Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն 102 – ամեակ Մեր Մեծ Դաշնակիցը

Յունուար 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Մեր Մեծ Դաշնակիցը». այս է խորագիրը ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ի 21 հոկտեմբեր 1920-ի խմբագրականին (1), որ մասամբ կը յարմարի նաեւ մեր այժմու կացութեան: Ստորեւ կը ներկայացնեմ արեւմտահայերէնը եւ վերջաւորութեան՝ քանի մը ընդգծումներ եւ տարբերութիւններ [..]:

1. ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ը:

«Հայ ժողովուրդը իր ձեռքով պիտի դարբնէ իր քաղաքական բախտը:

«Այս ակներեւ ու անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ կարելի է արդէն համարել մեր բոլոր քաղաքական հոսանքներուն ընդհանուր սեփականութիւնը [ա]:

«Մեր գոյութիւնը այնքա՛ն հաստատուն կ՛ըլլայ, որքան անխորտակելի կ՛ըլլայ մեր ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական ոյժը:

«Մեր երկրին սահմանները այնքա՛ն լայն կ՛ըլլան, որքան մենք մեր սեփական միջոցներով ի վիճակի կ՛ըլլանք ձեռք բերել եւ պահել:

«Մենք երկար ժամանակ ունեցած ենք միամիտ ու տարտամ յոյսեր օտար բարեկամներու կամ բարերարներու նկատմամբ, որոնք գեղեցիկ օր մը պիտի գան ու վերջ տան մեր օրհասական պայքարին եւ մեր հայրենիքը դրախտ դարձնեն:

«Մենք միշտ դուրսի օգնութեան սպասելով, այդ սպասողական ամուլ վիճակին մէջ կորսնցուցած ենք այն թանկագին ժամանակը, որ մենք կրնայինք եւ պարտաւոր էինք գործադրել այլ կերպ, եթէ մեր յոյսերը դնէինք միմիայն մեր սեփական ոյժերուն վրայ:

«Հայ ժողովուրդը իր գոյութեան պայքարի ճանապարհին տուած է սարսափելի զոհեր, ունեցած է անփոխարինելի կորուստներ, ապրած է մեծ հիասթափութեան վայրկեաններ, դժոխային տագնապներ, իր երկրին ամէն մէկ քայլը ողողած է իր զաւակներուն արիւնով [բ]:

«Սակայն կարելի՞ է ըսել, որ ան արդէն սպառած է իր ոյժերը:

«Հարկաւ ո՛չ:

«Հայաստանի սահմաններէն դուրս այսօր կայ ստուար հայութիւն մը, որ իր թիւով աւելի մեծ է, քան մեր հայրենիքին մէջ ապրող բնակչութիւնը:

«Օտար երկիրներուն մէջ ցրուած հայերուն այդ մեծ բազմութիւնը հարազատ է մեր քաղաքական իտէալին, կ՛ապրի Հայաստանի բախտով, կը ձգտի դէպի Հայաստան եւ պատրաստ է մեծամեծ զոհողութիւններու հայրենիքին համար:

 

1. «Մեր մեծ դաշնակիցը», Խմբագրական, «Յառաջ», 21-10-1920:

«Սակայն ցարդ ի՞նչ կատարուած է հայկական գաղութներուն մէջ՝ օգտագործելու համար այդ հսկայական ոյժն ու դրամագլուխը, որ կը ներկայացնէ այժմու արտասահմանեան հայութիւնը:

«Շատ եւ շատ քիչ բան, եթէ համեմատել ուզենք այն վիթխարի եւ օրէ-օր աճող կարիքին հետ, որ ունի Հայաստանը [գ]:

«Այն ինչ որ ցարդ կատարուած է, պատահական եւ ինքնաբուխ բնոյթ ունի:

«Ամեն մէկ գաղութ, ամէն մէկ տեղական խմբակցութիւն, կամ ամեն մէկ անհատ իր գլխին, իր հասկցած ձեւով եւ ուղղութեամբ գործած է արտասահմանի մէջ ի նպաստ եւ յաճախ նոյնիսկ ի վնաս Հայաստանի [դ]:

«Այս կամ այն վայրին մէջ կազմակերպուած են, այս կամ այն տեղական մարմնի կողմէ հանգանակութիւններ յօգուտ Հայաստանի այս կամ այն կարիքին: Եղած են անհատական կամ խմբական ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ:

