Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Անաւարտ Դիմանկար» (Հեղինակ` Սուրէն Չէքիճեան)

Յունուար 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատունէն 2020-ին լոյս տեսաւ Սուրէն Չէքիճեանի «Անաւարտ դիմանկար» վէպը, բաղկացած` 312 էջերէ: Հեղինակը գիրքը նուիրած է ընկերներուն:

Վէպը կը ներկայացնէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն` 1975-էն առաջ Քանատա գաղթած եւ Թորոնթօ հաստատուած Լեւոն Սարգիսեանի կեանքը, որ գեղանկարիչ է, կը գծէ դիմանկար եւ իգական սեռի մերկ նկարներ: Անոր հոգեկան եւ մտային աշխարհը Լիբանանն է: Երանութեամբ կը յիշէ Պէյրութի կեանքը, իր մանկութիւնը, պատանեկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը եւ կորսնցուցած ընկերները:

Գեղանկարիչը Քանատայի մէջ կ՛ապրի առանձնացած կեանք մը, հոգեկան արժէքներով, քաշուած ընկերութենէ եւ հայութենէ: Ունի ուրոյն տեսակէտներ եւ մտածումներ:

Վէպը կը ներկայացնէ Քանատա հաստատուած հայութեան համակերպումը քանատական միջավայրին: Կ՛արծարծուին հոգեկան եւ զգացական հարցեր. բաղդատական կ՛ըլլայ հայկական եւ քանատական բարքերուն ու արժէքներուն միջեւ:

Գեղանկարիչը կը խրտչի ցեղասպանութիւն բառէն, որովհետեւ հայկական ամէն ձեռնարկի կամ հանդիսութեան այդ բառը տեղի-անտեղի կը գործածուի: Ան կը հաւատայ, որ հայութիւնը ազգովին թակարդի մէջ ինկած է եւ իր հաւաքական ուժերը կը վատնէ, որովհետեւ իր ամբողջ կարողականութիւնը կեդրոնացուցած է միայն այդ հարցին վրայ:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ ինչպէս որ ծովուն ալիքները զանազան ձեւի եւ չափի քարեր ետ ու առաջ գլորելով բոլորին սահուն հաւկթաձեւ կերպարանք մը կու տան, Ամերիկան ալ նոյն ձեւով իր մօտ ապաստան գտնողները կամաց-կամաց կը տաշէ եւ կը կոփէ. այն յատկանիշները, որոնք զիրենք իբրեւ ազգութիւն կը բնորոշեն` կը չէզոքացնէ եւ տարիներ ետք, անոնց այլազանութիւնը եւ ցեղային ցցուն յատկանիշները կը փափկանան եւ յետոյ միայն արտաքին ցուցանիշ կը դառնան:

Այնուհետեւ գեղանկարիչը կը խորհրդածէ հայկական հիւանդութեան մասին եւ կ՛ըսէ որ միշտ մեր ազգին մասին կը մտածենք, ոգի ի բռին կ՛աշխատինք, որ գոնէ փոքր տարբերութիւն մը ընենք, ոեւէ հայու հետ խօսք` ան քեզ կրնայ հասկնալ, եթէ բանէ մը գանգատիս՝ ինքն ալ մասնակից կ՛ըլլայ եւ ճիշդ քեզի պէս կը զգայ:

Քիչ անդին ան կ՛ըսէ. հայկական երկար դէմքերը, ինչպէս նաեւ թուխ աչք ունքերը կիսախուփ հաստ կոպերով դէմքին թախծոտ երեւոյթ կու տան, յատկապէս երբ նուրբ եւ երկար քիթը իր փոքր կորութեամբ նստած է քանդակուած վաւաշոտ շրթներու վրայ, բայց երբ ժպտին փոփոխութիւնը այնքան մեծ կ՛ըլլայ, որ կարծես կապարագոյն երկինքը յանկարծ կը պատռի եւ արեւի շողերը կը ցաթին:

Ցուցահանդէսներու մասնակցիլը եւ դրամ շահիլը մէկ բան է, իսկ իբրեւ արուեստագէտ քու ճանչցուած ոճ ունենալը բոլորովին տարբեր բան. այդ է գագաթնակէտը, որուն կը ձգտինք, կը շեշտէ գեղանկարիչը:

Այնուհետեւ ան կը խորհրդածէ «Չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ ոչ մէկ բանի կրնամ հաւատալ, վստահիլ, յանձնուիլ: Եթէ մէկը ինծի հարցնէ ի՞նչ է փնտռածդ, պատասխան չունիմ, բայց անընդհատ բանի մը ետեւէն կը վազեմ, բան մը, որ ո՛չ անուն եւ ո՛չ հասցէ ունի»:

Վերջապէս գեղանկարիչը այն եզրակացութեան կը յանգի, որ մարդ ինքն իրեն համար պէտք է աշխատի եւ երբեք յոյս չունենայ, որ իր ըրածը ուրիշներու համար որեւէ նշանակութիւն կրնայ ունենալ: Ան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ մենք անապատի մէջ կ՛ունենանք մեր երկունքը եւ չունինք այն մոգերը, որոնք լսելով երեխային ծննդեան լուրը` պիտի վազեն, գան տեսնելու այդ նոր օղակը մեր մշակոյթի երկար, շատ երկար շղթային:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Եւ Սորոսը. Ազգերն Ու Ժողովուրդները Ապազգայնացնելու Հիմնադրամ Եւ Ծրագիր

Յաջորդը

Մեծ Մարդասէրին «Մեծ» Վախը (Հրանդ Տինքի Մտերմութեան Մէջ)

RelatedPosts

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Քաղաքական Նախաձեռնութիւններ Շրջափակման Պայմաններում

Փետրուար 7, 2023
Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը Կրնայ Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ենթահողի Վերածուիլ
Անդրադարձ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը Կրնայ Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ենթահողի Վերածուիլ

Փետրուար 7, 2023
Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»
Անդրադարձ

«Ձմրան Մէջ Գարուն» Կ՛երգէ Սարըասլան

Փետրուար 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In