Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչեւ Ե՞րբ եւ Մինչեւ Ո՞ւր…

Յունուար 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ

Կը կարդանք. «Շուռնուխի շրջանէն որոշ բաժիներ եւս կ՛անցնին թշնամիին տիրապետութեան տակ…»

Երբ որոշ շրջանի մը մասին տեղեկութիւն մը  յանկերգի նման կրկնուի, ինքնաբերաբար կը հետեւցնենք, որ «գլխուն գալիք մը կայ», եւ ահա եկաւ «գալիքը»…

«Գլխուն եկած»էն ետք, հիմա քիչ մը, քանի մը օր կը խօսինք այդ մասին, ապա կը մոռնանք կամ կ՛ընդունինք, դժուարութեամբ «կը կլլենք»  եղածը: Արդեօք իւրաքանչիւր  զիջում  այսպէ՞ս պիտի  պարտադրուի մեզի, եւ մենք դժկամելով, բարկութեամբ, անհանգստանալով ու ընբոստանալով՝ վերջապէս պիտի ընդունի՞նք եղածը, այսպիսով ստեղծելու նոր… սովորութիւն մը:

Ինչո՞ւ ազգովին այս կացութեան մէջ դրուած ենք այսօր: Ի՞նչ ձեւով վերջ պիտի տրուի այս իրավիճակին: Ազգային տագնապին դիմաց, ի՞նչ է մեր հաւաքական  պատկերացումը՝ եթէ  ունինք: Իբրեւ դարաւոր պատմութիւն կերտած ազգ, որ ունինք հազարամեակներու արդար պայքարով եւ աշխատանքով ձեռք բերուած հայրենի հող եւ կ՛ապրինք անոր շատ փոքր մասին վրայ՝ նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք պահպանելու մեր իրաւունքները, միաժամանակ գիտակից՝ մեր պարտականութիւններուն:

Այսօր, վտանգուած է մեր երկրի եւ ազգի գոյութիւնը: Արդեօք ի վիճակի՞ ենք ազգի գոյութեան ի խնդիր պայքարելու (տակաւին չենք ըսեր կենաց մահու կռիւ մղելու): Մեր պատասխանատուութեան գիտակի՞ց ենք: Ազգին ու հայրենիքին սպառնացող վտանգին խորութիւնը ըմբռնելու իմաստութիւնը կամ զգօնութիւնը ունի՞նք: Գիտե՞նք մեր ընելիքը, եւ ո՛չ միայն խօսելիքը: Այս հարցումները դատապարտողի կամ քննադատողի մօտեցումով չենք արձանագրեր, սակայն ասոնք անյապաղ պատասխան պահանջող ու հաւաքական զօրաշարժ թելադրող հրամայական են:

Հետեւելով մայր բնութեան, կը նկատենք, թէ անիկա կ՛առաջնորդուի արդար օրէնքի մը համապատասխան եւ կ՛ուղղուի դէպի կատարեալ հաւասարակշռութիւն ու ճշգրտութիւն: Մարդկային ու ազգային կեանքերն ալ, իբրեւ անբաժան մասնիկները մայր բնութեան՝ կ՛ենթարկուին այդ սրբազան օրէնքին: Մեր ազգային կեանքին պատմութեան դաժան երեւոյթները կը կրկնուին, եթէ մենք չենք կրցած զանոնք վերածել ուսանելի դասերու: Միւս կողմէ, իբրեւ ազգ կամ երբեմն հաւաքականութիւն, նոյն տարրական սխալը կը կրկնենք ա՛յն պարագային, երբ չենք անդրադարձած կատարուածին: Այսպէս՝ սերտենք մեր պատմութեան ընթացքին կրկնուող երեւոյթներուն նրբութիւնները: Հոն պիտի գտնենք վրիպած եւ կրկնուած սխալներ, ապա՝ առանց առողջ քննադատական- քննարկման փուլեր ու ժամանակաշրջաններ: Շատ արդար է մտածելը, որ արդեօք ուրիշ ազգեր նոյն ընթացքին չե՞ն ենթարկուիր կամ արդեօք անթերի ու առողջ քննական ընթացքո՞վ կը կերտեն իրենց պատմութեան փառքը: Վստահաբար ո՛չ, սակայն անոնք յաճախ մեզի պէս անդունդի եզրին չեն կանգնած, այսինքն՝ թուրքը անոնց գլխուն վերեւը չ, կամ աւելի ճիշդ կ՛ըլլար ըսել՝ անոնց թշնամին թուրքը չէ: Հետեւաբար, մեր սխալը տասնապատի՛կ ազդեցութեամբ կը դառնայ կործանարար մեր ազգին համար: Անթոյլատրելի է սխալիլ, երբ կը գտնուինք անդունդի եզրին, իսկ մեր սորված պատմական դասերէն օգտուիլը՝ լրջագոյն հրամայականն է, օրհասական ու աղէտալի պահէն դուրս գալու համար:

