Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժողովուրդի Եւ Անոր Դատին Պաշտպանութեան Համար Համատարած Զօրաշարժի Մթնոլորտ Կը Տիրէ» «Ալ Արապի Ալ Ժատիտ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Բագրատունի

October 8, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայեր կը նկատեն, որ նոր ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուին, ինչ որ զիրենք մղեց կամաւորագրուելու հայոց բանակին` պաշտպանելու համար մայր հայրենիքը», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` դիտել տալով, որ անոնց այս որոշումը զգացականէն անդին` ամբողջական գիտակցութեամբ տրուած է, քանզի ժողովուրդի եւ անոր դատին պաշտպանութեան համար համատարած զօրաշարժի մթնոլորտ կը տիրէ:

Լոնտոն հրատարակուող «Ալ արապի ալ ժատիտ» («Նոր Արաբը») թերթի համացանցային կայքի լրագրողի հարցումներուն պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Հայաստանի եւ Արցախի վրայ շղթայազերծուած յարձակման դիմադրելու համար  կամաւոր այս զինուորագրումը ուղղակի կամ կազմակերպուած չէ, ու այս գծով կոչեր ալ չկան, յատկապէս` Լիբանանի հայկական կուսակցութիւններուն կողմէ, ու արդէն օրինական բանակը կազմ ու պատրաստ է, պէտք ալ չունի կամաւորներու»:

Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայիս զօրակցութիւնը կեդրոնացած է բարոյական, քաղաքական ու քարոզչական գործօններուն վրայ, նիւթական զօրակցութեան բացակայութեան, որ հետեւանք է Լիբանանի տնտեսական աղէտալի պայմաններուն: «Այսուհանդերձ մենք կ՛ըմբռնենք մղումը երիտասարդներուն, որոնք ինքնաբերաբար կը մեկնին. փաստօրէն անոնք ցեղասպանութեան սերունդի թոռնիկներն են, եւ ժողովուրդի իրաւունքն է իր ճակատագիրի տնօրինումը», ընդգծեց Բագրատունի` հաստատելով, որ «այսօր իւրաքանչիւր հայ ինքզինք պաշտպանութեան կառոյցի մէկ սիւնը կը նկատէ, ա՛յս է ժողովրդային դիմադրութիւնը, որուն դաստիարակութեան ոգիով հասակ առինք»:

 

 

Նախորդը

Դատապարտելով Արցախի Վրայ Կատարուող Հակահայ Յարձակումները. Ղասսան Շամի Անհրաժեշտ Նկատեց Խաղաղ Մնայուն Լուծման Տարազի Բանաձեւումը` Նախքան Որ Ուշ Ըլլայ

Յաջորդը

Նախագահ Թրամփին Ուղղուած Շնորհակալական Նամակով. Քրիստոնեայ Համաշխարհային Միասնականութիւնը Դատապարտեց Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակումները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.