Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլը Քու Արդար Իրաւունքդ Է

October 25, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅՐ ԱՒԵՏԻՔ

Աստուած ոչինչէն արարեց աշխարհը ամբողջ եւ` «տեսաւ որ բարի է» (Ծն. 1.31): «Աստուած սէր է» (Ա. Յհ. 4.7-21): Սէր է Աստուած, եւ այդ սիրոյ արդիւնքն ենք մենք: Աստուծոյ սիրոյ արտայայտութիւնն ենք մենք. այլ խօսքով, Աստուած ստեղծեց մարդը, որովհետեւ սիրեց մեզ: Այնքան սիրեց, որ կեանք տուաւ ապրելու, տուաւ սիրտ եւ զգացում, բանականութիւն ու միտք, ուժ եւ կարողութիւն. տուաւ այն, ինչ որ բարի ու պէտք է մարդուն համար:

Օրեր, տարիներ ու դարեր անցնելով` մարդը չարացաւ, սկսաւ քանդել իրեն տրուած ու վստահուած կեանքը, սրբապղծել Աստուծոյ սրբագործ ստեղծագործութիւնը: Մարդը մարդուն կեանքը ապականեց: Աստուծոյ կամքէն դուրս ելանք եւ ըրինք այն, ինչ որ հակառակ է Անոր կամքին: Աստուծոյ գեղեցկագոյն պարգեւը տգեղցուցինք եւ կը շարունակենք տգեղցնել մեր չար մօտեցումներով ու արարքներով:

Արարիչը տուաւ կեանք, որպէսզի ապրինք: Ապրի՜լ: Շատերու երազանքն է այդ: Սակայն իւրաքանչիւրին մօտ կեանքին մօտենալու եղանակը տարբեր ձեւով կ՛ընկալուի: Իւրաքանչիւր անհատ տարբեր կը դիտէ կեանքը եւ տարբեր ձեւով կ՛ուզէ ապրիլ զայն: Ոմանք կ՛ապրին այս կեանքին համար միայն, այլ խօսքով` «կեր, արբ եւ ուրախ լեր» (Ղկ. 12.19). իրականութեան մէջ այս չէ՛ կեանքը, այս չէ՛ մեզի վստահուածը, այս չէ՛ Աստուծոյ ուզածն ու սպասածը. ասոր համար չէր, որ կեանք շնորհուեցաւ մեզի: Սակայն ուրիշներ կ՛ապրին յաւիտենականին պատրաստուելու համար. կ՛ապրին Աստուծոյ համար, կ՛ապրին Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը իր կատարելութեան մէջ պահելու համար, կ՛ապրին այնպէս, ինչպէս Աստուծոյ համար հաճելի է, եւ այնպէս, ինչպէս Աստուած պիտի ուզէր, որ ապրէինք:

Երիտասարդ մը կեանքի վերիվայրումներէ, անհաւասարութենէ ու անարդարութենէ յոգնած` կ՛ըսէր. «Այլեւս չեմ ուզեր ապրիլ, այս կեանք չէ՛»: Միայն այդ երիտասարդը ի՛նք պիտի հասկնար իր ցաւը, որովհետեւ ինք կ՛ապրէր այդ դժուարութիւնները: Իրեն համար իր կեանքի դժուարութիւնը այնքան շատ էր, որ այլեւս «չէր ուզեր ապրիլ»: Սակայն միայն ինք չէր այդպէս մտածողը, այլ նաեւ` մեզմէ շատեր:

Անժխտելի ու անհերքելի է, որ մեր կեանքը օր ըստ օրէ առաւել անորոշ կը դառնայ, եւ ատիկա մեզ կը մտահոգէ ու շատ անգամ անտրամադիր կը դարձնէ, ինչ որ գիտակից մարդու համար բնական է: Սակայն պէտք չէ դժգոհ ըլլալ մեր ապրած կեանքէն, պէտք չէ գանգատիլ Աստուծոյ գեղեցկագոյն պարգեւէն` կեանքէն: Ինչո՞ւ:

Որովհետեւ այսօր շա՜տ շատեր կը տառապին, որ իրենց կորսնցուցած զաւակը վայրկեան մը աւելի ապրէր, որպէսզի վայելէին անոր քաղցր ներկայութիւնը:

Որովհետեւ այսօր շա՜տ շատեր կը չարչարուին, որ իրենց ծնողը վայրկեան մը աւելի ապրէր, որպէսզի գէթ իրենց սէրը փոխանակէին:

Որովհետեւ այսօր շա՜տ շատեր կը տենչան, որ իրենց քոյրը, եղբայրը, սիրելին կամ հարազատը վայրկեան մը աւելի ապրէր, որպէսզի այդ անբուժելի վէրքը քիչ մը նուազէր:

Ուրեմն, սիրելի՛ ընթերցող, դուն ամէն պատճառ ունիս ապրած կեանքիդ համար շնորհակալ ըլլալու, սակայն ո՛չ մէկ պատճառ ունիս անկէ դժգոհելու եւ զայն մերժելու:

Դուն ապրելու իրաւունքը ունիս: Դուն պայքարելու ուժը ունիս: Դուն ամէն դժուարութիւն կասեցնելու զօրութիւնը ունիս: Դուն դիմադրելու հզօր կարողականութիւնը ունիս: Դուն յաղթելու կամքը ունիս:

Գրիչ մը կ՛ըսէ. «Մի՛ մեռնիր մահէդ առաջ»: Մենք իրաւունք չունինք մենք զմեզ մեռցնելու: Մենք իրաւունք չունինք մենք զմեզ դժբախտացնելու: Մենք իրաւունք չունինք մենք զմեզ մեր ապրած կեանքէն զրկելու: Մենք իրաւունք չունինք կեանքէն հեռանալու, որովհետեւ մենք ապրելու իրաւունք ունինք:

Մենք աննպատակ եկած չենք աշխարհ, այլ մեզմէ իւրաքանչիւրը նպատակով մը, առաքելութեամբ մը եւ պատճառով մը եկած է աշխարհ: Աստուած մեզի համար ծրագիր ունի եւ այսպէս կը խոստանայ. «Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ,- կ՛ըսէ Տէրը,- ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու» (Եր. 29.11): Աստուծոյ խոստացած ապագայ յոյսով ապրէ՛, որովհետեւ եթէ դժուարութիւն ունիս, ուրեմն նոյնքան ալ դիմադրելու ուժ ունիս, եւ եթէ ծնած ես, ուրեմն ապրելու իրաւունք ունիս:

Ապրիլը քու արդար իրաւունքդ է: Ապրէ՛:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Քաղաքապետները Չեղեալ Կը Յայտարարեն Ազրպէյճանի Յորդորով Հրապարակուած Ստայօդ Հռչակագիրները

Յաջորդը

Ծառայութեան Զանգը Կը Շարունակէ Հնչել

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.