու Արցախի դէմ կռուելու համար: Վերջերս, սակայն, ձայնագրուած են անոնց հեռախօսազանգերէն մասեր, ուր կ՛ըսուի, որ Թուրքիա զանոնք մոլորութեան մէջ ձգած է՝ համոզելով, որ իրենք միայն պահակային պարտականութիւններ պիտի կատարեն, այլ ոչ թէ պիտի պատերազմին: Ահաբեկիչները նաեւ յայտարարած են, որ կ՛ուզեն հեռանալ այդտեղէն, բայց չէ արտօնուած իրենց: Անոնք եկած են Ատրպէյճան միայն, երբ Թուրքիա ամսական քանի մը հազար տոլար առաջարկած է իրենց: Հակառակ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հերքումներուն, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնները արձանագրած են հեռաձայնային խօսակցութիւններ ահաբեկիչներու, որոնք կը խօսին արաբերէն ու թրքերէն եւ իրենց գործընկեր ահաբեկիչներուն խորհուրդ կու տան չերթալ Ատրպէյճան:

Ռուսիա

Ռուսիա համաշխարհային միակ տէրութիւնն է, որ կրնայ դադրեցնել մարտերը, ինչպէս նախապէս ըրած է բազմաթիւ անգամ: Կա՛մ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այժմ ի վիճակի չէ ճնշելու Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ վրայ՝ զինադադար յայտարարելու գծով, կա՛մ տակաւին չ՛ուզեր ընել այդ մէկը, այնքան ատեն որ Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն ու Թուրքիայէն զիջումներ չէ կորզած իր իսկ շահերուն համար:

Խնդիրը այն է, որ Հայաստանը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ է, որ փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագիր ունի Ռուսիոյ եւ նախկին ԽՍՀՄի շարք մը այլ պետութիւններու հետ: Մինչեւ հիմա, Հայաստան չէ դիմած ՀԱՊԿին որ Ատրպէյճանի յարձակումներէն պաշտպանէ զինք, յայտարարելով, թէ ինք կրնայ պաշտպանել իր սեփական տարածքը: Հայաստան պէ՛տք է ՀԱՊԿէն խնդրէ՝ ապահովել իր պաշտպանութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակումներէն: Եթէ Հայաստան դիմէ, իսկ ՀԱՊԿ մերժէ կատարել իր պայմանագրային պարտաւորութիւնները, ապա մենք կը հասկնանք, որ ՀԱՊԿ գոյութիւն ունի միայն թուղթի վրայ: Հայաստանի եւ ՀԱՊԿի միջեւ, սակայն, կրնան ըլլալ քուլիսային բանակցութիւններ՝ ճիշդ ժամանակին Հայաստանի օգնութեան հասնելու առումով, նախքան որ Հայաստան վտանգի ենթարկուի:

Հայաստանի աջակցիլը կը բխի նաեւ Ռուսիոյ սեփական շահերէն: Նախ եւ առաջ, Կովկասի տարածաշրջանը կը համարուի Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտի, ուր պէտք չէ թոյլ տրուին Թուրքիոյ կողմէ ոտնձգութիւններու: Երկրորդ, ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչները, զորս Թուրքիա ուղարկած է Ատրպէյճան, կրնան ի վերջոյ սպառնալիք հանդիսանալ Ռուսիոյ անվտանգութեան: Ռուսիա որքա՛ն շուտ ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ՝ ահաբեկիչները յետս կոչելու համար, այնքա՛ն լաւ՝ իր իսկ շահերուն համար:

Հայաստան նաեւ դժգոհ է, որ Ռուսիա ժամանակակից ինքնաթիռներ եւ հրթիռներ կը ծախէ Ատրպէյճանի: Ասիկա անընդունելի վարք է Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցին կողմէ: Հասկնալի է, որ Ռուսիա այդ ռազմական վաճառքը կ՛իրականացնէ իր տնտեսական շահերուն համար, սակայն հայերը ստիպուած են անընդհատ յիշեցնելու Ռուսիոյ, թէ իր հեղինակութիւնը կը խարխլի Հայաստանի մէջ՝ զէնք մատակարարելով Հայաստանի թշնամիին:

Իրան

Իրանի կառավարութիւնը միշտ չէզոք դիրքորոշում պահպանած է Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան մէջ: Այս պատերազմին, Իրան անհանգստացաւ, երբ ատրպէյճանական հրթիռներ ինկան Իրանի տարածքը՝ վիրաւորելով մանուկ մը: Իրան նաեւ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ վարձկան ահաբեկիչներու ներմուծման գծով, մտածելով, որ անոնք կրնան վտանգ հանդիսանալ Իրանի ապահովութեան համար:

Իսրայէլ

Ամօթալի է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը շարունակէ ժամանակակից անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ մատակարարել Ատրպէյճանի` ատրպէյճանական քարիւղին դիմաց: Արդեօք Իսրայէլ, եթէ գոյութիւն ունենար Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զէնք կը ծախէ՞ր Հիթլերին՝ նիւթական շահերու դիմաց: Զարմանալի չէ, որ անցեալ շաբաթ, Հայաստան Թել Աւիւէն յետս կոչեց իր նորանշանակ դեսպանը: Ամերիկահայերը պէտք է ազդեն ամերիկացի հրեաներու եւ ամերիկեան հրէական կազմակերպութիւններու վրայ, այն միտքով, որ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանը զինելը բարոյական տեսանկիւնէ ամօթալի է, եւ որ ինք պատասխանատու կը նկատուի հայ խաղաղ բնակիչներու ու զինուորներու սպանութեան համար: Նոյնիսկ պատերազմի այս բուռն պահուն, Իսրայէլի մէջ տեսնուած են ատրպէյճանական բազմաթիւ բեռնատար ինքնաթիռներ, որոնք գերժամանակակից զէնքեր կը բեռցնեն դէպի Ատրպէյճան…

Ֆրանսա

Ֆրանսա աշխարհի մէջ միակ երկիրն է, որ ճշմարտութիւնը ըսաւ այս պատերազմին մասին: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ատրպէյճան նախաձեռնած է Արցախի վրայ յարձակման, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Թուրքիա ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչներ ուղարկած է Ատրպէյճան: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ Ֆրանսա՝ խօսելէ բացի, այնուամենայնիւ, աշխարհասփիւռ հայերը կը գնահատեն Ֆրանսայի դիրքորոշումը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Եթէ Միացեալ Նահանգներ ուզէր, ապա կրնար ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ՝ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութենէն հեռու մնալու համար: Դժբախտաբար, հակառակ Թրամփի այն յայտարարութեան, թէ ինք պիտի քննարկէ հակամարտութիւնը, ոչինչ կատարուած է: Էրտողանի հետ Թրամփի սերտ բարեկամութիւնը ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէ հայերուն այն գծով, որ Միացեալ Նահանգներ միջնորդի դեր պիտի խաղայ հակամարտութեան մէջ, յատկապէ՛ս, երբ Թրամփ վարակուած է համավարակի ժահրով: Միակ դրական գործողութիւնը՝ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ նախատեսուող թիւ 1165 բանաձեւի ընդունումն է, որ կը դատապարտէ Ատրպէյճանը՝ Արցախի դէմ յարձակման, եւ կը մեղադրէ Թուրքիան Ատրպէյճանի կողքին պատերազմի մասնակցելուն համար: Դատապարտումի սահմաններէ դուրս, Միացեալ Նահանգները պէտք է պատժամիջոցներ կիրարկէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ, դադրեցնէ ռազմական եւ արտաքին օգնութիւնը երկու երկիրներուն եւ զանոնք յայտարարէ ահաբեկչական պետութիւններ…

Եզրակացութիւն

Ամփոփելով, Հայաստան չի կրնար յոյսը դնել ոեւէ մէկուն վրայ՝ բացի իր սեփական ժողովուրդէն, իր հողերը պաշտպանելու համար: Շատ յուսադրող է այն, որ աշխարհասփիւռ հայերը օգնութեան կը հասնին Հայաստանին եւ Արցախին՝ նուիրելով դրամական միջոցներ եւ մարդասիրական պարագաներ: Համայն հայութիւնը ստիպուած է շարունակելու հակազդել ատրպէյճանական եւ թրքական ռազմական ու քարոզչական յարձակումներուն: Երբ Ատրպէյճան տեսնէ, թէ իր բանակը չի կրնար որեւէ արդիւնքի հասնիլ, ստիպուած պիտի ըլլայ ընդունելու, որ Արցախ երբե՛ք չի դառնար Ատրպէյճանի մաս: Ատրպէյճանական եւ թրքական այս լկտի յարձակումներէն ետք, ո՛չ մէկ հայ կը համաձայնի, որ Արցախի ժողովուրդը ապրի կաշառուած բռնապետ Ալիեւի դաժան իշխանութեան ներքեւ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

 

Նախորդը

Կիպրոսի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ընդունած Է Արցախի Դէմ Ազրպէյճանական Յարձակումը Դատապարտող Բանաձեւ

Յաջորդը

Տոմս. «Դատապարտելը Բաւարար Չէ…»

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?