ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Այսօրուան միջազգային քաղաքական շրջանակները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ շրջանային ուժեր եւ Միացեալ Նահանգներու նման գերտէրութիւն մը ծաւալապաշտական իրենց ախորժակները կը հեռացնեն Միջին Արեւելքէն եւ կ՛ուղղեն դէպի այլ տարածաշրջաններ, որոնք հաւանաբար դառնան Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան մրցակցութեան նոր թատերաբեմերը:
Յօդուածներու շարքով մը պիտի անդրադառնանք Եւրասիոյ նոր կռուախնձորը դարձած Կեդրոնական Ասիա կոչուող շրջանին եւ այդ շրջանին մաս կազմող երկիրներուն: Սակայն նախ հարկ է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ Կեդրոնական Ասիան եւ ոչ` արեւելեան Եւրոպան կամ հարաւարեւելեան Ասիան: Հարաւարեւելեան Ասիան ընդհանրապէս կայուն վիճակ ունի, եւ յատուկ հակաամերիկեան տրամադրութիւններ չկան: Շրջանի երկիրները հիմնականօրէն կը զբաղին առեւտուրով: Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները իրենց կարգին կայուն են` նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ երկիրներ եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներ են ու կը վայելեն Եւրոպական տնտեսական եւ քաղաքական հսկաներ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը:
1991-ին Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ երկրաշարժ նկատուող Խորհրդային Միութեան ամբողջական անկումով, իրենց անկախութիւնը կը հռչակեն 15 նոր հանրապետութիւններ: Այս ծիրին մէջ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ իրենց անկախութիւնը կը հռչակեն 5 խորհրդային հանրապետութիւններ եւ կը դառնան այսօրուան Ղազախստանը, Տաճիկստանը, Թիւրքմենստանը, Խըրխըզստանը եւ Ուզպեքստանը: Հարկ է նշել, որ այս երկիրներու դիմագիծը եւ սահմանները ուղղակի արդիւնքն են 1920-ական թուականներուն Ստալինի որոշումներուն:
Իր պատմութեան մեծամասնութեան ընթացքին Կեդրոնական Ասիան եղած է բազմաթիւ կայսրութիւններու մէկ մասը: 19-րդ դարուն եղած է Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ պայքարի շրջան մը, երբ ի վերջոյ Ռուսիան պարտադրած է իր իշխանութիւնը: Նմանապէս, մոնկոլները, թիմուրիտները, պարսիկները եւ չինացիները զանազան առիթներով իրենց իշխանութիւնը պարտադրած են այս շրջանին վրայ:
Նախորդ դարերուն Կեդրոնական Ասիան հիմնականօրէն կը կառավարուէր ցեղապետներով: Այսօրուան երկիրները այդ օրերուն բաժնուած էին աւելի փոքր խումբերու, ինչպէս` Խիվայի, Պուխարայի եւ Քոքանտի խանութիւնները: Բնականաբար, քաղաքական յետամնացութեան կողքին, կար նաեւ տնտեսական եւ գաղափարական զարգացման պակաս: Մոնկոլներու իշխանութեան օրերուն եւ յատկապէս Քուպլայ խանի իշխանութեան շրջանին Կեդրոնական Ասիան դարձած էր առեւտրական կարեւոր ճանապարհ մը` իբրեւ Մետաքսի ճամբու կարեւոր մէկ մասը:
Կեդրոնական Ասիան իր բնոյթով ունի բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց մէջ շրջանային ուժերը կրնան ազդեցիկ դերակատարութիւն ունենալ: Օրինակի համար, տարածաշրջանին մէջ առկայ են ժողովրդավարական արժէքներու եւ օրէնքներու խիստ պակաս: Թիւրքմենստանի նախկին նախագահ Սափարմուրատ Նիազով եւ Ուզպեքստանի նախկին նախագահ Իսլամ Քարիմով, նաեւ, ընդհանուր առմամբ, երկու երկիրներու քաղաքական վարչակազմերը բռնատիրական կը նկատուին: Ղազախստանի նախկին նախագահ եւ ներկայիս Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ցկեանս նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ եւ Խըրխըզստանի նախկին նախագահ Ասքար Աքայեւ որդեգրեցին նուազ բռնատիրական քաղաքականութիւն: Տաճիկստանը նոյնպէս ժողովրդավար չէ ու բռնատիրական է: Հետեւաբար նկատելի է ժողովրդավարութեան խիստ բացակայութիւն: Աւելի՛ն. շրջանը կը տառապի ծայրայեղ իսլամութեան մխրճումէն եւ տնտեսական զարգացման եւ բարգաւաճման ծրագիրներու չգործադրութեան խնդիրէն: Չինական դիտակիւնէն, Կեդրոնական Ասիան կարեւոր մէկ մասն է Փեքինի ֆինանսաւորած Ճանապարհ եւ գօտի` առեւտրական ենթակառոյցներու հսկայական ծրագիրին: Հետեւաբար Միացեալ Նահագները պիտի ձգտին խոչընդոտել Չինաստանի յաւելեալ թափանցումը դէպի Կեդրոնական Ասիա:
Կեդրոնական Ասիան քաղաքական, ռազմական եւ ռազմավարական իր նշանակութիւնը կը պարտի աշխարհագրական իր յատկութիւններուն իբրեւ Ասիոյ կեդրոնը եւ Եւրոպան ու Չինաստանը զիրար կապող պատմական ճանապարհը:
Տնտեսական գետնի վրայ Կեդրոնական Ասիոյ հինգ երկիրները միասնաբար ունին 300 միլիառ տոլարի շեմը գերազանցող համախառն ներքին արդիւնք մը, որ մօտ է Ֆինլանտիոյ եւ Փաքիստանի տնտեսական կարողութիւններուն: Աւելի՛ն. 2007-էն ի վեր տարուէ տարի նաեւ բարձրացան Կեդրոնական Ասիոյ մէջ օտարերկեայ ներդրումներու արժողութիւնը եւ ծաւալը: 2004-ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարի օգնական Լին Փասքօ ըսաւ, որ Ուաշինկթընի համար Կեդրոնական Ասիոյ զարգացումը կարեւոր է` նկատի ունենալով, որ շրջանը հարուստ է զանազան տեսակի ուժանիւթային եւ մետաղային հանքերով: Մոսկուա, իր կարգին, տեւաբար կը ձգտի Խորհրդային Միութեան մաս կազմած նախկին հանրապետութիւններուն վրայ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական իր ազդեցութիւնը պահպանել: Օրինակի համար, Խըրխըզստանը մինչեւ օրս տնտեսական իր կառոյցին մեծ մասը կը պարտի Ռուսիոյ: Չինաստան եւս այս տարածաշրջային մէջ բազմաթիւ շահեր ունի: Կեդրոնական Ասիա մաս կը կազմէ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի առաջարկած Ճանապարհ եւ Գօտի ենթակառուցուածքային մէկ թրիլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրին: Աւելի՛ն. Չինաստան տնտեսական իր մեքենան հզօր պահելու համար կարիքը ունի Կեդրոնական Ասիոյ մետաղային եւ ուժանիւթային հարստութիւններուն: Հետեւաբար Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը եւ Ռուսիան տնտեսական բազմաթիւ շահեր ունին այս շրջանին մէջ եւ զանազան պատճառներ` Կեդրոնական Ասիոյ մէջ իրենց ներկայութիւնը ամրապնդելու եւ հզօրացնելու:
Ռազմական եւ ռազմավարական դիտակիւնէն, Կեդրոնական Ասիոյ շրջանը սահմանակից է Չինաստանին, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Աֆղանիստանի: Global Fire Power կայքէջին համաձայն, Ուզպեքստանը ունի աշխարհի 51-րդ ամէնէն հզօր բանակը, Ղազախստանը 61-րդ, Թիւրքմենիստանը` 84-րդ, Խըրխըզստանը` 93-րդ, իսկ Տաճիկստանը 99-րդ: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի նախկին օգնական Տէյվիտ Տենունի համաձայն, Միացեալ Նահանգները առաջին անգամ Կեդրոնական Ասիոյ հանդէպ ռազմական հետաքրքրութիւն ունեցան 11 սեպտեմբեր 2001-ի դէպքերէն ետք, երբ Ուաշինկթըն այդ երկիրները օգտագործեց Աֆղանիստանի մէջ Թալեպանները հարուածելու: Ներկայիս Ուաշինկթըն այդ շրջանը հարուածելու համար թալեպանները պէտք չունի, այլ` Չինաստանին դէմ պայքարելու համար: Կեդրոնական Ասիան Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներուն համար մրցակցութեան կարեւոր թատերաբեմ է, որովհետեւ այդ շրջանը կը գտնուի Արեւելեան Ասիոյ տնտեսական հսկաներուն եւ Եւրոպայի արհեստագիտականօրէն զարգացած երկիրներուն մէջտեղը: Տէյվիտ Տենուն նկատել կու տայ, որ անցնող 20 տարիներուն ընթացքին Ուաշինկթըն եւ Փեքին ձգտեցան Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ներդրումներ եւ տնտեսական ծրագիրներ իրագործել: Ռուսական դիտանկիւնէն, Կեդրոնական Ասիան 3 տասնամեակ առաջ տակաւին կը պատկանէր Մոսկուայի իշխանութիւններուն: Վլատիմիր Փութին բազմաթիւ առիթներով Խորհրդային Միութեան փլուզումը 20-րդ դարու աշխարհաքաղաքական ամէնէն աւերիչ դէպքը նկատած է: Ռազմական գետնի վրայ, ռուսերը Ղազախստանի, Խըրխըզստանի եւ Տաճիկստանի մէջ ռազմակայաններ ունին: Մոսկուա նախապէս այլ ռազմակայան մը ունէր նաեւ Ուզպեքստանի մէջ: Յատկանշական է, որ Տաճիկստանի մէջ ռուսական ռազմակայանը Ռուսիայէն դուրս ռազմական ամէնէն մեծ կեդրոնն է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Տաճիկստանի մէջ Ռուսիոյ ռազմակայանը նկատեց անվտանգութեան կարեւոր երաշխիք ոչ միայն Մոսկուայի, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին համար: Չինաստան եւս Տաճիկստանի մէջ ռազմակայան մը ունի:
Հետեւաբար Կեդրոնական Ասիոյ տնտեսական, ռազմական եւ ռազմավարական նշանակութիւնը կը թարգմանուի քաղաքական կարեւորութեան` նկատի ունենալով, որ տնտեսական եւ ռազմական գործակցութիւնը եւ քաղաքական ազդեցութիւնը միասնաբար կը յառաջանան ու կը զարգանան: Յաջորդ յօդուածները պիտի անդրադառնան շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դերակատարութիւններուն:
(Շար. 1)
Աղբիւրներ`
Denoon, D. (2016, August 4). The Strategic Significance of Central Asia. The World Financial Review. https://worldfinancialreview.com/the-strategic-significance-of-central-asia/
Global Firepower – 2021 World Military Strength Rankings. (n.d.). Www.GlobalFirepower.Com. Retrieved September 7, 2021, from https://www.globalfirepower.com/
Treacher, A. (1996). Political evolution in post-Soviet Central Asia. Democratization, 3(3), 306-327. https://doi.org/10.1080/13510349608403481
Ziegler, C. E. (2010). Civil society, political stability, and state power in Central Asia: cooperation and contestation. Democratization, 17(5), 795-825. https://doi.org/10.1080/13510347.2010.501172