«Հաւաքուած են գումարներ, որոնք յաճախ չեն յատկացուած Հայաստանի կառավարութեան սահմանած նպատակներուն, այլ այս կամ այն գաղութի, խմբակի կամ անձի կարծիքին համեմատ:

«Ցարդ չէ ստեղծուած կեդրոն մը, որ նպատակայարմար ու արդիւնաւէտ կերպով եւ ուղղութեամբ ղեկավարէր արտասահմանի հայութեան ուժն ու դրամագլուխը ի նպաստ Հայաստանի [ե]:

«Ցարդ չէ գոյացած ընդհանուր կազմակերպութիւն մը, որ համաձայնեցնէր արտասահմանեան հայութեան գործունէութիւնը Հայաստանի պէտքերուն եւ նպատակներուն հետ [զ]:

«Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գոյութեան առջեւ եղած գլխաւոր դժուարութիւններն ու արգելքները եղած են քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական:

«Սեւրի դաշնագիրի ստորագրումէն ետք քաղաքական դժուարութիւններն ու խոչընդոտները գրեթէ վերացուած են: Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի իրաւական գոյութիւնը ճանչցուած է բոլոր մեծ պետութիւններուն կողմէ:

«Այդ չի նշանակեր հարկաւ, որ մենք ազատ ենք արդէն քաղաքական ամեն տեսակի սադրանքներէ եւ դաւերէ: Այդ միայն կը նշանակէ, որ Սեւրի դաշնագիրով մենք ունինք միջազգային մեծ վճիռ, քաղաքական անգնահատելի նուաճում, որ մենք կրնանք ապահովել, եթէ հրապարակ բերենք համապատասխան իրական ոյժ:

«Այդ իրական ոյժը ամեն բանէ առաջ մեր բանակն է եւ երկրորդ՝ մեր տնտեսական միջոցները:

«Ի՛նչ գինով ալ ըլլայ, մենք պէտք է ձեռք բերենք, ստեղծենք այդ ոյժը՝ բանակն ու տնտեսական միջոցները:

«Հարկաւ, Հայաստանի մէջ ապրող հայ ազգաբնակչութիւնը միայն իր սեփական միջոցներով ի վիճակի չէ ստեղծելու մեր քաղաքական կամ միջազգային նուաճումներուն համապատասխան ռազմական եւ տնտեսական ոյժ:

«Արտասահմանի ստուարաթիւ հայութիւնը նաեւ կոչուած է իր վրայ վերցնելու պատմական այն ծանր բեռը, որ ինկած է այժմ Հայաստանի մէջ ապրող հայ ժողովուրդին վրայ:

«Մեր միակ մեծ ու հաւատարիմ դաշնակիցը արտասահմանի հայութիւնն է: Մեր միակ հաստատուն եւ իրական օգնութիւնը պիտի գայ գաղութներէն*:

          «Առանց հայ գաղութներուն անձնուէր օգնութեան մենք պիտի չկարենանք ապահովել Սեւրի դաշնագիրի տրամադրութեանց իրագործումը:

«Արտասահմանի  հայութիւնը պարտաւոր է տալ Հայաստանին թէ՛ զինուոր եւ թէ՛ դրամ:

«Եկած է ժամը, երբ աշխարհի երեսին սփռուած բովանդակ հայութիւնը պիտի լարէ իր բոլոր ոյժերը ի նպաստ մայր երկրի նուիրական դատին»:

Ընդհանուր առմամբ այս խմբագրականը կը յարմարի մեր այժմու իրավիճակին, հետեւեալ տարբերութիւններով:

[ա] – Մեր բոլոր քաղաքական հոսանքները համոզուած չեն, որ հայ ժողովուրդը իր ձեռքով պէտք է դարբնէ իր քաղաքական ապագան:

[բ] – Հայ ժողովուրդը իր գոյութեան պայքարի ճանապարհին տուած է սարսափելի զոհեր, ունեցած է անփոխարինելի կորուստներ, ապրած է մեծ հիասթափութեան վայրկեաններ, դժոխային տագնապներ, իր երկրին ամէն մէկ քայլը ողողած է իր զաւակներուն արիւնով:

Այո, սակայն ի տարբերութիւն խմբագրականը նախորդող շուրջ 545 տարիներու անկախութիւն եւ պետականութիւն չունեցող ժողովուրդին, այժմ ունի՞նք-ունէինք 29 տարուայ անկախութիւն, պետութիւն, որուն այժմու կառավարութեան ապաշնորհ, անճարակ եւ դաւադիր վարքագիծին հետեւանքով ունեցանք այս մարդկային եւ հողային անասելի ու սարսափելի կորուստները:

[գ], [դ], [ե] – Ի տարբերութիւն՝ սփիւռքը «Համահայկական Հիմնադրամ»-ին միջոցաւ կազմակերպուած եւ ծրագրուած նպատակներու համար տարեկան մեծագումար նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Հայաստանին-Արցախին: Այո, միշտ կը գտնուին բարերարներ, որոնք արդարօրէն, ինքնաբուխ, իրենց նախասիրած նպատակին կ՛օժանդակեն:

Այժմու իշխանութիւնը սակայն, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին սփիւռքին նուիրաբերած հսկայական գումարը, որ պէտք չէր պետական պիւտճէ մտնէր, այլ յատկացուէր բանակին ու նահատակներու ընտանիքներուն եւ անտուն գաղթականներուն՝ անամօթաբար յատկացուց  իր կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամներուն պարգեւներ բաշխելով…Որ արժանացաւ նախագահ Սարգսեանի քննադատութեան:

[զ] – Ի տարբերութիւն՝ սփիւռքի «Հայ դատ»-ի գրասենեակները առանց նիւթական ակնկալութեան, հսկայական քաղաքական աշխատանք կը տանին, եւ մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն, ի շահ Հայաստանի ու հայութեան, իրենց գտնուած բոլոր երկիրներուն մէջ: Յատկանշական է Միացեալ Նահանգներու պարագան, ուր Հայ դատի յանձնախումբերը առանց Հայաստանէն նիւթական ակնկալութեան, հսկայական քաղաքական, տնտեսական լոպիիստական աշխատանք կը տանին, որ սակայն ըստ երեւոյթին, այժմու իշխանութեան գնահատանքին չարժանանար: Քանի որ վերջերս, 24 սեպտեմբեր 2020-ին (պատերազմէն 3 օր առաջ) Հայաստանի կառավարութիւնը 10 հազար տոլարով վարձեց ամերիկեան լոպիիստական ընկերութիւն մը՝ Ալսթըն էնտ Պըրտ (Alston & Bird) (2)…

Երկրորդ՝ Հայաստանի կարիքները երբե՛ք չեն ծրագրաւորուած ու ցանկագրուած: Կը լսենք մի՛այն «Ցանկացած ներդրում» սնամէջ, անգրագէտ ու վտանգաւոր արտայայտութիւնը…Ժամանակն է, որ ստեղծուի ծրագրաւորումի նախարարութիւն մը, որ առաջնահերթութեան կարգով պատրաստէ ուսումնասիրուած թղթածրարներ, որոնցմէ՛ միայն ընտրութիւն կը կատարէ հաւանական ներդրողը: Ինչպէս անցեալին, այժմ նաեւ բանակն ու տնտեսութիւնը առաջնահերթ են, մանաւա՛նդ պարէնաւորման ինքնաբաւութիւնը (զարմանալիօրէն, այս իշխանութիւնը ջնջեց նաեւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը):

          Իսկ դաշնակից կը նշանակէ երկկողմանի յարաբերութիւն, համաձայնութիւն եւ կշիռ, ու ոչ թէ «կթան կով», ինչպէս սփիւռքը ցարդ կը պատկերացուի:

          Աշխարհի երեսին սփռուած բովանդակ հայութիւնը լարած է արդէն իր բոլոր ոյժերը ի նպաստ մայր Հայաստանի նուիրական դատին, սպասելով հզօր պետականութիւն կառուցող լուրջ եւ ատակ նոր իշխանութեան մը:

Վերջապէս, ի տարբերութիւն առաջին հանրապետութեան՝ վերանկախացած հանրապետութեան բոլոր իշխանութիւնները երբե՛ք սփիւռքը իրենց դաշնակիցը չեն նկատած, իսկ այժմու իշխանութիւնը նոյնիսկ ջնջեց Սփիւռքի նախարարութիւնը:

20 դեկտեմբեր 2020

haroutchekijian.wordpress.com

 

* Ընդգծումները իմս

(1)  «Յառաջ», 21 հոկտեմբեր 1920, թիւ 230, էջ 2, Երեւան, ՀՅԴ բիւրոյի հրատարակութիւն:

(2)  https://news.am/eng/news/603788.html

Նախորդը

Մինչեւ Ե՞րբ եւ Մինչեւ Ո՞ւր…

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (18 Յունուար 2021)

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In