Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Հոկտեմբեր 26, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter
– ADHD-ի Զննում (Screening)
– Ինչպէ՞ս Աւելի Հաւատք Ունենալ Անձիդ Հանդէպ
–
Խոզի Երիկամունքի` Մարդու Առաջին Յաջող Տեղափոխումը
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
ADHD-ի Զննում (Screening)

Դժուա՞ր է ձեր երեխային համար հանգիստ նստիլը: Ձեր երեխան առանց նախապէս մտածելու կը գործէ՞: Ձեր երեխան կը սկսի, բայց չ՛աւարտե՞ր գործերը: Եթէ այդպէս է, ձեր երեխան կրնայ ուշադրութեան պակասի գերաշխուժութեան խանգարում (ADHD) ունենալ: Գրեթէ բոլորը երբեմն կը դրսեւորեն այս վարքագիծներէն քանի մը հատը, սակայն ADHD-ն կրնայ տեւել աւելի քան 6 ամիս եւ խնդիրներ կը յառաջացնէ դպրոցին, տան եւ ընկերային իրավիճակներու մէջ:

Ի՞նչ է ADHD-ի զննումը

ADHD-ի զննումը, որ նաեւ կը կոչուի ADHD-ի քննութիւն, կ՛օգնէ պարզելու, թէ արդեօք դուք կամ ձեր երեխան ADHD ունի՞ք: ADHD-ն ուշադրութեան պակասի գերաշխուժութեան խանգարումն է (Attention Deficit Hyperactivity Disorder), որ առաջ ADD (ուշադրութեան պակասի խանգարում) կը կոչուէր:

ADHD-ն վարքային խանգարում է (Behaviour disorder), որ կը դժուարացնէ մէկու մը հանգիստ նստիլը, ուշադրութիւն դարձնելը եւ գործերու ու պարտականութիւններու վրայ կեդրոնացումը: ADHD ունեցող մարդիկ կրնան դիւրութեամբ մտացրուիլ եւ/կամ գործել առանց մտածելու:

ADHD-ով ախտաճանաչուած են միլիոնաւոր երեխաներ, եւ այս մէկը յաճախ կը տեւէ մինչեւ անոնց հասուն տարիքը: Մինչեւ իրենց երեխաներու ախտորոշուիլը ADHD-ով, շատ մեծահասակներ չեն անդրադառնար այն ախտանիշներուն, զորս ունեցած են իրենց մանկութեան ժամանակ, եւ որոնք կրնան կապուած ըլլալ ADHD-ի հետ:

Հիմնական երեք տեսակի ADHD-ի գոյութիւն ունի.

1.- Բռնկուն-գերաշխուժ (Impulsive-Hyperactive)-  Այս տեսակի ADHD ունեցող մարդիկ սովորաբար կ՛ունենան ե՛ւ բռնկութեան, ե՛ւ գերաշխուժութեան ախտանիշներ: Բռնկունութիւն կը նշանակէ գործել` առանց մտածելու հետեւանքներու մասին: Ան նաեւ կը նշանակէ անյապաղ արդիւնքներու ու պարգեւներու ցանկութիւն: Գերաշխուժութիւն կը նշանակէ անշարժ նստելու դժուարութիւն: Գերաշխուժ մարդը անընդհատ կը ջղաձգուի, կը շարժի եւ անդադար կը խօսի:

2.- Անուշադիր– Այս տեսակի ADHD ունեցող մարդիկ ուշադրութիւն դարձնելու դժուարութիւն ունին եւ դիւրութեամբ կը շեղին:

3.- Երկտեսակ– Սա ADHD-ի ամենատարածուած տեսակն է: Ախտանիշները կը ներառեն` բռնկունութիւն, գերաշխուժութիւն եւ անուշադրութեան միատեղ համադրութիւն:

ADHD-ն տղոց մօտ աւելի տարածուած է: ADHD ունեցող տղաք աւելի հաւանական է, որ ունենան բռնկուն-գերաշխուժ կամ ADHD-ի երկտեսակ տեսակները, քան` ADHD-ի անուշադիր տեսակը:

Հակառակ անոր որ ADHD-ի համար ապաքինում չկայ, սակայն բուժումը կրնայ օգնել ախտանիշները նուազեցնելու եւ բարելաւելու ամէնօրեայ աշխատանքը: ADHD-ի բուժումը յաճախ կը ներառէ դեղորայքի օգտագործում, ապրելակերպի փոփոխութիւններ եւ/կամ վարքագծային բուժում:

Ինչո՞ւ կ՛օգտագործուի այս մէկը

ADHD-ի զննումը կ՛օգտագործուի ADHD-ի ախտորոշման համար: Կանուխ տարիքէ ախտորոշումը եւ բուժումը կրնան օգնել` նուազեցնելու ախտանիշները եւ բարելաւելու կեանքի որակը:

Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է ADHD-ի զննումը

Եթէ ձեր կամ ձեր երեխայի մօտ առկայ են խանգարման ախտանշաններ, ձեր բուժաշխատողը կրնայ ADHD-ի քննութիւն պատուիրել: ADHD-ի ախտանիշները կրնան ըլլալ մեղմ, չափաւոր կամ ծանր, եւ կրնան ըլլալտարբեր` կախուած ADHD-ի խանգարման տեսակէն:

Բռնկունութեան ախտանիշներէն են.

– Անընդհատ խօսիլ,

– Խաղերու կամ գործունէութեան ժամանակ կարգ սպասելու դժուարութիւն ունենալ,

– Զրոյցներու կամ խաղերու ժամանակ ուրիշներու խօսքը ընդհատել,

– Անտեղի վտանգներու դիմել:

Գերաշխուժութեան ախտանիշներէն են.-

– Ձեռքերու յաճախակի եւ կրկնուող շարժումներ (Fidgeting),

– Նստած ժամանակ մարմնային շարժումներ (Squirming),

– Երկար ժամանակ նստած մնալու դժուարութիւն

– Անընդհատ շարժումի մէջ մնալու ցանկութիւն,

– Հանգիստ գործողութիւններ կատարելու դժուարութիւն,

– Դժուարութիւններ` գործ մը ամբողջացնելու մէջ,

– Մոռացկոտութիւն:

Անուշադրութեան ախտանիշները կը ներառեն`

– Ուշադրութեան շատ կարճ ժամանակաշրջան,

– Ուրիշները լսելու դժուարութիւն,

– Շեղելու հակում,

– Աշխատանքներու վրայ կեդրոնացած մնալու դժուարութիւն,

– Կազմակերպչական տկար հմտութիւններ,

– Մանրամասնութիւններու ուշադրութիւն դարձնելու դժուարութիւն,

– Մոռացկոտութիւն,

– Խուսափում այն խնդիրներէն, որոնք կը պահանջեն մտային մեծ ջանքեր, օրինակ` դպրոցական աշխատանքը, կամ մեծահասակներու համար` բարդ տեղեկագրութիւններու եւ գործելաձեւերու վրայ աշխատիլը:

ADHD ունեցող մեծահասակները կրնան ունենալ լրացուցիչ ախտանիշներ, որոնցմէ են տրամադրութեան փոփոխութիւնները եւ յարաբերութիւններու պահպանման դժուարութիւնը:

Այս ախտանիշներէն մէկը կամ քանի մը հատը ունենալը չի նշանակեր, որ դուք կամ ձեր երեխան ADHD ունիք: Բոլորս երբեմն անհանգիստ կ՛ըլլանք կամ կը շեղինք: Երեխաներուն մեծամասնութիւնը, բնականաբար, լի է ներուժով, եւ անոնք յաճախ դժուարութիւն կ՛ունենան նստելու: Սա նոյնը չէ, ADHD-ն այլ բան է:

ADHD-ն երկարատեւ վիճակ է, որ կրնայ ազդել ձեր կեանքին վրայ բազմակողմանի ձեւով: Ախտանիշները կրնան խնդիրներ յառաջացնել դպրոցի կամ աշխատավայրի, տնային կեանքի  եւ յարաբերութիւններուն մէջ: Երեխաներու մօտ ADHD-ն կրնայ դժուարացնել անոր բնականոն աճումը:

Ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ ADHD-ի զննումի ընթացքին

Չկայ ADHD-ի մասնայատուկ քննութիւն: Սովորաբար զննումը կը ներառէ քանի մը քայլ.

