Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Երեք Տարի Անց». Արժէքներու Ամբողջական Քայքաում

Հոկտեմբեր 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
«Սիվիլնեթ»

Վերը զետեղուած նկարը 2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութենէն» առնուած պատկերն մըն է: Երիտասարդ աղջիկներ կը քալեն առաջին շարքերուն: Համոզուած էին, որ, անկախ ամէն ինչէ, փողոց դուրս եկած էին` պահանջելու հաւասար իրաւունքներ, հաւասար առիթներ, հաւասար վարձատրութիւն, հաւասար ամէն ինչ: Անոնք փոփոխութեան ազդակներն էին:

Երեք տարի ետք Հայաստանի յետյեղափոխական կառավարութեան մէջ ընդամէնը մէկ կին անդամ կայ: Ազգային ժողովի ղեկավարութեան կազմին մէջ կիներ չկան: Ասիկա «թեքնիք» կամ «դիւանակալային» հարց չէ: Ասիկա արժէքներու, աշխարհայեացքներու հարց է, որ, դժբախտաբար, այս օրինակով սահմանափակուած չէ:

Կը թուի, որ երեք տարի անց մենք շատ հեռու գացած ենք այն արժէքներէն, զորս փոփոխութեան մղող գործօնները մեզի բերին 2018-ին:

Կը պարզուի, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի պատգամաւորներ Խաչատուր Սուքիասեան եւ Գուրգէն Արսէնեան իրականութեան մէջ գործարարներ չեն, ինչպէս`  Սամուէլ Ալեքսանեանը, Գագիկ Ծառուկեանը եւ նախորդ կառավարութեան միւս ղեկավարները: Ինչպէ՞ս կրնային ըլլալ: Ազգային ժողովի անդամները պէտք չէ զբաղին պիզնեսով:

Կը պարզուի, որ մենք յատկապէս կարիքը չունինք դատական բարեփոխումներու, եւ ամբողջովին բնական է, որ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը կը ղեվավարուի Գագիկ Ջհանկիրեանի կողմէ, մարդ մը, որ յայտնի է իր դատական չարաշահումներու անցեալով:

Կը պարզուի, որ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկարը կրնայ դուրս նետուիլ ոստիկանատուներէն, եւ արգիլուի գրասենեակներու մէջ զետեղելը, բայց մեծ առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի նկարը հիմա բաւական ողջունելի է` կախուած պոլշեւիկ յեղափոխականներու գլխուն վերեւ: Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան ըսաւ. «Պետութեան ղեկավարի նկարը խորհրդանշական է»: Ի՜նչ արդարացի յայտարարութիւն` արդարադատութեան նախարարին կողմէ: Եւ այս մոլութեան դէմ պատուաստ չկայ: Ատիկա արդէն իսկ տարածուած է պետական ամբողջ համակարգին մէջ:

Նախապէս փտածութիւն կը կոչուէր այն փաստը, երբ պետական պաշտօնեաներու հարազատներուն կամ ընկերներուն պատկանող ընկերութունները հրապարակային մրցոյթներու յաղթէին: Հիմա ատիկա կը կոչեն արդար մրցակցութեան արդիւնք: Եւ բոլորովին պատահական է, որ խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եղբօր ընկերութիւնը յաղթեց մեծ հանրային մրցոյթին: Եւ այստեղ կատարեալ ներդաշնակութիւն կը տիրէ կառավարութեան ներսը: Փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեան իր բարձր ամպիոնէն ականատես ըլլալով այս երեւոյթներուն` գործադիր մարմինին մէջ փտածութեան վտանգ չի տեսներ:

Կը թուի, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան պէտք չէր երթար Գերմանիոյ Պատեն-Պատեն առողջարարական քաղաք. ասիկա հիմա քրէական հետապնդման գործ է: Բայց ամբողոջովին օրինական է, որ երկրին գլխաւոր օրէնսդիրը, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը արցախեան պատերազմի եւ 4000 զոհուածներու (որոնցմէ մաս մը տակաւին չէ յայտնաբերուած եւ թաղուած) առաջին տարելիցէն առաջ կը կը զուարճանայ Միջերկրական ծովու տաք ջուրերուն մէջ: Ասիկա բարոյականութեան նոր չափանիշն է յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ:

Անցեալ ամիս, երբ կառավարութիւնը խարդախութեամբ տիրացաւ Հայաստանի ամէնէն մեծ պիզնիսի ընկերութեան` «Զանգեզուր քոփըրի եւ մոլիպտենում քոմպայն»-ի բաժնետոմսերէն 25 առ հարիւրին, պարզուեցաւ, որ ատիկա դրական ձեռքբերում էր: Հպարտ քաղաքացիներուն խոստացուած թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւն ներկայացնելը այլեւս արդիական չեն:

Կը պարզուի, որ Ազգային ժողովի պատգամաւորները կրնան բարձրացնել իրենց ամսականները եւ զանոնք հիմնաւորել որպէս «պաշտօնական/գործառնական» ծախսեր, սակայն չկան միջոցներ, որոնք կը բացատրեն, թէ այդ գումարները ինչպէ՛ս կը ծախսուին:

Կը պարզուի, որ Հայաստանի օրէնսդիրները կրնան իրենք զիրենք շնորհաւորել ազգի անկախութիւնը խաթարելու համար` պարգեւավճարներու փոխարէն: Ասիկա բարոյագիտութեան եւ բարոյականութեան նոր բարձունքն է:

Այս ամէնը անշուշտ ոչինչ է` համեմատելով այն պատմական աղէտին, որ կրեց հայկական պետականութիւնը արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան մէջ ապաշնորհ ղեկավարութեան մը պատճառով:

Ամէն պարագայի, դուք շարունակեցէք արժէքներու քայքայումի շարքը:

 

 

 

Նախորդը

Էրտողանը Այսօր Կ՛այցելէ Վարանդա, Իսկ 12 Նոյեմբերին Ալիեւ Կ՛այցելէ Պոլիս

Յաջորդը

Քուրթուա Եւ Վալվերտէ Վնասուածք Ստացան «Քլասիքօ»-ին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?