Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծառայութեան Զանգը Կը Շարունակէ Հնչել

Հոկտեմբեր 25, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Ահա դարձեալ կը զնգայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սիրտն ու օրրանը հանդիսացող դպրեվանքին դպրոցական առաջին զանգը: Դարձեալ ազգիս հայոց նուիրեալ ու անձնուրաց մանկունքը կու գան իրենց հոգեւոր ծննդատեղին` դպրեվանք: Դարձեալ կը լսուին դպրեվանքի քայլերգին` «սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն»-ին սրտառուչ բառերը:

Դպրեվանքի դարաւոր աւանդին համաձայն, այս տարի եւս դպրեվանեցիները իրենց տարեշրջանը սկսան Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին օրը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ դպրեվանեցիները թարգմանիչ վարդապետներուն յաջորդները կը նկատուին, որոնք յանձն առած են պահել ու պահպանել` հայ ազգը, հայ լեզուն, հայ քրիստոնեան, Հայ եկեղեցին եւ հայ մշակոյթը, ուրիշ խօսքով`  հայը իր էութեան մէջ: Պէտք է ըսել նաեւ, որ բոլոր դպրեվանեցիները թարգմանիչ վարդապետներուն տօնին օրը կը հաղորդուին մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Քրիստոս Յիսուսին ս. մարմինով ու ս. արեամբ, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, թէ կարեւորագոյն ու անբաժանելի կապը, որ զիրենք կը միացնէ թարգմանիչ վարդապետներուն, Քրիստոս Ի՛նքն է:

Այս տարի դպրեվանեցիները առաւել եռանդով ու խանդավառութեամբ ընդունեցին տարեշրջանը, որովհետեւ տեսան, որ իրենց շարքերը կ’ամրապնդուին նոր քսան դպրեվանեցիներով, այսինքն` ազգի նո՛ր մատաղներով, նո՛ր արիւնով ու ոգիով…

Գեղեցիկ ու յատկապէս տպաւորիչ էր տեսչութիւն-աշակերտութիւն յարաբերութիւնը: Ինչպէս որ առաւօտուն ընտանիքի անդամները միասնաբար կը նախաճաշեն, այնպէս ալ դպրեվանքի վերամուտի առաւօտուն դպրեվանեցիները իրենց հոգեւոր հայրերուն` տեսչական անդամներուն (տեսուչ Հայր սուրբին եւ անոր երկու օգնական հայր սուրբերուն) հետ նախաճաշեցին: Ինչպէս որ հայր մը իր զաւակը դպրոց տանելէ առաջ կը խրատէ, այնպէս ալ տեսուչ հայր սուրբը` Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը իր հոգեւոր զաւակներուն` դպրեվանեցիներուն իր հայրական յորդորները ուղղեց: Ինչպէս որ առաւօտուն հայրեր իրենց  մանուկները դպրոց կ՛առաջնորդեն, այնպէս ալ տեսչական անդամները իրենց հոգեւոր զաւակները  առաջնորդեցին դէպի հոգեմտաւոր ու մանաւանդ մարդաշէն դպրոցը` դպրեվանք:

Այս շաբաթ դպրեվանեցիներուն առաքելութեան առաջին քայլն էր: Անոնք արդէն իսկ պատրաստ են` մեր ժողովուրդին համար աղօթելու, սորվելու, ուսումնասիրելու, մտատանջուելու, բարեխօսելու… Այս շաբաթ դպրեվանեցիները իրենց ուխտը կը վերանորոգեն ի տես ժողովրդեան: Այս շաբաթ դպրեվանեցիները համայն հայութեան կը յայտարարեն, որ իրենք հո՛ս են, ժողովուրդին հետ են, ժողովուրդին համար են: Այս բոլորին կողքին, սակայն, մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է աղօթքով օգնութիւն մատակարարեն դպրեվանեցիներուն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը այսօր, ուրիշ որեւէ ժամանակաշրջանէ աւելի, կը դառնայ ա՛յն ուշագրաւ ու ակնառու հաստատութիւնը, որ ո՛չ մէկ բանով կը զիջի բոլոր միւս կրթական կառոյցներուն: Դպրեվանեցին այսօր ո՛չ միայն կրօնական արարողութիւններուն ու այլ սարքերուն գագաթը նուաճած է, այլեւ ան կ՛աշխատի ձեռք բերել` բարձրորակ ուսում, մաքրամաքուր հայրերէն, հայ ազգի նկատմամբ բացարձակ բծախնդրութիւն ու նախանձախնդրութիւն եւ հայ ժողովուրդին համար անսահման ու անսպառ ծառայութիւն: Եւ ես անձնապէս կը հաւատամ, թէ այնքան ատեն որ դպրեվանեցին կը գոյատեւէ, հայ ժողովուրդը դժուարութեան չի՛ մատնուիր, որովհետեւ դպրեվանեցին միշտ հայ ժողովուրդին անկործանելի վահանը եղած է եւ է:

Մենք` դպրեվանեցիներս, թարգմանիչ մեր նախահայրերուն տօնին առիթով կու գանք մեր ուխտն ու խոստումը վերանորոգելու: Թող որ Ամենակալը` Աստուած, անսասան ու անխռով պահէ մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, առողջութիւն ու արեւշատութիւն պարգեւէ Արամ Ա. հայոց հայրապետին եւ օրհնէ դպրեվանքի անձնամոռ սաները:

Իմ խնդրանքս է, որ մեր ժողովուրդի հաւատացելոց բազմութիւնը աղօթէ այս նուիրեալ ու իրենց տուներն ու անձնական կեանքը ձգած տղոց համար, որպէսզի անոնք ապագային նոյնինքն այդ աղօթքներուն պտուղը դառնալով` դալարագեղեն ու համադամեն հայ ազգի կեանքը:

Յօդուածս կ՛ափեզրեմ Աթոռոյս արժանընտիր գահակալին` Արամ Ա. վեհափայլ հայրապետին օգտաշատ եւ զարթնեցնող բառերով. «Դպրեվանքը այսօր, աւելի քան երբեք, իր առաքելութիւնը կոչուած է կատարելու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով, հաւատքով: Որովհետեւ այսօր մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս Աւետարանին բացատրութեամբ` «Հունձք բազում են, բայց մշակք սակաւ»: Մեր ժողովուրդի կեանքի մէջ կարիքները շատ են, բազմազան ու այլազան են ամէն տեղ. Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Լիբանան, մենք պահանջը ունինք ա՛յնպիսի առաքեալներու, որոնք մեր ժողովուրդի կեանքի մա՛յր էջին վրայ ըլլան եւ ո՛չ` լուսանցքին: Ա՛յս է դպրեվանքին առաքելութիւնը: Թող Աստուած պահէ, պահպանէ եւ օրհնէ դպրեվանքին առաքելութիւնը»:

Պիքֆայա, Լիբանան 

 

 

Նախորդը

Ապրիլը Քու Արդար Իրաւունքդ Է

Յաջորդը

«Մեզմէ Իւրաքանչիւրը Արցախի Մէջ Պիտի Վառէ Ի՛ր Մոմը, Պիտի Զետեղէ Ի՛ր Քարը, Որպէսզի Արցախն Ու Արցախցին Շարունակեն Ապրիլ ու Արարել Պապենական Մեր Նուիրական Հողին Վրայ». Զաքար Քէշիշեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?