– Ֆիզիքական քննութիւն` պարզելու համար, թէ արդեօք տարբեր տեսակի հիւանդութի՞ւն մըն է գոյացած այս ախտանիշները յառաջացնողը:

– Հարցազրոյց. ձեզի կամ ձեր երեխային կը հարցնեն վարքի եւ գործունէութեան մակարդակի մասին:

Հետեւեալ քննութիւնները յատուկ նախատեսուած են երեխաներու համար.

– Հարցազրոյցներ կամ հարցաթերթիկներ` այն մարդոց հետ, որոնք կանոնաւոր կերպով կը յարաբերին ձեր երեխային հետ: Անոնք կրնան ըլլալ ընտանիքի անդամներ, ուսուցիչներ կամ մարզիչներ:

– Վարքագծային քննութիւններ- Ասոնք գրաւոր քննութիւններ են, որոնք նախատեսուած են երեխային վարքը արժեւորելու համար` համեմատած նոյն տարիքի այլ երեխաներու վարքագիծի հետ:

– Հոգեբանական քննութիւններ- Այս քննութիւնները կը չափեն մտածողութիւնն ու խելացութիւնը:

Պէ՞տք է նախապատրաստուիլ ADHD-ի զննումին

Սովորաբար ADHD- ի զննումին համար յատուկ նախապատրաստութիւններ պէտք չեն:

Ի՞նչ կը նշանակեն արդիւնքները

Եթէ արդիւնքները կը յանգին ADHD-ի ախտաճանաչման, ապա կարեւոր է կարելի եղածին չափ շուտ բուժում ստանալ: Սովորաբար բուժումը կը ներառէ դեղորայքի, վարքագծային բուժումի (Behavioural Therapy) եւ ապրելակերպի փոփոխութիւններու համադրութիւն: ADHD-ի դեղերու ճշգրիտ դեղաչափը որոշելը կրնայ ժամանակ առնել, յատկապէս` երեխաներու համար: Վերջերս հասանելի դարձած են ոչ դեղորայքային բուժումներ ADHD ունեցող երեխաներու համար: Անոնք հասանելի են միայն դեղագիրով եւ կը ներառեն`

– Արտաքին փոքր սարք` մաշկի կպչուկով, որ կը դրուի երեխայի ճակտին: Մինչ երեխան կը քնանայ, սարքը կը յառաջացնէ թեթեւ ելեկտրական զարկեր, որոնք ազդանշաններ կ՛ուղարկեն ուղեղի այն հատուածին, որ կ՛ենթադրուի, թէ ADHD-ի մէջ ներգրաւուած է: Այս մէկը պէտք է օգտագործուի միայն 7-12 տարեկան երեխաներու համար:

– Խաղի վրայ հիմնուած սարք, որ նախատեսուած է ուշադրութիւնը եւ ADHD-ի այլ ախտանիշները բարելաւելու համար: Այս սարքը նախատեսուած է օգտագործուելու որպէս բուժումի ծրագրի մէկ մասը, որ կրնայ ներառել դեղեր, կրթական ծրագրեր եւ այլ բուժումներ,

Այս բուժումները տակաւին շատ նոր են, եւ աւելի շատ ուսումնասիրութիւններու անհրաժեշտութիւնը կայ պարզելու համար, թէ որքանո՛վ արդիւնաւէտ են անոնք:

Կա՞յ որեւէ այլ բան, որ պէտք է գիտնամ ADHD-ի զննումին վերաբերեալ

Դուք կամ ձեր երեխան կրնաք ADHD-ի քննութիւն յանձնել, եթէ ունիք ախտահարման ընտանեկան պատմութիւն` ախտանիշներու հետ միասին: ADHD-ն հակուած է յառաջանալու ընտանիքներու մէջ: ADHD ունեցող երեխաներու շատ ծնողներ փոքր տարիքին ունեցած են խանգարման ախտանիշներ: Բացի այդ, ADHD-ն յաճախ կրնայ յառաջանալ նոյն ընտանիքի եղբայրներու եւ քոյրերու մօտ:

Աղբիւր` «Մետլայն Փլաս»

