ՆՇԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ
Դպրեվանքիս պաշտպան Ս. Միքայէլ հրեշտակապետի տօնը նուիրական է մեզի` ժառանգաւորացս համար: Իւրաքանչիւր տարի մեծ ակնածանքով զայն կը նշենք: Սակայն անցեալ տարի, մեկնած առողջապահական եւ տնտեսական անցուկ պայմաններէն, չափազանց անշուք անցաւ, բայց մենք մտադրած եւ ծրագրած էինք, որ յառաջիկային զայն փոխարինենք աւելի մեծ տօնախմբութեամբ` առ ի հատուցում նախորդ տարուան զանցառման:
Սակայն բոլորովին չէինք նախատեսած, որ այդ օրը պիտի յիշատակէինք նորօծ հայրապետին` յանձինս Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին հովանաւորութեամբ:
Շաբաթ, 6 նոյեմբեր 2021-ի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Զմմառու Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ ամենապատիւ կաթողիկոս-պատրիարքին, դպրեվանքի պաշտպան Ս. Միքայէլ հրեշտակապետի յիշատակին նուիրուած ս. պատարագ մատուցեց եւ Սահակ կիս. Քէշիշեանի սարկաւագական ձեռնադրութեան արարողութիւնը կատարեց Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը` առընթերակայութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան վանքի փոխմեծաւոր եւ արտաքին մատակարար ու Սուրբ Եղիա-Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Նորատունկեանի եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեանի: Խարտաւիլակն էր Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահ: Նախքան ս. պատարագը` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան վանքի մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան ներկայացուց օրուան խորհուրդը:
Արարողութեան ընթացքին սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ սարկաւագութեան աստիճանի կարեւորութիւնը` որպէս մնայուն ծառայութեան արտայայտութիւն եկեղեցական բարձրագոյն աստիճաններու: Ան մաղթեց, որ ձեռնադրեալը, խորանէն անդին, համայնքի կեանքին մէջ իր վարքով, ծառայութեամբ ու նուիրումով խնկարկելի բարի օրինակի անուշաբոյր խունկը ըլլայ: Արհիապատիւ տէրը եկեղեցւոյ մէջ ու մեր բոլոր կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու մէջ սարկաւագին դերակատարութեան անդրադառնալով` եզրափակեց իր խօսքը:
Ապա ներկաները ուղղուեցան դպրեվանքի սեղանատունը, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ հացկերոյթ, որուն ընթացքին ժառանգաւորներու կողմէ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նշան Հաննէշեան, Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» ստեղծագործութիւնը ասմունքեցին` Սեդրակ Աւետիսեան, Լեւոն Սեդրակ եւ Սեպուհ Մուսալլի, «Ծփում է Սեւանը» մեներգով հանդէս եկաւ Աբրահամ Իսահակեան, «Սարերի հովին մեռնեմ» երգի մեկնաբանութիւնը կատարեց Նշան Հաննէշեան:
Այնուհետեւ տեսուչ հայրը ողջունեց ներկաները եւ ընդգծեց վանքի տարեգրութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող 2021 թուականը, որ կը զուգադիպի Զմմառու վանական համալիրի կորիզը հանդիսացող Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 250-ամեակին. «Եկեղեցին երկուքուկէս հարիւրամեակ Զմմառու բարձունքէն հսկած եւ դէպի Տիրոջ ողորմութեան առաջնորդած է հայ եւ օտար հաւատացեալներ` իր հովանիին ներքոյ պարփակելով զանոնք եւ իր հոգեպարար արարողութիւններով ներշնչարան հանդիսանալով հօտին», յայտնեց ան` դիտել տալով, որ այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ գահակալած են համայնքի հայրապետները, ձեռնադրուած են եպիսկոպոսներ, քահանաներ, սարկաւագներ, որոնց վերջինը Սահակ Քէշիշեանն է, «որուն ձեռնադրութեան ականատես եւ մասնակից եղանք բոլորս եւ Տիրոջ կամօք պիտի համալրուին այս շարքերը` բարեպաշտ եւ հաւատաւոր հովիւներով»:
Ապա տեսուչ հայրը խօսքը ուղղելով նորօծ սարկաւագին` ըսաւ. «Յիշէ, թէ սարկաւագութիւնը յանձնառու կոչում է, որ կ՛ենթադրէ անշահախնդիր նուիրում, բարեպաշտութիւն եւ ծառայութիւն: Այսուհետեւ դուն քեզ չէ, որ կը ներկայացնես, այլ` միաբանութիւնդ, ուստի պարտիս ըլլալ բարի օրինակ եւ քու նուիրումովդ պանծացնես եկեղեցիդ, ազգդ ու միաբանութիւնդ»:
Ապա ներկաները փունջ մը հայրենասիրական երգեր հնչեցուցին:
Ընթացքին, աւանդութեան համաձայն, դպրեվանքի «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքի 22-րդ համարի գինեձօնը կատարուեցաւ: Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու, այս տարի գինեձօնը կրկնակի էր, ուր գինին հեղեց դպրեվանքին համար պատրաստուած եւ հրատարակուած «Հայ գրականութեան» դասագիրքի էջերուն մէջ եւս: Գիրքը կը բովանդակէ հայ մատենագրութեան, վերածնունդի եւ զարթօնքի շրջանի գրականութիւնները:
Դասագիրքը լոյս ընծայուեցաւ օրհնութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան վանքի մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի, հովանաւորութեամբ Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահի, հեղինակութեամբ Սօսէ Փիլաւճեանի, մտայղացումով եւ համադրումով Սահակ սրկ. Քէշիշեանի:
Տօնակատարութեան եւ ձեռնադրութեան առիթով իր հայրապետական սրտառուչ խօսքին մէջ հոգեւոր տէրը յետադարձ ակնարկ մը նետեց Զմմառու դպրեվանքին մէջ իր նորընծայութեան օրերուն, որուն գրասեղաններէն ընթացք առած իր կոչման պտուղի արգասիքը հանդիսացաւ ներկայի դիրքը:
Հայրապետը խրախուսեց նորընծաներն ու ժառանգաւորները` հաստատ մնալու իրենց կոչման մէջ եւ նորօծ սարկաւագի ձեռնադրութիւնը շնորհաւորելով` եզրափակեց խօսքը: «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ օրուան ձեռնարկը: