Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Հայրենի՞ք Է, Թէ՞ Բնակավայր

January 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Մենք սխալ չափանիշով կը գնահատենք Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր նմանները:

Գոյութիւն ունի վերանկախացած Հայաստանի իշխանութիւնը իր ճիրաններուն մէջ պահող շրջանակ մը, ուրկէ իշխանութեան աթոռին բարձրացող առաջնորդները որակապէս եւ մտածելակերպով գրեթէ նոյնն են: Փաշինեան չի տարբերիր միւս առաջնորդներէն:

Այս մարդոց նկատմամբ մեր չափանիշին սխալը ո՞ւր կը կայանայ:

Մենք այս մարդիկը կը դիտենք այն մեկնակէտով, որ ասոնց համար Հայաստանը հայրենիք է, եւ Հայաստանի ժողովուրդը հայութիւն է, որ ունի սեփական հարուստ պատմութիւն, սեփական հարուստ մշակոյթ եւ հաւաքական առաքելութիւն:

Բայց մենք կը սխալինք, կը սխալինք չարաչար:

Այս մարդոց համար Հայաստանը հայրենիք չէ, այլ` բնակավայր:

Այս մարդոց համար Հայաստանի ժողովուրդը հայ չէ, այլ` պատահականօրէն ի մի հաւաքուած սոսկ բնակիչներ:

Այս մարդոց համար մենք չունինք ո՛չ ուրոյն պատմութիւն եւ ո՛չ ուրոյն մշակոյթ, այլ ունինք սեփական փորը կշտացնող պատահական հաւաքականութիւն, որ դատապարտուած է քարշ տալու իր գոյութիւնը:

Այս մարդոց համար մենք հաւաքական առաքելութիւն չունինք, այլ` անստոյգ ապագայով օրը օրին ապրող մարդիկ:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն սկսած մինչեւ Նիկոլ Փաշինեան` այսպիսի մարդոց վստահուած է Հայաստան անունը կրող հողատարածք մը:

Երբ փոխենք մեր մօտեցումներուն սխալ չափանիշը, կը հասկնանք, թէ ի՛նչ եւ ինչո՛ւ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու իրագործած իրադարձութիւնները, քանդումները, կորուստները, հարստացումները® Նաեւ կը հասկնանք, թէ ի՛նչ, ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կը գործեն պետական կառոյցներու վրայ հերթականօրէն զետեղուող գլխաւոր պաշտօնատարները, որոնք կը վերածուին հլու հնազանդ կամակատարներու, մինչեւ իսկ մեղսակիցներու եւ բաղադրիչներու` իշխանաւորներու պարտադրած դաւադրութիւններուն:

Այս մարդոց համար Հայաստան հայրենիք, հայ ժողովուրդ, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ եւ ազգային հաւաքական առաքելութիւն գոյութիւն չունին:

Բայց գոյութիւն ունի հողատարածք մը` Հայաստան անունով, որ հայրենիք չէ: Գոյութիւն ունի հաւաքականութիւն մը, որ լոկ բնակիչներն են այդ տարածքին:

Նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն այսպիսի մտայնութիւն եւ գործելաոճ չէր կրցած զարգանալ: Ժողովուրդը, մինչեւ իսկ` որոշ հայ համայնավար ղեկավարներ, ամրօրէն կառչած մնացին հայրենիքի եւ ազգի գաղափարին, ազգային պատմութեան եւ մշակոյթին: Անոնք ապրեցան, գործեցին եւ ստեղծագործեցին միշտ այն հաւատքով, որ հայրենիքը եւ ազգը ունին առաքելութիւն, ունին դեռ իրագործելի անկատար տենչեր, ունին ապագայ` իբրեւ Հայաստան եւ հայութիւն:

Հայրենիքի հողէն պոկուած սփիւռքը ամէնէն հեռաւոր ափերուն իսկ ամրօրէն կառչած մնաց հայութեան հայեցի ինքնութեան եւ Հայաստանի երազին:

Փոխենք մեր սխալ չափանիշները:

Փոխել կարենալու համար պէտք է սկսիլ Նիկոլ Փաշինեանէն եւ իր նմաններէն:

12 յունուար 2021
Լոս Անճելըս

Նախորդը

Հայրապետական Հռչակագիր` 2021-ը «Արցախի Տարի»

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Պայտընի Վարչակազմը Հիւլէական Գործարքին Վերադառնալու Պայմաններուն Շուրջ Իրանի Հետ Բանակցութիւններու Սկսած Է

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.