Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թատերական Ստուերներու Վերակենդանացում

Հոկտեմբեր 26, 2021
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Պատմական.- Կարելի է ենթադրել, թէ բոլոր նախնական հաւաքականութիւններու մէջ մշակութային աւանդը փոխանցուած է բանաւոր պատումով եւ խորհրդանշական պատկերներով: Արտայայտութեան երկու միջոցները ունեցած են ծիսական բնոյթ:

Ստուերներու թատրոնին շուրջ պատմական արձանագրութիւնները ժլատ եւ անորոշ են: Ժլատ են ուրեմն նաեւ ուսումնասիրութիւնները:

Հին Յունաստանի եւ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ (թերեւս եւ այլուր) գոյութիւն ունեցած է պատկերաշարանի առընթեր կատարուող պատումի ձեւաչափը: Շարքը նման է այն սրբապատկերներուն, որոնք ցոյց կու տան նուիրական անձի մը վարքը` որպէս իրերայաջորդ տեսարաններ: Կողքի նկարին մէջ ցոյց տրուած շարքը առնուած է Ս. Սերաֆիմի սրբանկարէն: Կարգ մը ուսումնասիրողներ կ՛առաջադրեն, որ ստուերներու թատրոնը (այսուհետեւ Ս Թ) յառաջացած է պատում-պատկերաշար աւանդոյթէն:

Ինծի ծանօթ երեք ծագումաբանական առասպելները առնչուած են հեռացած սիրելի անձերու ոգեկոչութեան.

Ա.- Չինական.- Երբ կայսեր սիրելի պարուհի հարճը կը մահանայ, պալատականներ պատրաստել կու տան անոր նմանակ տիկնիկ մը, որուն պարող նմանակի ստուերը կը տեսնուի կիսաթափանց պաստառի վրայ (1): Չինական գրութիւն մը կ՛ըսէ. «Ոմանք ստուերները կը դիտեն խոր վիշտով , թէեւ լաւ գիտեն, որ անոնք լոկ կաշիի տաշուած կտորներ են»

Բ.- Հնդկական.- Ռամա աստուած աշխարհէ հեռանալէ առաջ իր պատկերը կու տայ զինք փոխադրող նաւակի թիավարին, որպէսզի պաստառի վրայ ցուցադրէ մարդկութեան:

Գ.- Թրքական աւանդավէպը, որ թերեւս ներշնչուած է չինականէն, կ՛ըսէ, որ շատ սիրուած կատակաբաններ Գարակէօզ եւ Այվազ գլխատուած են սուլթանին կողմէ` որպէս խռովարարներ: Անոնց ստուերները կը մնան պաստառին վրայ: Աւանդավէպերը կ՛արտայայտեն «ստուեր»-ի ոգեղէն բնոյթը: Յիշենք, որ Փարաճանովի  առաջին ժապաւէններէն մին էր` «Մոռցուած նախնիներու ստուերներ» (Ուքրանիա,1965)

Ի զուր չէ, որ ցուցադրութիւնները կը կատարուէին գիշերով: Պուտտայական վանականներ տաճարի համալիրին մէջ գտնուող ստուերի բեմեր գործածած են քարոզչական նպատակով: Տիկնիկներու շինանիւթը կաշին էր, ինչ որ կը նշանակէ, որ կու գային մահացած անասունէ մը: Հարկ էր, որ նոր պատրաստուած տիկնիկներ անցնէին «կնունքի» (ոգեղէնով լիցքաւորուելո՞ւ) ծէսէ մը:

Առաջին պաստառները կը պատրաստուէին թուղթով: Թուղթի գիւտը կատարուած է Չինաստանի մէջ Ք Ե Ա. դարուն: Բազմաթիւ ուսումնասիրողներ կ՛ենթադրեն, որ Ս Թ-ը Հեռաւոր Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք անցած է վաչկատուն հաւաքականութիւններու միջոցով: Թրքական աղբիւրներ կ՛ըսեն, որ Պարսկաստան մտած է սելճուք մշակոյթին հետ: Կան արձանագրութիւններ հնդկական ծագումով գնչուներու մասին, որոնք (ի միջի այլ «ստուերոտ» զբաղումներու) ստուերի թատրոնի ելոյթներ կ՛ունենային Բիւզանդիոնի մէջ: Հաւանաբար այդ ճամբով անցած են Եւրոպա:

Աւանդը այս կամ այն ձեւով շարունակուած է մինչեւ 18-րդ դար: Վիպապաշտ սերունդը գրաւուած էր այդ արուեստով: Ծանօթ է,  որ Կէօթէ 1781 թուին թատրերգութիւն մը յօրինած է ստուերի թատրոնի համար եւ օգնած է Tiefurt քաղաքի ստուերի թատրոնի կառուցման:

Շարժապատկերի գիւտը գրեթէ մահացու հարուած էր դասական Ս Թ-ի համար: Վերջինը սկսաւ փնտռել նոր ուղղութիւններ` օգտուելով նաեւ լուսաւորումի/շարժումի նոր արհեստագիտական միջոցներէ եւ երեք տարածաչափային ճկուն ծաւալներէ:

Այս ուղղութեամբ ինծի ծանօթ առաջին փորձը կատարած է տաղանդաւոր գերմանուհի Լոթթէ Ռայնիկըր, որ ստուերներու շարժապատկերներ պատրաստած է` հիմնուած hin ow nor հեքիաթներու վրայ (Ահմետ (Achmed) Իշխանի արկածախնդրութիւնները, 1926), ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ այլ գեղարուեստական ժապաւէններ: Ռայնիկըր կը համարուի գծանկարային ժապաւէններու մայրը: Իր թեքնիքը, որ կը հիմնուի նկարուած ապակեայ շերտերու եւ անշարժ կերպարներու վրայ, այժմ կը կոչուի «սառեցուած քատր» (stop frame). Ռայնիկըր բերաւ հնարամիտ ռահվիրայ արհեստագիտութիւն եւ ինքնորոյն բարձր ճաշակ: Չբերաւ, սակայն, նոր ասք, մնաց պարզամիտ հեքիաթներու աշխարհին մէջ:

Նախապատմական Շարժուն պատկերի գիւտը խորքին մէջ շատ աւելի հին է: Հնախոյզներ անդրադարձած են, որ հին քարէ դարուն քարայրներու քանի մը հարիւր մեթր խորքի պատերուն վրայ նկարուած առնուազն 13 հազար տարուան հնութեան տեսարանները ջահերու պլպլացող լոյսին տակ կը թուին շարժիլ: Առիւծներ կը հալածեն վայրի եզը (պիզոն): Ձին կը թափահարէ բաշը: Ցուլը կ՛ոստոստէ: Այդ հիանալի տեսարանները  դժուար հասանելի վայրերու մէջ մեծ դժուարութեամբ նկարելու կամ փորագրելու նպատակը պարզուած չէ: Ոմանք կ՛ենթադրեն, թէ անոնք հաւաքական որսի արշաւը նախորդող ծէսերու կ՛առնչուին:

Ի տարբերութիւն ստուերներու խաղին, հարուստ տեղեկութիւն եւ առնուազն երկու հազարամեակի հնութիւն ունեցող բազմաթիւ գտածոներ կան, որոնք կը վերաբերին անշարժ եւ շարժուն տիկնիկներու, որոնք նոյնպէս ծիսական բնոյթ ունէին: Հրէական կտակարանը կը ծանակէ եգիպտական ոսկեպատ փայտեայ կուռքերը, որոնք ծիսարարութեան ընթացքին «կը շարժէին» թաքուն մեքանիզմներու միջոցով:

Տիկնիկներու թատրոնը աւելի մեծ ընդունելութիւն գտած է Արեւմուտքի մէջ, իսկ ստուերներու թատրոնը` Արեւելքի: Ոմանք այդ կը «բացատրեն» այն դրոյթով, որ արեւմտեան մշակոյթը աւելի բանապաշտ է (rationalist), իսկ արեւելեանը` աւելի «ոգեպաշտ»: Բանապաշտը աւելի ընդունելի կը գտնէ նիւթեղէն տիկնիկը, քան` աննիւթ խաբուսիկ ստուերը:

Գեղարուեստական

Քարայրի առակը.- Ստուերներու թատրոնը յիշել կու տայ Պղատոնի այլաբանական ծանօթ առակը, ուր քարայրի մէջ փակուած մարդիկ արտօնուած են տեսնել միայն բնական կամ արհեստական ծաւալներու շուքեր, որոնք կ՛իյնան քարայրի պատին վրայ: Այդ է անոնց ընկալած միակ իրականութիւնը:

