Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրետիոֆ Նանսէն` Հայասէրներէն Մէկը (10 Հոկտեմբեր 1861-13 Մայիս 1930)

Հոկտեմբեր 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

2021-ը Ֆրետիոֆ Նանսէնի ծննդեան հարիւր վաթսուներորդ ամեակն է:

Միջին Արեւելք ապրող բազմահազար հայերէն շատեր թերեւս յիշեն կամ իրենց մեծերէն լսած են այս օտարազգի մեծ ու բարեսիրտ մարդուն անունը, որ մեր ժողովուրդը, առ ի երախտագիտութիւն, դասած է մեծ հայասէրներու շարքին: Նաեւ կրնան յիշել բոլոր անոնք, որոնք 1920 թուականներու վերջերուն, Մեծ եղեռնի եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի պատճառով, իբրեւ տարագիր կամ թափառական, այս մարդուն շնորհիւ ստացած էին յատուկ անցագիր` Նանսէնիէն անունով (Nansen passport) ու այս ձեւով կրցած էին տեղափոխուիլ զանազան երկիրներ:

Ֆրետիոֆ Նանսէն ծնած էր 10 հոկտեմբեր 1861-ին, Նորվեկիոյ Օսլօ մայրաքաղաքի մօտիկ գտնուող Սթոր Ֆրէօն գիւղաքաղաքին մէջ: Անոր հայրը եղած էր հանրածանօթ կրօնասէր, շատ յարգուած ու ճանչցուած իրաւաբան, իսկ մայրը` նշանաւոր ու հանրայայտ մարզիկուհի մը, որ ամէն առիթներով իր զաւակներուն քաջալեր հանդիսացած էր արտատնային մարզանքներ կատարելու եւ` այս ձեւով զիրենք չարքաշութեան վարժեցուցած:

Նանսէն Օսլոյի համալսարանին մէջ ուսանած էր անասնագիտութիւն: Եղած էր նաեւ մեծ գիտնական մը, որ իբրեւ բեւեռախոյզ` սիրած էր հետազօտութիւններ կատարել: Եղած էր ովկիանոսագէտ մը եւ այս ձեւով կտրած` ծովեր եւ ովկիանոսներ, նոյնպէս ցամաք, լեռ եւ, վերջապէս, բեւեռ ու յատկապէս` հիւսիսայինը: Բազմաթիւ անգամներ ծրագրած ու յաջողութեամբ իրագործած է արշաւներ դէպի Կրինլենտ սառցապատ հսկայ տարածքը:

Այս բոլորին մասին օրին գրած էր հետաքրքրական հատորներ, որոնք իբրեւ հետազօտական նորութիւն-գիտութիւն` մեծապէս օժանդակած էին իր շրջանի եւ յաջորդող գիտնականներուն ու աշխարհի մարդկութեան:

Հաւանաբար ընթերցողը քիչ մը տարբեր ակնոցով մօտենայ վերեւի տողերուն ու զարմանայ` ըսելով, թէ այս բոլորը ի՛նչ կապ ունէին Նանսէնը դասելու մեծ հայասէրներու շարքին:

Տողերս պարզեմ: 1905-ին, երբ Նորվեկիան Շուէտի տիրապետութենէն անկախանալով` առանձին ազատ եւ ինքնիշխան երկիր մը դարձաւ, կանգ առին այս մեծ հետազօտող գիտնականին աշխատանքներն ու գիտարշաւները, որովհետեւ ան նետուեցաւ քաղաքական ասպարէզ, դառնալով նախ` Անգլիոյ մէջ իր երկրի դեսպանը (1908-ին), ապա, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք ան գլխաւորեց դէպի Ուաշինկթըն նորվեկիական այն պատուիրակութիւնը, որ պատերազմէն յաղթական դուրս եկող դաշնակիցներէն թոյլտուութիւն կը խնդրէր իրենց ձեռք ձգած երկիրներու ժողովուրդներուն մարդկային օժանդակութիւն եւ մանաւանդ ուտեստեղէն ուղարկելու:

Ան 1919-ին նշանակուեցաւ Նորվեկիոյ գլխաւոր պատուիրակութեան ներկայացուցիչը` այդ օրերուն նորակազմ Ազգերու Լիկային մօտ եւ Փարիզի մէջ կայացած համաշխարհային «Խաղաղութեան խորհրդաժողով»-ին:

Նանսէն կը ճաշէ Հայաստան ապաստանած հայ որբերու հետ 1925-ին

Հոս է, որ շնորհիւ իր մեծ ճիգերուն` աւելի քան 450 հազար պատերազմի գերիներու փոխանակումները կատարուեցան զանազան երկիրներու միջեւ: Ու բազմազան մարդասիրական աշխատանքներու իրագործումներու կողքին, 1925-ին իր ստեղծած Council of the League-ին եւ մանաւանդ իր անունով հիմնած` Nansen International Office for Refugees-ին միջոցով, մինչեւ իր մահը (1930) ան կարողացաւ հազարաւոր հայեր հաստատել Երեւանի (10.000) եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ (40.000):

Պէտք է յիշել նաեւ, որ իր այս մեծ բարիքներէն, հայերու կողքին, օգտուեցան նաեւ մեծ եւ յատկանշական թիւով յոյներ, թուրքեր, ռուսեր եւ ասորիներ: Իր կատարած այս աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն համար 1938-ին, յետմահու, ան արժանացաւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին:

Այսօր աշխարհի վրայ աւելի քան յիսուն երկիրներ զինք յարգանքով կը յիշեն, իբրեւ մեծ գիտնական, բեւեռագէտ, բեւեռախոյզ, խաղաղասէր, մարդասէր ու իր անունով հաստատած են զինք յաւերժացնող կոթողներ եւ անուանած փողոցներ ու հրապարակներ:

Իսկ մենք, մէկը` այդ երախտապարտ ժողովուրդներէն, մեր կարգին մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք եւ պէտք է մատուցենք իր սրտին մէջ հայ ժողովուրդին լայն տեղ տուած եւ Հայ դատին ծառայած այս մեծ նորվեկիացիին:

Կեանքին մէջ երախտապարտութեան գիտակցութիւնը մարդը բնորոշող եւ անոր նկարագիրի ազնիւ տարրերէն մէկն է: Արժանիքները ճանչնալն ու արժանիները մեծարելը յատուկ բարենիշներ են մարդոց կեանքին մէջ:

Կը կարծեմ, թէ աշխարհի վրայ ոչ մէկ ժողովուրդ իր դարաւոր կեանքի ընթացքին մեզի չափ տեսած ու համտեսած է պատմութեան դառն ու լեղին եւ մանաւանդ իր շրջապատին անտարբերութիւնն ու արդարութեան անհաւատալի եւ աներեւակայելի բացակայութիւնը:

Բայց երախտապարտ ժողովուրդ ըլլալով` չենք կրնար մոռնալ Նանսէն անունը, որովհետեւ ան անքակտելիօրէն կապուած է մեր ժողովուրդի որոշ մէկ պատկառելի թիւին եւ քսաներորդ դարու պատմութեան: Մեզի համար Նանսէն, դուրս գալով մարդկայինէն, դառնալով համամարդկային` անսակարկօրէն կը ներկայացնէ մարդու իրաւ խիղճը, մանաւանդ` Ա. Համաշխարհային պատերազմին, երբ դաշնակիցներ կ՛ուրանային մեր ժողովուրդի իրաւունքն ու արդար դատը:

Ֆրետիոֆ Նանսէն համամարդկային դէմք մըն էր ու այդպէս ալ պիտի մնայ համայն աշխարհի մարդոց համար, բայց մանաւանդ` մեզի համար իր օրինակելի կարեկցութեան, գութին, սիրոյն, նուիրումին եւ զոհաբերութեան համար:

Վայրկեանի մը համար մտաբերեցէք, պատմական այդ ճգնաժամային օրերուն, այս մեծ սիրտ ունեցող մարդուն բացակայութիւնը: Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր ժողովուրդի այդ շրջանի տարագիր հազարաւոր զաւակներու ճակատագիրը:

Նանսէն եկաւ իր բարի սիրտով մեզի եւ բազմաթիւ այլ ժողովուրդներու զաւակներուն նոր շունչ տալու, անոնց նոր ու պատուաւոր ճակատագիր մը տնօրինելու: Իմ կարգիս, այս համեստ տողերովս ուրախութիւնս կ՛ուզեմ վերածել գիտակից ու անխառն գնահատանքի եւ երախտագիտական զգացումի մը:

 

 

Նախորդը

Աղօթքի Մրցում Դպրեվանքին Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանը Իր Դժուար Բարեկամին Եւ Ոխերիմ Թշնամիներուն Միջեւ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?