Ինչպէ՞ս Աւելի Հաւատք Ունենալ Անձիդ Հանդէպ

(Պարզապէս գիտցիր, որ այն ամէնը,
ինչ կը տեսնես, դուն ստեղծած ես)

 

Բանալի կէտեր

– Մենք բոլորս երբեմն խթանման կարիք ունինք, յատկապէս երբ բան մը սխալ կ՛ընթանայ:

– Ձեր չորս կողմը նայեցէք ձեր տան մէջ եւ յիշեցէք, որ այն, ինչ կը տեսնէք, դուք ստեղծած էք:

– Ճշմարտութիւնն ա՛յս է. եթէ նախկինին յաջողութեան հասած ես, նորէն կրնաս այդ մէկը ընել:

 

Մենք բոլորս երբեմն խթանման կարիք ունինք, յատկապէս երբ մեր ներաշխարհին մէջ բան մը սխալ կ՛ընթանայ: Երբ այդ մէկը պատահի ձեզի, նայեցէք ձեր շուրջը եւ յիշեցէք, որ սկսած էք ոչինչէն եւ գիտցէք, որ այդ ամէնը, ինչ կը տեսնէք, դո՛ւք ստեղծած էք: Ահա քանի մը օգտակար յիշեցումներ` ձեր անձին հանդէպ աւելի հաւատք ունենալու համար.

Ընդունեցէք լաւ տրամադրութիւնները

Անտեսեցէք ուրիշներուն ըսածները, եթէ անոնք դրական չեն: Երբ գիտէք, որ մէկը ձեզ կը յարգէ կամ կը սիրէ, ընդունեցէք անոր փոխանցած լաւ տրամադրութիւնը: Կրնաք նաեւ անոնց հարցնել, թէ ի՞նչն է, որ կը մղէ զինք յարգել ու սիրել քեզ: Այս մէկը կ՛ամրապնդէ ձեր լաւագոյն յատկանիշները եւ կ՛օգնէ ձեզի` հաւատալու ձեր անձին: Մեզմէ շատեր աւելի դժուար կ՛ընդունին դրական տրամադրութիւններ ու արձագանգներ, քան` քննադատութիւններ, եւ այդ մէկը պէտք է փոխուի:

Նկարներ տեղադրելու փոխարէն` քանի մը բառ տեղադրեցէք, որպէսզի մէկը ժպտի

Քանի մը «like» ստանալը կրնայ հրաշքներ գործել: Եթէ բառեր չունենաք արտայայտելիք, թերեւս կրնաք հաւաքել միլիոնաւոր դիտումներ` ծիծաղելի տեսերիզ մը պատրաստելով: Ամէն պարագայի, այդ մէկը քանի մը հոգիի աւելի երջանիկ կը դարձնէ, եւ դուք ձեզ աւելի լաւ կը զգաք: Գրառումը կրնայ ըլլալ միաժամանակ ձեր աշխարհի եւ ամբողջ աշխարհի հետ կապուելու միջոց: Դուք կրնաք այդ մէկը դարձնել դրական սովորութիւն:

Յիշեցէք ձեր վերջին (կամ ամենամեծ) յաջողութիւնը եւ մտածեցէք անոր մասին քանի մը վայրկեան

Նախորդ յաջողութիւնները վերյիշելը կ՛օգնէ ձեզի հասնելու ուրիշներուն, պարզապէս որովհետեւ այդ մէկը յիշել կու տայ, որ դուք ունիք տաղանդ եւ այդ յաջողութիւնը արձանագրելու գործիքներ, եւ այդ բոլորը անհրաժեշտ են ձեր կեանքը յաջորդ բարձր մակարդակին հասցնելու համար:

Երեւակայութիւնը նոյնպէս կրնայ օգնել այստեղ: Պատկերացուցէք ձեր ամենամեծ յաջողութիւնը մինչ այժմ, այնուհետեւ պատկերացուցէք այն նպատակը, զոր հիմա կը հետապնդէք եւ հին զգացողութիւնը միացուցէք նոր կերպարի վրայ, եւ երբ կը զգաք ձեր մարմնի վրայ այդ դրական ներուժը, արդէն կը գիտնաք, որ այդ մէկը սկսած է արդիւնք տալ:

Գիտցէք, թէ դուք այն մարդն էք, որ ձեր սիրելիները կը կարծեն

Եւ այո՛, այդ մէկը կրնայ ըլլալ նոյնիսկ ձեր շունը: Ուրիշներու կողմէ ստացած սիրոյ վրայ կեդրոնանալը կ՛օգնէ ձեզի աւելի լաւ զգալու ու հաւատք ունենալու ձեր անձին հանդէպ:

Երբ նեղուած ես, կրնաս շատ դիւրութեամբ դուն քեզի վնասել կամ նեղացնել: Հակառակը, պէտք է տրամադրութիւնդ բարձր պահես, եւ այդ մէկուն համար պահանջուածը ձեր շուրջը եղած սէրը զգալն է: Սկսէք մէկ անձէ (կամ ձեր շունէն) եւ զգացէք տարբերութիւնը:

Եթէ նախապէս յաջողութեան հասած էք, կրնաք նորէն ընել այդ մէկը

Թերեւս` ո՛չ նոյն ձեւով, բայց կրնաք հասնիլ նոյն մակարդակի ազդեցութեան եւ ամբողջացման: Ոչինչ չի նմանիր այն բանին, երբ դուն բեմին վրայ ես, եւ քանի մը հազար մարդ քու անունդ կը կանչէ, բայց այլ բաներ նոյնպէս կրնան գեղեցիկ զգացում յառաջացնել:

Ըրէք ա՛յն, ինչ կ՛ուզէք, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ է այդ մէկը:

Այս ուղեցոյցները ձեզի կ՛օգնեն աւելի շատ հաւատալու ձեր տարած աշխատանքին: Բայց մի՛ փորձէք զանոնք կատարել միանգամայն: Սկսեցէք ձեզի համար ամենադիւրինէն եւ մնացէք անով մօտ մէկ շաբաթ: Գոհ կը մնաք արդիւնքներէն եւ դուք ձեզմէ:

Աղբիւր` «Սայքոլոճի Թուտէյ»

Խոզի Երիկամունքի` Մարդու
Առաջին Յաջող Տեղափոխումը

Ծինային ձեւափոխման ենթարկուած  (genetically modified) օրկանը կը պահպանէ իր լիարժէք գործառոյթը 3 օր`առանց մարմնի կողմէ մերժումի. այս ձեռքբերումը կրնայ դուռ բանալ խիստ անհրաժեշտ օրկաններու նոր մատակարարման համար:

Բժշկական ասպարէզի մէջ իր տեսակով առաջինը ըլլալով` Նիւ Եորքի NYU Langone Health-ի վիրաբուժները յաջողեցան ծինային  ձեւափոխման ենթարկուած խոզի երիկամունք տեղափոխելմարդու մարմնի մէջ: Սեպտեմբեր 25-ին, NYU Langone’s Kimmel Pavilion-ի մէջ երկժամեայ վիրահատութեան որպէս արդիւնք, բժիշկներ յաջողութեամբ տեղափոխեցին օրկանը` ուղեղով մահացած (brain-dead) կնոջ մը:

Ընտանիքին համաձայնութեամբ, կնոջ մարմինը օրկանը ստանալէ ետք զայն պահած են արհեստական շնչառութեան սարքի վրայ 54 ժամ, որուն ընթացքին մէզի արտադրութիւնը եւ քրիաթինինի(2) մակարդակը` երիկամի աշխատանքի հիմնական ցուցանիշները, բնական եղած են: Վիրահատութեան ընթացքին եւ անոր յաջորդող դիտարկման ժամանակ մարմինը չէ ցուցաբերած օրկանի մերժման նշաններ:

Որպէսզի տեղափոխումն արդիւնաւէտ ըլլայ, գիտնականները պարզեցին, թէ ինչպէ՛ս զեղչեցին (knock out) այն ծինը, որ կը ներկայացնէ ալֆա-կալը (alpha-gal), կաթնասուններու մեծամասնութեան մէջ յայտնաբերուած շաքարի մասնիկը (molecule), որ կրնայ օրկաններու մերժում յառաջացնել: Տարիներու ընթացքին, նախորդ տեղափոխման փորձերուն մէջ, ծինական տարբերութիւնները հետեւողականօրէն պատճառ դարձած են օրկաններու անյապաղ մերժման` մարդու դիմադրական համակարգին կողմէ:

Երիկամի հետ միասին բժիշկները տեղափոխած են խոզուկի ուրձագեղձը (thymus gland), որ պատասխանատու է դիմադրական համակարգը «դաստիարակելու», որպէսզի խոզուկի երիկամի նկատմամբ դիմադրական բացասական պատասխանը (մերժումը) կանխարգիլուի:

NYU Langone Health-ը այս գործողութիւնը գնահատեց որպէս «մեծ յառաջընթաց` կեանքի սպառնալիք ունեցող մարդոց համար օրկաններու այլընտրանքային մատակարարման արդիւնաւէտ օգտագործման մէջ»:

Աւելի քան 106.000 տղամարդիկ, կանայք եւ երեխաներ ներկայիս կը գտնուին օրկաններու տեղափոխման Միացեալ Նահանգներու ազգային ցուցակին վրայ:

«Հակառակ օրկաններու նուիրատուներու արձանագրուողներու թիւի աճին, օրկաններու տեղափոխման կարիքը նոյնպէս կը շարունակէ շատնալ. Բան մը, որ կը յանգի օրկաններու մշտական ահաւոր պակասի», ըսած է Նիւ Եորքի Լենոքս Հիլ հիւանդանոցի երիկամաբան, բժիշկ Վալերի Պարթա:

Այն փաստը, որ խոզի երիկամը մարդուն տեղափոխելը գոյատեւեց երեք օր` լիարժէք գործառոյթով եւ առանց մերժման որեւէ մէկ նշանի, ըստ բժիշկ Պարթայի, «շլացուցիչ» էր, եւ այդ մէկը անոր յոյս կու տայ, որովհետեւ օրկաններու տեղափոխման լրացուցիչ աղբիւր կրնայ ըլլալ բժշկական ապագայ հորիզոնի վրայ:

«Առնուազն քանի մը տարի եւս աւելի շատ հետազօտութիւններ, փորձեր, եւ այնուհետեւ քլինիքական փորձարկումներ անհրաժեշտ են, նախքան խոզերու երիկամներու վրայ յոյս դնելը` մեր օրկաններու պակասը լուծելու համար», ըսաւ ան: «Մինչեւ այս տեղափոխումը, կայ կարեւոր միջոց մը, որով մենք կրնանք օգտակար դառնալ, եւ այդ մէկը արձանագրուիլն է որպէս օրկաններու նուիրատու»:

Մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ վիրաբուժութեան խումբի ղեկավար, NYU Langone-ի վիրաբուժութեան բաժնի նախագահ եւ NYU Langone Transplant Institute-ի տնօրէն, բժիշկ Ռոպերթ Մոնթկոմրի նշած է, որ այս աշխատանքի ապագան չի սահմանափակուիր երիկամներով:

«Ծինային ձեւափոխման ենթարկուած խոզի սրտի տեղափոխումը կրնայ ըլլալ յաջորդ մեծ իրադարձութիւնը», ըսաւ ան: «Սա արտակարգ պահ է, որ պէտք է նշուի ոչ թէ որպէս ճանապարհի վերջ, այլ` սկիզբ: Այլ աշխատանք կայ ընելիք, որպէսզի այլ անասուններէ օրկաններու տեղափոխումը դառնայ ամէնօրեայ իրականութիւն»:

(1) Ուղեղով մահացած- Ուղեղի մահը այն է, երբ արհեստական կեանքի աջակցութեան մեքենայի վրայ գտնուող մարդը այլեւս չունի ուղեղի գործառոյթ: Սա կը նշանակէ, որ ան ի վիճակի չէ կամ չի կրնար շնչել առանց աջակցութեան: Ուղեղով մահացած անձը օրինականօրէն հաստատուած է որպէս մահուան պարագայ:

(2) Քրիաթինին-Քիմիական թափօն, որ կը պարպուի երիկամունքի միջոցով: Անոր բարձրացումէն կարելի է հետեւցնել երիկամներու տկար գործառոյթը:

Աղբիւր` «Էվրիտէյ Հելթ»

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Յաջորդը

Թատերական Ստուերներու Վերակենդանացում

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?