Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելքը Բանականութեան Եւ Կամքի Կիրարկումն Է

January 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Լաւ օրերու մէջ չենք ապրիր: Տնտեսական արտասովոր տագնապի մէջ յայտնուած Լիբանանի մէջ, օգոստոս 4-ի պայթումի հետեւանքները տակաւին առկայ են: «Քորոնա»-ն այնքան տարածուեցաւ, որ իշխանութիւնները 11-օրեայ ամբողջական փակում տնօրինեցին. հիւանդանոցներուն մէջ հիւանդներ կը մերժուին եւ շատեր բակին մէջ կամ հիւանդանոցի մուտքին կասկածելի բուժման կ’ենթարկուին: Մահերը շատցած են, ու ամէն օր ծանօթի մը, սիրելիի մը, ընկերոջ մը մահուան բօթը կը լսենք: Այս բոլորին վրայ կ’աւելնայ նոր կառավարութեան համար անհասկնալի արգելքներու յարատեւումը:

Վատ է, շատ վատ է վիճակը Լիբանանի մէջ: Քաղաքական կեանքը անդամալոյծ դարձած է, տնտեսութիւնը` քայքայուած, ընկերային յարաբերութիւնները` խանգարուած, մշակութային ձեռնարկները` առկախուած: Ինչ կը վերաբերի հայկական ազգային ու հասարակական կեանքին, դպրոցներուն, հաստատութիւններուն, բոլորն ալ կը փորձեն գործել, սակայն նուազագոյն տարողութեամբ, գրեթէ խորհրդանշական ներկայութիւն մը ապահովելով:

Մարդիկ անճրկած են. վիճակը դարմանելու համասր անընկճելի տրամադրութիւն ունեցողներն անգամ մատնուած են անկարողութեան:

Հայաստանի մէջ պատկերը աւելի քաջալերական չէ: Այնտեղ «Քովիտ»-ը կը թուի յարաբերաբար նուաճուած ըլլալ. վարակուողներուն թիւը կը նուազի, մահերը կը սահմանափակուին: Լա՛ւ: Սակայն աշնանային պատերազմին, խայտառակ անձնատուութեան, զոհերու եւ վիրաւորներու տարապայման թիւերուն, քանդումներուն յառաջացուցած հոգեբանական ընկճուածութիւնը տակաւ կը խորանայ: Պարտուած եւ վարկաբեկուած իշխանութիւնը կը շարունակէ գործելու եւ կառավարելու պատրանք ստեղծել, փաստօրէն ոչինք իրագործելով: Իշխանութեան հրաժարականը պահանջող ընդդիմութիւնը կը բախի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը վկայակոչող կառավարութեան անզիջողութեան:

Հայաստանի մէջ քաղաքական գործունէութիւնը փոխարինուած է փոխադարձ քննադատութիւններով, պարսաւանքով, հայհոյախառն ամբաստանութիւններով:

Ծով ընելիք կայ. վստահութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւն, հասարակական կեանքի աշխուժութիւնը խթանելու կարիք, հպարտութեան վերականգնում, քաղաքական պահանջատիրութիւն, իրաւունքի հետեւողական հետապնդում կը սպասեն անհետաձգելի փոփոխութեան, որ կ’ուշանայ սին պատճառաբանութիւններով:

Մարդիկ անճրկած են. վատթար կացութեան դարմանը մատնանշուած է, սակայն դարմանողը մատնուած է անկարողութեան:

Յօդուածի մը սկիզբը կարդացի, իբրեւ բնաբան դրուած Րաֆֆիի մէկ դիպուկ մտորումը. «Մենք հայ ենք, Աստծու անէծքը գրած է մեր ճակատի վրայ: Անմիաբանութիւնը, երկպառակութիւնը, նախանձը, թշնամութիւնը եւ հազար ու մէկ այս տեսակ չարութիւններ շատ ժամանակներից բոյն են դրել մեր հոգու մէջ, եւ մենք կրում ենք այդ մեղքերի պատիժը: Թշնամին մեղաւոր չէ. եթէ մեր մէջ սիրտ լինէր, միութիւն լինէր, յիմար թշնամին ի՞նչ կարող էր անել»:

Մէկուկէս դար ենք, «յանձնառու եւ յարգելի հայրենի մտաւորական մը» կ’արձագանգէ. «…Մեր հրաշք երկիրը դարձել է ողբի եւ որբի հայրենիք, մեր հպարտ ժողովուրդը` մոլորուած եւ գլխիկոր: Ո՞վ կը պատկերացնէր: Գնալով ոչ թէ վիճակը լաւանում է, այլ գլորւում ենք անդունդը: Չգիտենք` ի՛նչ կը բերի մեր ազգին, պետութեան 2021-ը, բայց ակնկալենք, որ գուցէ Աստծոյ ամենակարող աջը հասնի մեզ»:

Ճակատագրապա՞շտ է այս Աստծոյ ամենակարող աջին ապաւինումը: Ո՞վ է Աստուած: Յովհաննու աւետարանը կը սկսի Աստուծոյ սահմանումով. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր: Անով էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց անոր ոչ մէկ բան ստեղծեց»: Ուրեմն ապաւինիլ Աստուծոյ կը նշանակէ ապաւինիլ Բանին, այսինքն խօսքին, բանականութեան, տրամաբանութեան: Աստուած մարդերը եւ ազգերը բանականութեամբ ստեղծեր է, տրամաբանութեան եւ կամքի տէր ստեղծեր է: Մենք ենք ուրեմն տնօրինողը մեր ճակատագրին, մենք ենք դարբինը մեր լինելիութեան:

Ջրդեղենք մեր կամքը, լարենք մեր բանականութիւնը եւ Րաֆֆիի հետ կրկնենք. «Սիրտ լինէր, միութիւն լինէր, յիմար թշնամին ի՞նչ կարող էր անել»:

 

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Վանաձորցիներուն Հետ

Յաջորդը

Թենիս. «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 47 Մարզիկներ Հասան Աւստրալիա

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.