Համեմատութիւնը, սակայն, միայն ձեւական է, որովհետեւ ստուերի (թէ այլ) թատրոնի հանդիսատեսը կը գիտակցի, որ իրեն ներկայացուածը պայմանական խաղ մըն է, որ ի տարբերութիւն քարայրի բանտարկեալներուն, այդտեղ կը գտնուի կամովի: Կրնայ դուրս գալ որեւէ պահու:

Ի դէպ, քարայրի այլաբանութիւնը գործածուած է շարժապատկերի շարք մը տաղանդաւոր բեմադրիչներու կողմէ, ինչպէս` Թորնաթորէ (Cinema Paradiso,1989), Քիւպրիք (A Clockwork Orange ,1971) եւ Պերթոլուչի (Il Conformista,1970): Կայ նաեւ հռչակաւոր Ֆրետ Ասթերի պարը` ստուերներու հետ: Ստուերներ կրնան թելադրել վախ, հետաքրքրութիւն… Այս նիւթին շուրջ կայ ընդարձակ գրականութիւն:

Ուսումնասիրողներ անտեսած են Ս Թ-ը, անիկա պիտակուած է «մանկական» եւ թերեւս այդ պատճառով յաճախ անտեսուած` ուսումնասիրողներու կողմէ: Բայց այդ պիտակը հիմնովին սխալ է: Ս Թ-ի ելոյթները տեղի կ՛ունենային մութը իյնալէ ետք: Հանդիսատեսները չափահաս ռամիկ տղամարդիկ էին: Կիներ եւ մանուկներ չէին կրնար ներկայ ըլլալ, որովհետեւ պատումի լեզուն եւ նիւթերը ամօթխած չէին: Ս Թ մաս կը կազմէր նաեւ Բարեկենդանի եւ այլ տօնակատարութիւններու (թերեւս` գիշերային) ցուցքերուն, որոնք նոյնպէս ամօթխած չէին: Միայն այդ տօնակատարութիւններու ընթացքին ռամիկին արտօնուած էր ազատ արտայայտուիլ:( 2)

Ելոյթները սրտամօտ էին, որովհետեւ կը խօսէին ժողովուրդին հարազատ լեզուով եւ կը գործածէին ծանօթ խորհրդանիշներ: Չափազանց երկար թեւը, օրինակ, առնական սեռային խորհրդանիշ էր: Յաճախ տեսնուող լախտը` նոյնպէս: Ոմանք կ՛առաջադրեն, որ հազարաւոր տարուան հնութիւն ունեցող խորհրդանիշները ամրագրուած  են հաւաքական յիշողութեան մէջ թերեւս նոյնիսկ ծինային ձեւով: Մշակոյթը, սակայն, ընկերային երեւոյթ է եւ, առ այդ, ենթակայ է պատմական զարգացման:

Դրական կերպարներ կը գտնուէին պաստառի աջակողմեան դասին մէջ, իսկ բացասակաները (ինչպէս դեւեր)` ի հարկէ պաստառի ձախին: Աջի ու ձախի առնչութիւնը լաւի եւ վատի հետ կը նկատուի նաեւ թատերական բեմի վրայ եւ այլուր:

Ս Թ երկու տարածաչափային ձեռնածուած պատրանք մըն է` նկարչութեան եւ շարժապատկերի նման, բայց ի տարբերութիւն անոնց, կու տայ կերպարներու եւ այլ ծաւալներու ուրուագիծը միայն: Ատիկա լայն հնարաւորութիւն կու տայ, որ հանդիսատեսը տեսարանը մեկնաբանէ` հիմնուած իր երեւակայութեան եւ մտապաշարին վրայ: Այս բնորոշ է արուեստի շարք մը բնագաւառներու, ինչպէս` բանաստեղծական գրականութիւնը,  ուր ընթերցողը պիտի յենի իր երեւակայութեան եւ մտապաշարին` վերծանելու համար պատկերներն ու առնչութիւնները: Յիշենք, որ Ս Թ-ին կ՛ընկերակցէր/նախորդէր պատում: Ս Թ-ն նման է նաեւ շարժապատկերի այն առումով, որ դերակատարը (ի տարբերութիւն թատրոնի) ուղղակի չի հաղորդակցիր հանդիսատեսին/սրահին հետ:

Ժամանակակից պատկերը .- Ձեռնածուած տիկնիկներու Ս Թ-ն (Ombromanie-կամ «ստուերածութիւն)») այժմ կը մնայ միայն այն նեղ շրջանակներուն մէջ, որոնք ընդհանրապէս գաղափարախօսական մեկնակէտով կ’ուզեն «անաղարտ» պահել աւանդը:

Նորարար հակումով խումբեր ընդհանրապէս կը փորձեն յայտնաբերել մարդկային մարմնի գեղագիտական յատկութիւնները: Այս պարագային մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ դերակատարներու հագուկապի ձեւաւորումը:  Ս Թ-ն բնորոշող ոգեղէն, ծիսական բնոյթը կը յայտնուի այլազան ժամանակակից բներգներով: Կարելի է հանդիպիլ մինչեւ իսկ բնագիտական տեսութիւններէ ներշնչուած տիեզերական հաղորդակցութեան տարակեդրոն (eccentric) ելոյթներու (3):

Համավարակի պայմաններուն տակ (նկատել` դերակատարներու դիմակները), ելոյթներ կը կազմակերպուին բացօթեայ: Կողքի լուսանկարին մէջ կը տեսնուի քանատացի ուսանողներու կողմէ պատրաստուած ցուցադրութիւն մը, որ հիմնուած է անգլիացի Ալֆրետ Լորտ Թենիսսընի (1809-1892) «Քրաքըն» (The Kraken, 1830) ամենեւին ոչ մանկական բանաստեղծութեան վրայ: Քրաքըն ահարկու ծովային հրէշ մըն է, որ կը գտնուի ովկիանոսի խոր յատակին: Գործը ակնյայտօրէն ոգեղէն-այլաբանական է:

Համացանցի վրայ հասանելի են ժամանակակից տաղանդաւոր խումբերու գործեր. Pilobolus  Attraction, El Gamma Penumbra, Delight, Fireflies եւ այլք …

Ստուերներու թատրոնը Հայաստանի մէջ .-Միջնադարեան Ս Թ-ի մասին կայ միայն կցկտուր տեղեկութիւն:  Գոյութիւն ունեցած են նստակեաց եւ շրջուն վարպետներ: Կը յիշուի 12-րդ դարու վարպետ Դանիէլը, որուն իր կերպարներներէն մին կոչած է «Սարգիս»: Ուսումնասիրողներու ընդհանուր կարծիքը այն է, որ Ս Թ-ն մեծ ժողովրդականութիւն ունեցած է 18-րդ դարու Հայաստանի մէջ եւ այլուր: Պոլսոյ մէջ կը յիշատակուի ոմն «Հայալճի (թրքերէն, Ս Թ – վարպետ) Արսէնի որ Մոլիերի,  թարտերգութիւններէն դրուագներ պատշաճեցուցած էր տեղական միջավայրին: Երեւանի մէջ Ս Թ – վերջի ելոյթները տեղի ունեցած են 60-ական թուականներուն` շնորհիւ  Խաչատուր Թումասեանի եւ Մելքոնենց (Մելքոնեան) Յովհաննէսի: Թումասեան այդ արուեստը ժառանգած է իր մեծ հօրմէն: Անոր տիկնիկները եւ անոնց կրկնօրինակներէն մաս մը կը պահպանուին Սարդարապատի ազգագրական եւ Գիւմրիի Պատմութեան թանգարաններուն մէջ: Հայկական տիկնիկները անգոյն եւ զուսպ, բայց ճկուն են: Ինչպէս վերը ակնարկած էի, ատիկա աւելի մեծ դեր կու տայ հանդիսատեսի երեւակայութեան:

Ս Թ-ին անդրադարձած են ազգագրագէտ Ժենիա Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ թատերագէտներ` Գ. Լեւոնեան, Գ. Գոյեան, Գ. Ստեփանեան, Է. Պետրոսեանեւ Վ. Փափազեան: Ցաւօք այդ նիւթերը  համացանցի վրայ հասանելի չեն:

Հայաստանի կառավարութիւնը 2011, ապա 2019 թուականներուն Ս Թ-ն ճանչցած է որպէս պահպանութեան արժանի պատմա-մշակութային արժէք: Բայց այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր չեն առնուած:

Հայաստանի մէջ 1982 թուականէն ի վեր կը գործէ Ս Թ-ի «Այրոգի» սիրողական երիտասարդ խումբը` Արմէն Կիրակոսեանի ղեկավարութեամբ: Ժ. Խաչատրեան իր հաւաքած նիւթերը յանձնած է անոնց, որպէսզի շարունակեն աւանդը: Խումբը 2014-ին սկսած է գործել Այգեձորի կից «Մետաքսի ճանապարհ» պանդոկի համալիրին մաս կազմող «Ժողովրդական արուեստի հանգոյց» կեդրոնին մէջ: Ելոյթներ տեղի կ’ունենան ամսական դրութեամբ:

