Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Երկինքը Կը Ցնծայ… (Ի Յիշատակ Վաղամեռիկ Հոգեւոր Հայրիկիս` Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի)

January 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԿ. ԿԻՏԱՆԵԱՆ

Այսօր երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ իր գիրկը առաւ հաւատարիմ սպասաւոր մը. Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեան ոչ եւս է:

Եւ երբ մութը երկիրը կը պատէ, միւս կողմը երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ «հանգիստ կը գտնէ» (Սղ. 62) հաւատարիմ, խնամակալ, ծառայասէր, բծախնդիր, անշահախնդիր եկեղեցական մը. եկեղեցական մը, որ իր վախճանումով ցնցեց երկիրը տիեզերաց` մեկնելով ի յաւիտենականութեան:

Մեղրիկ սրբազանը բառին ամբողջական իմաստով գլխագիր ՄԱՐԴ էր:

Մարդոց միջեւ բացարձակ խտրութիւն չէր դներ` մեծին հետ` մեծ, պզտիկին հետ` պզտիկ:

Ան իր կեանքը նուիրած էր հայ եկեղեցւոյ եւ իր դարաւոր ժողովուրդին` իր ազդեցութիւնը ձգելով իր կեանքէն անցած իւրաքանչիւր անձի վրայ:

Ազատե՛ց երիտասարդներ մահուան հոսանքէ,

ցանեց հաւատք անհաւատներուն մէջ, ուժ տուաւ տկար անձերուն, մխիթարեց սգաւորները, ընկեր եղաւ մենակեացներուն, հայր` որբերուն, ուսուցիչ` աշակերտներուն, բժիշկ` հիւանդներուն, ձեռքը երկարեց աղքատներուն, հաւատարիմ եղաւ իր մեծերուն:

Եւ երբ այսօր անոնք բոլորը կը սգան, երկինքը կը ցնծայ. որովհետեւ այսօր հայր Մեղրիկ Իրեն` Քրիստոսի հետ է` դրախտին մէջ (Ղս. 23:43):

Եւ երբ այսօր աշխարհը ծով արցունք կը թափէ, երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ արժանաւոր ծառայ մը, որ լսեց եւ հաւատաց, յաւիտենական կեանքին արժանացաւ եւ պիտի չդատապարտուի (Յվ. 5:24):

Եւ երբ այսօր Հայաստանեայց եկեղեցին ամբողջութեամբ ցնցուած է, երկինքը կը ցնծայ, որովհետեւ երկինքի քաղաքացի մը եւս աւելցաւ (Փլ. 3:20):

Բնականաբար, կորուստը մեծ է հայ եկեղեցւոյ, սակայն ժառանգութիւնը մեծ է դրախտին մէջ:

Սիրելի՛ հոգեւոր հայրս, հանգչիր խաղաղ, թող որ քու ցանած հատիկներդ հնձուին առատ, հնձուին ծաղկուն եւ հնձուին հաստատ:

16 յունուար 2021
Թորոնթօ

Նախորդը

Մեծ Մարդասէրին «Մեծ» Վախը (Հրանդ Տինքի Մտերմութեան Մէջ)

Յաջորդը

Բարի Երթ, Բարի Հովիւ

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.