Թէեւ բնական է, որ վերջին ծանօթ դէպքերէն ետք ապրինք հիասթափութեան եւ յուսահատական պահեր, բայց երբեք իրաւունք չունինք ընկրկելու ու անձնատուր ըլլալու: Մեր ազգը իր գոյութեան վիպական օրերը շատոնց ապրած է: Դեռահաս մը չէ, որ տարուի զգացական վերիվայրումներով ու խարխափի: Հասուն ու սպիտակահերի տարիք ունինք ազգերու պատմութեան մէջ: Ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ. «Մեր գլուխէն շատ տաք ու պաղ անցած է», հետեւաբար, սխալներ թոյլատրելի չեն մեզի: Կ՛ապրինք այնպիսի օրեր, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրէն, ինչո՞ւ չէ՝ մեր բոլորէն կը պահանջուին կատարեալ ուշադրութիւն եւ իմաստութիւն: Դոյզն անուշադրութիւնն անգամ այսուհետեւ կործանարար է այն պատառիկին համար, որ հարիւրամեակներու զոհողութիւններով ու արիւնով կերտուած ու պահպանուած է:

Ազգային հաւաքական անփութութեան եւ անհեռատեսութեան գինը շատ սուղ վճարեցինք, երբ փորձեցինք բնութեան արդար օրէնքը անտեսել կամ կարճատեսօրէն՝ շրջանցել: Աչքաթող ըրինք մեր հայրենիքի սրբութիւնները ոտնակոխողներուն աններելի արարքները (չըսելու համար ուրիշ բան): Անգիտակ ու ոչ-մասնագէտ անձնաւորութիւններու յանձնեցինք ճակատագրական որոշումներու պարտականութիւնը: Երբեմն նոյնիսկ մեր սեփական շահերը մեզի թելադրեցին ըսել. «Ինծի ի՛նչ. ի՛նչ կ՛ուզեն՝ թող ընեն»:  Այս տրամաբանութիւնը յաճախ իբրեւ լօզունգ գործածեցինք՝ պատճառաբանելով. «Մեր ձեռքէն բան չի գար, թող իրենք մտածեն, պահանջեն, պաշտպանեն…», որովհետեւ կարծէք թէ այս կեցուածքը մեզի ալ ձեռնտու էր…: Իսկապէս որ… Ո՞վ պիտի խանգարէ իր տաքուկ ու ապահով նստավայրը: Հաւաքականօրէն հաշիւ չպահանջեցինք հայ ազգին պատմութիւնը նսեմացնել փորձողներէն: Ազգովին չսաստեցինք Ցեղասպանութեան պահանջատիրութենէն հրաժարողները: Մեղմ եւ սոսկ անհատական արձագանգներու սահմաններուն մէջ պահեցինք կրօնքն ու մշակոյթը նուաստացնողները սանձելու արարքները: Հետեւաբար, պէտք չէ շատ զարմանալ այսօրուան իրավիճակէն: Մեր սնուցածն է, որ հիմա կը վերադառնայ մեզ յօշոտելու: Մեր հաւաքական երէկը մեզ հասցուց այսօրուան վիճակին, ու չենք գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի հասցնէ մեզ եւ ե՛րբ կանգ պիտի առնէ…:

Խօսի՞նք, եւ ի՞նչ՝ անոնց մասին, որոնք լիովին հաւկուր դարձած են այսօր: Անոնց ազգային խիղճին սլաքը շատոնց բթացած է, երբ անոր կողմնացոյցը Թուրքիոյ հետ բաց սահմանի դարպասները ծեծած է՝ ի գին ազգային արժանապատուութեան:

Ո՛չ, ամէն բան մութ չէ, ամէն բան անգոյն պէտք չէ տեսնել: Համոզուած ենք, որ ազգային մտածողութեան բիւրեղացումը հրամայական մըն է, որուն համար բազմամակարդակ եւ բազմակողմանի աշխատանք պէտք է տարուի բոլոր ոլորտներուն եւ մակարդակներու վրայ: Ազգային հաւաքական գիտակցութիւնն ու ազգային ոգին հիմնաքարն են ազգ-հայրենիք տաճարին: Այս արժէքը կարելի չէ հիմնաւորել ազգային սովորական զգացական երեւոյթներու դրսեւորումով, այլ մեր կամքը պէտք է խարսխուած ըլլայ ազգային հետեւողական տեսլականի վրայ, սեւեռած՝ հեռահաս ծրագիրներու եւ նպատակասլաց գործունէութեան ուղեգիծով:

Ազգայինը կրնանք պահել միայն ազգովին…

9 Յունուար 2021
Լոս Անճելըս

 

 

Նախորդը

Դահուկարշաւ. Միքայէլեան Եւ Գալստեան` Դասական Ոճի Լաւագոյնները

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն 102 – ամեակ Մեր Մեծ Դաշնակիցը

RelatedPosts

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը
Անդրադարձ

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

Յունուար 28, 2023
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2023
Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In