Ղեկավարին հիմնական առաջադրանքն է աւանդը փոխանցել ներկայ սերունդին: Այս ուղղութեամբ դասընթացքներ տեղի կ՛ունենան Էջմիածնի «Մաչանենց» թատերական դպրոցի, «Թէք տեղ» փորձառական թատրոնի մէջ եւ այլուր: Ուսանողներուն կը տրուի դասական տարրականը, որմէ ետք, ըստ կարողութեան եւ նախասիրութեան, կրնան ուղղուիլ դէպի ժամանակակից արհեստագիտական հնարքներ եւ բներգներ:

Խումբը ունի սեփական հերոս տիկնիկը, որ կը կոչուի «Մարտիրոս» (տե՛ս կողքի նկարի վերի աջ անկիւնը): Արմէն Կիրակոսեան կ՛ըսէ. «Մարտիրոս ամփոփուած է սեփական եսի մեջ, աչքի չի ընկնում մեծ իմաստութեամբ ու յաճախ յայտնւում է  իր համար անհասկանալի վիճակներում` չկարողանալով զատորոշել բարին ու չարը, լաւն ու վատը:» Մարտիրոս ժամանակակից կերպար է այն իմաստով, որ եսակեդրոն է եւ անկարող կողմնորոշուելու` ի յանդիման արդի կեանքի բարդութեան: Ունին նաեւ կերպար` հիմնուած Փաւստոս Բիւզանդի յիշատակած հարբեցող եւ խաբեբայ ոմն Յոհան եպիսկոպոսի վրայ:

Կողքի տեսարաններուն մէջ կարելի է նկատել կերպարներ եւ այլ ստուերներ, որոնք յիշել կու տան նախնադարեան ժայռապատկերները: Այդ պատահական չէ: Խումբի կերպարներու շարքին կը գտնուին նաեւ ծիսական տիկնիկներ, որոնք այժմ կորսնցուցած են իրենց երբեմնի նշանակութիւնը (Պուրմա Տիկին, Մեծ Խախամ, եւ այլն)

Կ՛իմանամ, որ Բիւրական համայնքի «Տօնացոյց» մշակութային կազմակերպութեան հիմնած թատրոնը նոյնպէս աշխատանքներ կը տանի Ս Թ-ի աւանդի պահպանման  ուղղութեամբ:

Պէտք է յուսալ, որ այս կայծերը կը բորբոքին եւ կը յառաջացնեն Ս Թ-ի արուեստ մը, որ կը խօսի ժամանակակից միջոցներով եւ բարբառով, առանց կորսնցնելու իր իւրայատուկ ազգային նկարագիրը:

————-

1.- Արդի նմանակները դիտմամբ որոշ չափով հեռու կը պահուին իսկականէն, որովհետեւ անկենդան իրի մեծ նմանութիւնը կենդանիին, կը ստեղծէ խորշանք եւ նոյնիսկ ահ: Կողքի գծապատկերը ցոյց կու տայ, որ «խորշանքի վիհը» կը սկսի, երբ նմանութիւնը շուրջ 75%-էն աւելի բարձր է: Շարժուն մարդամեքենաները աւելի մեծ խորշանք կը յառաջացնեն, որովհետեւ կը նմանին քալող դիակներու (զոմպի):

2.- «Միջնադարեան թատրոնը Հայաստանի մէջ», «Ազդակ Բացառիկ», նոր տարի, 2018»:  

3.- Կարգ մը տեսութիւններ, ինչպէս quantum entangling (քանակային խճճու՞մ) եւ the Josephson Effect (որ, ի դէպ իմ առաջին դոկտորական աշխատանքի նիւթն էր) ցաւօք առիթ կու տան իւրովի «Մարիամ Նուրեան» մեկնաբանութիւններու (տե՛ս «The Sokal Affair»): Այդ թիւր է, որովհետեւ տեսութիւնները կը վերաբերին տարրական մասնիկներու (elementary particles), ոչ բարդ էակներու: Երկրորդ պարագային, «Ալիքային կախարկութիւնը» շատ արագ կը փլչի (collapse of the wave function)

 

 

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան

Յաջորդը

Փոթորիկին Մէջէն…

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?